Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 50

Հաւատքով եւ գործերով կրնաս արդար նկատուիլ

Հաւատքով եւ գործերով կրնաս արդար նկատուիլ

«Մեր հօրը Աբրահամին անթլփատութեան ատենի հաւատքին շաւիղներուն մէջ քալե[ցէք]» (ՀՌՈՎ. 4։12

ԵՐԳ 54 Պէտք է հաւատք ունենանք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1. Երբ Աբրահամին հաւատքին մասին մտածենք, մեր մտքէն ի՞նչ հարցում կ’անցնի։

 ՇԱՏԵՐ լսած են Աբրահամին մասին, բայց զինք շատ չեն ճանչնար։ Իսկ դուն շատ բան գիտես իր մասին։ Օրինակ, գիտես որ Աստուածաշունչը Աբրահամը կոչած է ‘բոլոր հաւատացողներուն հայրը’ (Հռով. 4։11)։ Թերեւս դուն քեզի հարցնես. ‘Կրնա՞մ Աբրահամին պէս Եհովային հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունենալ’։ Այո՛, կրնաս։

2. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ Աբրահամին օրինակը սերտենք (Յակոբոս 2։22, 23

2 Մենք կրնանք Աբրահամին պէս զօրաւոր հաւատք ունենալ, երբ իր օրինակը սերտենք։ Աստուծոյ պատուէրով, Աբրահամ հեռաւոր երկիր մը գնաց, տարիներով վրաններու մէջ ապրեցաւ, եւ պատրաստ էր իր մէկ հատիկ տղան՝ Իսահակը, զոհելու։ Այդպիսով, ան ցոյց տուաւ որ զօրաւոր հաւատք ունէր։ Եւ իր այս հաւատքին ու գործերուն պատճառաւ Եհովան ուրախացուց եւ իր բարեկամը դարձաւ (կարդա՛ Յակոբոս 2։22, 23)։ Այսօր, Եհովան կ’ուզէ որ մենք ալ, մէջը ըլլալով դուն, իր բարեկամը դառնանք։ Անոր համար, ան Աստուածաշունչը գրողները՝ Պօղոսը եւ Յակոբոսը, ներշնչեց որ Աբրահամին օրինակը տան Հռովմայեցիս նամակին 4–րդ գլուխին եւ Յակոբոս նամակին 2–րդ գլուխին մէջ։ Հոն Պօղոսն ու Յակոբոսը շատ կարեւոր բան մը ըսին Աբրահամին մասին։

3. Պօղոսը եւ Յակոբոսը Աստուածաշունչի ո՞ր համարը մէջբերեցին։

3 Թէ՛ Պօղոս եւ թէ Յակոբոս մէջբերեցին Ծննդոց 15։6–էն, ուր կ’ըսէ. «[Աբրահամ] հաւատաց Տէրոջը, որը [Աբրահամին] արդարութիւն սեպուեցաւ»։ Երբ Եհովան անձ մը կը հաւնի, զինք կը կոչէ արդար կամ անմեղ։ Ի՜նչ աղուոր բան մըն է, որ անկատար ու մեղաւոր անձ մը, Աստուծոյ կողմէ անմեղ նկատուի։ Թերեւս դուն ալ կ’ուզես որ Աստուծոյ կողմէ արդար կամ անմեղ նկատուիս, եւ ասիկա կարելի է։ Հիմա պիտի տեսնենք թէ Եհովան ինչո՛ւ Աբրահամը արդար կամ անմեղ նկատեց, եւ ի՛նչ պէտք է ընենք որ մենք ալ այդպէս նկատուինք։

ՀԱՒԱՏՔԸ ԿԱՐԵՒՈՐ Է

4. Ի՞նչ բան արգելք կ’ըլլայ որ մէկը արդար նկատուի։

4 Հռոմայեցիներուն գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս ըսաւ որ ամէն մարդ մեղք կը գործէ (Հռով. 3։23)։ Լաւ, ինչպէ՞ս կ’ըլլայ որ Աստուած մեղաւոր մէկը հաւնի եւ զինք արդար եւ անմեղ նկատէ։ Ասոր պատասխանը տալու համար Պօղոս Աբրահամին օրինակը տուաւ։

