Հարցումներ ընթերցողներէն
Ով ե՞ն Ա. Տիմոթէոս 5։21–ին մէջ յիշուած «ընտրեալ հրեշտակներ»ը։
Պօղոս առաքեալ գրեց Տիմոթէոսին, որ իրեն պէս երէց մըն էր. «Կ’երդմնցնեմ Աստուծոյ առջեւ եւ Յիսուս Քրիստոսին ու ընտրեալ հրեշտակներուն որպէս զի այս բաները պահես առանց նախապաշարումի, բան մը աչառութեամբ չընես» (Ա. Տիմ. 5։21)։
Գիտնալու համար թէ ո՛վ են այս «ընտրեալ հրեշտակներ»ը, նախ պիտի տեսնենք թէ ո՛ր հրեշտակները մաս չեն կազմեր անոնց։ Յստակ է, թէ այս հրեշտակները չե՛ն կրնար 144,000–էն ըլլալ։ Ինչո՞ւ։ Երբ Պօղոս Տիմոթէոսին գրեց, օծեալ քրիստոնեաները տակաւին յարութիւն առնելով երկինք չէին ելած։ Առաքեալները եւ ուրիշ օծեալներ տակաւին հոգեղէն արարածներ չէին եղած. ուրեմն, չի կրնար ըլլալ որ անոնք «ընտրեալ հրեշտակներ»ը ըլլան (Ա. Կոր. 15։50-54. Ա. Թես. 4։12-16. Ա. Յովհ. 3։2)։
«Ընտրեալ հրեշտակներ»ը նաեւ չեն կրնար ըլլալ այն հրեշտակները, որոնք Ջրհեղեղին ժամանակ անհնազանդ էին։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ այդ հրեշտակները Սատանային հետեւեցան եւ դեւեր եղան, իրենք զիրենք Յիսուսին թշնամիները ընելով (Ծն. 6։2. Ղուկ. 8։30, 31. Բ. Պետ. 2։4)։ Ապագային, անոնք 1000 տարի անդունդը պիտի նետուին եւ ետքն ալ Սատանային հետ պիտի բնաջնջուին (Յդ. 6. Յայտ. 20։1-3, 9-10)։
Պօղոսի նշած «ընտրեալ հրեշտակներ»ը պէտք է ըլլան հրեշտակներ, որոնք հաւատարիմ են ‘Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսին’, որոնք նոյնպէս յիշուած են այս համարին մէջ։
Հազարաւոր հաւատարիմ հրեշտակներ կան (Եբ. 12։22, 23)։ Եւ այնպէս կ’երեւի, թէ Եհովան ամէն մէկ հրեշտակի նոյն գործը չի տար (Յայտ. 14։17, 18)։ Օրինակ, Եհովան միայն մէ՛կ հրեշտակէ խնդրեց, որ 185,000 ասորեստանցի զինուորներ մեռցնէ (Դ. Թագ. 19։35)։ Կարգ մը հրեշտակներ թերեւս նշանակուած են, որ «ժողվեն [Յիսուսի] թագաւորութենէն բոլոր գայթակղութիւնները եւ զանոնք, որ անօրէնութիւն կը գործեն» (Մատ. 13։39-41)։ Թերեւս ուրիշ հրեշտակներ ալ երկինք «պիտի ժողվեն [Յիսուսի] ընտրեալները» (Մատ. 24։31)։ Իսկ ուրիշ հրեշտակներու ալ հրաման տրուած է, որ ‘մեր բոլոր ճամբաներուն մէջ մեզ պահեն’ (Սաղ. 91։11. Մատ. 18։10. համեմատէ՛ Մատթէոս 4։11. Ղուկ. 22։43)։
Ա. Տիմոթէոս 5։21–ին մէջ յիշուած «ընտրեալ հրեշտակներ»ը հաւանաբար հրեշտակներ էին, որոնց նշանակուած էին ժողովքներուն հետ կապ ունեցող յատուկ պարտականութիւններ։ Նոյն գլուխին մէջ, Պօղոս իմաստուն խրատներ տուաւ, թէ երէցները ինչպէս ձեռք պէտք է առնեն իրենց պատասխանատուութիւնները եւ թէ ժողովքը պէտք է յարգէ զիրենք։ Ան նաեւ ըսաւ որ երէցները իրենց պատասխանատուութիւնները պէտք է ընեն «առանց նախապաշարումի» կամ ‘աչառութեան’, եւ պէտք է որոշումներ առնելէ առաջ լրջօրէն մտածեն։ Ետքը, Պօղոս շատ կարեւոր պատճառ մը տուաւ որ երէցները այս ներշնչուած խրատին հետեւին։ Ան ըսաւ որ անոնք ‘Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսին ու ընտրեալ հրեշտակներուն’ առջեւ կը ծառայեն։ Այսինքն՝ Եհովան, Յիսուսը եւ «ընտրեալ հրեշտակներ»ը կը դիտեն, թէ երէցները ինչպէ՛ս հոգ կը տանին ժողովքին։ Հետեւաբար, յստակ է թէ կարգ մը հրեշտակներ նշանակուած են, որ ժողովքներուն օգնեն։ Օրինակ, անոնք Աստուծոյ ծառաները կը պաշտպանեն, անոնց կ’օգնեն որ քարոզեն եւ իրենց տեսած բաները Եհովային կը պատմեն (Մատ. 18։10. Յայտ. 14։6)։