Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 48

ԵՐԳ 115 Մեր ճամբան յաջողցնենք

Յիսուս հրաշքով մարդիկը կերակրեց

Յիսուս հրաշքով մարդիկը կերակրեց

«Ես եմ կենաց հացը. ան որ ինծի կու գայ, երբեք պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի կը հաւատայ, պիտի չծարաւի» (ՅՈՎՀ. 6։35

ՆԻՒԹ

Պիտի քննարկենք Յովհաննէս Աւետարանին 6–րդ գլուխը, ուր յիշուած է որ Յիսուս միայն հինգ հացով ու երկու ձուկով հազարաւորներ կերակրեց, եւ դասեր պիտի սորվինք այս հրաշքէն։

1. Աստուածաշունչին մէջ հացը ի՞նչ կարեւորութիւն ունի։

 ՀԱՑԸ՝ Աստուածաշունչի ժամանակներուն ապրած մարդոց գլխաւոր ուտելիքներէն մէկն էր (Ծն. 14։18. Ղուկ. 4։4)։ Հացը ա՛յնքան կարեւոր էր, որ Աստուածաշունչը երբեմն «հաց» բառը կը գործածէ ուտելիքի իմաստով (Մատ. 6։11)։ Յիսուս հացը գործածեց երկու շատ ծանօթ հրաշքներու մէջ (Մատ. 16։9, 10)։ Այս հրաշքներէն մէկը կը գտնենք Յովհաննէս Աւետարանին 6–րդ գլուխին մէջ։ Մինչ այս հրաշքը կը սերտենք, պիտի տեսնենք թէ ի՛նչ դասեր կրնանք սորվիլ ատկէ։

2. Ե՞րբ էր որ հազարաւոր մարդիկ պէտք ունեցան ուտելիքի։

2 Անգամ մը, Յիսուսին առաքեալները իրենց քարոզչութենէն ետք շատ յոգնած էին։ Ասոր համար, Յիսուս անոնց հետ նաւ ելլելով, Գալիլիայի ծովուն միւս կողմը ուղղուեցաւ, որպէսզի հանգիստ ընեն (Մար. 6։7, 30-32. Ղուկ. 9։10)։ Անոնք ամայի տեղ մը եկան՝ Բեթսայիդայի մօտ։ Բայց շատ չանցած, հազարաւոր մարդիկ հոն հասնելով՝ իր շուրջը հաւաքուեցան։ Յիսուս զիրենք չանտեսեց։ Ան ազնիւ կերպով ժամանակ տրամադրեց, որ Թագաւորութեան մասին սորվեցնէ անոնց եւ հիւանդները բուժէ։ Որովհետեւ ժամանակը ուշացած էր, աշակերտները սկսան մտածել թէ ամբողջ այս ժողովուրդը ի՛նչ պիտի ուտէ։ Թերեւս անոնց մէջ կային մարդիկ, որոնք քիչ մը ուտելիք ունէին, բայց մեծ մասը պէտք էր որ գիւղերը երթար եւ ուտելիք գնէր (Մատ. 14։15. Յովհ. 6։4, 5)։ Յիսուս ի՞նչ պիտի ընէր։

ՅԻՍՈՒՍ ՀՐԱՇՔՈՎ ՄԱՐԴԻԿԸ ԿԵՐԱԿՐԵՑ

3. Յիսուս իր առաքեալներուն ի՞նչ ըսաւ որ ընեն (տե՛ս նաեւ նկարը)։

3 Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ. «Հարկ չէ որ ատոնք երթան, դուք տուէք անոնց որ ուտեն» (Մատ. 14։16)։ Ասիկա խնդիր էր, քանի որ հոն շուրջ 5,000 տղամարդ կար։ Եւ եթէ կիներն ու պզտիկներն ալ հաշուենք, թիւը կրնար հասնիլ մինչեւ 15,000–ի (Մատ. 14։21)։ Անդրէաս ըսաւ. «Հոս պատանի մը կայ, որ հինգ գարիէ հաց ու երկու ձուկ ունի, բայց անոնք ի՞նչպէս պիտի բաւեն այդչափ մարդոց» (Յովհ. 6։9)։ Գարիէ հացերը սովորական ուտելիք մըն էին մարդոց համար, իսկ երկու ձուկերը՝ հաւանաբար աղի ու չորցուած էին։ Բայց անկարելի էր որ պատանիին ունեցածները բաւէին այդչափ մարդոց։

Յիսուս մարդոց թէ՛ հոգեւոր ու թէ՛ ֆիզիքական պէտքերը ապահովեց (տե՛ս պարբերութիւն 3)


4. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յովհաննէս 6։11-13–էն (տե՛ս նաեւ նկարները)։

4 Յիսուս ուզեց հիւրասիրութիւն ցոյց տալ մարդոց, ատոր համար ժողովուրդէն խնդրեց որ խումբ–խումբ նստին խոտին վրայ (Մար. 6։39, 40. կարդա՛ Յովհաննէս 6։11-13)։ Յիսուս իր Հօրը շնորհակալութիւն յայտնեց հացին ու ձուկին համար։ Այսպիսով, ան ցոյց տուաւ թէ Աստուա՛ծ է այդ ուտելիքները տուողը։ Ասիկա կարեւոր յիշեցում մըն է մեզի, որ Յիսուսին պէս ճաշելէ առաջ աղօթենք, ըլլանք՝ առանձին կամ մարդոցմով շրջապատուած։ Ետքը, Յիսուս աշակերտներէն խնդրեց որ ուտելիքը մարդոց բաժնեն, եւ անոնք կերան ու կշտացան։ Այնքա՛ն շատ ուտելիք կար, որ ժողովուրդը չկրցաւ բոլորը ուտել։ Յիսուս չուզեց որ աւելցածը թափուի։ Ատոր համար, անոնց ըսաւ որ աւելցուքները հաւաքեն, թերեւս ետքը ուտելու համար։ Յիսուս իր ունեցած բաները իմաստութեամբ գործածեց եւ ասիկա մեզի համար լաւ օրինակ է։ Եթէ ծնող մըն ես, կրնաս այս պատմութիւնը գործածել զաւակներուդ սորվեցնելու համար, թէ ինչո՛ւ կարեւոր է՝ ուտելէ առաջ աղօթելը, հիւրասէր ըլլալը եւ առատաձեռն ըլլալը։

Դուն քեզի հարցուր. ‘Ուտելէ առաջ կ’աղօթե՞մ, ինչպէս Յիսուս ըրաւ’ (տե՛ս պարբերութիւն 4)


5. Մարդիկ ինչպէ՞ս վարուեցան երբ Յիսուսի ըրածները տեսան, եւ ան ի՞նչ ըրաւ։

5 Մարդիկ հիացան երբ տեսան Յիսուսի սորվեցուցած կերպն ու հրաշքները։ Անոնք գիտէին, որ Մովսէս ըսած էր, թէ Աստուած մեծ մարգարէ մը պիտի ղրկէր իրենց, եւ այս պատճառաւ ալ թերեւս կարծեցին թէ Յիսուսն է այդ մարգարէն (Բ. Օր. 18։15-18)։ Եթէ այս է պարագան, թերեւս ալ մտածեցին որ ան հոյակապ կառավարիչ մը կրնայ ըլլալ, թերեւս մէկը՝ որ կրնայ բոլոր ազգը կերակրել։ Հետեւաբար, ժողովուրդը ուզեց Յիսուսը ‘յափշտակել, որպէս զի զինք թագաւոր ընեն’ (Յովհ. 6։14, 15)։ Եթէ Յիսուս ձգէր որ անոնք զինք թագաւոր ընեն, քաղաքականութեան մասնակցած պիտի ըլլար, այսինքն՝ հրեաներուն կողմը բռնած պիտի ըլլար, որոնք այդ ատեն հռոմէական իշխանութեան տակ էին։ Բայց ան չձգեց։ Հապա ի՞նչ ըրաւ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Յիսուս «մինակը լեռը գնաց»։ Հակառակ մարդոց ճնշումին, ան քաղաքականութեան չխառնուեցաւ։ Ասիկա մեզի համար շատ կարեւոր դաս մըն է։

