ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 51
ԵՐԳ 152 Մեր Վէմը, մեր Յոյսը, մեր Ապաւէնը
Եհովան բոլոր արցունքներդ կը յիշէ
«Արցունքներս քու տիկիդ մէջ դի՛ր։ Միթէ անոնք քու գրքիդ մէջ գրուած չե՞ն» (ՍԱՂ. 56։8)։
ՆԻՒԹ
Եհովան շատ լաւ կը հասկնայ թէ ճիշդ ի՛նչ կը զգանք եւ մեզի պէտք եղածը պիտի տայ որ աւելի լաւ զգանք։
1-2. Ի՞նչ բաներ կրնան պատճառ ըլլալ որ լանք։
ԲՈԼՈՐԻՍ հետ եղած են ժամանակներ որ լացած ենք։ Ատեններ, երբ շատ ուրախ ըլլանք, թերեւս ուրախութեան արցունքներ կը թափենք։ Թերեւս լացած ես երբ կարեւոր կամ յատուկ բան մը պատահած է հետդ, օրինակ՝ երբ զաւակդ ծնաւ, երբ շատ աղուոր յիշատակ մը միտքդ եկաւ կամ երբ տեսար բարեկամդ, որ տարիներէ ի վեր չէիր տեսած։
2 Բայց ընդհանրապէս մենք կու լանք, քանի որ մեր սիրտին մէջ մեծ ցաւ կը զգանք։ Օրինակ, կրնայ ըլլալ որ լանք, երբ մէկէ մը յուսախաբ ըլլանք։ Թերեւս լանք երբ մեր հիւանդութեան պատճառով ցաւ քաշենք կամ երբ մեզի մօտիկ անձ մը մեռնի։ Այսպիսի պարագաներու, թերեւս զգանք ինչպէս որ Երեմիան զգաց, երբ բաբելոնացիները Երուսաղէմը կործանեցին։ Ան ըսաւ. «Աչքէս ջուրի հեղեղներ կ’իջնեն։ Իմ աչքս անդադար արցունք կը թափէ ու բնաւ հանգստութիւն պիտի չունենայ» (Ող. 3։48, 49)։
3. Եհովան ի՞նչ կը զգայ, երբ մեր չարչարանքը կը տեսնէ (Եսայի 63։9)։
3 Եհովան շատ լաւ գիտէ որ մեր կեանքին մէջ որքա՜ն արցունք թափած ենք։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ ան գիտէ, թէ ամէն մէկս ինչերէ կ’անցնի, եւ մեզ կը լսէ երբ աղաչելով օգնութիւն կը խնդրենք իրմէ (Սաղ. 34։15)։ Եհովան ոչ միայն կը տեսնէ եւ կը լսէ մեզ, հապա՝ սիրալիր հօր մը պէս շատ կը նեղուի, երբ կը տեսնէ իր զաւակներուն լացը եւ շուտով օգնութեան կը վազէ (կարդա՛ Եսայի 63։9)։
4. Սուրբ Գիրքէն ի՞նչ օրինակներ նկատի պիտի առնենք, եւ ի՞նչ պիտի սորվինք Եհովային մասին։
4 Եհովան իր Խօսքին մէջ մեզի ըսած է, որ անցեալին ինք ի՛նչ զգացած է, երբ իր ծառաները լացած են, եւ ինչպէ՛ս անոնց օգնած է։ Օրինակ, նկատի առնենք Աննան, Դաւիթը եւ Եզեկիա թագաւորը։ Անոնք ինչո՞ւ լացին։ Եհովան ինչպէ՞ս օգնեց անոնց։ Եւ Եհովան ինչպէ՞ս մեզ կը հանգստացնէ, երբ տխուր ըլլանք, երբ մէկը մեզ դաւաճանէ կամ երբ յուսահատ ըլլանք։
ՏԽՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐ
5. Աննան ի՞նչ կը զգար։
5 Աննան շատ մը խնդիրներու պատճառով տխուր էր եւ կու լար։ Օրինակ, իր ամուսինը ուրիշ կին մըն ալ ունէր։ Անոր անունը Փենանա էր եւ ան կ’ատէր Աննան։ Ասիկա չի բաւեր, Աննան չէր կրնար պզտիկ բերել, մինչ Փենանան քանի մը պզտիկ ունէր (Ա. Թագ. 1։1, 2)։ Փենանան միշտ Աննային վրայ կը խնդար, քանի որ ան պզտիկ չէր ունենար։ Եթէ դուն Աննային տեղը ըլլայիր՝ ի՞նչ կը զգայիր։ Աննան ա՛յնքան տխուր էր, որ «կու լար եւ չէր ուտեր» եւ «տրտմալից» էր (Ա. Թագ. 1։6, 7, 10)։
