Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Փորձառութիւն

Փորձառութիւն

Բոլորին հետ զգալ

Օր մը Նոր Զելանտայի մէջ ապրող քոյր մը jw.org կայքին վրայ դիտեց վիտէօ մը, որ կը խօսի թէ Եհովան ոչ միայն անհատներուն հետ կը զգայ, հապա նաեւ այդ յատկութիւնը ցոյց կու տայ (Եսա. 63։7-9)։ Ան որոշեց իր սորվածը գործադրել եւ առիթներ փնտռել որ ուրիշներուն օգնէ։ Նոյն օրը, երբ գնում կ’ընէր, տուն չունեցող կնոջ մը հանդիպեցաւ եւ առաջարկեց որ իրեն ուտելիք գնէ։ Կինն ալ ընդունեց։ Երբ քոյրը ուտելիքը բերաւ կնոջ, կարճ վկայութիւն մը տուաւ՝ գործածելով Տառապանքը երբեք վերջ պիտի գտնէ՞ թերթիկը։

Կինը սկսաւ լալ եւ բացատրեց թէ որպէս Վկայ մեծցած էր, բայց քանի մը տարի առաջ ճշմարտութիւնը ձգած էր։ Վերջերս աղօթքով Եհովայէն օգնութիւն կը խնդրէր որ իրեն վերադառնայ։ Քոյրը իրեն Սուրբ Գիրք մը տուաւ եւ կարգադրութիւններ ըրաւ որ իրեն հետ սերտէ a։

Եհովային պէս կրնանք ցոյց տալ որ մարդոց հետ կը զգանք, մէջը ըլլալով՝ մեր ազգականները եւ ժողովքի քոյրերն ու եղբայրները։ Նաեւ կրնանք այս յատկութիւնը ցոյց տալ՝ ուրիշներուն վկայելու առիթներ փնտռելով։

a Գիտնալու համար թէ ինչպէ՛ս կրնանք անգործունեայ անձերուն օգնել, տե՛ս «Ինծի դարձէք» յօդուածը Դիտարան–ի յունիս 2020 թիւին մէջ։