6. Ինչպէ՞ս կրնանք ցուցնել, թէ կ’ուզենք Յիսուսին օրինակին հետեւիլ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

6 Անշուշտ, ուրիշներ մեզմէ պիտի չուզեն որ հրաշքով հացը շատցնենք կամ հիւանդները բուժենք, ոչ ալ պիտի փորձեն մեզ թագաւոր կամ կառավարիչ ընել։ Բայց թերեւս փորձեն մեզ համոզել, որ ընտրութիւններուն մասնակցինք կամ թիկունք կանգնինք մէկու մը, որ կը կարծուի թէ կրնայ ներկայ վիճակները բարելաւել։ Յիսուսին օրինակը յստակ է։ Ան մերժեց քաղաքականութեան խառնուիլ, նոյնիսկ ըսելով. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ» (Յովհ. 17։14. 18։36)։ Մենք պէտք է որ Յիսուսին պէս մտածենք եւ իր օրինակին հետեւինք։ Իրեն պէս, այդ Թագաւորութեան կռնակ կը կենանք, ատոր մասին կը վկայենք եւ ատոր համար կ’աղօթենք (Մատ. 6։10)։ Հիմա վերադառնանք Յիսուսի հրաշքին եւ տեսնենք թէ ուրիշ ի՛նչ դասեր կրնանք սորվիլ։

Յիսուս քաղաքականութեան չխառնուեցաւ եւ մենք պէտք է իր օրինակին հետեւինք (տե՛ս պարբերութիւն 6)


«ՀԱՑԻՆ ՎՐԱՅ ԵՂԱԾ ՀՐԱՇՔԸ»

7. Յիսուս եւ առաքեալները ի՞նչ ըրին (Յովհաննէս 6։16-20

7 Յիսուս ժողովուրդը կերակրելէ ետք, առաքեալները նաւով Կափառնայում ղրկեց, իսկ ինքը առանձին լեռը ելաւ։ Այսպիսով առիթ չտուաւ որ մարդիկ զինք թագաւոր ընեն (կարդա՛ Յովհաննէս 6։16-20)։ Մինչ առաքեալները նաւուն մէջն էին, փոթորիկ մը ելաւ, իր հետը բերելով զօրաւոր հով ու ալիքներ։ Ետքը, Յիսուս ծովուն վրայ քալելով իրենց քովը եկաւ, եւ Պետրոսը քաջալերեց որ ինքն ալ ջուրին վրայ քալէ (Մատ. 14։22-31)։ Հազիւ որ Յիսուս նաւը ելաւ՝ հովը դադրեցաւ։ Աշակերտները հիացած՝ ըսին. «Իրաւցնէ Աստուծոյ Որդին ես դուն» (Մատ. 14։33) a։ Հետաքրքրական է, որ աշակերտները այս խօսքը ըսին՝ Յիսուս ծովուն վրայ քալելէն ետք, եւ ո՛չ թէ հացով հրաշք ընելէն ետք։ Նկատէ թէ Մարկոս ինչ կ’ըսէ նոյն դէպքին մասին. «[Առաքեալները] մտքերնուն մէջ չափէ դուրս ապշած էին ու կը զարմանային, վասն զի հացին վրայ եղած հրաշքը չիմացան, քանզի սրտերնին թմրած էր» (Մար. 6։50-52)։ Աշակերտները հացին վրայ եղած հրաշքէն վերջ չէին հասկցած, որ Եհովան Յիսուսին զօրութիւն տուած է շա՜տ աւելի մեծ հրաշքներ ընելու։ Բայց յաջորդ օրը, Յիսուս ինք հացին վրայ եղած հրաշքին նիւթը բացաւ եւ ուրիշ դաս մը սորվեցուց։