5. Եհովան ի՞նչ բանի հիման վրայ Աբրահամը արդար նկատեց։

5 Երբ Աբրահամ Քանան երկրին մէջ կ’ապրէր, Եհովան զինք արդար նկատեց։ Ինչո՞ւ։ Արդեօք քանի որ Աբրահամ կատարեալ կերպով Մովսիսական օրէ՞նքը կը պահէր։ Անշուշտ ո՛չ (Հռով. 4։13)։ Քանի որ այդ Օրէնքը իսրայէլ ազգին տրուեցաւ Աբրահամը արդար նկատուելէն աւելի քան 400 տարի ետք։ Ուրեմն, Եհովան ի՞նչ բանի հիման վրայ Աբրահամը արդար նկատեց։ Ան Աբրահամին շնորհք ցոյց տուաւ եւ զինք արդար նկատեց, քանի որ ան հաւատք ունէր (կարդա՛ Հռովմայեցիս 4։2-4

6. Եհովան ինչպէ՞ս մեղաւոր մը արդար կը նկատէ։

6 Պօղոս շարունակեց այս կէտին մասին աւելի խօսիլ, ըսելով որ երբ անհատ մը Աստուծոյ կը հաւատայ, «անոր հաւատքը իրեն արդարութիւն կը սեպուի» (Հռով. 4։5)։ Ան աւելցուց. «Ինչպէս Դաւիթ ալ կը յիշէ այն մարդուն երանութիւնը, որուն Աստուած արդարութիւն կը սեպէ, առանց գործերու։ ‘Երանի՜ անոնց, կ’ըսէ, որոնց անօրէնութիւնները ներուեցան եւ որոնց մեղքերը ծածկուեցան։ Երանի՜ այն մարդուն, որուն մեղք չի սեպեր Տէրը’» (Հռով. 4։6-8. Սաղ. 32։1, 2)։ Եհովան կը ծածկէ, կամ կը ներէ, անոնց մեղքերը, որոնք իրեն կը հաւատան։ Անոնց բոլորովին կը ներէ եւ այլեւս անոնցմէ հաշիւ չի պահանջեր։ Ան այսպիսի անձեր անմեղ եւ արդար կը նկատէ, քանի որ իրեն կը հաւատան։

7. Եհովային անցեալի ծառաները ինչո՞ւ արդար նկատուեցան։

7 Ճիշդ է որ Եհովային արդար ծառաները, օրինակ՝ Աբրահամը եւ Դաւիթը, մեղաւոր էին, բայց քանի որ հաւատք ունէին, Եհովան զանոնք անմեղ եւ արդար նկատեց, մանաւանդ՝ երբ անոնք բաղդատուին հաւատք չունեցողներուն հետ (Եփ. 2։12)։ Պօղոս իր նամակին մէջ յստակօրէն ըսաւ, որ եթէ մէկը կ’ուզէ Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ, պէտք է Աբրահամին եւ Դաւիթին պէս հաւատք ունենայ։ Մենք ալ կրնանք Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ, եթէ հաւատք ունենանք։

ԳՈՐԾԵՐՆ ԱԼ ԿԱՐԵՒՈ՞Ր ԵՆ

8-9. Կարգ մը անձեր ի՞նչ սխալ կարծիք կազմած են Պօղոսի ու Յակոբոսի գրածներուն մասին, եւ ինչո՞ւ։

8 Դարեր շարունակ, քրիստոնեայ աշխարհին մէջ հաւատքի եւ գործերու միջեւ եղած կապը վիճաբանութեան նիւթ դարձած է։ Կարգ մը կրօնականներ կը սորվեցնեն, որ փրկուելու համար բաւարար է որ Տէր Յիսուս Քրիստոսին հաւատաս։ Թերեւս լսած ես որ կ’ըսեն. «Յիսուսը ընդունէ՛ եւ պիտի փրկուիս»։ Անոնք նոյնիսկ Պօղոսին խօսքերը կը մէջբերեն, ըսելով. «Աստուած արդարութիւն կը սեպէ, առանց գործերու» (Հռով. 4։6)։ Իսկ ուրիշներ ալ կը պնդեն թէ ‘դուն քեզ կը փրկես’, եթէ ուխտագնացութեան երթաս կամ ալ եկեղեցիին ըսած կարգ մը պարտականութիւնները ընես. եւ անոնք հաւանաբար մէջբերեն Յակոբոս 2։24–ը, ուր կ’ըսէ. «Մարդ գործերով կ’արդարանայ, ո՛չ թէ՝ միայն հաւատքով»։

