Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 50

«Դուն ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս»

«Դուն ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս»

«Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի այսօր, ‘Դուն ինծի հետ Դրախտին մէջ պիտի ըլլաս’» (ՂՈՒԿ. 23։43ՆԱ

ԵՐԳ 19 Եհովա Աստուծոյ խոստացած դրախտը

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1. Յիսուս մեռնելէն քիչ առաջ ի՞նչ ըսաւ իր կողքին եղող չարագործներէն մէկուն (Ղուկաս 23։39-43

 ՅԻՍՈՒՍ եւ իր կողքին եղող երկու չարագործները դանդաղօրէն կը մեռնէին (Ղուկ. 23։32, 33)։ Անոնք երկուքն ալ Յիսուսի մասին գէշ կերպով խօսած էին, անոր համար յստակ է որ իր աշակերտները չէին (Մատ. 27։44. Մար. 15։32)։ Բայց անոնցմէ մէկուն սրտին վիճակը փոխուեցաւ։ Ան ըսաւ. «Տէ՛ր, յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութիւնովդ գաս»։ Յիսուս պատասխանեց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի այսօր, ‘Դուն ինծի հետ Դրախտին մէջ պիտի ըլլաս’» (ՆԱ) (կարդա՛ Ղուկաս 23։39-43)։ Փաստեր չկան որ այս չարագործը ընդունած էր ‘երկնքի թագաւորութեան’ մասին պատգամը, որ Յիսուս քարոզեց իր ծառայութեան ընթացքին։ Յիսուս ինքն ալ չըսաւ, որ այս մարդը Թագաւորութիւնը պիտի մտնէր (Մատ. 4։17)։ Յիսուս կը խօսէր գալիք երկրային Դրախտին մասին։ Ինչո՞ւ կրնանք այդպէս ըսել։

Ի՞նչ կրնանք եզրակացնել Յիսուսին հետ խօսող չարագործին մասին եւ իր գիտցածին մասին (տե՛ս պարբ. 2-3)

2. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, որ զղջացած չարագործը հրեայ էր։

2 Զղջացած չարագործը հաւանաբար հրեայ էր։ Ան միւս չարագործին ըսաւ. «Դուն Աստուծմէ չե՞ս վախնար, որովհետեւ նոյն դատապարտութեան մէջ ես» (Ղուկ. 23։40)։ Հրեաները մէկ Աստուած կը պաշտէին, իսկ ուրիշ ազգերէ եղող մարդիկը շատ մը աստուածներ կը պաշտէին (Ել. 20։2, 3. Ա. Կոր. 8։5, 6)։ Եթէ այդ երկու չարագործները ուրիշ ազգերէ ըլլային, հարցումը կրնար ըլլալ այսպէս. «Դուն աստուածներէն չե՞ս վախնար»։ Ատկէ զատ, Յիսուս ղրկուած էր ոչ թէ ուրիշ ազգերէ եղող մարդոց, հապա «Իսրայէլի տանը կորսուած ոչխարներուն» (Մատ. 15։24)։ Աստուած իսրայէլացիներուն յայտնած էր, որ մեռելներուն յարութիւն պիտի տայ։ Թերեւս զղջացած չարագործը ասոր մասին գիտէր, եւ ինչպէս իր խօսքերէն յայտնի է, ան կը մտածէր որ Եհովան Յիսուսին յարութիւն պիտի տայ, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ իշխէ։ Այնպէս կ’երեւի որ չարագործը յուսաց որ Աստուած իրեն ալ յարութիւն տայ։

3. Հաւանաբար զղջացող չարագործին միտքը ի՞նչ եկաւ, երբ Յիսուս Դրախտը նշեց. բացատրէ (Ծննդոց 2։15

3 Հրեայ ըլլալով, զղջացած չարագործը վստահաբար գիտէր Ադամին ու Եւային մասին եւ այն Դրախտին մասին, ուր Եհովան զիրենք դրած էր։ Անոր համար այդ չարագործը հաւանաբար կը հաւատար, որ Յիսուսի նշած Դրախտը երկրի վրայ գեղեցիկ պարտէզ մը պիտի ըլլար (կարդա՛ Ծննդոց 2։15

