ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 51
Յոյսդ քեզ ամօթով պիտի չձգէ
«Յոյսը ամօթով չի ձգեր» (ՀՌՈՎ. 5։5)։
ԵՐԳ 129 Մեր յոյսը ամո՛ւր բռնենք
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a
1. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Աբրահամին յոյսը տեղին էր։
ԵՀՈՎԱՆ իր բարեկամին՝ Աբրահամին, խոստացաւ որ բոլոր երկրի ազգերը իր սերունդովը պիտի օրհնուին (Ծն. 15։5. 22։18)։ Քանի՛ որ Աբրահամ Եհովային հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունէր, ան համոզուած էր որ Աստուծոյ խոստումը պիտի իրականանար։ Բայց նոյնիսկ երբ Աբրահամ 100 տարեկան էր եւ իր կինը՝ 90, այս հաւատարիմ զոյգը տակաւին զաւակ մը չէին ունեցած (Ծն. 21։1-7)։ Հակառակ ասոր, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «[Աբրահամ] յոյսով հաւատաց՝ թէ ինք շատ ազգերու հայր պիտի ըլլայ, ինչպէս ըսուեցաւ ալ» (Հռով. 4։18)։ Դուն գիտես որ Աբրահամին յոյսը իրականացաւ, եւ երկար ատենէ իր սպասած որդին՝ Իսահակը՝ ծնաւ։ Լաւ, Աբրահամ ինչի՞ հիման վրայ այսքա՛ն վստահ էր։
2. Աբրահամ ինչո՞ւ համոզուած էր որ Եհովան իր խոստումը պիտի կատարէր։
2 Քանի՛ որ Աբրահամ Եհովան շատ լաւ կը ճանչնար, «իր մտքին մէջ հաստատ պահեց թէ՝ [Աստուած] որ խօսք տուաւ, կարող է ընելու ալ» (Հռով. 4։21)։ Եհովան Աբրահամը արդար նկատեց իր հաւատքին համար (Յակ. 2։23)։ Բայց Աբրահամին հաւատքը եւ յոյսը իրարու հետ կապ ունէին, ինչպէս որ գրուած է Հռովմայեցիս 4։18–ին մէջ։ Ասոր համար, նկատի առնենք Հռովմայեցիս նամակին 5–րդ գլուխը եւ տեսնենք, որ Պօղոս առաքեալ ի՛նչ ըսաւ յոյսին մասին։
3. Պօղոս ի՞նչ կը բացատրէ յոյսին մասին։
3 Պօղոս իր նամակին մէջ կը բացատրէ թէ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեր «յոյսը ամօթով չի ձգեր» (Հռով. 5։5)։ Ասկէ զատ, ան մեզի կ’օգնէ որ հասկնանք թէ ապագային նկատմամբ մեր յոյսը ինչպէ՛ս կրնայ զօրանալ։ Մինչ կը քննարկենք Հռովմայեցիս 5։1-5–ը, հաւանաբար անդրադառնաս որ ժամանակի ընթացքին քու յոյսդ աւելի զօրաւոր դարձած է։ Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ այդ յոյսը ինչպէ՛ս կրնաս դեռ աւելի զօրացնել։ Բայց նա՛խ նկատի առնենք այն փառաւոր յոյսը, որուն մասին Պօղոս կ’ըսէ թէ ամօթով չի ձգեր։
ՄԵՐ ՓԱՌԱՒՈՐ ՅՈՅՍԸ
4. Հռովմայեցիս 5։1, 2–ն ինչի՞ մասին կը խօսի։
4 Կարդա՛ Հռովմայեցիս 5։1, 2։ Պօղոս այս խօսքերը Հռոմի ժողովքին գրեց։ Այդտեղի եղբայրներն ու քոյրերը Եհովային եւ Յիսուսին մասին սորված էին, հաւատացած էին եւ քրիստոնեայ դարձած էին։ Աստուած զանոնք «հաւատքով արդար» նկատած էր, եւ սուրբ հոգիով օծած էր։ Այսպիսով, անոնք ունէին հիանալի յոյս մը եւ վստահ էին որ այդ յոյսը պիտի իրականանար։
