ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Երբեք չդադրեցայ սորվելէ
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ եմ Եհովային, որ պատիւը ունիմ իրմէ սորվելու որպէս իմ «Մեծ Ուսուցիչ»ս (Եսա. 30։20, ՆԱ)։ Ան իր ծառաներուն կը սորվեցնէ Աստուածաշունչին, իր ստեղծագործութեան եւ իր կազմակերպութեան միջոցաւ։ Ան նաեւ մեր հոգեւոր եղբայրներն ու քոյրերը կը գործածէ մեզի օգնելու համար։ Թէեւ գրեթէ հարիւր տարեկան եմ, բայց դեռ կը շարունակեմ այս կերպերով սորվիլ Եհովայէն։ Բացատրեմ թէ ինչպէ՛ս։
Ծնած եմ 1927–ին, Շիքակոյի մօտ գտնուող գիւղաքաղաքի մը մէջ, Իլինոյ, ԱՄՆ։ Մեր ընտանիքը կը բաղկանար հինգ զաւակներէ. մեծ քոյրս՝ Ճէթան, Տոնը, ես, Քարլը եւ պզտիկ քոյրս՝ Ճոյը։ Հինգս ալ մեր միտքը դրած էինք բոլոր սրտով Եհովային ծառայել։ Ճէթան Գաղաադի դպրոցը գնաց 1943–ին։ Տոնը, Քարլը ու Ճոյը, մէկը միւսին ետեւէն գացին Բեթէլ, Պրուքլին, Նիւ Եորք։ Մէկը՝ 1944–ին, միւսը՝ 1947–ին, իսկ վերջինը՝ 1951–ին։ Անոնց լաւ օրինակը, մէջը ըլլալով՝ ծնողքիս լաւ օրինակը, մեծապէս ազդեցին ինծի։
ՄԵՐ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԳԻՏՆԱՅ
Հայրս ու մայրս Սուրբ Գիրքը կարդացողներ էին։ Անոնք Աստուած կը սիրէին եւ մեր մէջ այս սէրը ցանեցին։ Հայրս, Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին Եւրոպայի մէջ որպէս զինուոր ծառայելէ ետք, եկեղեցիներուն հանդէպ իր յարգանքը կորսնցուցած էր։ Երբ հայրս ողջ տուն վերադարձաւ պատերազմէն, մայրս ուրախութենէն հօրս ըսաւ. «Քարլ, եկո՛ւր եկեղեցի երթանք, ինչպէս առաջ կ’երթայինք»։ Հայրս պատասխանեց. «Քեզի հետ մինչեւ եկեղեցի կը քալեմ, բայց ներս չեմ մտներ»։ Մայրս հարցուց. «Ինչո՞ւ»։ Ան պատասխանեց. «Պատերազմին ժամանակ, նո՛յն կրօնքին պատկանող կղերականները օրհնեցին իրարու դէմ կռուող զինուորներն ու զէնքերը։ Աստուած որո՞ւն կողմն էր»։
Օր մը, երբ մայրս եկեղեցին էր, երկու Եհովայի վկաներ մեր դուռը զարկին։ Անոնք հօրս երկու գիրք առաջարկեցին, որոնք Լոյս կը կոչուէին եւ Յայտնութիւն գիրքը կը քննարկէին։ Հայրս հետաքրքրուած էր եւ ընդունեց գիրքերը։ Երբ մայրս գիրքերը տեսաւ, անմիջապէս սկսաւ կարդալ։ Օր մըն ալ ան օրաթերթին մէջ ծանուցում մը տեսաւ, որ հետաքրքրուած անձերը կը հրաւիրէր Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու, գործածելով՝ Լոյս գիրքերը։ Մայրս որոշեց երթալ։ Երբ հասաւ, տարիքոտ կին մը բացաւ դուռը։ Մայրս գիրքերէն մէկը ձեռքը բռնած, կնոջ հարցուց. «Ասիկա հո՞ս կ’ուսումնասիրէք»։ Կինը պատասխանեց. «Այո, հրամմէ աղջիկս, ներս մտիր»։ Յաջորդ շաբաթը, մայրս մեր հինգն ալ հետը առնելով ուսումնասիրութեան տարաւ։ Եւ անկէ ետք ամէն շաբաթ հոն կ’երթայինք։
