ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 52
Երիտասարդ քոյրե՛ր, հասուն քրիստոնեաներ դարձէք
«Կիները պէտք է ըլլան. . . սովորութիւններու մէջ չափաւոր, ամէն բանի մէջ հաւատարիմ» (Ա. ՏԻՄ. 3։11, ՆԱ)։
ԵՐԳ 41 Ո՛վ պատանիներ, Եհովան պաշտեցէք
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a
1. Ի՞նչ պէտք է ընենք որ հասուն քրիստոնեայ դառնանք։
ԱՉՔԴ գոցէ բաց պզտիկը կը մեծնայ։ Ճիշդ է որ պզտիկին ֆիզիքապէս մեծնալը ինքնաբերաբար կ’ըլլայ, բայց հոգեւորապէս հասուննալը ջանք կ’ուզէ (Ա. Կոր. 13։11. Եբ. 6։1) b։ Հոն հասնելու համար, պէտք է Եհովային հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունենանք։ Ասկէ զատ, սուրբ հոգիին պէտք ունինք, որ հոգեւոր յատկութիւններ եւ գործնական ձիրքեր զարգացնենք եւ հիմակուընէ պատրաստուինք ապագայ պատասխանատուութիւններու (Առ. 1։5)։
2. Ծննդոց 1։27–էն ի՞նչ կը սորվինք, եւ այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
2 Եհովան մարդիկը արու եւ էգ ստեղծեց (կարդա՛ Ծննդոց 1։27)։ Դիւրին է նկատել որ տղամարդիկը եւ կիները իրարմէ ֆիզիքապէս տարբեր են, բայց անոնք ուրիշ կերպերով ալ տարբեր են։ Օրինակ, Եհովան տղամարդը եւ կինը ստեղծեց որպէսզի ամէն մէկը յատուկ պատասխանատուութիւններու հոգ տանի։ Ատոր համար, անոնք պէտք ունին յատկութիւններու եւ ձիրքերու, որոնցմով կրնան իրենց այս պատասխանատուութիւններուն հոգ տանիլ (Ծն. 2։18)։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք թէ երիտասարդ քոյր մը ի՛նչ կրնայ ընել, որպէսզի հասուն քրիստոնեայ մը ըլլայ։ Իսկ յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ երիտասարդ եղբայր մը ի՛նչ կրնայ ընել հասուն քրիստոնեայ մը ըլլալու համար։
ՀՈԳԵՒՈՐ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԶԱՐԳԱՑՈՒՐ
3-4. Երիտասարդ քոյրերը ո՞ւր կրնան լաւ օրինակներ գտնել (տե՛ս նաեւ նկարը)։
3 Քոյրերը ո՞ւր կրնան գտնել հաւատարիմ կիներու օրինակներ, որպէսզի անոնցմէ սորվին։ Առաջին՝ Սուրբ Գիրքին մէջ, ուր յիշուած են շատ մը կիներ, որոնք Եհովան կը սիրէին եւ իրեն կը ծառայէին (տե՛ս jw.org կայքին մէջ՝ «Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Սուրբ Գիրքին մէջ յիշուած կիներէն» յօդուածը, արաբ.)։ Անոնք «սովորութիւններու մէջ չափաւոր» էին եւ «ամէն բանի մէջ հաւատարիմ», ինչպէս որ մեր գլխաւոր համարը կ’ըսէ։ Երկրորդ՝ քոյրերը կրնան իրենց ժողովքին մէջ գտնել հասուն քրիստոնեայ կիներ, որոնցմէ կրնան շատ բաներ սորվիլ։