6. Աննան ի՞նչ ըրաւ որ աւելի լաւ զգայ։
6 Աննան ինչպէ՞ս աւելի լաւ զգաց։ Ան խորան գնաց Եհովան պաշտելու համար։ Ան հաւանաբար գաւիթին մուտքն էր, երբ «Տէրոջը առջեւ աղօթք ըրաւ ու խիստ շատ լացաւ»։ Ան Եհովային աղաչեց. ‘Քու աղախինիդ նեղութեանը նայիր ու զիս յիշէ’ (Ա. Թագ. 1։10, 11)։ Աննան իր զգացումները Եհովային պարպեց։ Եհովան որքա՜ն ազդուած ըլլալու էր, երբ իր սիրելի աղջիկին արցունքները տեսաւ։
7. Աննան ինչպէ՞ս աւելի լաւ զգաց՝ իր խնդիրները Եհովային պատմելէ ետք։
7 Աննան ի՞նչ զգաց, երբ իր սիրտը Եհովային բացաւ եւ Հեղի քահանայապետը իրեն ըսաւ, որ Եհովան իր աղօթքը պիտի լսէ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «[Աննան] իր ճամբան գնաց ու կերաւ ու երեսը անգամ մըն ալ չտրտմեցաւ» (Ա. Թագ. 1։17, 18)։ Թէեւ իր նեղութիւնը չէր անհետացած, բայց ան շատ հանգստացաւ։ Ան իր զգացական ծանր բեռը Եհովային յանձնեց եւ Եհովան ալ տեսաւ իր նեղութիւնը, լսեց իր լացը ու ետքը ձգեց որ Աննան յղի մնայ (Ա. Թագ. 1։19, 20. 2։21)։
8-9. Եբրայեցիս 10։24, 25–ին համաձայն, ինչո՞ւ պէտք է մեր ամէն կարելին ընենք որ ժողովներու երթանք (տե՛ս նաեւ նկարը)։
8 Ի՞նչ կը սորվինք։ Դուն ալ ունի՞ս սրտի ցաւ մը, որուն պատճառով կու լաս։ Թերեւս ընտանիքէդ մէկը կամ բարեկամ մը մահացած է։ Բնական է որ ուզես մինակ մնալ։ Բայց յիշէ Աննան։ Ան հանգչեցաւ երբ խորան գնաց։ Դուն ալ կրնաս հանգչիլ երբ ժողովներու երթաս, նոյնիսկ եթէ տրամադրութիւնդ տեղը չէ (կարդա՛ Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Երբ ժողովներուն կը լսենք համարներ, որոնք մեզ կը հանգչեցնեն, Եհովան մեզի կ’օգնէ որ գէշ բաներու տեղ՝ լաւ բաներու մասին մտածենք։ Այսպիսով մեր զգացումները իրենց գլուխը առնելով չեն երթար, նոյնիսկ եթէ մեր պարագաները շուտով չփոխուին։
9 Ասկէ զատ, ժողովներուն՝ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն քաջալերական ու սրտանց խօսքերը մեզ սիրուած կը զգացնեն եւ մեր տրամադրութիւնը կը բարձրացնեն (Ա. Թես. 5։11, 14)։ Նկատի առ մասնաւոր ռահվիրայ եղող եղբօր մը օրինակը, որուն կինը մահացաւ։ Ան կ’ըսէ. «Մինչեւ այսօր կու լամ։ Ատեններ, անկիւն մը կը քաշուիմ եւ կու լամ։ Բայց երբ ժողովներու կ’երթամ, շատ կը քաջալերուիմ։ Երբ եղբայրներուն ու քոյրերուն անոյշ խօսքերը կը լսեմ՝ շատ կը հանգչիմ։ Նոյնիսկ եթէ շատ մտահոգ ըլլամ, միշտ աւելի լաւ կը զգամ երբ ժողովի կ’երթամ»։ Ժողովներուն, Եհովան կրնայ եղբայրներն ու քոյրերը գործածել որ մեզի օգնէ։
10. Ինչպէ՞ս կրնանք Աննային պէս վարուիլ, երբ վերջին ծայր նեղուած ըլլանք։
