Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 51

Շարունակէ ‘ատոր մտիկ ընել’

Շարունակէ ‘ատոր մտիկ ընել’

«Ատիկա է սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ, ատոր մտիկ ըրէք» (ՄԱՏ. 17։5

ԵՐԳ 65 «Ասիկա է ճամբան»

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. ա) Երեք առաքեալներու ի՞նչ ըսուեցաւ որ ընեն, եւ անոնք ինչպէ՞ս հակազդեցին։ բ) Այս յօդուածին մէջ, ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

ՊԵՏՐՈՍ, Յակոբոս եւ Յովհաննէս առաքեալները հիանալի տեսիլք մը տեսան Ք.Ե. 32–ի Պասեքէն ետք։ Բարձր լերան մը վրայ,– որ հաւանաբար Հերմոն լերան մէկ մասն էր,– Յիսուս անոնց առջեւ այլակերպեցաւ։ «Իր երեսը փայլեցաւ արեգակի պէս ու իր հանդերձները ճերմկցան լոյսի պէս» (Մատ. 17։1-4)։ Տեսիլքին վերջաւորութեան առաքեալները լսեցին Աստուծոյ ձայնը, որ ըսաւ. «Ատիկա է սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ, ատոր մտիկ ըրէք» (Մատ. 17։5)։ Երեք առաքեալներն ալ իրենց կեանքի ընթացքով ցոյց տուին, որ Յիսուսին մտիկ ըրին։ Կ’ուզենք զիրենք ընդօրինակել։

2 Նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, որ Յիսուսի ձայնը մտիկ ընել կը նշանակէ, որ կարգ մը բաներ չշարունակենք ընել։ Իսկ այս յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք երկու բաներ, որ Յիսուս ըսաւ որ պէտք է ընենք։

«ՆԵՂ ԴՌՆԷՆ ՆԵՐՍ ՄՏԷՔ»

3. Մատթէոս 7։13, 14–ի համաձայն, ի՞նչ պէտք է ընենք։

3 Կարդա՛ Մատթէոս 7։13, 14։ Նկատէ թէ Յիսուս յիշեց երկու տարբեր դռներ, որոնցմէ կարելի է մտնել երկու տարբեր ճամբաներ. մէկը՝ «ընդարձակ» է, իսկ միւսը՝ «նեղուածք»։ Երրորդ ճամբայ մը չկայ։ Մենք պէտք է որոշենք ո՛ր ճամբան բռնել։ Եւ ասիկա մեր առնելիք ամենակարեւոր որոշումն է, քանի որ մեր յաւիտենական կեանքը անկէ կախեալ է։

4. Նկարագրէ «ընդարձակ» ճամբան։

4 Պէտք է մեր միտքը պահենք երկու ճամբաներուն միջեւ եղած տարբերութիւնները։ Շատ մարդիկ «ընդարձակ» ճամբուն մէջ կը քալեն, քանի որ դիւրին ճամբայ է։ Ցաւօք սրտի, շատեր կ’որոշեն անոր մէջ մնալ եւ ընել ի՛նչ որ բոլորը կ’ընեն։ Անոնք չեն ըմբռներ, որ Բանսարկու Սատանան մարդիկը կը քաջալերէ, որ բռնեն այս ճամբան, որ մահուան կը տանի (Ա. Կոր. 6։9, 10. Ա. Յովհ. 5։19

5. Ոմանք ի՞նչ ջանք թափած են, որպէսզի «նեղուածք» ճամբան գտնեն եւ սկսին անոր մէջ քալել։

