ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 53
Երիտասարդ եղբայրնե՛ր, հասուն քրիստոնեաներ դարձէք
«Ուժովցիր ու տղամարդ եղիր» (Գ. ԹԱԳ. 2։2, ՆԱ)։
ԵՐԳ 89 Եհովայի ջերմ կոչը. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր»
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a
1. Քրիստոնեայ տղամարդ մը ի՞նչ պէտք է ընէ որ կեանքի մէջ յաջողի։
ԴԱՒԻԹ թագաւոր Սողոմոնին այս խրատը տուաւ. «Ուժովցիր ու տղամարդ եղիր» (Գ. Թագ. 2։1-3, ՆԱ)։ Այս խրատը կարեւոր է բոլոր տղամարդոց, որոնք կ’ուզեն Քրիստոսը ընդօրինակել։ Յաջող տղամարդ ըլլալու համար, անոնք պէտք է սորվին հնազանդիլ Աստուծոյ օրէնքներուն եւ Աստուածաշունչի սկզբունքները գործադրել ամէն բանի մէջ (Ղուկ. 2։52)։ Ինչո՞ւ կարեւոր է որ երիտասարդ եղբայրները հասուն մարդիկ դառնան։
2-3. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ երիտասարդ եղբայր մը հասուն քրիստոնեայ դառնայ։
2 Քրիստոնեայ տղամարդ մը շատ կարեւոր պատասխանատուութիւններ ունի, ըլլայ ընտանիքին մէջ կամ ժողովքին մէջ։ Երիտասարդ եղբայրնե՛ր, վստահաբար մտածած էք այդ պատասխանատուութիւններուն մասին, որոնք ապագային կրնաք ունենալ։ Թերեւս նպատակ դրած էք լիաժամ ծառայ, օգնական ծառայ եւ ետքը երէց ըլլալ։ Թերեւս ալ կ’ուզէք ամուսնանալ եւ զաւակներ ունենալ (Եփ. 6։4. Ա. Տիմ. 3։1)։ Այս նպատակներուն յաջողութեամբ հասնելու համար, նախ պէտք է հասուն քրիստոնեաներ դառնաք b։
3 Ի՞նչը քեզի պիտի օգնէ որ հասուն քրիստոնեայ մը դառնաս։ Կան կարեւոր ձիրքեր, որոնք պէտք է զարգացնես։ Ուրեմն ի՞նչ կրնաս ընել, որպէսզի պատրաստուիս ապագայի պատասխանատուութիւններուն եւ անոնց մէջ յաջողիս։
ՀԱՍՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՑՆՈՂ ՔԱՅԼԵՐ
4. Ո՞ւր կրնաս լաւ օրինակներ գտնել (տե՛ս նաեւ նկարը)։
4 Լաւ օրինակներ ընտրէ եւ անոնց նմանէ։ Աստուածաշունչը լեցուն է լաւ տղամարդոց օրինակներով։ Անցեալին ապրած այս տղամարդիկը Աստուած կը սիրէին եւ Աստուծոյ ժողովուրդին հոգ կը տանէին։ Այսպիսի օրինակներ նաեւ կրնաս գտնել ընտանիքիդ եւ ժողովքիդ մէջ (Եբ. 13։7)։ Նաեւ ունիս Յիսուս Քրիստոսի կատարեալ օրինակը (Ա. Պետ. 2։21)։ Մինչ այս օրինակները ուշադրութեամբ կը սերտես, մտածէ թէ անոնց մէջ ո՛ր յատկութիւնները կը սիրես (Եբ. 12։1, 2)։ Ետքը որոշէ թէ ինչպէ՛ս պիտի նմանիս անոնց։
5. Ինչպէ՞ս կրնաս մտածելու կարողութիւն զարգացնել, եւ ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է (Սաղմոս 119։9)։
