ՍԵՐՏԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ
Հաւատարիմ անձերը իրենց խոստումները կը պահեն
Կարդա՛ Դատաւորաց 11։30-40–ը, որպէսզի Յեփթայէին եւ անոր աղջիկին պատմութենէն սորվիս խոստումներ պահելու մասին։
Շուրջի համարները նկատի առ։ Հաւատարիմ իսրայէլացիներուն համար որքա՞ն կարեւոր էր Եհովային ըրած իրենց խոստումները պահելը (Թւ. 30։2)։ Յեփթայէն եւ անոր աղջիկը ինչպէ՞ս ցոյց տուին, որ Եհովային հանդէպ հաւատք ունին (Դատ. 11։9-11, 19-24, 36)։
Աւելի՛ պրպտէ։ Յեփթայէն ի՞նչ խոստում տուաւ Եհովային, եւ ան ի՞նչ ըսել ուզեց (դ16.04 7 ¶12)։ Յեփթայէն եւ անոր աղջիկը ի՞նչ զոհողութիւններ ըրին, որպէսզի ան իր խոստումը պահէ (դ16.04 7-8 ¶14-16)։ Ներկայիս, Եհովային ծառաները ի՞նչ խոստումներ կու տան (դ17.04 5-8 ¶10-19)։
Ի՞նչ դասեր կը սորվիս։ Դուն քեզի հարցուր.
-
‘Ի՞նչը կրնայ ինծի օգնել որ պահեմ նուիրումի ուխտս կամ խոստումս’ (դ20.03 13 ¶20)։
-
‘Ի՞նչ զոհողութիւններ կրնամ ընել, որ Եհովային աւելի ծառայեմ’։
-
‘Ի՞նչը կրնայ ինծի օգնել որ ամուսնական ուխտս պահեմ’ (Մատ. 19։5, 6. Եփ. 5։28-33)։