Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Առակաց 24։16–ը կ’ըսէ. «Արդարը թէեւ եօթը անգամ ալ իյնայ՝ պիտի կանգնի»։ Արդեօք ասիկա կ’ակնարկէ՞ մէկու մը, որ կրկին անգամ մեղքի մէջ կ’իյնայ, բայց ետքը Աստուծոյ կողմէ ներում կը ստանայ։

Իրականութեան մէջ, համարը ատոր մասին չի խօսիր։ Ատիկա կ’ակնարկէ մէկու մը, որ կ’իյնայ այն իմաստով, որ կրկին անգամ խնդիրներու կամ փորձանքներու կը հանդիպի, եւ ետ կը կանգնի այն իմաստով, որ ատոնց կը տոկայ։

Նկատի առ շուրջի համարներն ալ. «Ո՛վ չար, արդարին տանը դարանակալ մի՛ ըլլար, անոր բնակարանը մի՛ աւերեր։ Վասն զի արդարը թէեւ եօթը անգամ ալ իյնայ՝ պիտի կանգնի. բայց չարերը ձախորդութեան մէջ պիտի իյնան։ Երբ քու թշնամիդ իյնայ՝ մի՛ ուրախանար ու երբ ոտքը սահի՝ քու սիրտդ թող չցնծայ» (Առ. 24։15-17

Ոմանց կարծիքով, 16–րդ համարը կը կիրարկուի անհատի մը, որ մեղքի մէջ կ’իյնայ, բայց ետքը Աստուծոյ հետ լաւ փոխյարաբերութիւն կը վերահաստատէ։ Երկու բրիտանացի կղերականներ գրեցին, որ «թէ՛ անցեալին եւ թէ ներկայիս քարոզիչներ այս համարը շատ գործածած են» այդ իմաստով։ Կղերականները աւելցուցին, որ այդ տեսակէտը կը նշանակէ, թէ «լաւ անձ մը կրնայ լուրջ մեղքերու մէջ իյնալ, բայց բնաւ Աստուծոյ հանդէպ իր սէրը չի կորսնցներ, եւ ամէն անգամ անկեղծօրէն զղջալով ոտքի կը կանգնի»։ Այսպիսի տեսակէտ կրնայ հաճելի ըլլալ մէկու մը, որ չ’ուզեր մեղք գործելէ ետ կենալ։ Ան կրնայ խորհիլ, թէ նոյնիսկ եթէ շարունակ մեղք գործէ, Աստուած միշտ իրեն պիտի ներէ։

Բայց 16–րդ համարը ատիկա ըսել չ’ուզեր։

16–րդ եւ 17–րդ համարներուն մէջ «իյնայ» թարգմանուած եբրայերէն բառը կրնայ տարբեր կերպերով գործածուիլ։ Ատիկա կրնայ բառացի իյնալ նշանակել. օրինակ՝ եզը ճամբուն վրայ կ’իյնայ, մէկը տանիքէն վար կ’իյնայ կամ հատիկ մը գետինը կ’իյնայ (Բ. Օր. 22։4, 8. Ամս. 9։9)։ Բառը կրնայ նաեւ այլաբանական իմաստով գործածուիլ, ինչպէս հետեւեալ համարին մէջ. «Բարի մարդուն քայլերը Տէրոջմէ կը հաստատուին ու Անիկա անոր ճամբուն կը հաւնի։ Թէեւ իյնայ, պիտի չկործանի, վասն զի Տէրը անոր ձեռքը պիտի բռնէ» (Սաղ. 37։23, 24. Առ. 11։5. 13։17. 17։20

Սակայն, նկատի առ փրոֆէսոր Էտուըրտ Հ. Փլըմթրին նշած կէտը. «‘Իյնալ’ թարգմանուած եբրայերէն բառը բնա՛ւ չէ գործածուած մեղքի մէջ իյնալու իմաստով»։ Ուստի կրնանք հասկնալ ուրիշ ուսումնականի մը կողմէ 16–րդ համարի հետեւեալ բացատրութիւնը. «Աստուծոյ ժողովուրդին հետ գէշ կերպով վարուիլը անիմաստ է, քանի որ անոնք միշտ պիտի յաջողին, բայց չարերը՝ ո՛չ»։

Այո, Առակաց 24։16–ը կը խօսի ոչ թէ մեղքի մէջ իյնալու մասին, հապա խնդիրներ կամ դժուարութիւններ ունենալու մասին, նոյնիսկ՝ կրկին անգամ։ Ներկայ չար աշխարհին մէջ արդարը կրնայ առողջապահական կամ ուրիշ տեսակի խնդիրներ ունենալ։ Ան նոյնիսկ կրնայ իր հաւատքին համար կառավարութեան կողմէ դաժան հալածանքի ենթարկուիլ։ Բայց կրնայ վստահ ըլլալ, որ Աստուած իրեն պիտի աջակցի եւ օգնէ, որպէսզի տոկայ ու յաջողի։ Մտածէ թէ որքա՜ն յաճախ աչքովդ տեսած ես, որ Աստուծոյ ծառաները ի վերջոյ յաջողութիւն կը գտնեն։ Ատիկա իրողութիւն է, քանի որ «Տէրը կը հաստատէ բոլոր իյնալու վրայ եղողները եւ բոլոր վար ծռածները կը կանգնեցնէ» (Սաղ. 41։1-3. 145։14-19

«Արդարը» չի մխիթարուիր այն իրողութեամբ, որ ուրիշներ խնդիրներ կ’ունենան։ Փոխարէնը, զինք կը մխիթարէ գիտնալը, որ «Աստուծմէ վախցողնե՛րը բարօրութիւն պիտի ունենան, որովհետեւ անոր երեսէն կը վախնան» (Ժող. 8։11-13, ԱԾ. Յոբ 31։3-6. Սաղ. 27։5, 6