Ժողովներէն մէկուն ընթացքին, ուսումնասիրութիւնը վարողը ինձմէ խնդրեց որ Սաղմոս 144։15–ը կարդամ, ուր կ’ըսէ թէ Եհովան պաշտողները ուրախ են։ Այդ համարը շատ տպաւորեց զիս։ Ուրիշ երկու համարներ ալ ազդեցին ինծի։ Ա. Տիմոթէոս 1։11–ը, որ կ’ըսէ թէ Եհովան «երանելի» կամ ուրախ Աստուած է, եւ Եփեսացիս 5։1–ը, որ մեզ կը քաջալերէ որ ‘Աստուծոյ նմանինք’։ Անդրադարձայ որ պէտք է ուրախութեամբ Ստեղծիչիս ծառայեմ եւ պէտք է իրեն շնորհակալութիւն յայտնեմ, որ այս պատիւը տուած է ինծի։ Կեանքիս ընթացքին միշտ ջանք թափած եմ, որ այս երկու բաները ընեմ։
Ամենամօտ ժողովքը 32 քիլոմեթր հեռու էր, Շիքակոյի մէջ։ Հակառակ ասոր, ժողովի կ’երթայինք եւ Սուրբ Գիրքին մասին գիտութիւնս երթալէն կ’աւելնար։ Կը յիշեմ երբ անգամ մը Ճէթան պատասխանեց ժողովին ընթացքին, ես ինծի ըսի. ‘Գիտէ՛ի պատասխանը։ Կրնայի՛ ձեռքս բարձրացնել եւ պատասխանել’։ Անկէ ետք, սկսայ ժողովները պատրաստել եւ պատասխան տալ։ Աւելի կարեւորը, երկու եղբայրներուս ու երկու քոյրերուս պէս սկսայ հոգեւորապէս աճիլ եւ 1941–ին մկրտուեցայ։
ԵՀՈՎԱՅԷՆ ՍՈՐՎԵՑԱՅ՝ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ
Մասնաւորաբար կը յիշեմ Օհայօ նահանգի Քլիվլէնտ քաղաքին մէջ 1942–ին տեղի ունեցած համաժողովը։ Մեր ընտանիքը շատ ուրիշ ընտանիքներու պէս վրանի մէջ մնացինք՝ համաժողովի վայրին մօտ։ Նաեւ, աւելի քան 50 ուրիշ քաղաքներու մէջ (ԱՄՆ), եղբայրներ ու քոյրեր յայտագիրը հեռաձայնով մտիկ ըրին։ Այդ ատեն, Համաշխարհային Բ. պատերազմը տեղի կ’ունենար եւ Եհովայի վկաներուն դէմ հակառակութիւնը կ’աւելնար։ Երեկոները, կը տեսնէի որ եղբայրները իրենց ինքնաշարժները այնպէս մը կը շարէին, որ ատոնց կռնակը վրաններուն, իսկ առջեւի լոյսերը դէպի դուրս ըլլային։ Բոլորը համաձայնած էին, որ ամէն գիշեր իւրաքանչիւր ինքնաշարժի մէջ մէկ հոգի պահակ կենար։ Եթէ պահակներէն մէկը զգար, թէ վտանգ կայ, բոլորը իրենց ինքնաշարժներուն լոյսերը յարձակողներուն վրայ պիտի բանային եւ ինքնաշարժներուն փողերը պիտի հնչեցնէին։ Այսպիսով ուրիշներ կրնային օգնութեան հասնիլ։ Ես ինծի ըսի. ‘Եհովայի ժողովուրդը ամէ՛ն բանի շատ լաւ պատրաստուած է’։ Ապահով զգալով, կրցայ քնանալ եւ գէշ բան մը չպատահեցաւ։