4. Չարագործներէն մէկուն ուղղուած Յիսուսին խօսքերը մեզ պէտք է մղեն որ ի՞նչ բանի մասին մտածենք։

4 Չարագործին ուղղուած Յիսուսի խօսքերը մեզ պէտք է մղեն որ մտածենք, թէ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ Դրախտին մէջ։ Իրականութեան մէջ, բան մը կրնանք սորվիլ Դրախտին մասին, նկատի առնելով Սողոմոն թագաւորի իշխանութեան ներքեւ տիրած խաղաղ պայմանները։ Եւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Յիսուս՝ Սողոմոնէն աւելի մեծ եղողը, եւ իր իշխանակիցները երկրի վրայ հիանալի պայմաններ պիտի հաստատեն (Մատ. 12։42)։ Բնական է որ «ուրիշ ոչխարներ»ը պէ՛տք է որ հետաքրքրուած ըլլան թէ ի՛նչ պէտք է ընեն, որպէսզի իրենց թոյլատրուի Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրիլ (Յովհ. 10։16

ԴՐԱԽՏԻՆ ՄԷՋ ԿԵԱՆՔԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ

5. Քու կարծիքովդ, Դրախտին մէջ կեանքը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ։

5 Միտքդ ի՞նչ կու գայ, երբ Դրախտին մասին կը մտածես։ Թերեւս կ’երեւակայես Եդեմի պարտէզին պէս գեղեցիկ պարտէզ մը (Ծն. 2։7-9)։ Թերեւս միտքդ գայ այն մարգարէութիւնը, որ Միքիան արձանագրեց Աստուծոյ ժողովուրդին մասին, որ անոնցմէ ամէն մէկը «իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ պիտի նստի» (Միք. 4։3, 4)։ Նաեւ թերեւս յիշես Աստուածաշունչին մէջ համարներ, որոնք կ’ըսեն, որ առատ ուտելիք պիտի ըլլայ (Սաղ. 72։16. Եսա. 65։21, 22)։ Ուրեմն, թերեւս դուն քեզի երեւակայես գեղեցիկ պարտէզի մը մէջ եւ առջեւդ՝ համեղ ուտելիքներով լեցուն սեղան մը։ Օդը լեցուած է բոյսերու եւ ծաղիկներու անուշ հոտով։ Եւ շատ հաւանաբար կը լսես ընտանիքիդ ու բարեկամներուդ,– մէջը ըլլալով յարութիւն առնողները,– ուրախ խնդուքը։ Ասոնք պարզապէս երազ մը չեն։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ այս բոլոր բաները պիտի կատարուին երկրի վրայ։ Բայց Դրախտին մէջ նաեւ հաճելի գործ մը պիտի ունենանք։

Յարութիւն առնողներուն սորվեցնելու կարեւոր գործը պիտի ունենանք (տե՛ս պարբ. 6)

6. Դրախտին մէջ ինչե՞ր պիտի ընենք (տե՛ս նկարը)։

6 Եհովան մեզ այնպէս մը ստեղծած է, որ մեր գործէն հաճոյք առնենք (Ժող. 2։24)։ Օրինակ, մեծ նեղութենէն վերապրողները, ինչպէս նաեւ միլիոնաւոր յարութիւն առնողները, ուտելիքի եւ բնակարանի պէտք պիտի ունենան։ Ատոնք ապահովելու համար, պէտք պիտի ըլլայ որ շատ աշխատինք եւ ատիկա հաճոյքով պիտի ընենք։ Եւ ճիշդ ինչպէս որ Ադամն ու Եւան պէտք էր մշակէին իրենց դրախտային տունը, մենք ալ առանձնաշնորհումը պիտի ունենանք երկիրը Դրախտ դարձնելու։ Երեւակայէ թէ ի՛նչ հաճելի պիտի ըլլայ սորվեցնել միլիոնաւոր յարութիւն առնողներու, որոնք քիչ բան գիտեն Եհովային եւ իր նպատակին մասին, ինչպէս նաեւ՝ օգնել որ Յիսուսէն առաջ ապրած հաւատարիմներ սորվին, թէ իրենց մեռնելէն ետք ինչե՜ր եղան։

7. Ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ, եւ ինչո՞ւ։

7 Կրնանք վստահ ըլլալ, որ երբ Դրախտին մէջ ըլլանք, խաղաղութեան մէջ պիտի ապրինք, մեզի պէտք եղած ամէն բան պիտի ունենանք եւ լաւ կազմակերպուած պիտի ըլլանք։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսենք։ Քանի որ Եհովան արդէն օրինակով մը մեզի ցոյց տուած է, որ իր Որդիին իշխանութեան ներքեւ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ։ Ասիկա կը տեսնենք, նկատի առնելով Սողոմոն թագաւորին իշխանութիւնը։

ՍՈՂՈՄՈՆԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԳԱՂԱՓԱՐ ՄԸ ԿՈՒ ՏԱՅ ԴՐԱԽՏԻՆ ՄԱՍԻՆ

8. Ինչպէ՞ս կատարուեցան Սաղմոս 37։10, 11, 29–ի խօսքերը, Դաւիթ թագաւոր զանոնք գրելէ ետք (տե՛ս «Հարցումներ ընթերցողներէն» յօդուածը այս թիւին մէջ)։

8 Դաւիթ թագաւոր ներշնչմամբ գրեց, թէ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլար, երբ իմաստուն եւ հաւատարիմ թագաւոր մը ապագային իշխէր (կարդա՛ Սաղմոս 37։10, 11, 29)։ Յաճախ Սաղմոս 37։11–ը կը կարդանք, երբ մարդոց կը խօսինք գալիք Դրախտին մասին։ Ատիկա տեղին է, քանի որ Յիսուս այդ համարը մէջբերեց իր Լերան քարոզին մէջ, ցոյց տալով որ այդ խոստումը ապագային պիտի կատարուի (Մատ. 5։5)։ Բայց Դաւիթին խօսքերը նաեւ յայտնեցին, թէ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլար Սողոմոն թագաւորին օրերուն։ Երբ Սողոմոն Իսրայէլի վրայ կ’իշխէր, Աստուծոյ ժողովուրդը յատուկ խաղաղութիւն եւ առատութիւն կը վայելէր այն երկրին մէջ, ուր ‘կաթ ու մեղր կը բղխէր’։ Աստուած ըսած էր. «Եթէ իմ կանոններովս քալէք. . . խաղաղութիւն պիտի տամ երկրին ու հանգիստ պիտի պառկիք եւ վախցնող մը պիտի չըլլայ» (Ղեւ. 20։24. 26։3, 6)։ Այդ խոստումները Սողոմոնին իշխանութեան ներքեւ կատարուեցան (Ա. Մն. 22։9. 29։26-28)։ Եւ Եհովան խոստացած էր, որ չար մարդիկը ‘պիտի չքանային’, այսինքն՝ պիտի չըլլային (Սաղ. 37։10)։ Ուրեմն, Սաղմոս 37։10, 11, 29–ին մէջ գտնուող խօսքերը թէ՛ անցեալին կատարուեցան եւ թէ ապագային պիտի կատարուին։

9. Սաբայի թագուհին Սողոմոն թագաւորի իշխանութեան մասին ի՞նչ ըսաւ։

9 Սաբայի թագուհին լսեց այն խաղաղութեան եւ առատութեան մասին, որ իսրայէլ ազգը կը վայելէր Սողոմոն թագաւորին իշխանութեան տակ։ Ան շատ հեռաւոր վայրէ մը ճամբորդած էր դէպի Երուսաղէմ, որպէսզի անձամբ համոզուէր որ ինչ որ լսած էր ճիշդ էր (Գ. Թագ. 10։1)։ Երկրին վիճակը տեսնելէ ետք, ան ըսաւ. «Ինծի ասոր կէսը պատմած չէին. . . ։ Երանի՜ քու մարդոցդ, երանի՜ այս քու ծառաներուդ՝ որոնք միշտ քու առջեւդ կենալով՝ քու իմաստութիւնդ կը լսեն» (Գ. Թագ. 10։6-8)։ Բայց Սողոմոնի իշխանութեան ներքեւ տիրած պայմանները միայն պզտիկ գաղափար մը կու տան, թէ Եհովան մարդկութեան համար ի՛նչ պիտի ընէ իր Որդիին՝ Յիսուսին իշխանութեան ներքեւ։

