ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 49
ԵՐԳ 12 Խոստացուած յաւիտենական կեանքը
Ի՞նչ պէտք է ընես որ յաւիտեան ապրիս
«Այն ամէնը որ կը տեսնեն Որդին եւ կը հաւատան անոր, յաւիտենական կեանք [պիտի] ունենան» (ՅՈՎՀ. 6։40)։
ՆԻՒԹ
Թէ՛ օծեալները եւ թէ՛ ուրիշ ոչխարները ինչպէ՞ս կ’օգտուին Յիսուս Քրիստոսի զոհէն։
1. Ինչո՞ւ շատեր կը կարծեն որ յաւիտեան ապրիլը անկարելի է։
ՇԱՏԵՐ առողջ մնալու համար իրենց ուտելիքին ուշադրութիւն կ’ընեն եւ միշտ մարզանք կ’ընեն։ Բայց անոնք չեն ակնկալեր որ յաւիտեան ապրին, հաւանաբար քանի որ կը կարծեն թէ յաւիտեան ապրիլը անկարելի բան մըն է։ Բայց Յիսուս ըսաւ թէ կարելի է որ մարդիկ ‘յաւիտենական կեանք ունենան’, ինչպէս որ յիշուած է Յովհաննէս 3։16–ին եւ 5։24–ին մէջ։
2. Յովհաննէս Աւետարանի 6–րդ գլուխը ի՞նչ կ’ըսէ յաւիտենական կեանքին մասին (Յովհաննէս 6։39, 40)։
2 Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, Յիսուս հրաշքով մը հաց եւ ձուկ կերակրեց հազարաւորներու a։ Ասիկա հիանալի բան մըն էր, բայց ի՛նչ որ ան յաջորդ օրը ըսաւ շատ աւելի հիանալի էր։ Երբ յաջորդ օրը նոյն մարդիկը իր ետեւէն գացին Կափառնայում, Գալիլիոյ ծովեզերքը, Յիսուս անոնց ըսաւ որ ինք մեռնողներուն յարութիւն պիտի տայ եւ անոնք յաւիտեան պիտի ապրին (կարդա՛ Յովհաննէս 6։39, 40)։ Պահ մը մտածէ որ ասիկա ի՛նչ կրնայ նշանակել քեզի համար։ Յիսուսին այս ըսածը ցոյց կու տայ, որ մեռնողներէն շատեր յարութիւն պիտի առնեն, մէջը ըլլալով՝ բարեկամներդ ու ընտանիքի անդամներդ, եւ դուն առիթը պիտի ունենաս անոնց հետ յաւիտեան ապրելու։ Բայց Յիսուս յաջորդ համարներուն մէջ ուրիշ բան մըն ալ ըսաւ, որ շատերու համար դժուար եղած է որ հասկնան։ Ան ի՞նչ ըսաւ։
3. Յիսուս ինքն իր մասին ի՞նչ ըսաւ Յովհաննէս 6։51, 52–ին մէջ։
3 Ժողովուրդը Յիսուսին ըրած հրաշքը կապեց մանանային հրաշքին հետ, որ Եհովան անապատին մէջ ըրած էր իսրայէլացիներուն համար։ Ժողովուրդը գիտէր որ Սուրբ Գրութիւնները այդ մանանան կոչած են՝ «երկնքէն հաց» (Սաղ. 105։40. Յովհ. 6։31)։ Յիսուս մանանային դէպքը գործածեց, որ կարեւոր բան մը սորվեցնէ անոնց։ Ի՞նչ էր ատիկա։ Ճիշդ է որ Եհովան հրաշքով մանանան ապահոված էր իսրայէլացիներուն, բայց անոնք որոնք մանանան կերան յաւիտեան չապրեցան, հապա՝ ի վերջոյ մահացան (Յովհ. 6։49)։ Անդին, Յիսուս ինքզինք կոչեց՝ «ճշմարիտ երկնաւոր հացը», «Աստուծմէ տրուած հացը» եւ «կենաց հացը» (Յովհ. 6։32, 33, 35)։ Յիսուս բացատրեց թէ ի՛նչ կարեւոր տարբերութիւն մը կար իր եւ մանանային միջեւ։ Ան ըսաւ. «Ես եմ կենդանի հացը, որ երկնքէն իջայ. եթէ մէկը այս հացէն ուտէ, յաւիտեան պիտի ապրի» (կարդա՛ Յովհաննէս 6։51, 52)։ Հրեաները շուարեցան եւ չհասկցան, թէ Յիսուս ինչպէ՛ս կրնար ըսել որ ինք երկնքէն իջած «հաց»ն էր եւ թէ ինք շատ աւելի լաւ էր քան՝ Եհովային տուած մանանան։ Ետքը, Յիսուս ըսաւ. «Այն հացը՝ որ ես պիտի տամ՝ իմ մարմինս է»։ Ան ի՞նչ ըսել ուզեց։ Կարեւոր է որ ասիկա հասկնանք, քանի որ ասոր պատասխանը ցոյց կու տայ, որ մենք եւ մեր սիրելիները ինչպէ՛ս կրնանք առիթը ունենալ յաւիտեան ապրելու։ Հիմա տեսնենք թէ Յիսուս ի՛նչ ըսել ուզեց։