10 Աննան նաեւ հանգչեցաւ, երբ իր զգացումները Եհովային պարպեց։ Դուն ալ կրնաս ‘ամէն հոգդ Եհովային վրայ ձգել’ եւ համոզուած ըլլալ որ քեզի մտիկ պիտի ընէ (Ա. Պետ. 5։7)։ Քոյր մը, որուն ամուսինը գողերու կողմէ սպաննուեցաւ, կ’ըսէ. «Կը զգայի որ մէկը սիրտս առէր եւ կտոր–կտոր ըրէր է։ Բայց երբ կ’աղօթէի սիրալիր Հօրս՝ Եհովային, կը հանգստանայի։ Ատեններ, չէի կրնար ճիշդ բառերը գտնել որ արտայայտուիմ, բայց Եհովան շուտով կը հասկնար զգացումներս։ Երբ տրամադրութիւնս քանդուած ըլլար եւ իրար անցած զգայի, իրմէ խաղաղութիւն կը խնդրէի։ Վրաս այնպիսի հանդարտութիւն մը կու գար, որ կրնայի օրս սովորական շարունակել»։ Երբ լալով նեղութիւնդ արտայայտես Եհովային, ան ցաւդ շատ լաւ կը հասկնայ եւ հետդ կը զգայ։ Նոյնիսկ եթէ նեղութիւնդ մնայ, Եհովան կրնայ քեզ հանդարտեցնել եւ քեզի որոշ չափով խաղաղութիւն տալ (Սաղ. 94։19. Փլպ. 4։6, 7)։ Եւ ան պիտի օրհնէ քու հաւատարմութիւնդ (Եբ. 11։6)։
ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐ
11. Դաւիթ ի՞նչ զգաց, երբ ուրիշներ գէշ կերպով վարուեցան իր հետը։
11 Դաւիթ իր կեանքին ընթացքին շատ մը դժուար պարագաներէ անցաւ եւ ատոնց պատճառով լացաւ։ Օրինակ, շատեր զինք ատեցին եւ իր ընտանիքէն եւ բարեկամներէն ոմանք իրեն դաւաճանեցին (Ա. Թագ. 19։10, 11. Բ. Թագ. 15։10-14, 30)։ Շատ դժուար պարագայի մը մէջ ան գրեց. «Հառաչանք ընելէ յոգնեցայ. ամէն գիշեր կը լուամ իմ անկողինս, արցունքներովս կը թրջեմ իմ մահիճս»։ Դաւիթ ինչո՞ւ այսպէս զգաց։ Ան բացատրեց. «Իմ բոլոր թշնամիներուս պատճառով» (Սաղ. 6։6, 7)։ Ուրիշներուն գէշ վարուելակերպը ա՛յնքան նեղացուց Դաւիթը, որ արցունքները չկրցաւ զսպել։
12. Ինչպէս որ Սաղմոս 56։8–ին մէջ կը տեսնենք, Դաւիթ ինչի՞ համոզուած էր։
12 Հակառակ Դաւիթին բոլոր դժուարութիւններուն, ան համոզուած էր որ Եհովան զինք կը սիրէր։ Ան գրեց. «Տէրը իմ լալուս ձայնը լսեց» (Սաղ. 6։8)։ Ուրիշ առիթով, ան գրեց այն գեղեցիկ խօսքը, որ յիշուած է Սաղմոս –ի մէջ (կարդա՛)։ Այս խօսքը յստակ կը դարձնէ, որ Եհովան մեզ շատ կը սիրէ եւ հետաքրքրուած է մեր զգացումներով։ Դաւիթ զգաց որ կարծես թէ Եհովան իր արցունքները շիշի մը մէջ կը հաւաքէր կամ գիրքի մը մէջ կ’արձանագրէր։ Դաւիթ վստահ էր որ Եհովան իր արցունքները կը տեսնէր ու կը յիշէր։ Ան համոզուած էր որ Եհովան գիտէր ոչ միայն թէ ինք ի՛նչ նեղութիւններէ անցած է, հապա նաեւ թէ ատոնք ինչպէ՛ս ազդած են իրեն։ 56։8
13. Երբ ուրիշներ մեզ յուսախաբ ընեն կամ դաւաճանեն, ի՞նչ պէտք է յիշենք (տե՛ս նաեւ նկարը)։
