Ձգենք որ Աստուծոյ մտածելակերպը մեզ ուղղէ խմելու նկատմամբ
ՎՍՏԱՀԱԲԱՐ կ’արժեւորես բոլոր նուէրները որ Եհովան տուած է եւ ուրախ ես որ քեզի առիթ կու տայ, որ որոշես ատոնք ինչպէ՛ս գործածել։ Հետաքրքրական է որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, թէ գինին Աստուծմէ նուէր է, եւ նոյնիսկ կ’ըսէ. «Կոչունքը ծիծաղելու համար կ’ընեն ու գինին կեանքը կ’ուրախացնէ» (Ժող. 10։19. Սաղ. 104։15)։ Բայց շատ հաւանաբար տեսած ես որ կարգ մը մարդիկ խմիչքին նկատմամբ խնդիր ունին։ Ասկէ զատ, աշխարհի չորս կողմը մարդիկ տարբեր–տարբեր կարծիքներ ունին խմիչք խմելու նկատմամբ։ Լաւ, քրիստոնեայ մը ինչպէ՞ս կրնայ ասոր շուրջ իմաստուն որոշումներ առնել։
Ո՛ւր ալ ապրինք կամ ո՛ր մշակոյթին ալ պատկանինք, երբ որոշումներ պիտի առնենք, լաւ է որ Աստուծոյ խրատին հետեւինք, եւ ոչ թէ՝ մարդոց կարծիքին։ Ասանկով աւելի ուրախ կ’ապրինք։
Թերեւս նկատած ես որ շատեր շատ անգամ կը խմեն եւ շատ կը խմեն։ Ոմանք կ’ըսեն որ ալքոլ կը խմեն, քանի որ հանգիստ կը զգան, ուրիշներ ալ՝ իրենց խնդիրները մոռնալու համար։ Իսկ կարգ մը տեղեր, մարդիկ կը կարծեն որ շատ ալքոլ խմողը իսկական էրիկմարդ է։
Բայց քրիստոնեաները կրնան այս նիւթին շուրջ խրատներ առնել մեր սիրալիր Ստեղծիչէն՝ Աստուծմէ։ Օրինակ, Աստուած մեզի ըսած է, որ շատ խմելը կրնայ ցաւալի արդիւնքներ ունենալ։ Թերեւս նոյնիսկ Առակաց 23։29-35–ին մէջ մանրամասնօրէն կարդացած ենք, որ գինով անձը ինչպէ՛ս կ’ըլլայ եւ ի՛նչ խնդիրներ կրնայ ունենալ a։ Եւրոպայի մէջ ապրող Տէնիէլ անունով երէց մը կը պատմէ, որ իր կեանքը ինչպէ՛ս էր առաջ որ Սուրբ Գիրքի ճշմարտութիւնը գիտնայ։ Ան կ’ըսէ. «Ես շատ կը խմէի, եւ ասիկա ձգեց որ կեանքիս ընթացքին սխալ որոշումներ առնեմ եւ այնպիսի բաներէ անցնիմ, որ մինչեւ այսօր գէշ կը զգամ երբ ատոնց մասին մտածեմ»։
Ինչպէ՞ս կրնանք լաւ որոշումներ առնել եւ հեռու մնալ այն խնդիրներէն, որ շատ խմելը կը պատճառէ։ Պէտք է ձգենք որ Աստուծոյ մտածելակերպը մեզ ուղղէ որ լաւ որոշումներ առնենք։
Նկատի առնենք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ խմելու մասին եւ թէ մարդիկ ինչո՛ւ կը խմեն։
ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԷ ԽՄԵԼՈՒՆ ՄԱՍԻՆ
Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր որ չափաւոր կերպով խմելը սխալ է։ Ընդհակառակը, անիկա կ’ըսէ որ գինի խմելը կրնայ մէկու մը հաճոյք տալ, քանի որ կը կարդանք. «Հացդ ուրախութեամբ կե՛ր ու գինիդ ուրախ սրտով խմէ՛» (Ժող. 9։7)։ Թէ՛ Յիսուս եւ թէ Եհովայի հաւատարիմ ծառաները ատեններ գինի խմեցին (Մատ. 26։27-29. Ղուկ. 7։34. Ա. Տիմ. 5։23)։