5. Օծեալները ի՞նչ յոյս ունին։
5 Ետքը, Պօղոս Եփեսոսի մէջ գտնուող օծեալ քրիստոնեաներուն գրեց իրենց ունեցած յոյսին մասին։ Այդ յոյսը սուրբերուն ստանալիք «ժառանգութիւն»ն էր (Եփ. 1։18)։ Պօղոս նաեւ կողոսացիներուն գրած իր նամակին մէջ նշեց, թէ այդ յոյսը ո՛ւր պիտի իրականանար։ Ան ըսաւ որ ատիկա ‘երկինքը կը պահուէր’ իրենց համար (Կող. 1։4, 5)։ Ուրեմն, օծեալ քրիստոնեաներուն յոյսը այն է, որ անոնք յաւիտեան ապրելու համար երկինք յարուցուին եւ Քրիստոսի հետ իշխեն (Ա. Թես. 4։13-17. Յայտ. 20։6)։
6. Օծեալ եղբայր մը ի՞նչ ըսաւ իր յոյսին մասին։
6 Օծեալ քրիստոնեաները կ’արժեւորեն իրենց յոյսը։ Անոնցմէ մէկը՝ եղբայր Ֆրետերիք Ֆրանզը, իր յոյսին մասին սրտանց ըսաւ. «Մեր յոյսը վստահ բան մըն է եւ անիկա լիովին պիտի կատարուի, մինչեւ պզտիկ հօտի 144,000 անդամներուն ամէնէն վերջինին պարագային, մեր երեւակայածէն շատ աւելի լաւ չափով»։ Ան երկար տարիներ հաւատարմօրէն ծառայեց Եհովային, եւ 1991–ին ըսաւ. «Այդ յոյսին արժէքը ոչ մէկ կերպով նսեմացաւ. . . եւ ո՛րքան կը սպասենք անոր, ա՛յդքան աւելի կը գնահատենք զայն։ Անիկա բան մըն է, որու համար սպասելը կ’արժէ, նոյնիսկ եթէ մէկ միլիոն տարի պահանջէ։ Ես մեր յոյսը նախկինէն աւելի կ’արժեւորեմ»։
7-8. Մեր մեծամասնութիւնը ի՞նչ յոյս ունի (Հռովմայեցիս 8։20, 21)։
7 Այսօր, Եհովայի ծառաներուն մեծամասնութիւնը տարբեր յոյս մը ունի։ Անոնք Աբրահամին պէս, կը յուսան երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան տակ (Եբ. 11։8-10, 13)։ Պօղոս այս հոյակապ յոյսին մասին ալ գրեց (կարդա՛ Հռովմայեցիս 8։20, 21)։ Երբ որ առաջին անգամ լսեցիր Սուրբ Գիրքին խոստացած ապագային մասին, ի՞նչ բան ամէնէն շատ ուշադրութիւնդ գրաւեց։ Արդեօք այն յոյսը, որ օր մը կատարեա՞լ պիտի ըլլաս։ Թէ ոչ այն յոյսը որ քու սիրելիներդ, որոնք մահացած են, նորէն պիտի ապրին դրախտային երկրին վրայ։ Աստուծոյ տուած յոյսին պատճառով, կ’ակնկալես որ շատ մը հոյակապ բաներ տեսնես։
8 Ո՛ւր որ ալ պիտի ապրինք՝ երկնքի մէջ կամ երկրի վրայ, մենք փառաւոր յոյս մը ունինք, եւ անով կրնանք ուրախանալ։ Բայց այս յոյսը կրնայ աւելի զօրանալ, եւ Պօղոս կը բացատրէ թէ ինչպէ՛ս։ Նկատի առնենք թէ ան ի՛նչ գրեց մեր յոյսին մասին։ Այդպիսով, աւելի վստահ պիտի ըլլանք, որ մեր յոյսը ա՛լ աւելի պիտի զօրանայ եւ պիտի իրականանայ։
ՄԵՐ ՅՈՅՍԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ԶՕՐԱՆԱՅ
