Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 50

ԵՐԳ 89 Եհովայի ջերմ կոչը. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր»

Ծնողնե՛ր, ձեր պզտիկին հաւատքը զօրացուցէք

Ծնողնե՛ր, ձեր պզտիկին հաւատքը զօրացուցէք

‘Քննեցէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է’ (ՀՌՈՎ. 12։2

ՆԻՒԹ

Այս յօդուածին մէջ, ծնողները պիտի սորվին որ ինչպէ՛ս կրնան Աստուծոյ եւ Սուրբ Գիրքին մասին խօսիլ իրենց զաւակներուն հետ եւ անոնց օգնել որ իրենց հաւատքը զօրացնեն։

1-2. Ծնողները ինչպէ՞ս պէտք է վարուին, երբ իրենց զաւակը սկսի Աստուծոյ եւ Սուրբ Գիրքին մասին հարցումներ հարցնել։

 ՇԱՏԵՐ կը համաձայնին որ պզտիկ մեծցնելը շատ ջանք կ’ուզէ։ Եթէ տարիքով պզտիկ զաւակ մը ունիս, անկասկած շատ ջանք կը թափես որ զաւակիդ հաւատքը զօրացնես, եւ ասիկա գովելի է (Բ. Օր. 6։6, 7)։ Մինչ զաւակդ կը մեծնայ, թերեւս սկսի լուրջ հարցումներ հարցնել մեր հաւատալիքներուն մասին, օրինակ՝ թէ ինչո՛ւ Սուրբ Գիրքը կ’արգիլէ կարգ մը բաներ։

2 Սկիզբը թերեւս մտահոգուիս որ զաւակիդ հաւատքը կը տկարանայ։ Բայց իրականութիւնը այն է, թէ մինչ պզտիկ մը կը մեծնայ, պէտք է հարցումներ հարցնէ, որ իր հաւատալիքներով համոզուի (Ա. Կոր. 13։11)։ Անոր համար, պէտք չունիս վախնալու երբ զաւակդ հարցումներ հարցնէ, հապա կրնաս առիթը օգտագործել, որ իրեն օգնես իր մտածելու կարողութիւնը զարգացնելու։

3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Այս յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք, թէ ծնողները ինչպէ՛ս կրնան իրենց պզտիկին կամ պզտիկներուն օգնել, որ 1) իրենց հաւատալիքներով համոզուին, 2) հասկնան որ ինչո՛ւ կարեւոր է որ հնազանդին բոլոր այն բաներուն որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ ընեն կամ չընեն եւ 3) գիտնան ինչպէ՛ս իրենց հաւատալիքները բացատրել ուրիշներուն։ Մինչ ասոնք նկատի կ’առնենք, պիտի տեսնենք որ ծնողները ո՛ր առիթները կրնան օգտագործել, որ մեր հաւատալիքներուն մասին խօսին իրենց պզտիկներուն հետ։

ՊԶՏԻԿԻԴ ՕԳՆԷ ՈՐ ՀԱՄՈԶՈՒԻ

4. Պզտիկ մը ի՞նչ հարցումներ կրնայ հարցնել, եւ ինչո՞ւ։

4 Պէտք է ըմբռնես որ հաւատքը բան մը չէ, որ պզտիկդ քեզմէ կը ժառանգէ։ Ճիշդ ինչպէս որ դուն հաւատքով չծնար, պզտիկդ ալ հաւատքով չծնաւ։ Ժամանակի ընթացքին, պզտիկիդ միտքէն այսպիսի հարցումներ կրնան անցնիլ. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ վստահ ըլլալ որ Աստուած կայ։ Կրնա՞մ Սուրբ Գիրքին ըսածներուն հաւատալ’։ Սուրբ Գիրքը իրականութեան մէջ կ’ըսէ, որ պէտք է ‘մեր տրամաբանելու կարողութիւնը’ գործածենք եւ ‘քննենք ամէն բան’ (Հռով. 12։1, ՆԱ. Ա. Թես. 5։21, ԱԾ)։ Բայց ինչպէ՞ս կրնաս պզտիկիդ օգնել որ հաւատքը զօրանայ։

5. Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակին օգնել, որ Սուրբ Գիրքին ըսածներուն աւելի հաւատայ (Հռովմայեցիս 12։2

5 Պզտիկդ քաջալերէ որ փաստէ, թէ ի՛նչ որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ՝ ճիշդ է (կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։2 Երբ պզտիկդ հարցումներ հարցնէ, առիթը օգտագործէ որ իրեն ցուցնես, թէ ինչպէ՛ս կրնայ ատոնց պատասխանները գտնել jw.org կայքին վրայ յօդուածներ փնտռելով։ Կրնաս զինք քաջալերել որ փնտռէ յօդուածներ եւ վիտէօներ, որոնք կը փաստեն թէ Սուրբ Գիրքին մէջի ըսուածները ոչ թէ մարդոց կողմէ են, հապա՝ «Աստուծոյ խօսք»ն են (Ա. Թես. 2։13)։ Օրինակ, ան կրնայ Ասորեստանի Նինուէ քաղաքին մասին պրպտում ընել։ Անցեալին, կարգ մը ուսումնականներ կ’ըսէին որ Նինուէ անունով քաղաք մը բնաւ գոյութիւն չէ ունեցած։ Բայց 1850–ականներուն, մասնագէտները գտան Նինուէ քաղաքին աւերակները, ինչ որ փաստեց որ Սուրբ Գիրքը ճիշդ է (Սոփ. 2։13-15)։ Եթէ զաւակդ կ’ուզէ գիտնալ, թէ Նինուէին կործանումը ինչպէ՛ս մարգարէացուած էր Սուրբ Գիրքին մէջ, կրնայ կարդալ «Գիտէի՞ր» յօդուածը, Դիտարան–ի նոյեմբեր 2021 թիւին մէջ։ Զաւակդ քաջալերէ որ մեր հրատարակութիւններուն ըսածները բաղդատէ հանրագիտարաններուն եւ ուրիշ վստահելի աղբիւրներու ըսածներուն հետ։ Ասիկա իրեն պիտի օգնէ, որ Սուրբ Գիրքին ըսածներուն աւելի հաւատայ։

6. Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակին օգնել, որ իր մտածելու կարողութիւնը զարգացնէ. օրինակ մը տուր (տե՛ս նաեւ նկարը)։

6 Զաւակիդ օգնէ որ իր մտածելու կարողութիւնը զարգացնէ։ Առիթներ ունիս որ պզտիկիդ հետ խօսիս Սուրբ Գիրքին կամ Աստուծոյ մասին, օրինակ երբ կ’այցելէք թանգարան մը, բուսաբանական պարտէզ մը կամ Եհովայի վկաներու մասնաճիւղ մը։ Երբ թանգարան մը կ’այցելէք (ըլլա՛յ անձամբ կամ ինթըրնէթով), կրնաս զաւակիդ ցուցնել որ ինչպէ՛ս պատմական առարկայ մը կամ դէպք մը կապ ունի Սուրբ Գիրքին հետ։ Այսպիսով, ան աւելի կրնայ համոզուիլ որ Սուրբ Գիրքին ըսածները ճիշդ են։ Զաւակդ գիտէ՞ որ Աստուծոյ անունը գրուած է 3000 տարուան քարի մը վրայ, որ Մովաբական քարը կը կոչուի։ Ատիկա կը գտնուի Փարիզի Լուվր Թանգարանին մէջ, Ֆրանսա։ Ատոր մէկ կեղծ օրինակը կը գտնուի կեդրոնատեղիին «Աստուածաշունչը եւ Աստուծոյ անունը» կոչուած ցուցասրահին մէջ, Ուորուիքի մէջ, Նիւ Եորք։ Այս քարը կ’ըսէ որ Մովաբի Մեսա թագաւորը ըմբոստացաւ Իսրայէլին դէմ, ճիշդ ինչպէս որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ (Դ. Թագ. 3։4, 5)։ Զաւակիդ հաւատքը պիտի զօրանայ, երբ տեսնէ որ Սուրբ Գիրքին ըսածները ճիշդ են (համեմատէ՛ Բ. Մնացորդաց 9։6