«ԿԵՆԴԱՆԻ ՀԱՑԸ» ԵՒ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ‘ՄԱՐՄԻՆԸ’ Ի՞ՆՉ ԵՆ
4. Ոմանք ինչո՞ւ ցնցուեցան երբ Յիսուսին ըսածը լսեցին։
4 Երբ Յիսուս մարդոց ըսաւ, որ իր մարմինը պիտի տայ «աշխարհի կեանքին համար», ոմանք շատ ցնցուեցան։ Թերեւս անոնք մտածեցին թէ Յիսուս կ’ուզէր իր բառացի մարմինը տալ անոնց որ ուտեն, ինչ որ մարդակերութիւն է (Յովհ. 6։53)։ Նկատէ թէ Յիսուս ի՛նչ ցնցիչ մանրամասնութիւն մը աւելցուց։ Ան ըսաւ. «Եթէ Որդի մարդոյ մարմինը չուտէք եւ անոր արիւնը չխմէք, ձեր անձերուն մէջ կեանք չէք ունենար» (Յովհ. 6։54)։
5. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, թէ Յիսուս ըսել չուզեց որ մարդիկ պէտք է իր բառացի արիւնը խմեն։
5 Նոյին օրերուն, Եհովան արգիլեց որ մարդիկ արիւն ուտեն (Ծն. 9։3, 4)։ Եհովան նոյն խօսքը ըսաւ երբ Օրէնքը տուաւ իսրայէլացիներուն։ Ան ըսաւ որ ո՛վ որ արիւն կ’ուտէ՝ «պէտք է կորսուի» (Ղեւ. 7։27)։ Յիսուս միշտ մարդոց կը սորվեցնէր, որ Եհովային բոլոր օրէնքներուն հնազանդին (Մատ. 5։17-19)։ Ուրեմն, անկարելի է որ Յիսուս ըսել ուզած ըլլար, որ մարդիկ պէտք է իր բառացի մարմինը ուտեն եւ արիւնը խմեն։ Բայց ան իր այս տարօրինակ խօսքով ուզեց մարդոց սորվեցնել, որ ինչպէ՛ս կրնան «յաւիտենական կեանք» ունենալ (Յովհ. 6։55)։
6. Ի՞նչ իմաստով պէտք է հասկնանք Յիսուսին մարմինը ուտելու եւ արիւնը խմելու մասին իր խօսքը։
6 Յիսուս ի՞նչ ըսել կ’ուզէր։ Յստակ է որ ան բառացիօրէն չէր խօսեր, ինչպէս որ ասկէ առաջ սամարացի կնոջ մը հետ բառացիօրէն չխօսեցաւ, երբ անոր ըսաւ. «Այն ջուրը, որ ես անոր պիտի տամ, պիտի ըլլայ անոր ներսիդին ջուրի աղբիւր մը՝ որ յաւիտենական կեանքի համար կը բղխի» (Յովհ. 4։7, 14) b։ Յիսուս ըսել չէր ուզեր, որ սամարացի կինը պարզապէս բառացի որոշ ջուր մը խմելով յաւիտենական կեանքը պիտի ստանար։ Նոյն կերպով, Յիսուս ըսել չէր ուզեր որ Կափառնայումի մէջ իրեն մտիկ ընողները կրնային յաւիտեան ապրիլ, եթէ իր բառացի մարմինը ուտէին եւ բառացի արիւնը խմէին։
ԵՐԿՈՒ ԴԷՊՔԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
7. Ոմանք ի՞նչ կ’ըսեն Յովհաննէս 6։54–ին մէջ յիշուած Յիսուսին խօսքին մասին։