9-10. Ինչպէս որ Պօղոսի օրինակը ցոյց կու տայ, քրիստոնեաները ի՞նչ կրնան ակնկալել (Հռովմայեցիս 5։3) (տե՛ս նաեւ նկարները)։
9 Կարդա՛ Հռովմայեցիս 5։3։ Պօղոս յիշեց որ երբ նեղութիւն ունենանք, մեր յոյսը կրնայ զօրանալ։ Ասիկա կրնայ տարօրինակ երեւիլ։ Իրականութեան մէջ, Քրիստոսի բոլոր հետեւորդները կրնան ակնկալել որ նեղութիւններէ պիտի անցնին։ Նկատէ Պօղոսին օրինակը։ Ան թեսաղոնիկեցիներուն ըսաւ. «Երբ մենք ձեր քով էինք, սկիզբէն ձեզի կ’ըսէինք թէ նեղութիւններու պիտի հանդիպինք, ինչպէս եղաւ ալ» (Ա. Թես. 3։4)։ Եւ կորնթացիներուն գրեց. «Մեզի պատահած նեղութիւնները չեմ ուզեր ձեզի իմացնել, եղբա՛յրներ. . . նոյնիսկ յոյսերնիս կտրեցինք ապրելէ» (Բ. Կոր. 1։8. 11։23-27)։
10 Ներկայիս, քրիստոնեաներն ալ կ’ակնկալեն որ տեսակ–տեսակ նեղութիւններու հանդիպին (Բ. Տիմ. 3։12)։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ քու մասիդ։ Արդեօք կը հալածուի՞ս, քանի որ Յիսուսին կը հաւատաս եւ իրեն կը հետեւիս։ Արդեօք բարեկամներդ եւ ազգականներդ վրադ կը խնդա՞ն, կամ նոյնիսկ քեզի հետ գէշ կերպով կը վարուի՞ն։ Արդեօք գործի մէջ քու պարկեշտութիւնդ խնդիրներու դո՞ւռ բացած է (Եբ. 13։18)։ Արդեօք յոյսիդ մասին ուրիշներուն խօսիլդ պատճառ եղած է որ կառավարութեան կողմէ հալածուի՞ս։ Պօղոս կ’ըսէ որ ի՛նչ նեղութիւններ ալ ունենանք, պէտք է ուրախ ըլլանք։ Ինչո՞ւ։
11. Ինչո՞ւ պէտք է վճռենք նեղութիւններու համբերել։
11 Նեղութեան մէջ կրնանք ուրախ ըլլալ, քանի որ ատիկա մեզի կ’օգնէ, որ կարեւոր յատկութիւն մը զարգացնենք։ Հռովմայեցիս 5։3–ը կ’ըսէ. «Նեղութիւնը համբերութիւն կը գործէ»։ Բոլոր քրիստոնեաները նեղութիւններ պիտի ունենան։ Անոր համար, պէտք է վճռենք մեր նեղութիւններուն համբերել եւ տոկալ։ Միայն այն ատեն է որ մեր յոյսին կատարումը պիտի տեսնենք։ Չենք ուզեր նմանիլ այն անձերուն, որոնք Յիսուսին առակին մէջ նմանցուած են այն սերմերուն, որոնք ժայռոտ տեղեր ինկան։ Անոնք սկիզբը խօսքը ուրախութեամբ ընդունեցին, բայց երբ «նեղութիւն կամ հալածանք» եղաւ, գայթակղեցան (Մատ. 13։5, 6, 20, 21)։ Մէ՛կը չ’ուզեր հակառակութիւն կամ նեղութիւն ունենալ, բայց երբ որ ատոնց համբերենք եւ տոկանք, շատ օգուտներ կը քաղենք։ Ինչպէ՞ս։
12. Երբ փորձութիւններու համբերենք, ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։
12 Յակոբոս աշակերտը խօսեցաւ փորձութիւններու համբերելուն բերած օգուտներուն մասին։ Ան գրեց. «Համբերութիւնը թող ունենայ իր կատարեալ գործը, որպէսզի կատարեալ եւ ամբողջ ըլլաք, եւ ոչինչ պակսի ձեզի» (Յակ. 1։2-4, ԱԾ)։ Ուրեմն, Յակոբոս համբերութեան մասին կ’ըսէ, որ կարծես թէ գործ մը ունի ընելիք։ Ի՞նչ է այդ գործը։ Համբերութիւնը կրնայ քեզի օգնել որ աւելի տոկաս, աւելի հաւատք ունենաս եւ աւելի Աստուծոյ վստահիս։ Տեսնենք թէ, եթէ համբերենք ուրիշ ի՛նչ կերպով կ’օգտուինք։