4 Երիտասարդ քոյրե՛ր, գիտէ՞ք հասուն քոյր մը, որուն լաւ օրինակէն կրնաք սորվիլ։ Նկատի առէք անոր լաւ յատկութիւնները եւ մտածեցէք որ ինչպէ՛ս կրնաք նոյն յատկութիւնները ունենալ։ Հիմա նկատի պիտի առնենք երեք կարեւոր յատկութիւններ, որոնք քոյր մը պէտք է զարգացնէ։
5. Խոնարհութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր յատկութիւն մըն է։
5 Խոնարհութիւնը հասուն քրիստոնեայի մը կարեւոր յատկութիւններէն մէկն է։ Եթէ կին մը խոնարհ է, Եհովային եւ ուրիշներուն հետ լաւ փոխյարաբերութիւն պիտի ունենայ (Յակ. 4։6)։ Օրինակի համար, կին մը որ Եհովան կը սիրէ, խոնարհօրէն կ’ընտրէ հնազանդիլ Ա. Կորնթացիս 11։3–ի խրատին, ուր Եհովան կ’ըսէ թէ ժողովքին եւ ընտանիքին մէջ առաջնորդութիւնը առնելու պատասխանատուութիւնը որո՛ւ տրուած է c։
6. Երիտասարդ քոյրերը ի՞նչ կրնան սորվիլ Ռեբեկայէն։
6 Նկատի առնենք Ռեբեկային օրինակը։ Ան խելացի էր եւ ինքնավստահութեամբ որոշումներ կ’առնէր եւ գիտէր ինչպէ՛ս պիտի վարուէր (Ծն. 24։58. 27։5-17)։ Բայց նոյն ատեն յարգանք ունէր եւ ուղղութիւններու կը հետեւէր (Ծն. 24։17, 18, 65)։ Եթէ Ռեբեկային պէս խոնարհ ըլլաս եւ Եհովային ըրած կարգադրութիւններուն հետեւիս, թէ՛ ընտանիքիդ եւ թէ ժողովքիդ մէջ լաւ օրինակ պիտի ըլլաս։
7. Երիտասարդ քոյրերը ինչպէ՞ս կրնան Եսթերին պէս համեստ ըլլալ։
7 Բոլոր հասուն քրիստոնեաները պէտք է համեստ ըլլան։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ «իմաստութիւնը համեստներուն հետ է» (Առ. 11։2, ՆԱ)։ Օրինակ, Եսթերը Աստուծոյ համեստ եւ հաւատարիմ մէկ ծառան էր։ Երբ ան թագուհի եղաւ, համեստութիւնը իրեն օգնեց որ չհպարտանայ։ Ասոր համար, ան մտիկ ըրաւ իր ազգականին՝ Մուրթքէին խրատը (Եսթ. 2։10, 20, 22)։ Դուն ալ համեստ ըլլալդ ցոյց կու տաս, եթէ ուրիշէն խրատ ուզես եւ այդ խրատը գործադրես (Տիտ. 2։3-5)։
8. Ա. Տիմոթէոս 2։9, 10–ի համաձայն, համեստութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ քրոջ մը օգնել որ իմաստութեամբ որոշէ ինչպէ՛ս պիտի հագուի ու շքուի։
8 Եսթեր ուրիշ կերպով մըն ալ համեստութիւն ցոյց տուաւ։ Ան «գեղեցիկ դէմք ու վայելուչ կերպարանք մը ունէր», բայց ուրիշներուն ուշադրութիւնը իր վրայ չհրաւիրեց (Եսթ. 2։7, 15)։ Քոյր մը ինչպէ՞ս կրնայ օգտուիլ Եսթերի օրինակէն։ Կերպերէն մէկը յիշուած է Ա. Տիմոթէոս 2։9, 10–ին մէջ (կարդա՛)։ Պօղոս առաքեալ հոն քրիստոնեայ քոյրերուն խրատ կու տայ, որ ամօթխածութեամբ, այսինքն՝ համեստութեամբ հագուին։ Հոս գործածուած յունարէն բառը ցոյց կու տայ, որ քրիստոնեայ կնոջ մը հագուածքը պէտք է Եհովային հանդէպ յարգանք ցոյց տայ եւ ուրիշներուն զգացումներն ու կարծիքները հաշուի առնէ։ Որքա՜ն կը հպարտանանք այն քոյրերով, որոնք այս խրատին կը հետեւին։
9. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աբիգիայէն։
9 Խորատեսութիւնը ուրիշ յատկութիւն մըն է, որ բոլոր քոյրերը պէտք է զարգացնեն։ Ի՞նչ է խորատեսութիւնը։ Ատիկա լաւ դատողութեան յատկութիւնն է, այսինքն՝ այն կարողութիւնը, որ գիտնաս ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը՝ սխալ եւ ետքը որոշես ճիշդը ընել։ Նկատի առնենք Աբիգիայի օրինակը։ Իր ամուսինը սխալ որոշում մը առաւ, որ գէշ կերպով պիտի ազդէր լման ընտանիքին։ Աբիգիան շուտով գործի լծուեցաւ եւ իր լաւ դատողութիւնը կեանքեր փրկեց (Ա. Թագ. 25։14-23, 32-35)։ Խորատեսութիւնը նաեւ մեզի կ’օգնէ, որ գիտնանք ե՛րբ խօսինք եւ ե՛րբ լուռ մնանք։ Անիկա նաեւ կ’օգնէ որ ուրիշներով հետաքրքրուինք, առանց իրենց գործին խառնուելու (Ա. Թես. 4։11)։
ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՁԻՐՔԵՐ ԶԱՐԳԱՑՈՒՐ
10-11. Լաւ գրել–կարդալ գիտնալը ինչպէ՞ս կրնայ թէ՛ քեզի եւ թէ ուրիշներուն օգտակար ըլլալ (տե՛ս նաեւ նկարը)։
10 Քրիստոնեայ կին մը պէտք է գործնական ձիրքեր զարգացնէ։ Ատեններ, այն ձիրքերը որոնք աղջիկ մը պզտիկուց կը սորվի, կրնան իր լման կեանքին ընթացքին իրեն օգնել։ Նկատի առնենք քանի մը օրինակներ։
11 Սորվէ լաւ գրել–կարդալ։ Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, աղջիկ մը պէտք չունի գրել– կարդալ սորվելու։ Բայց կարեւոր է, որ ամէն քրիստոնեայ գրել–կարդալ սորվի (Ա. Տիմ. 4։13) d։ Մի՛ ձգեր որեւէ բան արգելք ըլլայ որ լաւ գրել–կարդալ սորվիս։ Ասիկա ի՞նչ օգուտներ պիտի ունենայ։ Գրել–կարդալը քեզի պիտի օգնէ, որ գործ մը գտնես եւ ատոր մէջ մնաս։ Ասկէ զատ, պիտի կարենաս աւելի դիւրութեամբ Աստուծոյ Խօսքը սերտել եւ ուրիշներուն սորվեցնել։ Ամենակարեւորը, մինչ Աստուծոյ Խօսքը կը կարդաս եւ անոր վրայ կը խոկաս, Եհովային աւելի պիտի մօտենաս (Յես. 1։8. Ա. Տիմ. 4։15)։
12. Առակաց 31։26–էն ի՞նչ կը սորվիս։
12 Հաղորդակցելու ձիրքեր զարգացուր։ Քրիստոնեաները պէտք է սորվին ինչպէ՛ս ուշադրութեամբ մտիկ ընել եւ ազնուութեամբ խօսիլ։ Ասոր մասին Յակոբոս աշակերտը գործնական խրատ կու տայ մեզի, ըսելով. «Ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու. . . մէջ» (Յակ. 1։19)։ Երբ ուրիշներուն ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընենք, անոնց հետ կը զգանք, կամ «կարեկից» կ’ըլլանք (Ա. Պետ. 3։8)։ Եթէ վստահ չես թէ դիմացինին ըսածները կամ զգացումները կը հասկնաս, իրեն հարցումներ հարցուր։ Ետքը, առաջ որ խօսիս, մտածէ՛ (Առ. 15։28)։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ինչ որ պիտի ըսեմ ճիշդ եւ քաջալերակա՞ն է։ Անիկա յարգանք եւ ազնուութիւն ցոյց կու տա՞յ’։ Սորվէ այն հասուն քոյրերէն, որոնք ասոր մէջ օրինակ են (կարդա՛ Առակաց 31։26)։ Ուշադիր եղիր թէ անոնք ինչպէ՛ս կը խօսին։ Այս ձիրքը ո՛րքան աւելի լաւ սորվիս, ուրիշներու հետ քու փոխյարաբերութիւնդ ա՛յնքան աւելի լաւ պիտի ըլլայ։
13. Ինչպէ՞ս կրնաս սորվիլ տուն կառավարել (տե՛ս նաեւ նկարը)։
13 Սորվէ ինչպէ՛ս տուն կառավարել։ Շատ մը տեղեր, տան գործերուն մեծ մասը կիները կ’ընեն։ Ասոր մէջ, մայրդ կամ ուրիշ կարող քոյր մը կրնայ քեզի օգնել, որ պէտք եղած ձիրքերը զարգացնես։ Սինտի անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Ամէնէն արժէքաւոր բաներէն մէկը որ մամայէս սորվեցայ, այն էր՝ որ եթէ գործիդ մէջ աշխատասէր ես, ըրածովդ կ’ուրախանաս։ Ես սորվեցայ ճաշ եփել, մաքրել, կարել եւ գնում ընել, ինչ որ կեանքս դիւրացուց եւ ինծի օգնեց որ Եհովային աւելի ծառայեմ։ Մայրս նաեւ ինծի սորվեցուց որ հիւրասէր ըլլամ, եւ ասիկա ձգեց որ ծանօթանամ հոյակապ եղբայրներու ու քոյրերու եւ իրենց օրինակէն սորվիմ» (Առ. 31։15, 21, 22)։ Աշխատասէր եւ հիւրասէր կինը, որ սորված է իր տունը կառավարել, օրհնութիւն է իր ընտանիքին եւ ժողովքին (Առ. 31։13, 17, 27. Գործք 16։15)։
14. Քրիսթըլին փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվիս, եւ ի՞նչ բանի վրայ պէտք է կեդրոնանաս։
14 Սորվէ բան մը ձեռքովդ ընել։ Շատ կարեւոր է որ բոլոր քրիստոնեաները ասիկա սորվին (Փլպ. 4։11)։ Քրիսթըլ անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Երբ դպրոցն էի, ծնողքս քաջալերեց որ առնեմ դասընթացքներ եւ սորվիմ արհեստներ, որոնք ապագային ինծի պիտի օգնէին կեանքիս մէջ։ Հայրս խրատեց որ հաշուապահութեան դասեր առնեմ, եւ ասիկա ինծի շատ օգնեց»։ Չի բաւեր որ սորվիս ինչպէ՛ս դրամ շահիլ, հապա նաեւ ջանք ըրէ որ սորվիս դրամը իմաստութեամբ գործածել եւ պիւտճէէդ աւելի չծախսել (Առ. 31։16, 18)։ Եթէ աւելորդ–պակաս պարտքեր չընես եւ քիչով բաւարարուիս, պիտի կարենաս Եհովային աւելի ծառայել (Ա. Տիմ. 6։8)։
ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԷ ԱՊԱԳԱՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒԴ ՀԱՄԱՐ
15-16. Ամուրի քոյրերը ինչո՞ւ շատ արժէքաւոր են (Մարկոս 10։29, 30)։
15 Երբ հոգեւոր յատկութիւններ եւ արժէքաւոր ձիրքեր կը զարգացնես, ասիկա քեզի կ’օգնէ որ պատրաստ ըլլաս ապագայ պատասխանատուութիւններուդ համար։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ, թէ ի՛նչ կրնաս ընել։