5 «Մտածելու կարողութիւն»ը զարգացուր (Առ. 3։21, ՆԱ)։ Մտածելու կարողութիւն ունեցող տղամարդը առաջ որ որոշում առնէ լա՛ւ մը կը մտածէ։ Անոր համար, ջանք թափէ որ այս կարողութիւնը զարգացնես եւ մի՛շտ շարունակէ ատիկա գործածել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այս աշխարհը լեցուն է երիտասարդներով, որոնք իրենց անձնական կարծիքին հիման վրայ կամ զգացումներէ տարուած որոշում կ’առնեն (Առ. 7։7. 29։11)։ Ասկէ զատ, հեռատեսիլը, ֆիլմերը, ինթըրնէթը եւ ընկերային ցանցերը կրնան քեզի շատ ազդել։ Լաւ, ինչպէ՛ս կրնաս մտածելու կարողութիւնը զարգացնել։ Նախ, Սուրբ Գիրքէն սորվէ, որ Եհովան ինչպէ՛ս կը մտածէ, կը զգայ եւ յետոյ մտածէ որ ինչո՛ւ լաւ է որ իր ըսածը ընես։ Ետքը սորվածներդ գործադրէ, որ առնես այնպիսի որոշումներ, որոնք Եհովային սիրտը կ’ուրախացնեն (կարդա՛ Սաղմոս 119։9)։ Եթէ սորվիս Եհովային պէս մտածել, ատիկա քեզի շատ պիտի օգնէ որ հասուն քրիստոնեայ մը դառնաս (Առ. 2։11, 12. Եբ. 5։14)։ Հիմա, նկատի առնենք, որ մտածելու կարողութիւնը քեզի ինչպէ՛ս պիտի օգնէ այս երկու մարզերուն մէջ. 1) որ գիտնաս ինչպէ՛ս պիտի վարուիս քոյրերուն հետ եւ 2) որ գիտնաս հագուելու–շքուելու վերաբերեալ ինչպէ՛ս որոշումներ առնել։
6. Մտածելու կարողութիւնը ինչպէ՞ս կ’օգնէ երիտասարդ եղբօր մը որ յարգէ քոյրերը։
6 Եհովային պէս մտածելը քեզի պիտի օգնէ որ յարգես կիները։ Բնական է որ եղբայր մը հետաքրքրուի քրոջմով եւ ուզէ իրեն աւելի ճանչնալ եւ ասոր մէջ սխալ բան չկայ։ Բայց մտածելու կարողութիւն ունեցող եղբայր մը չի խօսիր, չի գրեր կամ չի վարուիր այնպիսի ձեւով մը, որ քրոջ պարապ յոյսեր տայ, եթէ նպատակ չունի այդ քրոջը հետ ամուսնանալու (Ա. Տիմ. 5։1, 2)։ Եւ եթէ եղբայր մը քրոջ մը ծանօթանայ, անոր հետ առանձին դուրս չ’ելլեր առանց երրորդ անձ մը ըլլալու, որպէսզի քրոջ վրայ խօսք չելլէ (Ա. Կոր. 6։18)։
7. Մտածելու կարողութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ երիտասարդ եղբօր մը օգնել հագուստ ընտրելու կամ մազ կտրելու ժամանակ։
7 Ուրիշ կերպ մըն ալ կայ որ երիտասարդ մը ցոյց կու տայ որ Եհովային պէս կը մտածէ, այն ալ երբ ճիշդ որոշումներ կ’առնէ հագուստ գնելու եւ մազ կտրելու նկատմամբ։ Շատ անգամներ, նորոյթ հնարողներուն մեծամասնութիւնը անձեր են, որոնք Եհովան չեն յարգեր եւ անբարոյ կեանքեր կ’ապրին։ Այնպէս որ, անոնց ձեւած հագուստները շատ փակած կ’ըլլան կամ ալ տղամարդոց՝ կնոջ տեսք կու տան։ Հասուն քրիստոնեան երբ կ’ընտրէ ինչ պիտի հագնի, կ’առաջնորդուի Սուրբ Գիրքի սկզբունքներով, եւ ժողովքին