Տարիներ ետք, երբ այդ համաժողովին մասին կը մտածէի, անդրադարձայ որ մայրս այդ ատեն ո՛չ մէկ մտահոգութիւն կամ վախ արտայայտեց։ Ան լիովին Եհովային ու իր կազմակերպութեան վստահեցաւ։ Երբե՛ք պիտի չմոռնամ իր օրինակը։
Այդ համաժողովէն քիչ առաջ, մայրս կանոնաւոր ռահվիրայ եղած էր։ Ատոր համար, համաժողովի ընթացքին՝ ան ուշի–ուշով կը հետեւէր լիաժամ ծառայութեան մասին դասախօսութիւններուն։ Վերադարձի ճամբուն վրայ մեզի ըսաւ. «Կ’ուզե՛մ ռահվիրայութիւնս շարունակել, բայց չեմ կրնար միեւնոյն ատեն մեր ընտանիքին լաւ հոգ տանիլ»։ Մեզի հարցուց եթէ կրնա՛նք իրեն օգնել։ Բոլորս այո՛ ըսինք, եւ ան ամէն մէկուս մէկ կամ երկու սենեակ նշանակեց, որպէսզի նախաճաշէն առաջ մաքրենք։ Մեր դպրոց երթալէն ետք, ան կը ստուգէր եթէ տունը կոկիկ ու մաքուր էր, եւ յետոյ ծառայութեան կ’երթար։ Թէեւ ան շատ զբաղած կին մըն էր, բայց երբեք իր զաւակները չանտեսեց։ Ան մի՛շտ տունը կ’ըլլար, երբ կէսօրին ճաշի կու գայինք եւ երբ դպրոցէն տուն կը վերադառնայինք։ Ատեններ, դպրոցէն ետք իր հետը ծառայութեան կ’երթայինք։ Ասիկա մեզի օգնեց, որ գիտնանք թէ ի՛նչ ըսել է ռահվիրայ ըլլալ։
ԼԻԱԺԱՄ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՍԿՍԱՅ
16 տարեկանիս ռահվիրայութեան սկսայ։ Թէեւ հայրս դեռ Վկայ չէր եղած, բայց հետաքրքրուած էր թէ ծառայութեան մէջ ինչպէ՛ս եմ։ Գիշեր մը, իրեն ըսի որ շատ կը ջանամ դաս ունենալ, բայց դեռ մէկը չգտայ, որ կ’ուզէ Սուրբ Գիրքը սերտել։ Պահ մը լռեցի եւ ետքը հարցուցի. «Կ’ուզե՞ս հետդ սերտեմ»։ Ան քիչ մը մտածեց եւ ետքը ըսաւ. «Պատճառ մը չկայ որ քեզի ո՛չ ըսեմ»։ Այսպիսով, Սուրբ Գիրքի առաջին աշակերտս՝ հայրս եղաւ։ Ասիկա շատ մեծ առանձնաշնորհում մըն էր։
Իր հետը սերտեցի «Ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» գիրքը։ Նկատեցի թէ հօրս հետ սերտելը կ’օգնէր, որ աւելի լաւ աշակերտ մը եւ ուսուցիչ մը ըլլամ։ Օրինակ, իրիկուն մը, պարբերութիւն մը կարդալէ ետք, ան ըսաւ. «Կը տեսնեմ թէ գիրքը ի՛նչ կ’ըսէ, բայց դուն ինչպէ՞ս գիտես թէ գիրքին ըսածը ճիշդ է»։ Այս հարցումին պատրաստուած չէի, ատոր համար ըսի. «Հիմա քեզի չեմ կրնար փաստել, բայց շատ հաւանաբար յաջորդ սերտողութեան պատասխան մը ունենամ»։ Այդպէս ալ եղաւ։ Գտայ համարներ, որոնք թիկունք կը կենան մեր քննարկած կէտին։ Այդ դէպքէն ետք, սորվեցայ պրպտուք ընել, որպէսզի աւելի լաւ պատրաստուէի մեր սերտողութեան։ Ասիկա օգնեց որ հոգեւորապէս աճիմ եւ հօրս ալ օգտակար եղաւ։ Ան իր սորվածները գործադրեց եւ 1952–ին մկրտուեցաւ։
