Կը յիշե՞ս
Դիտարան–ի վերջին թիւերը ուշի–ուշով կարդացա՞ծ ես։ Փորձէ հետեւեալ հարցումներուն պատասխանել.
Ի՞նչ կը նշանակէ ‘միտքդ նորոգել’ (Հռով. 12։2)։
Ատիկա չի նշանակեր պարզապէս մեր կեանքը լեցնել բարի գործերով։ Փոխարէնը, պէտք է քննենք մեր ներքին անձնաւորութիւնը եւ ընենք պէտք եղած փոփոխութիւնները, որպէսզի կարելի եղածին չափ Եհովայի չափանիշներուն համաձայն ապրինք (դ23.01, էջ 8-9)։
Ինչպէ՞ս կրնանք հաւասարակշռուած ըլլալ, երբ աշխարհի դէպքերուն կը հետեւինք։
Մենք հետաքրքրուած ենք, թէ ներկայ աշխարհի դէպքերը ինչպէ՛ս կը կատարեն Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները։ Պէտք չէ ենթադրութիւններ ընենք, քանի որ ատիկա ընելը կրնայ ժողովքին միութիւնը խանգարել։ Լաւ կ’ըլլայ որ մեր խօսակցութիւնները հիմնենք Եհովայի կազմակերպութեան հրատարակած տեղեկութիւններուն վրայ (Ա. Կոր. 1։10) (դ23.02, էջ 16)։
Յիսուսի մկրտութիւնը ինչպէ՞ս տարբեր էր իր հետեւորդներուն մկրտութենէն։
Յիսուս պէտք չունէր իր կեանքը Եհովային նուիրելու, քանի որ կը պատկանէր ազգի մը, որ արդէն նուիրուած էր Աստուծոյ։ Ան պէտք չունէր իր մեղաւոր ընթացքին համար զղջալու, քանի որ կատարեալ եւ անմեղ մարդ մըն էր (դ23.03, էջ 5)։
Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներուն օգնել որ ժողովներուն պատասխանեն։
Կրնանք մեր պատասխանները կարճ պահել, որ ուրիշներ ալ պատասխանեն։ Նաեւ կրնանք շատ կէտերու մասին չխօսիլ։ Ասանկով ուրիշներուն ալ առիթ տուած կ’ըլլանք որ ըսելիք բան մը ունենան (դ23.04, էջ 23)։
Եսայի 35։8–ին մէջ յիշուած «Սրբութեան Պողոտան» ինչի՞ կ’ակնարկէ։
Այս այլաբանական ճամբան նա՛խ ակնարկեց այն ճամբային, որ հրեաները հասցուց Բաբելոնէն դէպի իրենց հայրենիքը։ Ի՞նչ կարելի է ըսել մեր օրերուն մասին։ 1919–էն հարիւրաւոր տարիներ առաջ, պատրաստութիւններ եղան, ինչպէս՝ Աստուածաշունչի տպագրութիւն եւ թարգմանութիւն եւ ուրիշ բաներ։ Աստուծոյ ժողովուրդը կը քալէ «Սրբութեան Պողոտայ»ին վրայէն, որ իրենց կ’օգնէ շարունակ Եհովան պաշտելու հիմա եւ ապագային, երբ Իր Թագաւորութիւնը լաւ պայմաններ բերէ երկրի վրայ (դ23.05, էջ 15-19)։
Առակաց գրքին 9–րդ գլուխը ո՞ր երկու այլաբանական կիներուն մասին կը խօսի։
Առակաց գիրքը կը խօսի ‘անզգամ կնոջ’ մասին, որուն հրաւէրը «դժոխք» կը տանի, այսինքն՝ մահուան։ Եւ կը խօսի ‘իմաստութեան’ մասին, որ նկարագրուած է որպէս կին, որուն հրաւէրը կ’ուղղէ դէպի ‘խոհեմութեան ճամբան’ եւ կեանքի կը տանի (Առ. 9։1, 6, 13, 18) (դ23.06, էջ 22-24)։
Աստուծոյ խոնարհութիւնը եւ ճկունութիւնը ինչպէ՞ս յստակ դարձան Ղովտին հետ իր վարուած կերպէն։
Եհովան Ղովտին ուղղութիւն տուաւ որ Սոդոմը ձգէ եւ լեռը փախչի։ Երբ Ղովտ աղաչեց որ Սեգովր քաղաքը երթայ, Աստուած իր խնդրանքը ընդունեց (դ23.07, էջ 21)։
Կին մը ի՞նչ կրնայ ընել, եթէ իր կողակիցը պոռնկագրութիւն կը դիտէ։
Կինը պէտք է յիշէ որ ատիկա իր յանցանքը չէ։ Ան պէտք է կեդրոնանայ Աստուծոյ հետ իր փոխյարաբերութեան վրայ եւ կարդայ ու խոկայ Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած այն կիներուն մասին, որոնք Եհովայով մխիթարուեցան։ Կինը կրնայ իր կողակիցին օգնել որ զինք փորձող պարագաներէ հեռու մնայ (դ23.08, էջ 14-17)։
Երբ մէկը մեզի հետ վիճաբանի մեր հաւատալիքներուն մասին, խոհեմութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել որ հեզ ըլլանք։
Մտածենք թէ իր հարցումը ինչպէ՛ս կրնայ մեզի օգնել, որ հասկնանք թէ իրեն համար ինչը կարեւոր է։ Այսպէս, աւելի պատրաստուած պիտի ըլլանք որ հեզութեամբ պատասխանենք (դ23.09, էջ 17)։
Մարիամէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ զօրութիւն ստանալու մասին։
Երբ Մարիամ գիտցաւ որ Մեսիային մայրը պիտի ըլլար, ուրիշներէն զօրութիւն ստացաւ։ Գաբրիէլը եւ Եղիսաբէթը Սուրբ Գրութիւններով մխիթարեցին Մարիամը։ Մենք ալ կրնանք մեր հաւատակիցներով զօրանալ (դ23.10, էջ 15)։
Եհովան ինչպէ՞ս կրնայ մեր աղօթքներուն պատասխանել։
Ան կը խոստանայ որ մեր աղօթքները մտիկ պիտի ընէ եւ նկատի պիտի առնէ թէ ատոնք ինչպէ՛ս կապ ունին իր ընդհանուր նպատակին հետ (Եր. 29։12)։ Ան թերեւս նոյն խնդրանքներուն տարբեր կերպերով պատասխանէ, բայց միշտ մեզի պիտի օգնէ (դ23.11, էջ 21-22)։
Հռովմայեցիս 5։2–ը կը խօսի «յոյս»ին մասին, լաւ անիկա ինչո՞ւ նորէն յիշուած է 4–րդ համարին մէջ։
Երբ մէկը բարի լուրը կը լսէ, երկրային դրախտի մէջ յաւիտեան ապրելու յոյսը կ’ունենայ։ Բայց իր այդ յոյսը կը զօրանայ եւ աւելի իրական կը դառնայ, երբ ան նեղութիւններէ կ’անցնի, անոնց կը համբերէ եւ կը զգայ որ Աստուած իրմով ուրախ է (դ23.12, էջ 12-13)։