13-14. Համբերութեան արդիւնքը ի՞նչ է, եւ ատիկա ինչպէ՞ս կ’ազդէ մեր յոյսին (Հռովմայեցիս 5։4)։
13 Կարդա՛ Հռովմայեցիս 5։4։ Պօղոս կը յիշէ որ համբերութեան արդիւնքն է՝ «ընդունելի վիճակ» (ՆԱ)։ Այսինքն, երբ որ նեղութիւններու համբերես, Եհովան քեզ կ’ընդունի եւ քեզմով ուրախ կ’ըլլայ։ Ասիկա ըսել չէ, որ Եհովան ուրախ է որ նեղութիւն կ’ունենաս, հապա ուրախ է որ հաւատարմութեամբ կը տոկաս։ Շա՜տ կը քաջալերուինք, երբ գիտնանք որ նեղութիւններու համբերելով, Եհովային օրհնութիւնը կը վայելենք (Սաղ. 5։12)։
14 Աբրահամ նեղութիւններու տոկաց եւ Եհովային սիրտը ուրախացուց։ Այսպիսով, Եհովան զինք իր բարեկամը նկատեց (Ծն. 15։6. Հռով. 4։13, 22)։ Մեր պարագան ալ նոյնն է։ Եհովային քով ընդունելի կ’ըլլանք, ո՛չ թէ քանի որ իրեն շատ կը ծառայենք կամ առանձնաշնորհումներ ունինք, հապա՝ քանի որ կը տոկանք նեղութիւններու դիմաց։ Ի՛նչ ալ ըլլայ մեր տարիքը, պարագաները կամ կարողութիւնը, բոլորս կրնանք տոկալ։ Արդեօք հիմա նեղութենէ մը կ’անցնի՞ս եւ հաւատարմօրէն կը տոկա՞ս։ Եթէ այո՛, գիտցիր որ Եհովան քեզմով ուրախ է։ Եւ ասիկա գիտնալը յոյսդ պիտի զօրացնէ։
ԱՒԵԼԻ ԶՕՐԱՒՈՐ ՅՈՅՍ
15. Հռովմայեցիս 5։4–ին մէջ Պօղոս ի՞նչ կ’ըսէ, եւ ասիկա մեր միտքը ի՞նչ հարցում կը բերէ։
15 Ինչպէս որ Պօղոս բացատրեց, Եհովային աչքին ընդունելի կ’ըլլանք, երբ հաւատարիմ ըլլանք եւ նեղութիւններու համբերենք։ Հիմա նկատի առնենք թէ Պօղոս իր քննարկութիւնը ինչպէ՛ս կը շարունակէ. «Ընդունելի վիճակը կ’առաջնորդէ յոյսի, եւ յոյսը ամօթով չի ձգեր» (Հռով. 5։4, 5, ՆԱ)։ Ասիկա թերեւս ոմանց շուարեցնէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ինչպէս որ կարդացինք Հռովմայեցիս 5։2–ին մէջ, Պօղոս ըսաւ որ Հռոմի մէջ եղող քրիստոնեաները արդէն իսկ յոյս ունէին, «Աստուծոյ փառքին յոյս»ը։ Անոր համար, թերեւս մէկը հարցնէ. ‘Եթէ այդ քրիստոնեաները արդէն յոյս ունէին, ուրեմն Պօղոս ինչո՞ւ իր քննարկութեան վերջաւորութեան նորէն յոյսը կը յիշէ’։
16. Անձի մը յոյսը ինչպէ՞ս կը սկսի զօրանալ (տե՛ս նաեւ նկարները)։
16 Պատճառը կը հասկնանք, երբ մեր միտքը պահենք որ յոյսը բան մըն է, որ կրնայ աճիլ կամ զօրանալ։ Օրինակով մը բացատրենք. կը յիշե՞ս երբ առաջին անգամ ըլլալով լսեցիր յաւիտեան ապրելու յոյսին մասին։ Թերեւս մտածեցիր որ ատիկա պարզապէս երազ մըն է։ Բայց երբ ժամանակի ընթացքին աւելի սորվեցար Եհովային եւ Սուրբ Գիրքին խոստումներուն մասին, աւելի համոզուեցար որ այս յոյսը պիտի իրականանայ։