Կրնա՞ս պզտիկիդ մտածելու կարողութիւնը զարգացնել, թանգարաններուն մէջ եղող կարգ մը պատմական բաներու մասին խօսելով (տե՛ս պարբերութիւն 6)


7-8. ա) Ի՞նչ կրնանք սորվիլ բնութեան մէջ կրկնուող անուշիկ ձեւերէն. օրինակ մը տուր (տե՛ս նաեւ նկարը)։ բ) Ո՞ր հարցումները կրնան զաւակիդ օգնել որ աւելի՛ հաւատայ որ Ստեղծիչ մը կայ։

7 Զաւակդ քաջալերէ որ բնութեան մասին մտածէ։ Երբ զաւակիդ հետ գիւղը կամ պարտէզը կը քալես, իրեն օգնէ որ տեսնէ այն հետաքրքրական ձեւերը որ կը կրկնուին բնութեան մէջ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ատոնք կը փաստեն որ իմաստուն անձնաւորութիւն մը ատոնք ըրած ըլլալու է։ Օրինակ, բնութեան մէջ շատ մը բաներ պարուրաձեւ են (spiral) եւ գիտնականները շատ սերտած են այս ձեւը։ Նիքոլա Ֆամէլի անունով գիտնական մը կ’ըսէ, թէ երբ կը հաշուես որ պարուրաձեւը քանի՛ անգամ կը կրկնուի բնութեան մէջ որոշ բանի մը մէջ, կը տեսնես որ նոյն թիւերու շարքը կը կրկնուի ուրիշ պարուրաձեւ բանի մը մէջ։ Այս թիւերը կը կոչուին Ֆիպոնաչչիի յաջորդականութիւն (Fibonacci sequence)։ Մենք պարուրաձեւը կը տեսնենք բնութեան մէջ շատ մը տեղեր, օրինակ՝ կարգ մը աստղախումբերու ձեւին մէջ, կարգ մը կենդանիներու պատեանին վրայ, բոյսերու տերեւներուն վրայ եւ արեւածաղիկին վրայ a։

8 Դպրոցին մէջ, զաւակդ թերեւս սորվի ուրիշ ձեւերու մասին, որոնք բնութեան մէջ կը կրկնուին։ Օրինակ, ձիւնի ամէն մէկ փաթիլին մէջ կայ ձեւ մը, որ շատ անգամներ կը կրկնուի տարբեր չափերով (այս կրկնութիւնը կը կոչուի fractal)։ Բնութեան մէջ ուրիշ բաներու մէջ ալ կը գտնենք այսպիսի կրկնութիւններ։ Լաւ ո՞վ մէջտեղ բերաւ այս գեղեցիկ կրկնութիւնները։ Երբ զաւակդ այս տեսակ հարցումներու մասին լաւ մը մտածէ, աւելի զօրաւոր հաւատք պիտի ունենայ, թէ Աստուած է որ ստեղծեց բոլոր բաները (Եբ. 3։4)։ Եւ մինչ ան կը մեծնայ, պէտք է իրեն օգնես հասկնալու, թէ ինչո՛ւ կարեւոր է որ Աստուծոյ ըսածներուն հնազանդի։ Կրնաս իրեն հարցնել. «Եթէ Աստուա՛ծ մեզ ստեղծեց, տրամաբանական չէ՞ որ ինքը ամէնէն շատ գիտէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք ուրախ ըլլալ»։ Անկէ ետք, կրնաս բացատրել որ Աստուած Սուրբ Գիրքին միջոցաւ մեզի ըսած է, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք եւ ի՛նչ պէտք չէ ընենք որպէսզի ուրախ ըլլանք։