մէջի լաւ օրինակներով։ Ան կրնայ ինքնիրեն հարցնել. ‘Երբ հագուելիք կ’ընտրեմ, ցոյց կու տա՞մ որ ուրիշներուն զգացումները հաշուի կ’առնեմ։ Հագուելակերպս ցոյց կու տա՞յ որ ես իրապէս Աստուծոյ ծառայ մըն եմ’ (Ա. Կոր. 10։31-33. Տիտ. 2։6)։ Մտածելու կարողութիւն ունեցող երիտասարդ մը, ո՛չ միայն իր եղբայրներուն ու քոյրերուն յարգանքը պիտի շահի, հապա նաեւ՝ իր երկնաւոր հօրը։
8. Երիտասարդ եղբայր մը ինչպէ՞ս կրնայ սորվիլ վստահելի ըլլալ։
8 Վստահելի եղիր։ Վստահելի երիտասարդը ան է, որ իր բոլոր պատասխանատուութիւնները ընելու մէջ աշխատասէր է (Ղուկ. 16։10)։ Նկատի առ Յիսուսի կատարեալ օրինակը։ Ան անհոգ կամ պատասխանատուութենէ փախչող մէկը չէր, հապա ամէն ինչ որ Եհովան իրմէ խնդրեց ըրաւ, նոյնիսկ երբ դժուար էր։ Ան մարդիկը, մանաւանդ իր աշակերտները, կը սիրէր եւ յօժարաբար իր կեանքը տուաւ անոնց համար (Յովհ. 13։1)։ Յիսուսը ընդօրինակելով, դուն ալ ջանք ըրէ որ քեզի տրուած որեւէ նշանակում ընես։ Եթէ վստահ չես թէ անիկա ինչպէ՛ս պիտի ընես, խոնարհ եղիր եւ հասուն եղբայրներէ օգնութիւն խնդրէ։ Միշտ քեզմէ պահանջուածէն աւելին ըրէ (Հռով. 12։11)։ Ուրիշ խօսքով, նշանակումդ կատարէ «որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց» (Կող. 3։23)։ Անշուշտ դուն կատարեալ չես, անոր համար խոնարհ եղիր եւ ըրած սխալներդ ընդունէ (Առ. 11։2)։
ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՁԻՐՔԵՐ ԶԱՐԳԱՑՈՒՐ
9. Երիտասարդ եղբայր մը ինչո՞ւ պէտք է օգտակար բաներ սորվի։
9 Հասուն քրիստոնեայ մը ըլլալու համար, պէտք է սորվիս բաներ, որոնք կրնան քեզի առօրեայ կեանքիդ մէջ օգնել։ Այս բաները քեզի պիտի օգնեն՝ որ պատասխանատուութիւններ շալկես ժողովքէն ներս, ուրիշներուն հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենաս եւ գտնես գործ մը որով կրնաս դուն քեզի կամ ընտանիքիդ պէտքերուն հոգ տանիլ։ Նկատի առ թէ ի՛նչ են այդ բաները, որոնք կրնան քեզի օգնել։
10-11. Երիտասարդ եղբայր մը գրել–կարդալ սորվելով, ինչպէ՞ս կրնայ թէ՛ ինքն իրեն եւ թէ ժողովքին օգտակար դառնալ (Սաղմոս 1։1-3) (տե՛ս նաեւ նկարը)։
10 Սորվէ լաւ գրել–կարդալ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ ուրախ եւ յաջող մարդ մը ամէն օր ժամանակ կը տրամադրէ Աստուծոյ Խօսքը կարդալու եւ անոր վրայ խոկալու համար (կարդա՛ Սաղմոս 1։1-3)։ Աստուծոյ Խօսքը ամէն օր կարդալով, ան Եհովային մտածելակերպը պիտի հասկնայ, ինչ որ իրեն պիտի օգնէ որ աւելի լաւ կերպով մտածէ եւ տրամաբանէ (Առ. 1։3, 4)։ Ժողովքին մէջ այսպիսի տղամարդոց պէտք կայ։ Ինչո՞ւ։