9 Այսպիսի կարծիքներու հիման վրայ, կրօնական նիւթերու մասին գրողներ ըսած են, որ Պօղոսը եւ Յակոբոսը համաձայն չէին հաւատքի եւ գործերու նիւթին շուրջ։ Կարգ մը կրօնականներ կ’ըսեն, թէ Պօղոս կը հաւատար որ անձ մը միա՛յն հաւատքի պէտք ունի որպէսզի արդար նկատուի, իսկ Յակոբոս կը սորվեցնէր որ բաւարար չէ միայն հաւատք ունենալ, հապա գործեր ալ պէտք են։ Փրոֆէսոր մը այսպէս կը բացատրէ. «Յակոբոս չէր հասկցած թէ Պօղոս ինչո՛ւ կը պնդէր, որ մէկը միայն հաւատքով կ’արդարանայ, եւ ոչ թէ գործերով»։ Բայց մենք գիտենք որ թէ՛ Պօղոս եւ թէ Յակոբոս սուրբ հոգիին օգնութեամբ գրեցին իրենց նամակները (Բ. Տիմ. 3։16)։ Ուրեմն, պէտք է տրամաբանական բացատրութիւն մը ըլլայ, թէ ինչո՛ւ երկուքը իրարմէ տարբեր բաներ ըսին։ Ասիկա հասկնալու համար, պէտք է նայինք որ Պօղոս եւ Յակոբոս ուրիշ ի՛նչ գրեցին իրենց նամակներուն մէջ։

Պօղոս Հռոմի մէջ ապրող հրեայ քրիստոնեաներուն շեշտեց որ հաւա՛տքը կարեւոր է, եւ ոչ թէ՝ Մովսիսական օրէնքին գործերը (տե՛ս պարբերութիւն 10) b

10. Պօղոս գլխաւորաբար ո՞ր գործերուն մասին կը խօսէր (Հռովմայեցիս 3։21, 28) (տե՛ս նաեւ նկարը)։

10 Պօղոս ի՞նչ «գործեր»ու մասին խօսեցաւ Հռովմայեցիս նամակին 3–րդ եւ 4–րդ գլուխներուն մէջ։ Ան գլխաւորաբար խօսեցաւ «օրէնքին գործերուն» մասին, այսինքն՝ իսրայէլացիներուն տրուած Մովսիսական օրէնքին գործերուն մասին (կարդա՛ Հռովմայեցիս 3։21, 28)։ Այնպէս կ’երեւի որ Պօղոսի օրերուն կարգ մը հրեայ քրիստոնեաներ դժուարութիւն ունէին ընդունելու, որ այլեւս իրենցմէ պահանջուած չէր Մովսիսական օրէնքին հնազանդիլ եւ անոր «գործեր»ը ընել։ Անոր համար, Պօղոս Աբրահամին օրինակը տուաւ, փաստելու համար թէ մէկը պէտք չունի «օրէնքին գործերը» ընելու, որպէսզի Աստուծոյ աչքին արդար նկատուի, հապա պէտք է որ հաւատք ունենայ։ Ասիկա մեզ շատ կը քաջալերէ, քանի որ ցոյց կու տայ որ եթէ Աստուծոյ եւ Քրիստոսին հաւատանք, կրնա՛նք Աստուծոյ աչքին ընդունելի ըլլալ։

Յակոբոսը քրիստոնեաները քաջալերեց որ իրենց հաւատքը ցոյց տան գործերով, օրինակ՝ առանց զատողութիւն դնելու լաւութիւններ ընեն (տե՛ս պարբերութիւն 11-12) c

11. Յակոբոսին մտքին մէջ ի՞նչ գործեր կային։

11 Միւս կողմէ, Յակոբոս նամակին 2–րդ գլուխին մէջ յիշուած «գործեր»ը տարբեր են Պօղոսի յիշած «օրէնքին գործեր»էն։ Յակոբոսին մտքին մէջ կան այն գործերը, որոնք քրիստոնեաները կ’ընեն իրենց առօրեայ կեանքին մէջ։ Եւ ատոնցմով ցոյց կու տան որ Աստուծոյ հանդէպ իրական հաւատք ունին կամ ոչ։ Նկատի առ երկու օրինակներ, որոնք Յակոբոս յիշեց։