13 Ի՞նչ կը սորվինք։ Արդեօք կը զգա՞ս որ զգացումներդ իրար անցած են, քանի որ մէկը քեզ յուսախաբ ըրած է կամ դաւաճանած է։ Թերեւս այն անձը որուն հետ կը ժամադրուէիր կամ որուն հետ ամուսնացած էիր քեզ անակնկալ կերպով ձգեց, կամ թերեւս քեզի մօտիկ մէկը այլեւս Եհովային չի ծառայեր։ Եղբայր մը, որուն կինը շնութիւն գործեց եւ զինք ձգեց, ըսաւ. «Օդէն ինկայ։ Եղածին չհաւատացի։ Զգացի որ ձախող մէկն եմ։ Տխուր ու բարկացած էի»։ Եթէ քեզի ալ մէկը դաւաճանած կամ յուսախաբ ըրած է, միտքդ պահէ որ Եհովան բնա՛ւ քեզ պիտի չձգէ։ Ասիկա քեզ պիտի հանգչեցնէ։ Եղբայրը ըսաւ. «Տեսայ որ կեանքի մէջ ատեններ մարդիկ հաւատարիմ պիտի չմնան մեզի, բայց Եհովան մի՛շտ պիտի մնայ։ Ան մեր ժայռն է։ Ի՛նչ ալ պատահի, ան միշտ մեր քովն է։ Ան պիտի չձգէ իրեն հաւատարիմ եղողները» (Սաղ. 37։28)։ Նաեւ յիշէ որ Եհովան մեզ ոեւէ անձէ աւելի կը սիրէ։ Ճիշդ է որ դաւաճանութիւնը դանակ կը մտցնէ մէկու մը սրտին, բայց ատիկա չի կրնար փոխել քեզի հանդէպ Եհովային զգացումները։ Դուն տակաւին շատ արժէք ունիս իր աչքին (Հռով. 8։38, 39)։ Կէտը այս է. քու երկնաւոր Հայրդ քեզ կը սիրէ, չնայած թէ ուրիշը ինչպէ՛ս վարուած է քեզի հետ։
14. Սաղմոս 34։18–ը ինչպէ՞ս կը հանգչեցնէ մեզ։
14 Եթէ մէկը քեզի դաւաճանած է, Սաղմոս 34։18–ին մէջ Դաւիթին խօսքը կրնայ քեզ հանգչեցնել (կարդա՛)։ Գիրք մը կ’ըսէ որ «հոգիով խոնարհածները» անոնք են, որոնք «իրենց յոյսը կտրած են կեանքէն»։ Եհովան ինչպէ՞ս կ’օգնէ մէկու մը որ այսպէս կը զգայ, քանի որ մէկէ մը յուսախաբ եղած է։ Եհովան մեզի «մօտ է»։ Ճիշդ ինչպէս որ սիրալիր ծնող մը կը գրկէ եւ կը հանգչեցնէ լացող զաւակը, Եհովան ալ մեր հետը կը զգայ եւ շուտով մեզի կ’օգնէ։ Երբ մէկը մեզի դաւաճանէ կամ մեզի կռնակ դարձնէ եւ մենք անարժէք զգանք, Եհովան կ’ուզէ մէկ վայրկեան առաջ մեր կոտրած սիրտը հանգչեցնել։ Եւ ան նորէն յոյս կու տայ մեզի, ինչ որ կ’օգնէ որ մեր ցաւին դիմանանք (Եսա. 65։17)։
ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԵԱՆ ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐ
15. Եզեկիան ինչո՞ւ այնքան նեղուեցաւ որ լացաւ։
15 Երբ Յուդայի Եզեկիա թագաւորը 39 տարեկան էր, գիտցաւ որ մահացու հիւանդութիւն մը ունէր։ Եհովան Եսայի մարգարէին բերնով իրեն ըսաւ որ պիտի մեռնէր (Դ. Թագ. 20։1)։ Երբ Եզեկիան ասիկա լսեց, ա՛յնքան նեղուեցաւ որ շատ լացաւ եւ Եհովային աղաչեց որ իրեն օգնէ (Դ. Թագ. 20։2, 3)։
16. Եհովան ի՞նչ ըրաւ Եզեկիային համար։
16 Եհովան ազդուեցաւ, երբ Եզեկիային արցունքները տեսաւ ու աղաչանքը լսեց, եւ իրեն ազնուութեամբ ըսաւ. «Քու աղօթքդ լսեցի, քու աչքիդ արցունքը տեսայ, ահա քեզ պիտի բժշկեմ»։ Եհովան Եսայիին միջոցաւ իրեն խոստացաւ, որ իր կեանքը պիտի երկարէ եւ Երուսաղէմը պիտի ազատէ ասորեստանցիներէն (Դ. Թագ. 20։4-6)։
17. Եհովան մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ, երբ առողջապահական լուրջ հարցեր կ’ունենանք (Սաղմոս 41։3) (տե՛ս նաեւ նկարը)։