NASA, ESA, and the Hubble Heritage (STScl/AURA)-ESA/Hubble Collaboration

Ո՞վ մէջտեղ բերաւ բնութեան մէջի գեղեցիկ կրկնութիւնները (տե՛ս պարբերութիւն 7-8)


ՑՈՒՑՈՒՐ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻՆ ԸՍԱԾՆԵՐՈՒՆ ՀՆԱԶԱՆԴԵԼՈՒՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

9. Պզտիկ մը թերեւս ինչո՞ւ հարցումներ հարցնէ ճիշդի ու սխալի շուրջ Սուրբ Գիրքին ըսածներուն մասին։

9 Եթէ պզտիկդ հարցնէ հարցումներ ճիշդի ու սխալի շուրջ Աստուածաշունչին ըսածներուն մասին, փորձէ գիտնալ թէ ճիշդ ի՛նչ պատճառով այդ հարցումները կը հարցնէ։ Արդեօք ան Սուրբ Գիրքին ըսածին հետ համաձայն չէ՞, թէ ոչ պարզապէս չի գիտեր իր հաւատալիքները բացատրել ուրիշներուն։ Ամէն պարագայի, պզտիկիդ հետ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքը սերտելով, կրնաս իրեն օգնել հասկնալու թէ ինչո՛ւ կարեւոր է որ հնազանդի բոլոր այն բաներուն որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ ընէ կամ չընէ b։

10. Ինչպէ՞ս կրնաս պզտիկիդ օգնել, որ մտածէ Եհովային հետ իր բարեկամութեան մասին։

10 Պզտիկիդ օգնէ որ ուզէ Եհովային մտերիմ բարեկամը ըլլալ։ Երբ զաւակիդ հետ Սուրբ Գիրքը կը սերտես, Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին մէջի հարցումները եւ օրինակները գործածէ, հասկնալու համար թէ ան կարգ մը բաներու մասին ի՛նչ կը մտածէ (Առ. 20։5)։ Օրինակ, դաս 8–ին մէջ Եհովան կը նմանցուի լաւ բարեկամի մը, որ սէրէ մղուած խրատներ կու տայ, որոնք կրնան մեզի օգնել եւ պաշտպանել։ Ա. Յովհաննէս 5։3–ին մասին խօսելէ ետք, կրնաս պզտիկիդ հարցնել. «Հիմա որ տեսանք որ Եհովան շատ լաւ Բարեկամ է, չե՞ս կարծեր որ ինչ որ կ’ուզէ՝ մեր օգտին համար է»։ Թերեւս այս հարցումը պարզ երեւի, բայց ատիկա հարցնելով կրնաս պզտիկիդ օգնել որ հասկնայ թէ Աստուած մեզմէ կը խնդրէ բաներ, քանի որ մեզ կը սիրէ (Եսա. 48։17, 18

11. Ինչպէ՞ս կրնաս պզտիկիդ օգնել, որ հասկնայ թէ Աստուածաշունչին խրատներուն հնազանդիլը օգտակար է (Առակաց 2։10, 11

11 Միասին խօսեցէք թէ երբ Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն կը հետեւինք, ինչպէ՛ս կ’օգտուինք։ Երբ միասին Աստուածաշունչը կամ օրուան համարը կը կարդաք, խօսեցէք թէ Աստուածաշունչի սկզբունքները ինչպէ՛ս օգնած են ձեր ընտանիքին։ Օրինակ, արդեօք պզտիկդ գիտէ՞ թէ աշխատասէր եւ պարկեշտ ըլլալը շատ օգտակար է (Եբ. 13։18)։ Ասկէ զատ, կրնաս բացատրել թէ Սուրբ Գիրքին խրատներուն հետեւիլը կրնայ մեզի օգնել, որ աւելի առողջ եւ աւելի ուրախ ըլլանք (Առ. 14։29, 30)։ Այս տեսակ սկզբունքներու մասին խօսիլը շատ հաւանաբար զաւակիդ պիտի օգնէ, որ Սուրբ Գիրքին տուած խրատները ա՛լ աւելի արժեւորէ (կարդա՛ Առակաց 2։10, 11