11 Մեր եղբայրներն ու քոյրերը այս կարող տղամարդոց կը վստահին Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած ուղղութիւն եւ խրատ ստանալու համար (Տիտ. 1։9)։ Եթէ լաւ գրել–կարդալ գիտես, պիտի կարենաս շատ աղուոր եւ հաւատք զօրացնող դասախօսութիւններ եւ պատասխաններ պատրաստել եւ տալ։ Ինչպէս նաեւ պիտի կարենաս օգտակար նոթեր առնել, երբ Աստուածաշունչը կը սերտես եւ ժողովներուն ու համաժողովներուն դասախօսութիւնները մտիկ կ’ընես։ Այս նոթերը քեզի պիտի օգնեն, որ թէ՛ քու հաւատքդ զօրացնես եւ թէ ուրիշները քաջալերես։
12. Ի՞նչ բան քեզի պիտի օգնէ որ լաւ հաղորդակցող ըլլաս։
12 Սորվէ հաղորդակցիլ։ Քրիստոնեայ տղամարդը պէտք է սորվի ուրիշներուն մտիկ ընել եւ հասկնալ անոնց մտածումները եւ զգացումները (Առ. 20։5)։ Ան կրնայ սորվիլ կարդալ՝ անձի մը դէմքի արտայայտութիւնները, ձայնին թոնը, եւ մարմնային լեզուն (body language)։ Դուն ասիկա չես կրնար ընել եթէ մարդոց հետ ժամանակ չանցընես։ Եթէ միշտ ելեկտրոնային գործիքներու միջոցաւ կը հաղորդակցիս, օրինակ՝ ե-նամակի (email) եւ մէսըճներու միջոցաւ, մարդոց հետ անձամբ հաղորդակցելու կարողութիւնդ պիտի տկարանայ։ Ուրեմն, առիթներ ստեղծէ, որպէսզի մարդոց հետ երես–երեսի խօսիս (Բ. Յովհ. 12)։
13. Երիտասարդը ուրիշ ի՞նչ պէտք է սորվի (Ա. Տիմոթէոս 5։8) (տե՛ս նաեւ նկարը)։
13 Արհեստ մը սորվէ։ Հասուն քրիստոնեայ տղամարդը պէտք է կարող ըլլայ իր եւ իր ընտանիքին նիւթական պէտքերուն հոգ տանիլ (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 5։8)։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, երիտասարդ եղբայրներ արհեստ կը սորվին իրենց հօրմէն կամ ազգականէն։ Ուրիշ երկիրներու մէջ, երիտասարդներ կրնան արհեստ մը սորվիլ երկրորդական կամ արհեստի վարժարանի մէջ։ Ինչ որ ալ է պարագան, լաւ է որ արհեստ մը սորվիս, որ դիւրին գործ մը գտնես (Գործք 18։2, 3. 20։34. Եփ. 4։28)։ Լաւ անուն ունենալու համար, սկսած գործդ ամբողջացուր։ Եթէ այդպէս ճանչցուիս, հաւանաբար գործ մը գտնես եւ անոր մէջ մնաս։ Այն յատկութիւնները եւ ձիրքերը, որոնք նախապէս տեսանք, նաեւ պիտի օգնեն քրիստոնեայ երիտասարդին իր ապագայ պատասխանատուութիւններուն մէջ։ Նկատի առնենք անոնցմէ մի–քանի հատը։
ԱՊԱԳԱՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒԴ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԷ
14. Երիտասարդ եղբայր մը ինչպէ՞ս կրնայ պատրաստուիլ լիաժամ ծառայ մը ըլլալու համար։