Ճիշդ է որ Սուրբ Գիրքը չ’արգիլեր խմիչք խմելը, բայց կ’արգիլէ գինովնալը։ Օրինակ, ատիկա կ’ըսէ. «Մի՛ գինովնաք գինիով» (Եփ. 5։18)։ Եւ նոյնիսկ կ’ըսէ որ ‘գինովները Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի չժառանգեն’ (Ա. Կոր. 6։10)։ Յստակ է որ Եհովային աչքին շատ սխալ է գինովնալը եւ շատ խմելը։ Ուրեմն փոխանակ մեր շուրջիններուն կարծիքին հետեւելու, մենք Աստուծոյ ըսածին կը հետեւինք, երբ այս հարցին շուրջ որոշումներ կ’առնենք։
Կարգ մը մարդիկ կը կարծեն որ կրնան շատ ալքոլ խմել առանց գինովնալու։ Բայց այդ մտածելակերպը շատ վտանգաւոր է։ Աստուածաշունչը յստակ կը դարձնէ որ «գինեմոլ» ըլլալը կրնայ մարդ մը (կամ կին մը) մեղքի մէջ մտցնել եւ Եհովայէն Տիտ. 2։3. Առ. 20։1)։ Յիսուս նոյնիսկ զգուշացուց, որ «գինովութիւն»ը կրնայ անձ մը զրկել նոր աշխարհը մտնելէ (Ղուկ. 21։34-36)։ Լաւ, ի՞նչը կրնայ օգնել քրիստոնեայի մը, որ չափաւոր կերպով խմէ եւ հարցեր չունենայ։
հեռացնել (ՄՏԱԾԷ ԹԷ ԻՆՉՈ՛Ւ ԿԸ ԽՄԵՍ ԵՒ ՈՐՔԱ՛Ն ԿԸ ԽՄԵՍ
Սուրբ Գիրքը մեզի կը յիշեցնէ. «Արդ՝ թէ՛ ուտէք, թէ՛ խմէք եւ թէ ի՛նչ գործ որ ընէք, ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք» (Ա. Կոր. 10։31)։ Ուրեմն երբ հարցը կը վերաբերի ուտելու եւ խմելու, կարեւոր է որ չազդուինք մարդոց կարծիքէն, հապա՝ նկատի առնենք թէ Եհովան ի՛նչ կ’ուզէ որ ընենք։ Հիմա տեսնենք կարգ մը հարցումներ եւ Աստուածաշունչէն սկզբունքներ։
Արդեօք կը խմե՞մ որ ուրիշներու կողմէ ընդունուիմ եւ վրաս չխնդան։ Ելից 23։2–ը կ’ըսէ. «Չարութիւն ընելու համար բազմութեան մի՛ հետեւիր»։ Այս համարին մէջ Եհովան իսրայէլացիները կը զգուշացնէ, որ չնմանին այն մարդոց, որոնք Աստուծոյ ուզածին պէս չեն քալեր։ Այսօր մենք ալ պէտք է հետեւինք այս խրատին։ Եթէ ձգենք որ մարդիկ մեր մտածումներուն եւ որոշումներուն վրայ ազդեն, կրնանք կամաց–կամաց Եհովային ուզածին պէս չապրիլ եւ իրմէ հեռանալ (Հռով. 12։2)։
Կը խմե՞մ որպէսզի ուրիշներուն ցուցնեմ որ ես որքա՛ն զօրաւոր եմ։ Կարգ մը շրջաններու մէջ պարզ բան մըն է, որ մէկը միշտ խմէ եւ շատ խմէ (Ա. Պետ. 4։3)։ Բայց նկատէ որ Ա. Կորնթացիս 16։13–ը ի՛նչ կը քաջալերէ որ ընենք։ Հոն կ’ըսէ. «Արթո՛ւն կեցէք, հաւատքի մէջ հաստա՛տ կեցէք, ժի՛ր եղէք, զօրացէ՛ք»։ Արդեօք խմիչքը իրապէս մէկու մը կ’օգնէ՞ որ զօրանայ։ Ո՛չ։ Ընդհակառակը, խմիչքը շատ դիւրութեամբ կրնայ ազդել մէկու մը մտածելու եւ որոշումներ առնելու կարողութեան։ Ասոր համար, այն անձը որ շատ կը խմէ, զօրաւոր չէ, հապա՝ տկար է։ Եսայի 28։7–ին մէջ կը տեսնենք, որ խմիչքը ինչպէ՛ս կ’ազդէ մէկու մը։ Ատիկա կը ձգէ որ մէկը աջ–ձախ երթայ եւ մոլորի։