16 Թերեւս որոշ ժամանակ մը ամուրի մնաս։ Ինչպէս որ Յիսուս ըսաւ, կարգ մը քոյրեր կ’որոշեն չամուսնանալ, նոյնիսկ եթէ իրենց մշակոյթը ատիկա չի քաջալերեր (Մատ. 19։10-12)։ Ուրիշներ տարբեր պատճառներով ամուրի կը մնան։ Ամէն պարագայի, վստահ եղիր որ Եհովան եւ Յիսուսը ցած աչքով չեն նայիր ամուրի քրիստոնեաներուն։ Աշխարհի չորս կողմը, ամուրի քոյրերը լաւ ազդեցութիւն ունին ժողովքներուն վրայ։ Եւ քանի՛ որ անոնք ուրիշները կը սիրեն եւ անոնցմով կը հետաքրքրուին, կրնան շատերու համար հոգեւոր քոյրեր եւ մայրեր ըլլալ (կարդա՛ Մարկոս 10։29, 30. Ա. Տիմ. 5։2)։
17. Երիտասարդուհի մը ինչպէ՞ս կրնայ հիմակուընէ պատրաստուիլ լիաժամ ծառայութեան համար։
17 Թերեւս լիաժամ ծառայ մը դառնաս։ Աշխարհի մէջ քարոզչութեան մեծ մասը քոյրերը կ’ընեն (Սաղ. 68։11, ԱԾ)։ Կրնա՞ս հիմակուընէ ծրագրել որ լիաժամ ծառայ մը ըլլաս։ Օրինակ, կրնաս ծառայել որպէս ռահվիրայ, շինարարութեան կամաւոր կամ բեթէլական։ Նպատակակէտիդ մասին աղօթէ, խօսէ անոնց հետ, որոնք այդ նպատակակէտին հասած են եւ իրենցմէ հասկցիր թէ ի՛նչ պէտք է ընես, որ դուն ալ հասնիս նպատակակէտիդ։ Ետքը, գործնական ծրագիր մը դիր։ Երբ լիաժամ ծառայ մը դառնաս, ասիկա Եհովայի ծառայութեան մէջ քու առջեւդ շատ մը հետաքրքրական դռներ պիտի բանայ։
18. Քոյր մը ինչո՞ւ պէտք է իր ամուսինը շատ ուշադրութեամբ զատէ (տե՛ս նաեւ նկարը)։
18 Թերեւս որոշես ամուսնանալ։ Այս յօդուածին մէջ յիշուած յատկութիւնները եւ ձիրքերը քեզի պիտի օգնեն որ կարող կին մը դառնաս։ Անշուշտ, եթէ դուն կը մտածես ամուսնանալու մասին, պէտք է որ կողակիցդ շա՜տ ուշադրութեամբ զատես։ Քանի որ ասիկա ամենակարեւոր որոշումներէն մէկն է, որ կեանքիդ մէջ պիտի առնես։ Մի՛ մոռնար որ երբ ամուսնանաս, գլխուդ վրայ տղամարդ մը պիտի ըլլայ (Հռով. 7։2. Եփ. 5։23, 33)։ Անոր համար, դուն քեզի հարցուր. ‘Արդեօք ան հասուն քրիստոնեա՞յ մըն է։ Եհովան իր կեանքին մէջ առաջին տեղը կը դնէ՞։ Իմաստուն որոշումներ կ’առնէ՞։ Իր սխալները կ’ընդունի՞։ Կիները կը յարգէ՞։ Պէտք եղած կարողութիւնները ունի՞, որ ինծի օգնէ հոգեւոր, նիւթական եւ զգացական գետնի վրայ։ Պատասխանատուութիւն կը շալկէ՞։ Օրինակ, ժողովքին մէջ իր պատասխանատուութիւններուն ինչպէ՞ս հոգ կը տանի’ (Ղուկ. 16։10. Ա. Տիմ. 5։8)։ Անշուշտ, եթէ կ’ուզես լաւ ամուսին մը գտնել, պէտք է որ պատրաստուիս լաւ կին մը ըլլալու։
19. «Օգնական» ըլլալը ինչո՞ւ քրոջ արժէքէն չ’իջեցներ։
