Հարցումներ ընթերցողներէն
Արդեօք Ա. Կորնթացիս 15։29–ի մէջ արձանագրուած Պօղոս առաքեալի խօսքը կը նշանակէ՞, թէ այդ ատեն կարգ մը քրիստոնեաներ մեռելներու տեղը մկրտուեցան։
Ո՛չ. այդպիսի դէպք մը չէ արձանագրուած ո՛չ Աստուածաշունչին մէջ, ոչ ալ պատմութեան մէջ։
Այս համարը բազմաթիւ Աստուածաշունչերու մէջ գրուած է այնպիսի կերպով, որ այն տպաւորութիւնը կու տայ, թէ Պօղոսի օրերուն ջուրի մկրտութիւն կը կատարուէր մեռելներուն տեղը։ Օրինակ, Նոր աշխարհաբար թարգմանութիւն–ը կ’ըսէ. «Եթէ մեռելները բնաւ ալ յարութիւն պիտի չառնեն, հապա ի՞նչ է որ կ’ընեն անոնք՝ որ մեռելներուն փոխարէն կը մկրտուին»։
Սակայն, տե՛ս թէ Աստուածաշունչի երկու ուսումնականներ ի՛նչ ըսած են։ Դոկտ. Կրեկորի Լաքուուտ ըսաւ, որ Աստուածաշունչի կամ պատմութեան մէջ չենք գտներ մէկը, որ մեռելի մը տեղը մկրտուեցաւ։ Փրոֆէսոր Կորտըն Տ. Ֆի նոյն կարծիքը ունի։ Ան նաեւ կ’ըսէ, թէ Նոր Կտակարանը բնա՛ւ չի խօսիր այսպիսի մկրտութեան մը մասին, եւ թէ ապացոյց մը չկայ, որ առաջին դարու քրիստոնեաները կամ առաքեալներուն մահէն ետք կազմուած եկեղեցիները այդպիսի մկրտութիւն ըրին։
Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ Յիսուսի հետեւորդները պէտք էր ‘բոլոր ազգերը աշակերտէին, մկրտէին զանոնք, սորվեցնէին անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն, ինչ որ ինք պատուիրած էր’ (Մատ. 28։19, 20)։ Անհատ մը մկրտուած աշակերտ դառնալէ առաջ, պէտք էր Եհովայի եւ իր Որդիին մասին սորվէր, իրենց հանդէպ հաւատք ունենար եւ հնազանդէր իրենց։ Անհատ մը, որ արդէն մեռած էր ու գերեզմանն էր, չէր կրնար այդ մէկը ընել, ոչ ալ ուրիշ ապրող քրիստոնեայ մը կրնար իր տեղը ընել (Ժող. 9։5, 10. Յովհ. 4։1. Ա. Կոր. 1։14-16)։
Ուրեմն Պօղոս ի՞նչ կ’ըսէր։
Կարգ մը կորնթացիներ չէին ընդուներ, որ մեռելները յարութիւն պիտի առնեն (Ա. Կոր. 15։12)։ Պօղոս ցոյց տուաւ, որ այդ տեսակէտը սխալ էր։ Ինչպէ՞ս։ Ան ըսաւ, որ ‘ամէն օր կը մեռնի’։ Անշուշտ, ան ըսել ուզեց որ շատ վտանգներէ կ’անցնէր։ Բայց հակառակ ատոնց, ան վստահ էր որ մեռնելէ ետք յարութիւն պիտի առնէր որպէս զօրաւոր հոգեղէն արարած, Յիսուսին պէս (Ա. Կոր. 15։30-32, 42-44)։
Կորնթացիները պէտք էր գիտակցէին, որ օծեալ քրիստոնեաներ ըլլալ կը նշանակէր, որ ամէն օր փորձութիւններ պիտի դիմագրաւէին եւ պէտք էր մեռնէին, որպէսզի յարութիւն առնէին։ ‘Յիսուս Քրիստոսով մկրտուիլը’ նաեւ կը պարփակէր ‘անոր մահուանը մկրտուիլ’ (Հռով. 6։3)։ Ասիկա կը նշանակէ, որ անոնք Յիսուսի պէս փորձութիւններէ պիտի անցնէին ու մեռնելէ ետք, յարութիւն առնելով երկինք պիտի երթային։
Ջուրով մկրտուելէ քանի մը տարի ետք, Յիսուս իր առաքեալներէն երկուքին ըսաւ. «Այն մկրտութիւնովը որով ես կը մկրտուիմ՝ պիտի մկրտուիք» (Մար. 10։38, 39)։ Յիսուս այդ ատեն ջուրով չէր մկրտուեր։ Ան ըսել ուզեց, որ Աստուծոյ հաւատարիմ մնալուն համար պիտի մեռնէր։ Պօղոս գրեց որ օծեալները ‘Յիսուսի չարչարանքներուն կցորդ պիտի ըլլային, որպէսզի անոր փառքին ալ հաղորդ ըլլան’ (Հռով. 8։16, 17. Բ. Կոր. 4։17)։ Ուստի, իրենք ալ պիտի մեռնէին, որպէսզի երկնային յարութիւն առնէին։
Հետեւաբար, Պօղոսի խօսքը կարելի է ճշգրտօրէն թարգմանել հետեւեալ կերպով. «Ապա թէ ոչ՝ ի՞նչ պիտի ընեն անոնք որ մեռելներուն համար [«մահացած ըլլալու նպատակով», ՆԱ] կը մկրտուին, եթէ մեռելները բնաւ յարութիւն պիտի չառնեն։ Ինչո՞ւ ուրեմն անոնց [«անոնք մահացած ըլլալու», ՆԱ] համար կը մկրտուին»։