Եհովան կու տայ իսկական զօրութիւնը, եւ զօրաւոր անձը ‘արթո՛ւն եւ հաւատքի մէջ հաստա՛տ’ կը կենայ (Սաղ. 18։32)։ Ասիկա կ’ընենք, երբ ուշադիր կ’ըլլանք եւ կ’առնենք որոշումներ, որոնք Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութեան վնաս պիտի չհասցնեն։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր՝ այս տեսակ զօրութիւն ցոյց տուաւ եւ շատեր զինք յարգեցին, քանի որ քաջ էր եւ որոշած էր ճիշդը ընել։
Արդեօք կը խմեմ խնդիրներէս փախչելո՞ւ համար։ Սաղմոս գրող մը ըսաւ. «Իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը՝ քու [այսինքն՝ Եհովա] մխիթարութիւններդ իմ անձս կ’ուրախացնէին» (Սաղ. 94։19)։ Երբ որ մտահոգ կը զգաս, յոյսդ Եհովայի՛ն վրայ դիր, եւ ոչ թէ խմիչքին։ Եւ ասիկա ինչպէ՞ս կրնաս ընել։ Եհովային շատ աւելի աղօթելով։ Ասկէ զատ, շատեր օգտուած են երբ գործնական խրատ ուզած են ժողովքին մէջ եղող հասուն անձէ մը։ Եթէ կը կարծես որ խմիչք խմելը խնդիրներդ կը լուծէ, շատ կը սխալիս։ Ընդհակառակը, ատիկա խնդիրներդ կ’աւելցնէ, քանի որ չի ձգեր որ ճիշդը ընես (Ով. 4։11)։ Նախապէս նշուած Տէնիէլը կ’ըսէ. «Ես մտահոգ եւ յանցաւոր չզգալու համար կը խմէի։ Բայց խնդիրներս պակսելու տեղ աւելցան եւ ես շատ մը բարեկամներ կորսնցուցի եւ այլեւս անձիս հանդէպ յարգանք չունէի»։ Ի՞նչը Տէնիէլին օգնեց։ Ան ըսաւ. «Անդրադարձայ որ ես խմիչքին պէտք չունէի, Եհովային պէտք ունէի։ Եհովային օգնութեամբ վերջապէս կրցայ խնդիրներուս հետ գլուխ ելլել»։ Չմոռնանք որ Եհովան միշտ պատրաստ է մեզի օգնելու, նոյնիսկ եթէ յոյս չունինք որ մեր պարագան փոխուի (Փլպ. 4։6, 7. Ա. Պետ. 5։7)։
Եթէ ատեններ խմիչք կը խմես, լաւ կ’ըլլայ որ խմելուդ մասին մտածես՝ դուն քեզի այս հարցումները հարցնելով. ‘Ընտանիքէս անդամ մը կամ մտերիմ ընկերներէս մէկը ըսա՞ծ է, որ ինձմով մտահոգ է քանի որ շատ անգամներ կը խմեմ կամ շատ կը խմեմ’։ Եթէ այո՛, ուրեմն թերեւս առանց անդրադառնալու խմելը սովորութիւն դարձուցած ես։ ‘Առաջուընէ աւելի՞ կը խմեմ’։ Թերեւս հիմա խմիչքի մոլի չես, բայց եթէ ուշադիր չըլլաս, կրնաս հոն հասնիլ։ ‘Ինծի համար դժուա՞ր է քանի մը օր խմիչք չխմել’։ Եթէ այո՛, ուրեմն թերեւս խմիչքի մոլի դարձած ես եւ կրնայ ըլլալ որ բժիշկի մը օգնութեան պէտք ունիս։