8-9. Ժողովուրդը ինչո՞ւ փորձեց Յիսուսը գտնել (Յովհաննէս 6։26, 27

8 Յիսուսի կերակրած մարդիկը կեդրոնացած էին իրենց ֆիզիքական պէտքերն ու ցանկութիւնները գոհացնելու վրայ։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։ Յաջորդ օրը, անոնք նկատեցին որ Յիսուսն ու իր առաքեալները ձգած–գացած էին։ Հետեւաբար, երբ տեսան որ Տիբերիայէն ուրիշ նաւեր եկած են, անոնք այդ նաւերը մտան եւ Կափառնայում գացին՝ Յիսուսը փնտռելու համար (Յովհ. 6։22-24)։ Անոնք ասիկա ըրին Թագաւորութեան մասին աւելի՞ սորվելու համար։ Ո՜չ։ Անոնք գլխաւորաբար կը մտածէին իրենց ֆիզիքական պէտքերուն՝ հացին՝ մասին։ Ինչպէ՞ս գիտենք։

9 Ի՞նչ պատահեցաւ, երբ ժողովուրդը Յիսուսը գտաւ Կափառնայումի մօտ։ Յիսուս բացէ ի բաց անոնց ըսաւ, որ զինք կը փնտռէին միա՛յն քանի որ ուտելիք կ’ուզէին։ Թէեւ անոնք ‘հացերէն կերան ու կշտացան’, բայց Յիսուս ըսաւ որ ատիկա «կորստական կերակուր» է։ Ան զիրենք քաջալերեց որ գործեն «այն կերակուրին համար, որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ» (կարդա՛ Յովհաննէս 6։26, 27)։ Ան ըսաւ, որ ատիկա իր Հօրմէն կու գայ։ Երբ անոնք լսեցին թէ կերակուր մը կար, որ կրնայ յաւիտենական կեանք տալ իրենց, հաւանաբար շա՛տ զարմացան։ Արդեօք ատիկա ո՞ր կերակուրն է եւ անոնք ինչպէ՞ս կրնային այդ կերակուրը ունենալ։

10. Ժողովուրդը «Աստուծոյ գործ»ին մասին ի՞նչ պէտք էր որ սորվէին։

10 Ըստ երեւոյթին, այդ հրեաները ուզեցին գիտնալ թէ ի՛նչ գործեր պէտք էր ընէին որ այս կերակուրէն ունենային։ Եւ թերեւս իրենց մտքէն կ’անցնէր Մովսիսական օրէնքին «գործերը»։ Բայց Յիսուս իրենց ըսաւ. «Այս է Աստուծոյ գործը, որ անոր ղրկածին հաւատաք» (Յովհ. 6։28, 29)։ Անոնք պէտք էր հաւատային Աստուծոյ ղրկածին՝ Յիսուսին, որպէսզի «յաւիտենական կեանք» ունենային։ Յիսուս այս նիւթին մասին նախապէս խօսած էր (Յովհ. 3։16-18, 36)։ Եւ ան յետագային ուրիշ բաներ ալ պիտի ըսէր, թէ ինչպէ՛ս կրնանք յաւիտենական կեանք ունենալ (Յովհ. 17։3

11. Հրեաները ինչպէ՞ս ցոյց տուին, թէ իրենց խելքը–միտքը տակաւին բառացի կերակուրին վրայ էր (Սաղմոս 78։24, 25