14 Լիաժամ ծառայ։ Շատ մը հասուն երիտասարդներ իրենց լիաժամ ծառայութիւնը սկսան երբ տակաւին պզտիկ էին։ Ռահվիրայութիւնը երիտասարդի մը կ’օգնէ, որ գիտնայ ինչպէ՛ս վարուի տարբեր տեսակի մարդոց հետ։ Ատիկա նաեւ կ’օգնէ որ սորվի ինչպէ՛ս իր դրամը գործածէ (Փլպ. 4։11-13)։ Օժանդակ ռահվիրայութիւնը, լիաժամ ծառայութիւնը սկսելու լաւ կերպ մըն է։ Շատեր կը ծառայեն որպէս օժանդակ ռահվիրաներ եւ ասիկա իրենց կ’օգնէ որ պատրաստուին կանոնաւոր ռահվիրայութեան։ Ռահվիրայութիւնը առիթ կը բանայ որ եղբայր մը լիաժամ ծառայութեան ուրիշ տեսակներ վայելէ, օրինակ՝ ծառայելով որպէս շինարարութեան ծառայ կամ բեթէլական։
15-16. Ի՞նչը կրնայ երիտասարդ եղբօր մը օգնել որ օգնական ծառայ կամ երէց դառնայ։
15 Օգնական ծառայ կամ երէց։ Քրիստոնեայ երիտասարդները երէց ըլլալու համար պէտք է կարգ մը պահանջքներ եւ յատկութիւններ զարգացնեն։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ այն տղամարդիկը, որոնք ջանք կ’ընեն որ երէց մը ըլլան ‘աղէկ գործի կը ցանկան’ (Ա. Տիմ. 3։1)։ Երէց մը ըլլալէ առաջ, եղբայր մը պէտք է որ օգնական ծառայ ըլլայ։ Օգնական ծառաները երէցներուն կ’օգնեն շատ մը գործնական կերպերով։ Թէ՛ երէցները եւ թէ օգնական ծառաները խոնարհաբար կը ծառայեն իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն, եւ ծառայութեան մէջ նախանձախնդիր են։ Երիտասարդները կրնան օգնական ծառայ ըլլալ, նոյնիսկ եթէ իրենց պատանեկութեան վերջին տարիներուն մէջ են։ Իսկ լաւ մարզուած օգնական ծառայ մը, որ իր քսանական տարիքին սկիզբն է, կրնայ նշանակուիլ որպէս երէց։
16 Եղբայր մը ինչպէ՞ս կրնայ այս պատասխանատուութիւններուն համար յարմար մէկը ըլլալ։ Մէկ բանով չի վերջանար։ Պահանջքները հիմնուած են Սուրբ Գիրքին վրայ, ինչպէս նաեւ Եհովային, ընտանիքին եւ ժողովքին հանդէպ սիրոյն վրայ (Ա. Տիմ. 3։1-13. Տիտ. 1։6-9. Ա. Պետ. 5։2, 3)։ Ջանք ըրէ հասկնալու այս պահանջքները։ Եհովային աղօթէ որպէսզի քեզի օգնէ որ հասնիս նպատակներուդ c։
17. Երիտասարդ եղբայր մը ինչպէ՞ս կրնայ պատրաստուիլ ամուսին եւ ընտանիքի գլուխ ըլլալու համար (տե՛ս նաեւ նկարը)։
17 Ամուսին եւ ընտանիքի գլուխ։ Ինչպէս որ Յիսուս ըսաւ, կարգ մը հասուն քրիստոնեայ տղամարդիկ ամուրի կը մնան (Մատ. 19։12)։ Բայց եթէ որոշես ամուսնանալ, պիտի դառնաս ամուսին եւ ընտանիքի գլուխ (Ա. Կոր. 11։3)։ Եհովան ամուսինէն կը սպասէ որ իր կինը սիրէ եւ անոր ֆիզիքական, զգացական եւ հոգեւոր պէտքերը հոգայ (Եփ. 5։28, 29)։ Այս յօդուածին մէջ յիշուած յատկութիւններն ու ձիրքերը, օրինակ՝ մտային կարողութիւն զարգացնելը, կիները յարգելը եւ վստահելի ըլլալը, քեզի պիտի օգնեն որ լաւ կողակից մը ըլլաս։ Եւ այսպէս, լաւ պատրաստուած պիտի ըլլաս ամուսին եւ ընտանիքի գլուխ ըլլալու։