10. Ի՞նչ կերպերով Յիսուս Սողոմոնէն աւելի լաւ է։

10 Յիսուս Սողոմոնէն ամէն առումով շա՜տ աւելի լաւ է։ Սողոմոն անկատար էր եւ լուրջ սխալներ ըրաւ, որոնց պատճառով Աստուծոյ ժողովուրդը մեծ դժուարութիւններու առջեւ գտնուեցաւ։ Անոր հակառակը, Յիսուս կատարեալ Կառավարիչ մըն է, որ բնա՛ւ չի սխալիր (Ղուկ. 1։32. Եբ. 4։14, 15)։ Յիսուս Սատանային երեսէն վերջին ծայր դժուար փորձութիւններէ անցաւ, բայց հաւատարիմ մնաց։ Ան փաստած է որ բնա՛ւ մեղք պիտի չգործէ կամ պիտի չընէ բան մը, որ իր հաւատարիմ հպատակներուն կը վնասէ։ Անոր համար, պատիւ է այդպիսի Թագաւոր ունենալ։

11. Որո՞նք Յիսուսին պիտի օգնեն իր իշխանութեան մէջ։

11 Յիսուսի հետ պիտի ծառայեն 144,000 իշխանակիցներ, որոնք մարդկութեան հոգ պիտի տանին եւ երկրի նկատմամբ Եհովայի նպատակը պիտի կատարեն (Յայտ. 14։1-3)։ Անոնք տղամարդիկ ու կիներ եղած ատեն շատ փորձութիւններէ եւ չարչարանքէ անցան, անոր համար պիտի կարենան մեզի հետ զգալ։ Այս իշխանակիցները ճիշդ ի՞նչ պիտի ընեն։

ՕԾԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ԴԵՐԸ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ

12. Եհովան 144,000–ին ի՞նչ նշանակում պիտի տայ։

12 Յիսուսին եւ իր իշխանակիցներուն նշանակուած գործը շա՜տ աւելի մեծ պիտի ըլլայ, քան Սողոմոնին գործը։ Այդ իսրայէլացի թագաւորը պէտք էր հոգ տանէր միայն մէկ երկրի մէջ գտնուող միլիոնաւոր մարդոց։ Բայց Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ իշխողները հոգ պիտի տանին ամբողջ աշխարհի մէջ գտնուող միլիառաւոր մարդոց։ Եհովան 144,000–ին ի՜նչ հիանալի առանձնաշնորհում կու տայ։

13. Յիսուսին իշխանակիցները ի՞նչ յատուկ դեր ունին։

13 Յիսուսին պէս, 144,000–ը թագաւորներ ու քահանաներ պիտի ըլլան (Յայտ. 5։10)։ Մովսիսական օրէնքին տակ, քահանաները գլխաւորաբար պատասխանատու էին ժողովուրդին թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ հոգեւոր առողջութիւնը պաշտպանելու։ Օրէնքը «գալիք բարիքներուն շուքն է», ուրեմն կրնանք եզրակացնել, որ Յիսուսին իշխանակիցները իրեն պիտի օգնեն Աստուծոյ ժողովուրդին ֆիզիքական ու հոգեւոր պէտքերը հոգալու (Եբ. 10։1)։ Պիտի սպասենք ու տեսնենք, թէ այս թագաւորներն ու քահանաները երկրի վրայ Թագաւորութեան հպատակներուն հետ ճիշդ ինչպէ՛ս կապ պիտի պահեն։ Եհովան ի՛նչ կարգադրութիւն ալ ընէ, կրնանք վստահ ըլլալ որ գալիք Դրախտին մէջ երկրի բնակիչներուն պէտք եղած առաջնորդութիւնը պիտի տրուի (Յայտ. 21։3, 4

«ՈՒՐԻՇ ՈՉԽԱՐՆԵՐ»Ը Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԸՆԵՆ ԴՐԱԽՏԻՆ ՄԷՋ ԱՊՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