11 Այդ հրեաները չընդունեցին «Աստուծոյ գործ»ին մասին Յիսուսին սորվեցուցած նոր կէտը, որ էր՝ թէ իրեն պէտք էր հաւատային։ Անոնք իրեն հարցուցին. «Բայց դուն ի՞նչ նշան կ’ընես, որ տեսնենք ու քեզի հաւատանք» (Յովհ. 6։30)։ Ետքը անոնք ըսին, թէ իրենց նախահայրերը Մովսէսի օրերուն հրաշքով մանանայ կերան, որ կրնայ հացի նմանցուիլ (Նէ. 9։15. կարդա՛ Սաղմոս 78։24, 25)։ Յստակ է որ իրենց խելքը–միտքը տակաւին բառացի կերակուրին վրայ էր։ Եւ երբ Յիսուս իրենց խօսեցաւ «ճշմարիտ երկնաւոր հաց»ին մասին, որ կրնար իրենց յաւիտենական կեանք տալ, ինչ որ մանանան չէր կրնար ընել, անոնք նոյնիսկ չհարցուցին թէ Յիսուս ի՛նչ ըսել կ’ուզէր (Յովհ. 6։32)։ Անոնք ա՛յնքան կեդրոնացած էին իրենց ֆիզիքական պէտքերուն վրայ, որ անտեսեցին այն հոգեւոր ճշմարտութիւնները, որ Յիսուս կը փորձէր իրենց սորվեցնել։ Այս դէպքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

ԱՄԷՆԷՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԲԱՆԸ Ի՞ՆՉ Է

12. Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, թէ ամէնէն կարեւոր բանը ի՛նչ է։

12 Ուրեմն կարեւոր դաս մը կը սորվինք Յովհաննէս Աւետարանի 6–րդ գլուխէն։ Մեր հոգեւոր պէտքերը պէտք է ամէնէն կարեւոր բանը ըլլան մեր կեանքին մէջ։ Յիշենք որ Յիսուս այս կէտը սորվեցուցած էր, երբ Սատանայէն կը փորձուէր (Մատ. 4։3, 4) Եւ Լերան քարոզին մէջ, ան սորվեցուց թէ որքա՛ն կարեւոր է որ մէկը իր հոգեւոր պէտքերուն հոգ տանի (Մատ. 5։3)։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Ապրելակերպս ցոյց կու տա՞յ որ ես աւելի կարեւորութիւն կու տամ հոգեւոր պէտքերուս, քան՝ ֆիզիքական ցանկութիւններուս’։

13. ա) Ինչո՞ւ սխալ չէ որ ուտելէն հաճոյք առնենք։ բ) Պօղոս մեզ ի՞նչ բանէ կը զգուշացնէ (Ա. Կորնթացիս 10։6, 7, 11

13 Սխալ չէ որ աղօթենք մեր ֆիզիքական պէտքերուն համար եւ ատոնցմէ հաճոյք առնենք (Ղուկ. 11։3)։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, թէ ‘ուտելէն ու խմելէն եւ աշխատանքէն’ հաճոյք առնելը լաւ բան է, եւ թէ ատիկա «Աստուծոյ ձեռքով կ’ըլլայ» (Ժող. 2։24. 8։15. Յակ. 1։17)։ Բայց, նիւթական բաները մեր կեանքին մէջ ամէնէն կարեւոր բաները պէտք չէ ըլլան։ Պօղոս առաքեալ ասիկա շեշտեց, երբ քրիստոնեաներուն նամակ մը գրելով ակնարկեց անապատին մէջ իսրայէլացիներուն հետ պատահած դէպքերուն, մէջը ըլլալով՝ ինչ որ անոնք ըրին Սինա լերան մօտ։ Ան քրիստոնեաները զգուշացուց որ ‘չար բաներու չցանկան, ինչպէս իսրայէլացիները ցանկացին’ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 10։6, 7, 11)։ Եհովան իսրայէլացիներուն հրաշքով ուտելիք տուած էր, բայց իրենց ագահութեան պատճառաւ, այդ ուտելիքը իրենց համար «չար բան» եղաւ (Թւ. 11։4-6, 31-34)։ Իսկ երբ ոսկի հորթը պաշտեցին, անոնք ցոյց տուին, թէ աւելի հետաքրքրուած էին ուտելով, խմելով եւ հաճելի ժամանակ անցընելով, քան՝ Եհովային հնազանդելով (Ել. 32։4-6)։ Պօղոս այս օրինակը բերաւ, զգուշացնելու համար այն քրիստոնեաները, որոնք կ’ապրէին Երուսաղէմի եւ անոր տաճարին կործանումէն քիչ առաջ, որ պատահեցաւ Ք.Ե. 70–ին։ Մենք ալ կ’ապրինք աշխարհի վերջէն քիչ առաջ։ Ատոր համար, շատ կարեւոր է որ Պօղոսի խրատը լուրջի առնենք։