12. Հայր մը ինչպէ՞ս իր տղուն կ’օգնէ, որ հասկնայ Աստուածաշունչին սկզբունքներուն հետեւելուն օգուտները։

12 Ֆրանսայի մէջ ապրող Սթիւ անունով հայր մը կը բացատրէ թէ ինչպէ՛ս ինքն ու իր կինը իրենց պատանի տղուն՝ Իթընին կ’օգնեն, որ հասկնայ թէ Եհովան օրէնքներ կը դնէ, քանի որ մեզ կը սիրէ։ Սթիւը կ’ըսէ. «Իրեն այս տեսակ հարցումներ կը հարցնենք. ‘Եհովան ինչո՞ւ կ’ուզէ որ այս սկզբունքին հետեւինք։ Ասիկա ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ թէ ան մեզ կը սիրէ։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ եթէ այս սկզբունքին չհետեւիս’»։ Ասիկա Իթընին օգնած է, որ աւելի համոզուի թէ Եհովային ըսածները ճիշդ են։ Սթիւը կ’աւելցնէ. «Մեր նպատակն է Իթընին օգնել, որ նկատէ թէ Սուրբ Գիրքին ըսածները շատ աւելի իմաստուն են քան՝ մարդոց ըսածները»։

13. Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց պզտիկը մարզել, որ Աստուածաշունչին սկզբունքները գործադրէ. օրինակ մը տուր։

13 Պզտիկդ մարզէ որ Սուրբ Գիրքին սկզբունքները գործադրէ։ Ասիկա ընելու առիթը կրնաս ունենալ, երբ դպրոցին մէջ զաւակէդ խնդրուի որ գիրք մը կարդայ։ Այդ գիրքը թերեւս այն տպաւորութիւնը կու տայ, որ անբարոյ բաներ ընելը կամ վայրագ կերպով վարուիլը սխալ չեն։ Կրնաս պզտիկէդ խնդրել որ մտածէ թէ Եհովան ի՛նչ կը զգայ, երբ մարդիկ այդ տեսակ բաներ կ’ըսեն կամ կ’ընեն (Առ. 22։24, 25. Ա. Կոր. 15։33. Փլպ. 4։8)։ Ասիկա կրնայ պզտիկիդ օգնել, որ գիտնայ թէ ինչո՛ւ Եհովային հնազանդիլը իմաստութիւն է։ Իսկ եթէ ուսուցիչը կամ ուրիշ աշակերտներ այդ գիրքին մասին իր կարծիքը հարցնեն, ան պիտի կարենայ դասարանին առջեւ իր հաւատալիքները բացատրել։

ՊԶՏԻԿԴ ՊԱՏՐԱՍՏԷ ՈՐ ԻՐ ՀԱՒԱՏԱԼԻՔՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԽՕՍԻ

14. Պզտիկ մը թերեւս ի՞նչ նիւթ խօսելու վախնայ, եւ ինչո՞ւ։

14 Ատեններ թերեւս պզտիկները իրենց հաւատալիքներուն մասին խօսելու ինքնավստահութիւնը չունենան։ Օրինակ, անոնք թերեւս վախնան դասարանին առջեւ բացատրելու, թէ ինչո՛ւ բարեշրջութեան չեն հաւատար։ Ինչո՞ւ։ Անոնց ուսուցիչները թերեւս ըսեն որ բարեշրջութիւնը փաստուած է։ Եթէ ծնողք ես, ինչպէ՞ս կրնաս պզտիկիդ օգնել, որ լման համոզուի թէ ինչ որ ինք կը հաւատայ՝ ճիշդ է։