Քանի որ խմելը շատ մը հարցեր կրնայ պատճառել, կարգ մը քրիստոնեաներ որոշած են բնա՛ւ չխմել։ Իսկ ուրիշներ չեն խմեր, քանի որ ատոր համը չեն սիրեր։ Եթէ ծանօթներէդ մէկը որոշած է չխմել, անոր որոշումը յարգէ եւ վրան մի՛ խնդար։
Կամ թերեւս սկիզբէն որոշես թէ որքա՛ն պիտի խմես եւ որքա՛ն անգամ մը պիտի խմես։ Կրնայ ըլլալ շաբաթը մէկ անգամ, կամ ճաշի ատեն՝ չափաւորութեամբ։ Կամ ալ թերեւս որոշես թէ ի՛նչ տեսակի խմիչք պիտի խմես։ Թերեւս ընդունիս չափաւորութեամբ գինի կամ գարեջուր խմել, բայց չընդունիս ծանր խմիչք խմել, նոյնիսկ եթէ ատիկա օշարակով խառնուած է։ Մէյ մը որ մէկը յստակ որոշումներ առած է, իրեն համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ ատոնք գործադրելը։ Եւ հասուն քրիստոնեան պէտք չունի ամչնալու, եթէ ինք այս տեսակ որոշում մը առած է եւ կ’ուզէ անոր վրայ մնալ։
Երբ որոշումներ կ’առնենք, լաւ կ’ըլլայ որ ուրիշներուն զգացումներն ալ նկատի առնենք։ Հռովմայեցիս 14։21–ը կ’ըսէ. «Աղէկ է միս չուտել եւ գինի չխմել եւ ոեւէ բան չընել՝ որով քու եղբայրդ կրնայ իյնալ կամ գայթակղիլ, կամ տկարանալ»։ Ինչպէ՞ս կրնաս այս խրատը գործադրել։ Երբ որ որոշում կ’առնես, դիմացինին հանդէպ սէրէ մղուած առ որոշումդ։ Եթէ կը կարծես որ խմիչք խմելը կրնայ նեղացնել դիմացինը, աւելի լաւ չ’ըլլա՞ր որ չխմես։ Ասանկով, դիմացինին զգացումները յարգած կ’ըլլաս եւ անոր շահը քու շահէդ աւելի առաջ դրած կ’ըլլաս (Ա. Կոր. 10։24)։
Ասկէ զատ, երկրիդ կառավարութիւնը թերեւս խմելու նկատմամբ օրէնքներ դրած է եւ քրիստոնեայ մը անշուշտ պէտք է հետեւի ատոնց։ Այդ օրէնքները թերեւս կ’ըսեն, որ անձ մը պէտք է որոշ տարիքի հասած ըլլայ որպէսզի խմէ, կամ թերեւս կ’արգիլեն որ մէկը խմէ եւ քշէ, կամ՝ խմէ եւ որոշ մեքենաներ կամ գործիքներ գործածէ (Հռով. 13։1-5)։
Եհովան մեզի շատ մը աղուոր նուէրներ տուած է եւ միեւնոյն ատեն ազատութիւն ալ տուած է, որ որոշենք ատոնք ինչպէ՛ս պիտի գործածենք։ Օրինակ, որոշենք որ ի՛նչ պիտի ուտենք եւ ի՛նչ պիտի խմենք։ Թող որ այս ազատութիւնը գործածենք, որ մեր երկնաւոր Հայրը ուրախացնենք, եւ այսպիսով ցոյց տանք որ մենք կ’արժեւորենք այս նուէրը։
a Միացեալ Նահանգներու մէջ առողջապահական կազմակերպութիւն մը (Centers for Disease Control and Prevention) կ’ըսէ, որ նոյնիսկ եթէ անձ մը մէ՛կ անգամ շատ խմիչք խմէ, ասիկա կրնայ պատճառ ըլլալ որ մարդասպան ըլլայ, անձնասպան ըլլայ, սեռային բռնութիւն ընէ, իր տան մէջ ապրողներուն հետ վայրագութեամբ վարուի, սեռային գետնի վրայ վտանգաւոր բաներ ընէ կամ վիժում ունենայ։