5 «Ընդարձակ» ճամբուն հակառակը, միւս ճամբան «նեղուածք» է, եւ Յիսուս ըսաւ որ քիչեր զանիկա կը գտնեն։ Ինչո՞ւ։ Յաջորդ համարին մէջ, Յիսուս իր հետեւորդները զգուշացուց սուտ մարգարէներէն (Մատ. 7։15)։ Եւ ներկայիս հազարաւոր կրօնքներ կան, եւ մեծամասնութիւնը կ’ըսէ որ ճշմարտութիւնը կը սորվեցնէ։ Որովհետեւ շա՜տ կրօնքներ կան, միլիոնաւոր մարդիկ այնքա՛ն յուսահատած կամ շուարած են, որ նոյնիսկ չեն փորձեր փնտռել կեանքի տանող ճամբան։ Բայց նեղուածք ճամբան կարելի է գտնել։ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք եւ ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յովհ. 8։31, 32)։ Գովելի է որ դուն անոնց հակառակը, փնտռեցիր ճշմարտութիւնը։ Սկսար Աստուծոյ Խօսքը խորապէս սերտել, գիտնալու համար թէ Աստուած մեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, եւ Յիսուսի ուսուցումներուն ականջ տուիր։ Սորվածներէդ մէկն էր՝ որ Եհովան մեզմէ կ’ակնկալէ մերժել սուտ կրօնքի ուսուցումները եւ չտօնել որեւէ տօն, որ հեթանոսական ծագում ունի։ Նաեւ գիտցար, որ Եհովան հաճեցնելու համար կեանքիդ մէջ փոփոխութիւններ մտցնելը կրնայ դիւրին չըլլալ (Մատ. 10։34-36)։ Բայց եւ այնպէս, ջանք ըրիր որ պէտք եղած փոփոխութիւնները ընես եւ չյանձնուեցար, քանի որ երկնաւոր Հայրդ կը սիրես եւ կ’ուզես անոր հաճութիւնը ունենալ։ Ան քեզմով որքա՜ն ուրախ ըլլալու է (Առ. 27։11

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՆԵՂՈՒԱԾՔ ՃԱՄԲՈՒՆ ՄԷՋ ՄՆԱԼ

Աստուծոյ խրատները եւ չափանիշները մեզի կ’օգնեն, որ «նեղուածք» ճամբուն մէջ մնանք (տե՛ս պարբ. 6-8) *

6. Սաղմոս 119։9, 10, 133–ի համաձայն, ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել, որ նեղուածք ճամբուն մէջ մնանք։

6 Մէյ մը որ սկսած ենք նեղուածք ճամբուն մէջ քալել, ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել, որ անոր մէջ մնանք։ Նկատի առ այս օրինակը։ Լեռնային նեղ ճամբու մը եզերքը դրուած պահագիծը, թէ՛ վարորդը եւ թէ անոր ինքնաշարժը կը պաշտպանէ։ Պահագիծ դրուելուն նպատակն է՝ վարորդը ապահով պահել, այսինքն՝ թոյլ չտալ, որ ճամբուն եզերքին շատ մօտենայ կամ անկէ դուրս ելլէ։ Ո՛չ մէկը կը գանգատի ու կ’ըսէ, թէ պահագիծը զինք կը կաշկանդէ։ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած Եհովայի չափանիշները այդ պահագիծին պէս են։ Անոնք մեզ նեղուածք ճամբուն մէջ կը պահեն (կարդա՛ Սաղմոս 119։9, 10, 133

7. Պատանիները ինչպէ՞ս պէտք է նկատեն նեղուածք ճամբան։

7 Ո՛վ պատանիներ, երբեմն կը զգա՞ք, որ Եհովայի չափանիշները կաշկանդիչ են։ Սատանան կ’ուզէ՛ որ դուք այդպէս մտածէք։ Ան կ’ուզէ որ ձեր ուշադրութիւնը դարձնէք ընդարձակ ճամբուն մէջ եղողներուն ըրածին, քանի որ ըստ երեւոյթին, անոնք կեանքը կը վայելեն։ Ան ձեր դասընկերներուն եւ համացանցին միջոցաւ կրնայ փորձել ձեզ զգացնել, որ ձեր վրայէն շա՜տ բան կ’երթայ։ Ան կ’ուզէ որ կարծէք, թէ Եհովայի չափանիշները չեն ձգեր որ կեանքը լիովին վայելէք *։ Բայց ասիկա մի՛ մոռնաք. Սատանան չ’ուզեր, որ իր ճամբուն մէջ քալողները տեսնեն, թէ իրենց ի՛նչ կը սպասէ ճամբուն վերջաւորութեան։ Միւս կողմէ, Եհովան ձեզի յստակօրէն ըսած է, թէ ի՜նչ հոյակապ կեանք մը պիտի ունենաք, եթէ մնաք կեանքի տանող ճամբուն մէջ (Սաղ. 37։29. Եսա. 35։5, 6. 65։21-23