7 Կարգ մը կրօնասէր մարդիկ կ’ըսեն թէ ի՛նչ որ Յիսուս Յովհաննէս 6։54–ին մէջ ըսաւ իր մարմինը ուտելուն եւ արիւնը խմելուն մասին՝ ցոյց կու տար, որ մարդիկ ի՛նչ պէտք է ընեն Տէրունական ընթրիքին ժամանակ։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսեն։ Քանի որ Յիսուս նման բառեր գործածեց երբ Տէրունական ընթրիքը հաստատեց (Մատ. 26։26-28)։ Անոնք կ’ըսեն թէ ամէն ով որ Տէրունական ընթրիքին ներկայ կ’ըլլայ՝ պէտք է հացէն ուտէ եւ գինիէն խմէ։ Ասիկա ճի՞շդ է։ Կարեւոր է որ ասոր պատասխանը գիտնանք, քանի որ ամէն տարի աշխարհի չորս կողմը միլիոնաւորներ մեզի հետ կը հաւաքուին այս առիթին։ Հիմա պիտի տեսնենք որ ի՛նչ տարբերութիւններ կան Յովհաննէս 6։54–ին մէջ Յիսուսին ըսածին եւ Տէրունական ընթրիքին ատեն Յիսուսին ըսածին միջեւ։
8. Երկու դէպքերուն միջեւ ի՞նչ կարգ մը տարբերութիւններ կան (տե՛ս նաեւ նկարները)։
8 Հիմա նկատի առնենք այս երկու դէպքերուն միջեւ եղող երկու տարբերութիւններ։ Առաջին, Յիսուս ե՞րբ եւ ո՞ւր ըսաւ Յովհաննէս 6։54-57–ին մէջի խօսքերը։ Ան ատոնք ըսաւ Ք.Ե. 32–ին՝ Գալիլիոյ մէջ։ Անդին՝ Յիսուս Տէրունական ընթրիքը հաստատեց ատկէ շուրջ մէկ տարի վերջ՝ Երուսաղէմի մէջ։ Երկրորդ, Յիսուս որո՞նց կ’ուղղէր իր խօսքերը։ Գալիլիոյ մէջ իրեն մտիկ ընողներուն մեծամասնութիւնը աւելի հետաքրքրուած էր ուտելիքով քան՝ հոգեւոր բաներով (Յովհ. 6։26)։ Ասոր համար, երբ Յիսուս անոնց ըսաւ բան մը որ չհասկցան, շուտով դադրեցան իրեն հաւատալէ, իսկ իր աշակերտներէն ոմանք նոյնիսկ դադրեցան իրեն հետեւելէ (Յովհ. 6։14, 36, 42, 61, 65, 67)։ Անդին, Յիսուս որո՞նց ուղղեց իր խօսքերը, երբ շուրջ մէկ տարի ետք՝ Ք.Ե. 33–ին Տէրունական ընթրիքը հաստատեց։ Ան կը խօսէր իր 11 հաւատարիմ առաքեալներուն հետ, որոնք իրեն հետ մնացին, հակառակ անոր որ լման չէին հասկնար ամէն ինչ որ Յիսուս կը սորվեցնէր։ Բայց անոնք Գալիլիայի մէջ եղողներուն պէս չէին, հապա՝ համոզուած էին որ Յիսուս Աստուծոյ Որդին էր, որ երկնքէն իջած էր (Մատ. 16։16)։ Յիսուս զանոնք գովեց, ըսելով. «Դուք անոնք էք՝ որ միշտ ինծի հետ կը կենայիք իմ փորձութիւններուս մէջ» (Ղուկ. 22։28)։ Միայն այս երկու տարբերութիւնները բաւարար են, որ փաստեն թէ Յովհաննէս 6։54–ին մէջ Յիսուս չէր բացատրեր, թէ ի՛նչ պիտի պատահէր Տէրունական ընթրիքին ատեն։ Բայց ուրիշ տարբերութիւններ ալ կան այս երկու դէպքերուն միջեւ։
ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԸՍԱԾՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԻՄԱՍՏ ՈՒՆԻՆ ՔԵԶԻ ՀԱՄԱՐ
9. Տէրունական ընթրիքին ատեն Յիսուսին ըսած խօսքերը որո՞նց կը կիրարկուին։