15. Ի՞նչը կրնայ պզտիկի մը օգնել, որ լման համոզուի թէ ինչ որ կը հաւատայ՝ ճիշդ է։

15 Պզտիկիդ օգնէ որ լման համոզուի, թէ ինչ որ կը հաւատայ՝ ճիշդ է։ Պզտիկդ պէտք չէ ամչնայ, քանի որ ստեղծագործութեան մասին իրականութիւնը գիտէ (Բ. Տիմ. 1։8)։ Պահ մը մտածենք. շատ մը գիտնականներ ալ կը հաւատան, որ ապրող էակները իրենքիրենցմէ մէջտեղ չեկան։ Այս գիտնականները, տեսնելով այդ էակներուն բարդ վիճակը, համոզուած են որ իմաստուն մէկը ատոնք ստեղծած ըլլալու է։ Անոր համար, անոնք չեն հաւատար բարեշրջութեան, հակառակ անոր որ աշխարհի չորս կողմը շատ մը դպրոցներ ատոր մասին կը սորվեցնեն։ Պզտիկդ կրնայ իր հաւատքը եւ քաջութիւնը աւելցնել, երբ կարդայ թէ ուրիշ եղբայրներ եւ քոյրեր ինչպէ՛ս հաւատացին որ Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի c։

16. Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակին օգնել, որ կարենայ բացատրել թէ Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի (Ա. Պետրոս 3։15) (տե՛ս նաեւ նկարը)։

16 Պզտիկդ պատրաստէ, որ կարենայ բացատրել թէ Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։15 Կրնաս զաւակիդ հետ նկատի առնել jw.org կայքին վրայ լոյս տեսած «Պատանիները կը հարցնեն. Ամէն բան ստեղծուա՞ծ է, թէ ոչ բարեշրջուած է» յօդուածաշարքը (արաբ.)։ Ետքը, պզտիկդ կրնայ ընտրել այն բացատրութիւնը, որ ամէնէն շատ իր խելքին կը պառկի եւ կը կարծէ որ ատով կրնայ ուրիշին օգնել որ համոզուի թէ Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի։ Իրեն յիշեցուր որ պէտք չունի իր դասընկերներուն հետ վիճելու։ Զինք քաջալերէ որ երբ նկատէ, թէ մէկը ստեղծագործութեան նիւթը խօսելու պատրաստ է, անոր պարզ եւ տրամաբանական բացատրութիւն տայ։ Օրինակ, թերեւս դասընկեր մը ըսէ. «Ես միայն տեսածիս կը հաւատամ. Աստուած չեմ տեսներ, ուրեմն չեմ հաւատար»։ Պզտիկ մը կրնայ պատասխանել. «Երեւակայէ որ կը քալես անտառի մը մէջ, ուր մարդ–մարդասանք չկայ, եւ հոր մը կը տեսնես։ Ի՞նչ կ’անցնի մտքէդ։ Պէտք է որ մէկը ատիկա շինած ըլլայ, չէ՞։ Նոյն բանը կրնայ ըսուիլ տիեզերքին մասին։ Վստահաբար մէկը ատիկա ստեղծած ըլլալու է»։

Դասընկերներուդ պարզ եւ տրամաբանական բացատրութիւն մը տուր (տե՛ս պարբերութիւն 16-17) d


17. Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց պզտիկները քաջալերել, որ առիթներ փնտռեն ճշմարտութեան մասին խօսելու ուրիշներուն. օրինակ մը տուր։