8. Պատանիները ի՞նչ կրնան սորվիլ Օլաֆի օրինակէն։

8 Նկատի առ թէ ի՛նչ կրնաս սորվիլ Օլաֆ անունով պատանի եղբօր մը փորձառութենէն *։ Անոր դասընկերները զինք ճնշեցին, որ սեռային անբարոյութիւն գործէ։ Երբ բացատրեց, թէ Եհովայի վկաները Աստուածաշունչի բարոյական բարձր չափանիշներուն համաձայն կ’ապրին, իր դասարանէն կարգ մը աղջիկներ ա՛լ աւելի վճռեցին զինք համոզել, որ իրենց հետ սեռային յարաբերութիւն ունենայ։ Բայց Օլաֆ իր կեցուածքին մէջ հաստատ մնաց։ Ան ուրիշ ճնշում մըն ալ դիմագրաւեց։ Օլաֆ կ’ըսէ. «Ուսուցիչներս փորձեցին զիս համոզել որ համալսարան երթամ, որպէսզի մարդիկ ա՛լ աւելի զիս յարգեն։ Եւ ըսին որ առանց ատոր, յաջող կեանք մը պիտի չունենամ»։ Ի՞նչ բան Օլաֆին օգնեց, որ այսպիսի ճնշումի դէմ դնէ։ Ան կ’ըսէ. «Մտերիմ բարեկամներ ունեցայ ժողովքին մէջ։ Անոնք ինծի ընտանիքի մը պէս եղան։ Նաեւ սկսայ Աստուածաշունչը աւելի լրջօրէն սերտել։ Ո՛րքան աւելի կը սերտէի, ա՛յնքան աւելի կը համոզուէի, թէ ա՛յս է ճշմարտութիւնը։ Ուստի վճռեցի Եհովային ծառայել»։

9. Ի՞նչ պէտք է ընեն անոնք, որոնք կ’ուզեն նեղուածք ճամբուն մէջ մնալ։

9 Սատանան կը ջանայ քեզ մղել, որ կեանքի տանող ճամբան ձգես։ Ան կ’ուզէ որ միանաս մարդկութեան մեծամասնութեան, որոնք բռնած են ընդարձակ ճամբան, որ «դէպի կորուստ կը տանի» (Մատ. 7։13)։ Սակայն, պիտի մնանք նեղուածք ճամբուն մէջ, եթէ շարունակենք Յիսուսի մտիկ ընել եւ այս ճամբան պաշտպանութիւն նկատել։ Այժմ, քննարկենք ուրիշ բան մը, որ Յիսուս ըսաւ որ պէտք է ընենք։

ԵՂԲՕՐԴ ՀԵՏ ՀԱՇՏՈՒԷ

10. Մատթէոս 5։23, 24–ի համաձայն, Յիսուս ի՞նչ ըսաւ որ պէտք է ընենք։

10 Կարդա՛ Մատթէոս 5։23, 24։ Յիսուս նկարագրեց պահ մը, որ իրեն մտիկ ընող հրեաներուն համար շատ կարեւոր էր։ Երեւակայէ որ տաճարին մէջ մէկը պատրաստ է քահանային յանձնելու անասուն մը որպէս զոհ։ Եթէ այդ պահուն ան յիշէր, որ իր եղբայրը իրեն դէմ բան մը ունէր, պէտք էր իր զոհը ձգէր ու ‘երթար’։ Ինչո՞ւ։ Ի՞նչ բան կրնար աւելի կարեւոր ըլլալ քան՝ Եհովայի զոհ մատուցանելը։ Յիսուս յստակօրէն ըսաւ. «Առաջ եղբօրդ հետ հաշտուէ»։

Պիտի ընդօրինակե՞ս Յակոբը, որ խոնարհաբար իր եղբօր հետ հաշտուեցաւ (տե՛ս պարբ. 11-12) *

11. Բացատրէ թէ Յակոբ ի՛նչ ըրաւ, որպէսզի Եսաւին հետ հաշտուի։

11 Հաշտուելու նկատմամբ արժէքաւոր դասեր կրնանք սորվիլ, քննելով դէպք մը, որ տեղի ունեցաւ Յակոբ նահապետի կեանքին մէջ։ Ան իր ընտանիքէն շուրջ 20 տարի հեռու ըլլալէ ետք, Աստուած հրեշտակի մը միջոցաւ անոր ըսաւ, որ վերադառնայ (Ծն. 31։11, 13, 38)։ Բայց խնդիր մը կար։ Յակոբի մեծ եղբայրը՝ Եսաւ, կ’ուզէր զինք սպաննել (Ծն. 27։41)։ Մտածելով թէ Եսաւ տակաւին իրեն դէմ ոխ պահած էր, Յակոբ «խիստ վախցաւ ու խռովեցաւ» (Ծն. 32։7)։ Ան ի՞նչ ըրաւ, որ իր եղբօր հետ հաշտուի։ Նա՛խ, հարցին շուրջ ջերմեռանդօրէն Եհովային աղօթեց։ Ետքը, Եսաւին բազմաթիւ նուէրներ ղրկեց (Ծն. 32։9-15)։ Իսկ երբ դէմ դիմաց եկան, Յակոբ նախաքայլը առաւ Եսաւը պատուելու։ Ան խոնարհութիւն ըրաւ՝ ոչ թէ մէկ կամ երկու անգամ, հապա եօթը անգամ։ Այսպիսի խոնարհութիւն եւ յարգանք ցոյց տալով, Յակոբ հաշտուեցաւ իր եղբօր հետ (Ծն. 33։3, 4