14. «Ուրիշ ոչխարներ»ուն եւ Քրիստոսի եղբայրներուն միջեւ կապը ի՞նչ է։

14 Յիսուս իր իշխանակիցներուն մասին խօսեցաւ որպէս «պզտիկ հօտ» (Ղուկ. 12։32)։ Ան նաեւ խօսեցաւ երկրորդ խումբի մը մասին, որ կոչեց «ուրիշ ոչխարներ»։ Երկու խումբերն ալ մէկ միացած հօտ կը կազմեն (Յովհ. 10։16)։ Անոնք արդէն միասին կ’աշխատին եւ պիտի շարունակեն միասին աշխատիլ, երբ երկիրը Դրախտ դառնայ։ Այն ատեն, անշուշտ «պզտիկ հօտ»ը երկինքին մէջ պիտի ըլլայ, իսկ «ուրիշ ոչխարներ»ը երկրի վրայ պիտի ըլլան՝ յաւիտեան ապրելու յոյսով։ Բայց կան բաներ, որոնք «ուրիշ ոչխարներ»ը պէտք է հիմա՛ ընեն, որպէսզի իրենց թոյլ տրուի որ Դրախտին մէջ ապրին։

Հիմակուընէ կրնանք ցոյց տալ, որ գալիք Դրախտին մէջ ապրելու կը պատրաստուինք (տե՛ս պարբ. 15) b

15. ա) «Ուրիշ ոչխարներ»ը ինչպէ՞ս կ’աշխատին Քրիստոսի եղբայրներուն հետ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնաս խանութին մէջ եղող եղբօր պէս ընել (տե՛ս նկարը)։

15 Զղջացող չարագործը չհասաւ Յիսուսին հանդէպ իր գնահատանքը լման կերպով ցոյց տալու։ Անդին, մենք՝ «ուրիշ ոչխարներ»ս շատ առիթներ ունինք Յիսուսին հանդէպ մեր զգացումները ցոյց տալու։ Օրինակ, իրեն հանդէպ մեր սէրը ցոյց կու տանք, իր օծեալ եղբայրներուն հետ մեր վարուած կերպով։ Յիսուս ըսաւ որ ոչխարները պիտի դատէր այդ բանին հիման վրայ (Մատ. 25։31-40)։ Մենք կրնանք Քրիստոսի եղբայրներուն թիկունք կանգնիլ, նախանձախնդրօրէն իրենց օգնելով քարոզելու եւ սորվեցնելու գործին մէջ (Մատ. 28։18-20)։ Անոր համար, պէտք է լաւ կերպով գործածենք այն հրատարակութիւնները, որոնք մեզի կ’օգնեն որ Աստուածաշունչը մարդոց հետ սերտենք, ինչպէս՝ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքը։ Եթէ հիմա մէկու մը հետ Աստուածաշունչը չես սերտեր, լաւ կ’ըլլայ որ նպատակ դնես Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն առաջարկելու կարելի եղածին չափ շատ մարդոց։

16. Ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակները ըլլանք։

16 Մենք պէտք չունինք սպասելու որ Դրախտին մէջ ըլլանք, որպէսզի ըլլանք այնպիսի անհատներ, որոնք Եհովան կը հաւնի։ Հիմակուընէ իսկ կրնանք ջանք ընել որ պարկեշտ ըլլանք մեր խօսքերով ու գործերով, եւ հաւասարակշռուած կեանք վարենք։ Եւ կրնանք ջանք թափել որ Եհովային, մեր կողակիցին ու հաւատակիցներուն հաւատարիմ մնանք։ Ո՛րքան աւելի ձգտինք ապրիլ Եհովայի չափանիշներուն համաձայն այս չար աշխարհին մէջ, ա՛յնքան աւելի դիւրին պիտի ըլլայ ատոնց համաձայն ապրիլ Դրախտին մէջ։ Նաեւ կրնանք զարգացնել ձիրքեր ու հմտութիւններ, ցոյց տալու համար որ կը պատրաստուինք հոն ապրելու։ Տե՛ս «Պատրա՞ստ ես ‘երկիրը ժառանգելու’» յօդուածը այս թիւին մէջ։