17 Պզտիկդ քաջալերէ որ առիթներ փնտռէ ճշմարտութեան մասին խօսելու ուրիշներուն (Հռով. 10։10)։ Կրնաս իր հաւատքին մասին խօսելու իր ջանքերը նմանցնել երաժշտական գործիք մը նուագելու համար թափուած ջանքերուն։ Սկիզբը, մէկը փորձ կ’ընէ երաժշտութիւն մը, որ դիւրին է նուագել։ Ժամանակի ընթացքին, երաժշտութիւն նուագելը իրեն համար աւելի դիւրին կ’ըլլայ։ Նոյնպէս, պզտիկդ թերեւս սկիզբը շատ պարզ բառերով իր հաւատքին մասին խօսի։ Օրինակ, կրնայ իր դասընկերին հարցնել. «Գիտէի՞ր որ գիտնականները բնութիւնը կ’ընդօրինակեն նոր բաներ շինելու համար։ Քեզի այս հետաքրքրական վիտէոն ցուցնեմ»։ Պատահմա՞մբ գոյացած է, թէ ոչ ծրագրուած է բաժինէն վիտէօ մը ցոյց տալէ ետք, պզտիկդ կրնայ ըսել. «Մարդոց պատիւ կու տան երբ անոնք բնութիւնը ընդօրինակելով նոր բաներ հնարեն, լաւ բնութեան մէջ մեր տեսածներո՛ւն համար որո՞ւն պէտք է պատիւ տանք»։ Թերեւս այս պարզ բառերը դասընկերին հետաքրքրութիւնը արթնցնեն եւ ան ուզէ Եհովային մասին աւելի սորվիլ։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՊԶՏԻԿԻԴ ՕԳՆԵԼ ՈՐ ԻՐ ՀԱՒԱՏՔԸ ԶՕՐԱՑՆԷ

18. Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան շարունակել իրենց պզտիկին հաւատքը զօրացնել Աստուծոյ հանդէպ։

18 Կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր մարդիկ Աստուծոյ չեն հաւատար (Բ. Պետ. 3։3)։ Անոր համար, ծնողնե՛ր, երբ ձեր պզտիկին հետ Աստուածաշունչը կը սերտէք, զինք քաջալերեցէք որ սերտէ նիւթեր, որոնք Աստուծոյ Խօսքին եւ պահանջքներուն հանդէպ իր յարգանքը կ’աւելցնեն։ Իր մտածելու կարողութիւնը զարգացուցէք, իրեն հետ խօսելով Եհովայի հոյակապ ստեղծագործութեան մասին։ Իրեն օգնեցէք որ հասկնայ Սուրբ Գիրքին այն հոյակապ մարգարէութիւնները, որոնք արդէն կատարուած են։ Եւ ամէնէն կարեւորը, ձեր զաւակին հետ աղօթեցէք, եւ իրեն համար ալ աղօթեցէք։ Երբ այդպէս ընէք, կրնաք վստահ ըլլալ որ Եհովան ձեր պզտիկին հաւատքը զօրացնելու համար ձեր թափած ջանքերը պիտի օրհնէ (Բ. Մն. 15։7

ԵՐԳ 41 Ո՛վ պատանիներ, Եհովան պաշտեցէք

a Աւելի տեղեկութիւն առնելու համար, տե՛ս Ստեղծագործութեան սքանչելիքները Աստուծոյ փառքը կը յայտնեն. Կրկնուող ձեւեր վիտէոն (արաբ.) jw.org կայքին վրայ։

b Եթէ պզտիկդ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքը արդէն սերտած է, կրնաս իրեն հետ վերաքաղ ընել 3–րդ եւ 4–րդ մասերէն կարգ մը դասեր, որոնք կը խօսին ճիշդի ու սխալի շուրջ Աստուածաշունչին ըսածներուն մասին։

c Տե՛ս «Ինչո՞ւ կը հաւատանք որ Ստեղծիչ մը կայ» յօդուածը (արաբ.) Զարթի՛ր–ի սեպտեմբեր 2006 թիւին մէջ, եւ Կեանքին ծագումը. հինգ հարցումներ, որոնք կ’արժէ քննել գրքոյկը (արաբ.)։ Ասկէ զատ, տե՛ս Կեանքի ծագումին մասին տեսակէտներ բաժինը jw.org կայքին վրայ։

d ՆԿԱՐ. Պզտիկ մը՝ Պատահմա՞մբ գոյացած է, թէ ոչ ծրագրուած է բաժինէն վիտէօ մը կը ցուցնէ իր դասընկերին, որ հետաքրքրուած է տրոններով (drone)։