12. Յակոբի օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։

12 Մենք դաս մը կը քաղենք, տեսնելով թէ Յակոբ ինչպէ՛ս պատրաստուեցաւ իր եղբօր հանդիպելու եւ ի՛նչ կերպով անոր մօտեցաւ։ Ան խոնարհութեամբ Եհովայէն օգնութիւն խնդրեց։ Ետքը, իր աղօթքին համաձայն վարուեցաւ, իր ամէն կարելին ընելով որ իր եղբօր հետ հաշտուի։ Եւ երբ իրարու հանդիպեցան, Յակոբ նիւթ չբացաւ, թէ ո՛վ իրաւունքով էր։ Իր նպատակն էր՝ իր եղբօր հետ խաղաղութիւն ընել։ Ինչպէ՞ս կրնանք Յակոբի օրինակին հետեւիլ։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՇՏՈՒԻԼ

13-14. Եթէ հաւատակից մը վիրաւորած ենք, ի՞նչ պէտք է ընենք։

13 Մենք որ կեանքի տանող ճամբուն մէջ կը քալենք, կ’ուզենք հաւատակիցներուն հետ խաղաղութիւն պահել (Հռով. 12։18)։ Ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ անդրադառնանք որ եղբայր մը կամ քոյր մը վիրաւորած ենք։ Յակոբին պէս, պէտք է Եհովային սրտանց աղօթենք ու խնդրենք, որ մեզի օգնէ եղբօր հետ հաշտուելու։

14 Նաեւ պէտք է ժամանակ տրամադրենք մեր անձը քննելու։ Կրնանք հարց տալ. ‘Պատրա՞ստ եմ «սխալած եմ» ըսելու, խոնարհաբար ներողութիւն խնդրելու եւ հաշտուելու։ Եթէ հաշտուելու համար նախաքայլը առնեմ, Եհովան եւ Յիսուսը ինչպէ՞ս պիտի զգան’։ Մեր պատասխանները կրնան մեզ մղել, որ Յիսուսին մտիկ ընենք եւ խոնարհաբար մեր հաւատակիցին մօտենանք, որպէսզի իրեն հետ հաշտուինք։ Ասոր մէջ կրնանք Յակոբը ընդօրինակել։

15. Եփեսացիս 4։2, 3–ի սկզբունքը գործադրելը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, որ մեր եղբօր հետ հաշտուինք։

15 Երեւակայէ թէ ի՛նչ պիտի պատահէր, եթէ Յակոբ իր եղբօր հետ հպարտութեամբ վարուէր։ Արդիւնքը գէշ պիտի ըլլար։ Երբ մեր եղբօր քով երթանք խնդիր մը լուծելու համար, պէտք է խոնարհութեամբ վարուինք (կարդա՛ Եփեսացիս 4։2, 3Առակաց 18։19–ն (ԱԾ) կ’ըսէ. «Անիրաւուած եղբայր մը ամուր բերդաքաղաքէն անառիկ է, եւ անոր բանավէճերը պալատի մը նիգերուն կը նմանին»։ Վիրաւորուած եղբայրը բերդին պէս է, բայց խոնարհաբար իրմէ ներողութիւն խնդրելը կրնայ իրեն օգնել, որ ուզէ մեզի հետ խաղաղութիւն ընել։

16. Ի՞նչ բանի մասին պէտք է լաւ մտածենք, եւ ինչո՞ւ։

16 Նաեւ պէտք է լաւ մտածենք, թէ մեր եղբօր ի՛նչ պիտի ըսենք եւ ինչպէ՛ս պիտի ըսենք։ Երբ պատրաստ ենք, պէտք է խօսինք եղբօր հետ այն նպատակով, որ դարձեալ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենանք։ Սկիզբը, թերեւս ան ըսէ բաներ, որոնք մեզ նեղացնեն։ Կրնանք դիւրաւ բարկանալ կամ փորձել մենք մեզ արդարացնել, բայց ասիկա յաջողութեան չի տանիր։ Յիշենք որ մեր եղբօր հետ խաղաղութիւն հաստատելը աւելի կարեւոր է, քան փաստել թէ ո՛վ իրաւունքով էր (Ա. Կոր. 6։7