17. Պէ՞տք է ընկճուինք անցեալին մեր գործած մեղքերուն պատճառաւ. բացատրէ։

17 Նաեւ պէտք է ջանք ընենք, որ այլեւս յանցաւոր չզգանք անցեալին մեր գործած լուրջ մեղքերուն պատճառաւ։ Անշուշտ, բնա՛ւ պիտի չուզենք ‘կամաւ [կամ դիտմամբ] մեղք գործել’ եւ մենք մեզ արդարացնել որ փրկանքը ունինք (Եբ. 10։26-31)։ Բայց կրնանք վստահ ըլլալ, որ եթէ մեր գործած մեղքին պատճառաւ լրջօրէն զղջացած ենք, Եհովայէն ու երէցներէն օգնութիւն խնդրած ենք եւ մեր վարքը փոխած ենք, Եհովան մեզի առատապէս ներած է (Եսա. 55։7. Գործք 3։19)։ Յիշէ թէ Յիսուս փարիսեցիներուն ըսաւ. «Ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա մեղաւորները ապաշխարութեան» (Մատ. 9։13)։ Փրկանքը այնքա՛ն զօրաւոր է որ կրնայ մեր բոլոր մեղքերը քաւել։

ԿՐՆԱՍ ՅԱՒԻՏԵԱՆ ԱՊՐԻԼ ԴՐԱԽՏԻՆ ՄԷՋ

18. Ինչի՞ մասին կ’ուզէիր խօսիլ Յիսուսի կողքին եղած չարագործին հետ։

18 Երեւակայէ թէ Դրախտին մէջ կը խօսիս այն չարագործին հետ, որ Յիսուսին հետ խօսեցաւ։ Անկասկած, երկուքդ ալ պիտի ըսէք թէ որքա՛ն շնորհակալ էք Յիսուսի փրկանքին համար։ Հաւանաբար պիտի ուզես իրմէ խնդրել որ քեզի պատմէ երկրի վրայ Յիսուսի կեանքին վերջին ժամերուն մասին եւ թէ ի՛նչ զգաց, երբ Յիսուս իր խնդրանքին պատասխանեց։ Թերեւս ինքն ալ իր կարգին քեզի հարցնէ, թէ ինչպէ՛ս էր կեանքը Սատանայի աշխարհին վերջին օրերուն ընթացքին։ Իրաւ, ինչ մե՜ծ պատիւ պիտի ըլլայ Աստուծոյ Խօսքը սերտել այդպիսի մարդոց հետ (Եփ. 4։22-24

Հազարամեային ընթացքին, եղբայր մը կ’ուրախանայ որ ի վերջոյ կրնայ զարգացնել գծելու իր տաղանդը (տե՛ս պարբ. 19)

19. Ինչո՞ւ Դրախտին մէջ կեանքը ձանձրացուցիչ պիտի չըլլայ (տե՛ս կողքին նկարը)։

19 Դրախտին մէջ կեանքը բնաւ ձանձրացուցիչ պիտի չըլլայ։ Միշտ պիտի ծանօթանանք հետաքրքրական մարդոց եւ պիտի ունենանք գոհացուցիչ գործ։ Եւ ամէնէն աղուոր բանը այն է, որ ամէն մէկ օր պիտի կարենանք մեր երկնաւոր Հայրը աւելի լաւ ճանչնալ եւ իր տուած բաները վայելել։ Մենք պիտի չդադրինք իր մասին նոր բաներ գիտնալէ, եւ իր ստեղծագործութեան մասին շատ բաներ պիտի սորվինք։ Ո՛րքան աւելի ապրինք, ա՛յնքան աւելի պիտի սիրենք Աստուած։ Մենք շատ շնորհակալ ենք Եհովային եւ Յիսուսին, որ մեզի յաւիտեան ապրելու խոստումը տուած են։

ԵՐԳ 136 Թագաւորութիւնը կ’իշխէ. կ’աղօթենք՝ «Թող գա՛յ»

a Արդեօք յաճախ կը մտածե՞ս թէ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ Դրախտին մէջ։ Այդպէս մտածելը քաջալերական է։ Ո՛րքան աւելի մտածենք մեզի համար Եհովայի պատրաստած բաներուն մասին, ա՛յնքան աւելի խանդավառութեամբ մարդոց պիտի խօսինք նոր աշխարհին մասին։ Այս յօդուածը պիտի օգնէ, որ մեր հաւատքը զօրանայ գալիք Դրախտին մասին Յիսուսի տուած խոստումին հանդէպ։

b ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը, որ յոյս ունի որ յարութիւն առնողներուն սորվեցնէ, արդէն հիմակուընէ ուրիշներուն կը սորվեցնէ։