ԲԵԹԷԼԻՆ ՄԷՋ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑԻ ՍՈՐՎԻԼ
Տունը ձգեցի երբ 17 տարեկան էի։ Ճէթան a միսիոնար եղաւ, իսկ Տոնը՝ բեթէլական։ Երկուքն ալ կը սիրէին իրենց նշանակումները եւ ասիկա զիս շատ քաջալերեց։ Դիմումնագիր ներկայացուցի թէ՛ Բեթէլի եւ թէ՛ Գաղաադի դպրոցին համար եւ հարցերը Եհովային ձեռքերուն մէջ ձգեցի։ Արդի՞ւնքը։ 1946–ին, Բեթէլ հրաւիրուեցայ։
Տարիներու ընթացքին, Բեթէլին մէջ տարբեր նշանակումներ ունեցած եմ եւ կրցած եմ շատ մը նոր բաներ սորվիլ։ Բեթէլին մէջ 75 տարուան ընթացքին սորված եմ ինչպէ՛ս գիրքեր կազմել եւ հաշիւներ ընել։ Նաեւ սորված եմ Բեթէլին համար պէտք եղած գնումները ընել եւ կարեւոր բաներ ղրկել ուրիշ շրջաններ։ Բայց ամէն բանէ աւելի հաճոյք կ’առնեմ այն հոգեւոր ուսումէն, որ Բեթէլին մէջ կը ստանանք՝ առաւօտեան պաշտամունքին եւ դասախօսութիւններուն միջոցաւ։
Ես նաեւ սորվեցայ պզտիկ եղբօրմէս՝ Քարլէն, որ Բեթէլ եկաւ 1947–ին։ Ան Աստուածաշունչի հոյակապ աշակերտ եւ ուսուցիչ մըն էր։ Անգամ մը, իրմէ խնդրեցի որ ինծի օգնէ դասախօսութիւնս պատրաստելու։ Իրեն ըսի որ շատ տեղեկութիւններ հաւաքած եմ, բայց չեմ գիտեր ինչպէ՛ս գործածել ատոնք։ Ան մէկ հարցումով ինծի օգնեց որ լուծումի մը հասնիմ. «Ժոել, ի՞նչ է դասախօսութեանդ
բնաբանը»։ Շուտով հասկցայ կէտը։ Պէտք էր որ գործածէի միայն այն տեղեկութիւնները, որոնք նիւթիս հետ կապ ունէին, եւ մնացեալը՝ նիւթիս մէջ չմտցնէի։ Այդ դասը ականջիս օղ ըրի։Բեթէլին մէջ ուրախ ըլլալու համար, պէտք է մեր լաւագոյնը ընենք ծառայութեան մէջ, եւ ասիկա կրնայ քաջալերական փորձառութիւններու դուռ բանալ։ Շատ լաւ կը յիշեմ փորձառութիւն մը, որ հետս եղաւ իրիկուն մը, Պրանքսի մէջ, Նիւ Եորք Սիթի։ Եղբայր մը եւ ես այցելեցինք կնոջ մը, որ նախապէս Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը ընդունած էր։ Նիւթ բացինք՝ ըսելով. «Այս իրիկուն մարդոց կ’օգնենք, որ քաջալերական բաներ սորվին Սուրբ Գիրքէն»։ Ան պատասխանեց. «Եթէ Սուրբ Գիրքին մասին է, ներս հրամմեցէք»։ Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ գալիք նոր աշխարհին մասին քանի մը համարներ կարդացինք եւ քննարկեցինք։ Ասիկա մեծապէս տպաւորեց զինք, եւ յաջորդ շաբաթը՝ ան իր բարեկամներէն ոմանք հրաւիրեց, որ մեր այցելութեան ներկայ ըլլան։ Յետագային, ան եւ իր ամուսինը Եհովային հաւատարիմ ծառաները եղան։