9 Տէրունական ընթրիքին ատեն, Յիսուս անխմոր հաց տուաւ իր առաքեալներուն, եւ անոնց ըսաւ որ ատիկա իր մարմինը կը ներկայացնէր։ Ետքը, ան գինի տուաւ անոնց եւ ըսաւ որ ատիկա ‘նոր ուխտի արիւնը’ կը ներկայացնէ (Մար. 14։22-25. Ղուկ. 22։20. Ա. Կոր. 11։24)։ Ինչ որ Յիսուս ըսաւ ուխտին մասին շատ կարեւոր է։ Ան զայն կոչեց՝ «նոր ուխտ» եւ այս ուխտը Եհովային եւ հոգեւոր «Իսրայէլի տան» միջեւ է, այսինքն՝ միայն անոնք որոնք Յիսուսին հետ պիտի իշխեն Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ (Եբ. 8։6, 10. 9։15)։ Առաքեալները ուխտին մասին ամէն բան չհասկցան, բայց շատ չանցած՝ անոնք սուրբ հոգիով պիտի օծուէին եւ նոր ուխտին մէջ պիտի մտնէին, որպէսզի Յիսուսին քով տեղ ունենային երկինքի մէջ (Յովհ. 14։2, 3)։
10. Ուրիշ ի՞նչ տարբերութիւն կայ Տէրունական ընթրիքին ատեն Յիսուսին ըսածին եւ Գալիլիոյ մէջ Յիսուսին ըսածին միջեւ (տե՛ս նաեւ նկարը)։
10 Նկատէ թէ ինչ որ Յիսուս ըսաւ Տէրունական ընթրիքին ատեն կը կիրարկուի «պզտիկ հօտ»ին։ Այդ խումբին առաջին անդամները Յիսուսին հաւատարիմ առաքեալներն էին, որոնք ֆիզիքապէս Յիսուսին հետ էին սենեակին մէջ (Ղուկ. 12։32)։ Յիսուս անոնցմէ էր որ խնդրեց որ հացէն ուտեն եւ գինիէն խմեն։ Նաեւ անոնք, որոնք ետքը այդ խումբին մաս պիտի կազմէին, պէտք էր մասնակցէին հացին ու գինիին։ Այդ պզտիկ խումբն էր որ երկինքին մէջ տեղ պիտի ունենար Յիսուսին քով։ Ասիկա ուրիշ տարբերութիւն մըն է Տէրունական ընթրիքին եւ Գալիլիոյ մէջ եղած դէպքին միջեւ։ Տէրունական ընթրիքին ատեն Յիսուսին ըսածը միայն կը կիրարկուէր պզտիկ խումբի մը, բայց Գալիլիոյ մէջ իր ըսածը կը կիրարկուէր շատ մեծ թիւով մարդոց։
11. Գալիլիոյ մէջ Յիսուս ի՞նչ ըսաւ, որ ցոյց կու տայ թէ ան չէր խօսեր պզտիկ խումբի մը մասին։
11 Ք.Ե. 32–ին՝ Գալիլիոյ մէջ, Յիսուս իր խօսքերը գլխաւորաբար կ’ուղղէր այն հրեաներուն, որոնք իրմէ հաց կ’ուզէին։ Բայց Յիսուս փորձեց անոնց հասկցնել, որ բառացի հացէն շատ աւելի կարեւոր բան մը կար. բան մը՝ որ կրնար յաւիտենական կեանք տալ իրենց։ Յիսուս նոյնիսկ ըսաւ որ անոնք որոնք մահացած են, կրնան վերջին օրը յարութիւն առնել եւ յաւիտեան ապրիլ։ Հոս, Յիսուս չէր խօսեր միայն պզտիկ խումբի մը մասին, մինչ Տէրունական ընթրիքին ատեն կը խօսէ՛ր պզտիկ խումբի մը մասին։ Գալիլիոյ մէջ, ան կը խօսէր օրհնութեան մը մասին, որ բոլոր մարդիկ կրնային վայելել։ Յիսուս նոյնիսկ ըսաւ. «Եթէ մէկը այս հացէն ուտէ, յաւիտեան պիտի ապրի եւ այն հացը՝ որ ես պիտի տամ՝ իմ մարմինս է, որը ես պիտի տամ աշխարհի կեանքին համար» (Յովհ. 6։52) c։
12. Որո՞նք կրնան յաւիտենական կեանք ունենալ։
12 Յիսուս Գալիլիոյ մէջ հրեաներուն ըսա՞ւ, որ ամէն ով որ ծնած էր կամ պիտի ծնէր՝ յաւիտենական կեանք պիտի ունենար։ Ո՛չ, հապա միայն անոնք որոնք ‘այս հացը կ’ուտեն’, այսինքն՝ անոնք որոնք կը հաւատան, պիտի օգտուին։ Այսօր, շատեր կ’ըսեն որ Յիսուսին կը հաւատան եւ զինք իրենց փրկիչը կը սեպեն (Յովհ. 6։29)։ Բայց ասիկա բաւարար չէ։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Գալիլիոյ մէջ շատեր սկիզբը Յիսուսին հաւատացին, բայց ետքը դադրեցան իրեն հաւատալէ։ Ինչո՞ւ։