12. Յակոբոս ինչպէ՞ս բացատրեց հաւատքին եւ գործերուն միջեւ եղած կապը (տե՛ս նաեւ նկարը)։

12 Առաջին օրինակին մէջ, Յակոբոս կ’ըսէ որ եթէ մէկը լաւ կերպով վարուի հարուստի մը հետ, բայց ցած աչքով նայի աղքատի մը, իր գործերով կը ցուցնէ որ ինք հաւատք չունի։ Ասանկով Յակոբոս կը շեշտէ, որ քրիստոնեաները պէտք չէ զատողութիւն դնեն անձերու միջեւ (Յակ. 2։1-5, 9)։ Երկրորդ օրինակին մէջ, Յակոբոս կ’ըսէ որ եթէ մէկը տեսնէ ‘եղբայր մը կամ քոյր մը, որ մերկ է կամ օրուան կերակուրին կարօտ է’ եւ իրեն չօգնէ, իր հաւատքը պարապ է, նոյնիսկ եթէ ինք կ’ըսէ որ հաւատք ունի։ Յակոբոս գրեց. «Հաւատքը, եթէ իրեն հետ գործ չունենայ, առանձինն մեռած է» (Յակ. 2։14-17

13. Յակոբոս ինչպէ՞ս բացատրեց որ պէտք է մեր հաւատքը գործերով ցոյց տանք (Յակոբոս 2։25, 26

13 Յակոբոս Ռախաբին օրինակը տուաւ, քանի որ ան իր գործերով ցոյց տուաւ իր հաւատքը (կարդա՛ Յակոբոս 2։25, 26)։ Ռախաբ Եհովային մասին լսած էր եւ անդրադարձած էր, որ Աստուած իսրայէլացիներուն կ’օգնէր (Յես. 2։9-11)։ Ռախաբ երկու իսրայէլացի լրտեսներ պաշտպանեց, երբ անոնց կեանքը վտանգի տակ էր, եւ այսպէս գործերով ցոյց տուաւ իր հաւատքը։ Անոր համար, այս անկատար եւ իսրայէլացի չեղող կինը Աբրահամին պէս արդար նկատուեցաւ։ Ռախաբէն կը սորվինք որ շատ կարեւոր է, որ մեր հաւատքը ցոյց տանք գործերով։

14. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Պօղոսի եւ Յակոբոսի գրութիւնները իրարու հետ համաձայն են։

14 Աստուածաշունչի երկու գրողները՝ Պօղոս եւ Յակոբոս, պարզապէս տարբեր անկիւններէ կը դիտէին հաւատքի եւ գործերու նիւթը։ Պօղոս հրեայ քրիստոնեաներուն կ’ըսէր, որ Եհովային աչքին արդար պիտի չնկատուէին, եթէ միայն Մովսիսական օրէնքին գործերը ընէին։ Յակոբոս կը շեշտէր որ բոլոր քրիստոնեաները պէտք է հաւատք ցոյց տան՝ ուրիշներուն լաւութիւններ ընելով։

Հաւատքդ քեզ կը մղէ՞ որ ընես գործեր, որոնցմով Եհովան կ’ուրախանայ (տե՛ս պարբերութիւն 15)

15. Ի՞նչ կարգ մը կերպերով կրնանք մեր հաւատքը գործերով ցոյց տալ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

15 Եհովան չ’ըսեր որ եթէ կ’ուզենք իր աչքին արդար նկատուիլ, պէտք է ճի՛շդ Աբրահամին պէս ընենք։ Իրականութեան մէջ, շատ մը ձեւեր կան, որոնցմով կրնանք մեր հաւատքը ցոյց տալ մեր գործերով։ Օրինակ, կրնանք ժողովքին մէջ նորեկները դիմաւորել, շատ նեղութեան մէջ եղող եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնել, մեր ընտանիքի անդամներուն լաւութիւններ ընել՝ բաներ, որոնք Եհովան կը հաւնի եւ կ’օրհնէ (Հռով. 15։7. Ա. Տիմ. 5։4, 8. Ա. Յովհ. 3։18)։ Իսկ ամէնէն կարեւոր կերպերէն մէկը, որով ցոյց կու տանք որ հաւատք ունինք՝ նախանձախնդրօրէն բարի լուրը ուրիշներուն քարոզելն է (Ա. Տիմ. 4։16)։ Բոլորս ալ կրնանք մեր գործերով ցոյց տալ, թէ հաւատք ունինք որ Եհովային խոստումները պիտի իրականանան եւ թէ իր ճամբաները լաւագոյնն են։ Իսկ եթէ ասիկա ընենք, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեզ արդար պիտի նկատէ եւ մեզ իր բարեկամները պիտի կոչէ։