ԿՆՈՋՄԷՍ ՍՈՐՎԵՑԱՅ
Շուրջ 10 տարի կողակից փնտռելէ ետք, վերջապէս ծանօթացայ կնոջս։ Ի՞նչը օգնեց որ լաւ կին մը գտնեմ։ Եհովային աղօթեցի եւ մտածեցի, թէ ամուսնանալէ ետք ի՛նչ կ’ուզեմ ընել։
1953–ին՝ Եանգի Սթատիումի մէջ տեղի ունեցած համաժողովէն ետք, Մերի Էնիօլ անունով քրոջ մը ծանօթացայ։ Մերին եւ Ճէթան Գաղաադի երկրորդ դասարանին մէջ միասին էին, եւ ան քրոջս միսիոնարական ընկերակիցն էր։ Ան շատ խանդավառութեամբ ինծի պատմեց Քարայիպեան կղզիներուն մէջ իր նշանակումներուն մասին եւ տարիներու ընթացքին իր վարած դասերուն մասին։ Երբ իրար աւելի ծանօթացանք, անդրադարձանք որ նոյն հոգեւոր նպատակները ունէինք։ Իրար հանդէպ մեր սէրը երթալէն աւելցաւ եւ ապրիլ 1955–ին ամուսնացանք։ Մերին շատ մը կերպերով փաստեց, թէ Եհովային կողմէ նուէր մըն է ինծի, եւ մէկը՝ որուն օրինակը կ’արժէ ընդօրինակել։ Ի՛նչ նշանակում որ իրեն տրուէր, ուրախութեամբ կ’ընէր զայն։ Ան աշխատասէր էր, անկեղծօրէն կը հետաքրքրուէր ուրիշներով եւ հոգեւոր բաները միշտ առաջին տեղը կը դնէր (Մատ. 6։33)։ Երեք տարի միասին ծառայեցինք շրջանային գործին մէջ եւ 1958–ին Բեթէլ հրաւիրուեցանք, հոն ծառայելու համար։
Շատ բաներ սորվեցայ Մերիէն։ Օրինակ, մեր ամուսնութեան սկիզբէն որոշեցինք Աստուածաշունչը միասնաբար կարդալ։ Ամէն անգամ 15 համար կը կարդայինք։ Որոշ մաս մը կարդալէ ետք՝ ատոր մասին կը խօսէինք եւ կ’ըսէինք, թէ գրուածները ինչպէ՛ս կրնանք գործադրել։ Ատեններ, Մերին ինծի կ’ըսէր բաներ, որոնք Գաղաադի դպրոցին կամ միսիոնարական ծառայութեան մէջ սորված էր։ Իրմէ սորվածներս օգնեցին, որ դասախօսութիւններս բարելաւեմ եւ սորվիմ ինչպէս կրնամ քոյրերը քաջալերել (Առ. 25։11)։
Սիրելի Մերիս մահացաւ 2013–ին։ Անհամբեր կը սպասեմ զինք տեսնել նոր աշխարհին մէջ։ Մինչ այդ, վճռած եմ շարունակել սորվիլ եւ ամբողջ սրտովս Եհովային վստահիլ (Առ. 3։5, 6)։ Երբ մտածեմ թէ Եհովային ծառաները ի՛նչ բաներ պիտի ընեն նոր աշխարհին մէջ, կը մխիթարուիմ եւ կ’ուրախանամ։ Վստահաբար, թէ՛ մեր մեծ Ուսուցիչէն պիտի սորվինք նոր բաներ, թէ՛ ալ իր մասին պիտի սորվինք։ Չեմ կրնար իրեն բաւարար շնորհակալ ըլլալ ինծի սորվեցուցած բոլոր բաներուն եւ իր շնորհած բազմաթիւ օրհնութիւններուն համար։
a Տե՛ս Ճէթա Սունըլի կենսագրութիւնը, Դիտարան–ի 1 մարտ 2003 թիւին մէջ, էջ 23-29 (արաբ.)։