18. Երիտասարդ եղբայր մը ինչպէ՞ս կրնայ պատրաստուիլ հայր ըլլալու։
18 Հայր։ Ամուսնանալէդ ետք, թերեւս զաւակ ունենաս։ Եհովայէն ինչպէ՞ս կը սորվիս լաւ հայր մը ըլլալ։ Շատ մը կերպերով (Եփ. 6։4)։ Եհովան իր Որդիին՝ Յիսուսին, բացէ ի բաց ըսաւ որ զինք կը սիրէ եւ իրեն կը հաւնի (Մատ. 3։17)։ Եթէ հայր ըլլաս, ջանք ըրէ որ մի՛շտ զգացումներդ արտայայտես զաւակներուդ հանդէպ։ Մի՛շտ զանոնք գովէ, երբ որ լաւ բան մը ընեն։ Ասանկով անոնց պիտի օգնես որ հասուն անձեր դառնան։ Դուն հիմակուընէ կրնաս պատրաստուիլ հայր ըլլալու, եթէ սէրէ մղուած հոգ տանիս ընտանիքիդ անդամներուն ու ժողովքին, եւ սորվիս սէրդ ու գնահատանքդ արտայայտել անոնց հանդէպ (Յովհ. 15։9)։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ որ ապագային լաւ ամուսին մը եւ հայր մը դառնաս։ Մինչ այդ, դուն շատ օգտակար պիտի ըլլաս ընտանիքիդ ու ժողովքիդ, եւ ասիկա շատ արժէք ունի Եհովային աչքին։
ՀԻՄԱ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԷՔ
19-20. Ի՞նչ բան երիտասարդ եղբայրներուն պիտի օգնէ որ հասուն քրիստոնեայ տղամարդիկ դառնան (տե՛ս կողքին նկարը)։
19 Երիտասարդ եղբայրնե՛ր, շատ ջանք պէտք է թափէք որպէսզի հասուն տղամարդիկ ըլլաք։ Պէտք է լաւ օրինակներ ընտրէք եւ անոնց նմանիք, մտածելու կարողութիւնը զարգացնէք, վստահելի ըլլաք, գործնական ձիրքեր զարգացնէք եւ պատրաստուիք ձեր ապագայ պատասխանատուութիւններուն։
20 Երբ մտածէք թէ որքա՜ն բաներ կան, որոնց վրայ պէտք է աշխատիք, թերեւս զգաք որ ասիկա շատ է ձեզի համար։ Բայց կրնա՛ք յաջողիլ։ Յիշեցէք որ Եհովան ի՛րապէս կ’ուզէ ձեզի օգնել (Եսա. 41։10, 13)։ Անշուշտ ժողովքին մէջ եղբայրներն ու քոյրերը ձեզի պիտի օգնեն։ Երբ հասուն քրիստոնեայ տղամարդ ըլլաք, ձեր կեանքը աւելի ճոխ եւ հաճելի պիտի դառնայ։ Երիտասարդ եղբայրնե՛ր, մենք ձեզ շա՜տ կը սիրենք։ Եւ կը մաղթենք որ Եհովան ձեզ մեծապէս օրհնէ, մինչ ջանք կը թափէք որ հասուն քրիստոնեայ տղամարդիկ դառնաք (Առ. 22։4)։
ԵՐԳ 45 Օ՛ն յառաջ
a Ժողովքին մէջ հասուն տղամարդոց պէտքը կայ։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք որ երիտասարդ եղբայրները ինչպէ՛ս կրնան հասուն քրիստոնեաներ դառնալ։
b Տե՛ս նախորդ յօդուածին «Բացատրութիւն»ը։
c Տե՛ս Կազմակերպուած ենք՝ կատարելու Եհովայի կամքը գիրքը, գլուխ 5-6 (արաբ.)։