17. Ի՞նչ կրնաս սորվիլ Ժիլպերի օրինակէն։

17 Ժիլպեր անունով եղբայր մը շատ ջանք թափեց, որ խաղաղարար ըլլայ։ Ան կը պատմէ. «Շատ խնդիրներ ունեցայ ընտանիքիս անդամներէն մէկուն հետ։ Աւելի քան երկու տարի ջանք ըրի, որ իրեն հետ անկեղծօրէն եւ հանդարտութեամբ խօսիմ, դարձեալ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենալու համար»։ Ժիլպեր ուրիշ ի՞նչ ըրաւ։ «Անոր հետ խօսելէ առաջ կ’աղօթէի եւ ինքզինքս կը պատրաստէի որեւէ անազնիւ խօսքի, որ ան կրնար ըսել։ Պէտք էր ներելու պատրաստ ըլլայի։ Սորվեցայ իրաւունքներս չպաշտպանել եւ հասկցայ, որ պարտականութիւնս էր՝ ջանալ խաղաղութիւն ընել»։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ժիլպեր կ’ըսէ. «Այսօր մտքի խաղաղութիւն ունիմ, քանի որ ընտանիքիս բոլոր անդամներուն հետ լաւ փոխյարաբերութիւն կը վայելեմ»։

18-19. Եթէ մէկը վիրաւորած ենք, ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել, եւ ինչո՞ւ։

18 Ուրեմն, ի՞նչ պէտք է վճռես ընել, երբ անդրադառնաս որ հաւատակիցդ վիրաւորած ես։ Յիսուսին ըսածը ըրէ՝ հաշտուիլ։ Հարցին շուրջ Եհովային աղօթէ եւ խնդրէ սուրբ հոգին, որպէսզի քեզի օգնէ խաղաղարար ըլլալու։ Եթէ այդպէս ընես, ուրախ պիտի ըլլաս, եւ պիտի փաստես որ Յիսուսին մտիկ կ’ընես (Մատ. 5։9

19 Երախտապարտ ենք, որ Եհովան մեզի սիրալիր ուղղութիւն կու տայ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, որ ժողովքին գլուխն է (Եփ. 5։23)։ Թող վճռենք Յիսուսին ‘մտիկ ընել’՝ Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս առաքեալներուն պէս (Մատ. 17։5)։ Տեսանք, թէ ատիկա ինչպէ՛ս կրնանք ընել՝ հաշտուելով մեր վիրաւորած եղբօր հետ։ Այսպէս վարուելով եւ կեանքի տանող նեղուածք ճամբուն մէջ մնալով, հիմա շատ մը օրհնութիւններ պիտի վայելենք, իսկ ապագային՝ անվերջ ուրախութիւն։

ԵՐԳ 77 Ներողամիտ ըլլանք

^ պարբ. 5 Յիսուս մեզ կը քաջալերէ, որ նեղ դռնէն ներս մտնենք ու քալենք կեանքի տանող ճամբուն մէջ։ Ան նաեւ մեզի ուղղութիւն կու տայ, որ հաւատակիցներուն հետ խաղաղութիւն ունենանք։ Ի՞նչ դժուարութիւններ կրնանք ունենալ, երբ կը ջանանք իր խրատը գործադրել, եւ ինչպէ՞ս կրնանք զանոնք յաղթահարել։

^ պարբ. 7 Տե՛ս Պատանիները հետաքրքրող 10 հարցումներ գրքոյկը, հարցում 6. «Ինչպէ՞ս կրնամ ընկերներուս ճնշումին դէմ դնել»։ Նաեւ տե՛ս www.pr418.com/hyw կայքին վրայ, գծագրութիւններով վիտէոն՝ Ընկերներուդ ճնշումին տեղի մի՛ տար (նայէ՛ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾՆԵՐԸ > ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ)։

^ պարբ. 8 Կարգ մը անուններ փոխուած են։

^ պարբ. 56 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Մնալով այն «նեղուածք» ճամբուն մէջ, որ Աստուծոյ տուած պահագիծով պաշտպանուած է, հեռու կը մնանք կարգ մը վտանգներէ, ինչպէս՝ պոռնկագրութիւնը, չար ընկերակցութիւնը եւ համալսարանական ուսումը կեանքին մէջ առաջին տեղը դնելը։

^ պարբ. 58 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Հաշտուելու նպատակով, Յակոբ իր եղբօր առջեւ կրկին անգամ խոնարհութիւն ըրաւ։