14. Ուտելիքը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ նոր աշխարհին մէջ։

14 Երբ Յիսուս մեզի ըսաւ որ աղօթենք ‘մեր ամէն օրուան հացին’ համար, նաեւ սորվեցուց որ աղօթենք որ Աստուծոյ կամքը «ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատ. 6։9-11)։ Լաւ, այդ ժամանակ աշխարհը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ։ Սուրբ Գիրքը կը նշէ, թէ Աստուծոյ կամքն է որ երկրի վրայ լաւ ուտելիք ըլլայ։ Եսայի 25։6-8–ը մեզի կ’ըսէ, թէ երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իշխէ, մարդիկ առատ եւ համով ուտելիքներ պիտի ուտեն։ Իսկ Սաղմոս 72։16–ը կը մարգարէանայ. «Ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ՝ լեռներուն գլուխը»։ Անհամբեր կը սպասե՞ս որ այդ ցորենով պատրաստես նախասիրած հացդ կամ նոր ճաշեր։ Նաեւ թերեւս խաղողի այգիներ տնկես եւ անոնց պտուղը ուտես կամ գինի շինես (Եսա. 65։21, 22)։ Այդ ժամանակ, երկրի վրայ ամէ՛ն մարդ ասոնք պիտի վայելէ։

15. Յարութիւն առնողները ի՞նչ պիտի սորվին (Յովհաննէս 6։35

15 Կարդա՛ Յովհաննէս 6։35–ը։ Ի՞նչ կը սպասէ անոնց, որոնք Յիսուսի ըրած հրաշքէն օգտուեցան՝ հացէն ու ձուկէն ուտելով։ Թէեւ անոնցմէ շատեր Յիսուսին չհաւատացին, բայց կարելի է որ ոմանք յարութիւն առնեն եւ ոմանց ծանօթանանք (Յովհ. 5։28, 29)։ Բայց անոնք պէտք է որ Յիսուսի սա խօսքերուն իմաստը հասկնան. «Ես եմ կենաց հացը. ան որ ինծի կու գայ, երբեք պիտի չանօթենայ»։ Անոնք պէտք է որ Յիսուսի փրկանքին հանդէպ հաւատք զարգացնեն, հաւատք՝ թէ ան իրենց համար իր կեանքը զոհեց։ Այդ ատեն, յարութիւն առնողները եւ նոր աշխարհին մէջ ծնած անոնց զաւակները գիտութիւն պիտի առնեն Եհովային ու իր նպատակին մասին։ Անոնց սորվեցնելը մեզի շատ ուրախութիւն պիտի տայ. շատ աւելի ուրախութիւն, քան՝ բոլոր այն համով ուտելիքները, որոնք պիտի ուտենք նոր աշխարհին մէջ։

16. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

16 Այս յօդուածին մէջ նկատի առինք Յովհաննէս Աւետարանին 6–րդ գլուխին մէջի դէպքերուն մէկ մասը, բայց Յիսուս դեռ շատ բաներ ունէր սորվեցնելիք «յաւիտենական կեանք»ին մասին։ Մենք պէտք ունինք իր ըսածները ուշադրութեամբ մտիկ ընելու, ինչպէս որ այդ հրեաները պէտք ունէին։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի շարունակենք քննարկել Յովհաննէս Աւետարանին 6–րդ գլուխը։

ԵՐԳ 148 Քու անգին Որդիդ տուիր

a Այս հետաքրքրական դէպքին մասին աւելի գիտնալու համար, տե՛ս Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է գիրքին 53–րդ դասը, եւ Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք գիրքը, էջ 185։