ՅՈՅՍԸ ԿԱՐԵՒՈՐ Է

16. Յոյսը ի՞նչ կապ ունէր Աբրահամի հաւատքին հետ։

16 Հռովմայեցիս նամակին 4–րդ գլուխը աչքառու կը դարձնէ ուրիշ կարեւոր դաս մը, որ կրնանք սորվիլ Աբրահամէն, որ է՝ թէ յոյսը կարեւոր է։ Եհովան խոստացաւ որ Աբրահամին միջոցաւ «շատ ազգեր» պիտի օրհնուէին։ Երեւակայէ Աբրահամ ի՜նչ հոյակապ յոյս մը ունէր (Ծն. 12։3. 15։5. 17։4. Հռով. 4։17)։ Բայց նոյնիսկ երբ Աբրահամ 100 տարեկան էր եւ Սառան՝ 90, իրենց խոստացուած զաւակը տակաւին մէջտեղ չկար։ Մարդկային աչքով դիտուած, անկարելի էր որ Աբրահամը եւ Սառան զաւակ մը ունենային, եւ ասիկա Աբրահամին հաւատքը փորձի տակ դրաւ։ Ան «յոյսով հաւատաց՝ թէ ինք շատ ազգերու հայր պիտի ըլլայ» (Հռով. 4։18, 19)։ Եւ այդ յոյսը վերջապէս իրականացաւ։ Ան Իսահակը ծնաւ, որուն երկար ժամանակ յոյսով կը սպասէր (Հռով. 4։20-22

17. Ինչպէ՞ս գիտենք որ մենք կրնանք Աստուծոյ աչքին արդար նկատուիլ եւ իր բարեկամները ըլլալ։

17 Մենք ալ կրնանք Աբրահամին պէս Աստուծոյ աչքին արդար նկատուիլ եւ իր բարեկամները ըլլալ։ Եւ Պօղոս ճիշդ ատիկա շեշտեց, երբ ըսաւ որ «արդարութիւն սեպուեցաւ իրեն» արտայայտութիւնը, «գրուեցաւ ո՛չ միայն [Աբրահամին] համար. . . այլ նաեւ մեզի համար, որոնց պիտի սեպուի՝ քանի որ կը հաւատանք անո՛ր՝ որ մեռելներէն յարուցանեց Յիսուսը՝ մեր Տէրը» (Հռով. 4։22-24, ԱԾ)։ Աբրահամին պէս, մենք ալ պէտք է հաւատք, գործեր եւ յոյս ունենանք։ Պօղոս մեր յոյսին մասին աւելի կը խօսի Հռովմայեցիս նամակին 5–րդ գլուխին մէջ, ինչ որ նկատի պիտի առնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

ԵՐԳ 106 Եհովա Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահինք

a Մենք կ’ուզենք որ Աստուած մեզ հաւնի եւ արդար նկատէ։ Պօղոսի եւ Յակոբոսի նամակները գործածելով, այս յօդուածը նկատի պիտի առնէ, թէ ասիկա ինչպէ՛ս կարելի է եւ թէ ինչո՛ւ հաւատքի եւ գործերու պէտք ունինք, որպէսզի Եհովան մեզ հաւնի։

b ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Պօղոս հրեայ քրիստոնեաները քաջալերեց որ կեդրոնանան հաւատքին վրայ եւ ոչ թէ «օրէնքին գործերուն» վրայ, օրինակ՝ հագուստին ծայրը կապոյտ ժապաւէն դնել, Պասեքը տօնել եւ Մովսիսական օրէնքին համաձայն լուացուիլ։

c ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Յակոբոս քաջալերեց որ հաւատք ցոյց տանք, ուրիշներուն լաւութիւններ ընելով, օրինակ՝ աղքատներուն օգնել։