17. Մկրտուելէդ ետք յոյսդ ինչպէ՞ս կը զօրանայ։
17 Մկրտուելէդ ետք, երբ Եհովան աւելի ճանչցար եւ հոգեւորապէս աւելի հասունցար, յոյսդ աւելի զօրացաւ (Եբ. 5։13–6։1)։ Հաւանաբար քեզի հետ եղած է, ինչ որ Հռովմայեցիս 5։2-4–ը կը յիշէ։ Թերեւս շատ նեղութիւններէ անցար, բայց անոնց համբերեցիր եւ Աստուած ուրախացուցիր։ Եւ այս պատճառով, հիմա աւելի համոզուած ես որ Աստուծոյ խոստացած օրհնութիւնները պիտի վայելես։ Հիմա քու յոյսդ առաջուընէ աւելի զօրաւոր եւ իրական դարձած է։ Անիկա այնքա՛ն զօրաւոր է մէջդ, որ կը ձգէ որ ընտանիքիդ հետ աւելի լաւ կերպով վարուիս, աւելի լաւ որոշումներ առնես եւ ժամանակդ աւելի լաւ կերպով գործածես։ Մէկ խօսքով, յոյսդ լման կեանքիդ կ’ազդէ։
18. Եհովան ինչպէ՞ս կը վստահեցնէ որ մեր յոյսը պիտի իրականանայ։
18 Պօղոս առաքեալ շատ կարեւոր կէտ մըն ալ կ’աւելցնէ։ Ան կ’ըսէ, որ երբ նեղութիւններու տոկաս եւ Աստուծոյ քով ընդունելի ըլլաս, քու յոյսդ պիտի իրականանայ։ Ինչո՞ւ կրնաս ասկէ շատ վստահ ըլլալ։ Պօղոսին միջոցաւ, Եհովան կը վստահեցնէ քրիստոնեաները. «Յոյսը ամօթով չի ձգեր. վասն զի Աստուծոյ սէրը մեր սրտերուն մէջ տարածուած է Սուրբ Հոգիին միջոցով, որ մեզի տրուեցաւ» (Հռով. 5։5)։ Ուրեմն, կրնա՛ս քու յոյսէդ վստահ ըլլալ։
19. Յոյսիդ նկատմամբ ի՞նչ բանէ կրնաս վստահ ըլլալ։
19 Ինչպէս որ տեսանք, Աբրահամ Աստուծոյ քով ընդունելի էր եւ իր բարեկամը կոչուեցաւ։ Եհովան ալ իրեն խոստում մը տուաւ որ պարապի չելաւ, հապա՝ իրականացաւ։ Ինչպէս որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Աբրահամ համբերելով խոստումին հասաւ» (Եբ. 6։15. 11։9, 18. Հռով. 4։20-22)։ Ուրեմն Աբրահամ յուսախաբ չեղաւ։ Դուն ալ կրնաս վստահ ըլլալ որ եթէ հաւատարիմ մնաս, քու յոյսդ պիտի իրականանայ։ Դուն շատ պատճառներ ունիս ուրախ ըլլալու, քանի որ գիտես որ քու յոյսդ քեզ ամօթով պիտի չձգէ (Հռով. 12։12)։ Պօղոս գրեց. «Յուսոյ Աստուածը ձեզ լեցնէ կատարեալ ուրախութիւնով ու խաղաղութիւնով՝ ձեր հաւատքին համաձայն, որպէս զի ձեր յոյսը առատանայ Սուրբ Հոգիին զօրութիւնովը» (Հռով. 15։13)։
ԵՐԳ 134 Կեանքդ պատկերացուր նոր աշխարհին մէջ
a Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք թէ մեր ապագայ յոյսը ի՛նչ է եւ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ անիկա պիտի իրականանայ։ Հռովմայեցիս նամակին 5–րդ գլուխը մեզի պիտի օգնէ որ տեսնենք, թէ հիմա մեր ունեցած յոյսը ինչպէ՛ս տարբեր է այն յոյսէն, որ սկիզբը ունէինք, երբ ճշմարտութիւնը գիտցանք։