Կը յիշե՞ս
Դիտարան–ի վերջին թիւերը ուշի–ուշով կարդացա՞ծ ես։ Փորձէ հետեւեալ հարցումներուն պատասխանել.
Եհովան ինչպէ՞ս կը վարուի կիներուն հետ։
Ան զատողութիւն չի դներ եւ տղամարդիկը կիներէն աւելի չի նախընտրեր։ Եհովան կիներուն մտիկ կ’ընէ եւ հետաքրքրուած է անոնց զգացումներով ու մտահոգութիւններով։ Եւ ան անոնց կը վստահի որ իր գործը կատարեն (դ24.01, էջ 15-16)։
Ինչպէ՞ս կրնանք գործադրել Եփեսացիս 5։7–ն, որ կ’ըսէ. «անոնց հաղորդ մի՛ ըլլաք»։
Պօղոս առաքեալ կը զգուշացնէ որ չընկերակցինք անձերու, որոնք մեզի համար կը դժուարացնեն Եհովային ուզածին պէս ապրիլը։ Այսպիսի մարդոց հետ պէտք չէ ժամանակ անցընենք, ոչ միայն երես–երեսի, հապա նաեւ՝ ընկերային ցանցերու վրայ (դ24.03, էջ 22-23)։
Ինչպիսի՞ սուտ պատմութիւններէ պէտք է զգուշանանք։
Պէտք է զգուշանանք չստուգուած պատմութիւններէ՝ որոնք մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն կու գան, ե–նամակներէ՝ որոնք մեզի ծանօթ չեղող անձերէ կու գան եւ հաւատուրացներէ՝ որոնք կը ձեւացնեն ճշմարտութեամբ հետաքրքրուած ըլլալ (դ24.04, էջ 12)։
Ի՞նչ գիտենք եւ ի՞նչ չենք գիտեր այն բանին մասին, թէ Եհովան ինչպէ՛ս պիտի դատէ Սողոմոն թագաւորը եւ անոնք որոնք մեռան Սոդոմին ու Գոմորին մէջ եւ Ջրհեղեղին։
Հարիւր առ հարիւր չենք գիտեր, թէ Եհովան յաւիտեան պիտի բնաջնջէ՞ զանոնք կամ ոչ։ Բայց գիտե՛նք որ ան ամէն բան գիտէ անոնց մասին եւ շատ ողորմած Աստուած է (դ24.05, էջ 3-4)։
Աստուծոյ «Վէմ» ըլլալը ի՞նչ գաղափար կու տայ իր մասին (Բ. Օր. 32։4, ստորանիշ)։
Եհովան մեր ապաւէնն է։ Ան վստահելի է եւ միշտ իր խօսքին տէրը կ’ելլէ։ Ան կայունութիւն ունի եւ իր անձնաւորութիւնն ու նպատակը բնաւ չեն փոխուիր (դ24.06, էջ 26-28)։
Ի՞նչը քեզի կ’օգնէ որ նոր ժողովքի մը վարժուիս։
Եհովային վստահէ եւ ան քեզի պիտի օգնէ ճիշդ ինչպէս որ իր ծառաներուն օգնած է անցեալին։ Բաղդատութիւններ մի՛ դներ նոր եւ հին ժողովքներուդ միջեւ։ Զբաղած մնա՛ նոր ժողովքիդ մէջ եւ ջանք թափէ որ նոր բարեկամներ ունենաս (դ24.07, էջ 26-28)։
Մատթէոս Աւետարանի 25–րդ գլուխին երեք առակներէն ի՞նչ կը սորվինք։
Ոչխարներու եւ այծերու առակը կը շեշտէ, որ պէտք է հաւատարիմ ըլլանք։ Իմաստուն եւ յիմար կոյսերուն առակը կը յստակացնէ, որ պէտք է պատրաստ եւ արթուն ըլլանք։ Իսկ տաղանդներու առակը կը շեշտէ, որ պէտք է աշխատասէր ըլլանք (դ24.09, էջ 20-24)։
Սողոմոնին տաճարին նախասրահին բարձրութիւնը որքա՞ն էր։
Կարգ մը հին ձեռագիրներ Բ. Մնացորդաց 3։4–ին մէջ կը յիշեն «հարիւր քսան կանգուն», ինչ որ ըսել է թէ նախասրահին բարձրութիւնը 53 մեթր էր։ Բայց ուրիշ վստահելի ձեռագիրներ «20 կանգուն» կ’ըսեն, ինչ որ ըսել է թէ ատոր բարձրութիւնը 9 մեթր էր։ Նկատի ունենալով տաճարին պատերուն հաստութիւնը, նախասրահին բարձրութեան 9 մեթր ըլլալը աւելի տրամաբանական է (դ24.10, էջ 31)։
Օգնական ծառային «մէկ կնոջ այր» ըլլալը ի՞նչ ըսել է (Ա. Տիմ. 3։12)։
Ատիկա ըսել է թէ ան միայն մէկ կնոջ հետ ամուսնացած է եւ պէտք չէ սեռային անբարոյութիւն գործէ։ Ասկէ զատ, ան պէտք չէ ռոմանթիկ հետաքրքրութիւն ցուցնէ ուրիշ կիներու հանդէպ (դ24.11, էջ 19)։
Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Յովհաննէս 6։54–ը ցոյց չէր տար որ մարդիկ ի՛նչ պէտք է ընեն Տէրունական ընթրիքին ժամանակ։
Յովհաննէս 6։54–ը կ’ըսէ որ մէկը պէտք է Յիսուսին մարմինը ուտէ եւ արիւնը խմէ։ Յիսուս այս խօսքը Ք.Ե. 32–ին Գալիլիոյ մէջ ըսաւ հրեաներու, որոնք տակաւին իրեն չէին հաւատար։ Անդին, Տէրունական ընթրիքը հաստատուեցաւ ատկէ մէկ տարի ետք՝ Երուսաղէմի մէջ։ Հոն Յիսուս իր խօսքը կ’ուղղէր անձերու, որոնց հետ պիտի իշխէր երկինքին մէջ (դ24.12, էջ 10-11)։