17 Ի՞նչ կը սորվինք։ Ունի՞ս առողջապահական հարց մը, որ թերեւս լուծում մը չունի։ Եհովային աղօթէ։ Նոյնիսկ լալով զգացումներդ պարպէ իրեն։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ «գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը» մեզ պիտի մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ (Բ. Կոր. 1։3, 4)։ Այսօր մենք չենք կրնար ակնկալել, որ Եհովան մեր բոլոր խնդիրները վերցնէ, բայց կրնա՛նք վստահ ըլլալ որ մեզի պիտի օգնէ (կարդա՛ Սաղմոս 41։3)։ Եհովան սուրբ հոգիին միջոցաւ մեզի կու տայ զօրութիւն, իմաստութիւն եւ խաղաղութիւն, որպէսզի դիմանանք (Առ. 18։14. Փլպ. 4։13)։ Ան նաեւ մեզի կ’օգնէ՝ մեզի տալով այն յոյսը, որ ապագային մէկը հիւանդ պիտի չըլլայ (Եսա. 33։24)։
18. Ո՞ր համարը քեզ կը հանգչեցնէ, երբ շատ դժուար պարագայէ մը անցնիս (տե՛ս « Մեզ հանգչեցնող համարներ» տուփը)։
18 Եզեկիան հանգչեցաւ երբ Եհովային խօսքերը լսեց։ Մենք ալ կը հանգչինք, երբ Աստուծոյ Խօսքը կը կարդանք։ Երբ նեղութեան մէջ ըլլանք, Աստուծոյ Խօսքը կրնայ մեր տրամադրութիւնը բարձրացնել (Հռով. 15։4)։ Օրինակ, նկատի առ Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ քրոջ մը օրինակը, որ քաղցկեղ ունեցաւ։ Ան շատ անգամ կու լար։ Ան կ’ըսէ. «Ես շատ կը հանգստանայի, երբ Եսայի 26։3–ին խօսքը միտքս կը բերէի։ Ճիշդ է որ շատ անգամ չենք կրնար մեր դժուար պարագաները փոխել, բայց այս համարը կը վստահեցնէ, որ Եհովան կրնայ մեզի տալ այն խաղաղութիւնը, որ մեզի կ’օգնէ հանդարտ մնալու դժուարութիւններու ատեն»։ Կա՞յ համար մը որ քեզ շատ կը հանգչեցնէ, երբ շատ դժուար պարագաներու առջեւ կը գտնուիս. պարագաներ որոնք նոյնիսկ թերեւս լուծում չունին։
19. Ի՞նչ ապագայ մը ունինք մեր առջեւը։
19 Այս աշխարհին վերջը մօտ է, եւ երթալէն աւելի բաներ պատճառ պիտի դառնան որ արցունք թափենք։ Բայց ինչպէս որ տեսանք Աննային, Դաւիթին եւ Եզեկիա թագաւորին օրինակներէն, Եհովան մեր արցունքները կը տեսնէ եւ մեզի հետ կը զգայ։ Մեր արցունքները շատ արժէքաւոր են իր աչքին։ Անոր համար, մեր սիրտը բանանք Եհովային, երբ նեղութիւններու մէջ ըլլանք։ Մեր սիրալիր եղբայրներէն ու քոյրերէն չհեռանանք։ Եւ շարունակենք Սուրբ Գիրքին խօսքերը կարդալ, որպէսզի հանգչինք։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ եթէ շարունակենք հաւատարմօրէն տոկալ, Եհովան մեզ պիտի օրհնէ։ Օրինակ, ան մօտ ապագային մեր բոլոր արցունքները պիտի սրբէ. ըլլա՛ն ատոնք տխրութեան, դաւաճանութեան կամ յուսախաբութեան արցունքներ (Յայտ. 21։4)։ Եւ ատկէ ետք, միայն ուրախութեան արցունքներ պիտի թափենք։
ԵՐԳ 22 ‘Եհովան իմ Հովիւս է’