19 Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ լաւ կինը իր ամուսինին ‘յարմար օգնական’ է (Ծն. 2։18)։ Արդեօք ասիկա կնոջ արժէքէն կ’իջեցնէ՞։ Ո՛չ։ Ընդհակառակը, կնոջ արժէքը կը բարձրացնէ։ Սուրբ Գիրքը շատ անգամներ Եհովան ալ «օգնական» կը կոչէ (Սաղ. 54։4. Եբ. 13։6)։ Կին մը իր ամուսինին լաւ օգնական կ’ըլլայ, երբ որ անոր կ’օգնէ որոշումներ առնելու եւ այդ որոշումները կը յաջողցնէ։ Եւ քանի՛ որ ան Եհովան կը սիրէ, ջանք կը թափէ որ իր ամուսինը բարձրացնէ ուրիշներուն առջեւ (Առ. 31։11, 12. Ա. Տիմ. 3։11)։ Քոյրե՛ր, դուք այս պատասխանատուութիւններուն կը պատրաստուիք, եթէ հիմա՛ Եհովան աւելի սիրէք եւ ուրիշներուն օգնէք ձեր ընտանիքին եւ ժողովքին մէջ։
20. Լաւ մայր մը ընտանիքին ինչպէ՞ս կ’ազդէ։
20 Թերեւս մայր ըլլաս։ Ամուսնութենէն ետք, դուն եւ ամուսինդ թերեւս զաւակներ ունենաք (Սաղ. 127։3)։ Անոր համար, իմաստութիւն է առաջուընէ ծրագրել։ Այս յօդուածին մէջ նկատի առնուած յատկութիւնները եւ ձիրքերը քեզի պիտի օգնեն, որ աւելի լաւ կին մը եւ մայր մը ըլլաս։ Սէրդ, ազնուութիւնդ ու համբերութիւնդ պիտի օգնեն, որ տունիդ մէջ ուրախ մթնոլորտ մը տիրէ եւ ասիկա պիտի օգնէ որ զաւակներդ ապահով եւ սիրուած զգան (Առ. 24։3)։
21. Ի՞նչ կը զգանք մեր քոյրերուն հանդէպ, եւ ինչո՞ւ (տե՛ս կողքին նկարը)։
21 Քոյրե՛ր, ձեզ շատ կը սիրենք, քանի որ շատ բաներ կ’ընէք Եհովային եւ իր ժողովուրդին համար (Եբ. 6։10)։ Ջանք կը թափէք զարգացնելու յատկութիւններ եւ ձիրքեր, որոնք ձեզ եւ ձեր շուրջինները կ’ուրախացնեն։ Ասկէ զատ, ջանք կ’ընէք որ ձեր ապագայ պատասխանատուութիւններուն պատրաստուիք։ Դուք շա՛տ արժէքաւոր էք Եհովայի կազմակերպութեան աչքին։
ԵՐԳ 86 Հաւատարիմ կիներ, քրիստոնեայ քոյրեր
a Սիրելի քոյրե՛ր, մեզի համար շատ արժէքաւոր էք։ Դուք կրնաք հասուն քրիստոնեաներ դառնալ՝ հոգեւոր յատկութիւններ եւ գործնական ձիրքեր զարգացնելով եւ հիմակուընէ պատրաստուելով ձեր ապագայ պատասխանատուութիւններուն։ Ասիկա ձեզի պիտի օգնէ որ Եհովային ծառայութեան մէջ շատ մը օրհնութիւններ վայելէք։
b ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Հոգեւորապէս հասուն քրիստոնեան Աստուծոյ սուրբ հոգիով կ’առաջնորդուի, եւ ոչ թէ՝ աշխարհի իմաստութեամբ։ Ան Յիսուսի օրինակին կը հետեւի, ջանք կ’ընէ որ Եհովային հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունենայ եւ ուրիշներուն հանդէպ անձնազոհ սէր ցոյց կու տայ։
d Կարդալու կարեւորութեան մասին տեղեկութիւններ առնելու համար, տե՛ս «Կարդալը ինչո՞ւ կարեւոր է պզտիկներուն համար. Մաս 1. Գի՞րք կարդալ, թէ ոչ վիտէօ դիտել» յօդուածը՝ jw.org կայքին վրայ (արաբ.)։