13. Ճիշդ ի՞նչ ըսել է Յիսուսին հաւատալ։
13 Ժողովուրդին մեծամասնութիւնը Յիսուսին կը հետեւէին միայն քանի որ իրենց ուզածը կու տար իրենց։ Անոնք կ’ուզէին որ Յիսուս զիրենք բուժէ, ձրիօրէն կերակրէ կամ իրենց ուզածը սորվեցնէ իրենց։ Բայց Յիսուս ցուցուց որ իր աշակերտներէն ասկէ աւելի պահանջուած էր։ Ան երկիր չէր եկած պարզապէս որպէսզի անոնց ուզածները ապահովէ, հապա՝ որպէսզի անոնց սորվեցնէ։ Անոնք պէտք էր որ իրեն ‘գային’, այսինքն՝ բոլոր իր սորվեցուցածները ընդունէին եւ ատոնց հնազանդէին (Յովհ. 5։40. 6։44)։
14. Ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի Յիսուսին մարմինէն եւ արիւնէն օգտուինք։
14 Յիսուս ժողովուրդին սորվեցուց որ իր մարմինը եւ արիւնը զոհելով, առիթը պիտի բանար որ անոնք յաւիտեան ապրին։ Ոչ միայն այդ հրեաները պէտք էր ասոր հաւատային, հապա՝ մենք ալ (Յովհ. 6։40)։ Ուրեմն, ինչ որ Յիսուս Յովհաննէս 6։54–ին մէջ ըսաւ, ըսել է թէ՝ պէտք է փրկանքին հաւատանք որպէսզի Յիսուսին մարմինէն եւ արիւնէն օգտուինք։ Այս առիթը մեծ թիւով մարդոց առջեւ բաց է (Եփ. 1։7)։
15-16. Յովհաննէս Աւետարանին 6–րդ գլուխէն ի՞նչ սորվեցանք։
15 Ինչ որ Յովհաննէս Աւետարանին 6–րդ գլուխին մէջ սորվեցանք՝ մեզի եւ մեր բոլոր սիրելիներուն համար շատ կարեւոր է։ Սորվեցանք որ Յիսուս շատ հետաքրքրուած է մարդոցմով։ Երբ ան Գալիլիոյ մէջ էր, հիւանդները բժշկեց, Թագաւորութեան մասին սորվեցուց եւ ուտելիք ապահովեց մարդոց (Ղուկ. 9։11. Յովհ. 6։2, 11, 12)։ Աւելի կարեւորը, ան սորվեցուց որ ինք «կենաց հաց»ն է (Յովհ. 6։35, 48)։
16 Ամէն տարի՝ Տէրունական ընթրիքին, «ուրիշ ոչխարներ»ը հացին եւ գինիին չեն մասնակցիր եւ պէտք չէ մասնակցին (Յովհ. 10։16)։ Բայց անոնք Յիսուս Քրիստոսին մարմինէն եւ արիւնէն կ’օգտուին։ Ինչպէ՞ս։ Հաւատալով անոր զոհին եւ ատոր բերած օգուտներուն (Յովհ. 6։54)։ Միւս կողմէ, անոնք որոնք պէտք է մասնակցին հացին ու գինիին, ցոյց կու տան որ նոր ուխտին մաս կը կազմեն եւ Թագաւորութեան մէջ իշխելու յոյսը ունին։ Ուրեմն, ըլլա՛նք օծեալներէն կամ ուրիշ ոչխարներէն, բոլորս ալ շատ կրնանք օգտուիլ Յովհաննէս Աւետարանի 6–րդ գլուխէն։ Ատիկա մեզի կը սորվեցնէ, որ բոլորս պէտք է փրկանքին հաւատանք, որպէսզի յաւիտենական կեանք ունենանք։
ԵՐԳ 133 Աստուա՛ծ փնտռեցէք, որպէսզի փրկուիք
a Յովհաննէս 6։5-35–ը քննարկուեցաւ անցեալ յօդուածին մէջ։
b Յիսուսին նշած ջուրը կը ներկայացնէ ամէն բան որ Եհովան ըրած է եւ տակաւին կ’ընէ, որպէսզի յաւիտենական կեանք ունենանք։
c Յովհաննէս Աւետարանին 6–րդ գլուխը կը գործածէ բառեր, որոնք կրնան թարգմանուիլ «ան որ», «այն ամէնը որ» եւ «ով որ»՝ ակնարկելու համար անոնց, որոնք կրնան յաւիտեան ապրիլ (Յովհ. 6։35, 40, 47, 55, 57-59)։