ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 52
Ուրիշներուն օգնէ որ դժուար ժամանակներուն տոկան
«Երբ ձեռքէդ աղէկութիւն ընել կու գայ, կարօտ եղողէն մի՛ խնայեր զանիկա» (ԱՌ. 3։27)։
ԵՐԳ 123 Հովիւները պարգեւներ են
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a
1. Եհովան յաճախ ինչպէ՞ս կը պատասխանէ իր ծառաներուն աղօթքներուն։
ԳԻՏԷԻ՞Ր որ Եհովան կրնայ քեզ գործածել, որպէսզի մէկու մը ջերմեռանդ աղօթքին պատասխանէ։ Դուն կրնաս օգնել, ըլլա՛ս երէց, օգնական ծառայ, ռահվիրայ, հրատարակիչ, երիտասարդ կամ տարեց, եւ քոյր կամ եղբայր։ Երբ Եհովան սիրող մէկը իրմէ օգնութիւն կը խնդրէ, Եհովան կը գործածէ երէցները եւ ուրիշ հաւատարիմ ծառաներ, որպէսզի «մխիթարութիւն» ըլլան այդ անձին (Կող. 4։11)։ Ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում է՝ այդ կերպով ծառայել Եհովային եւ մեր եղբայրներուն։ Ատիկա ընելու առիթ կը բացուի, երբ հիւանդութիւն մը տարածուի, աղէտ մը ըլլայ կամ հալածանք սկսի։
ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԷ, ԵՐԲ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏԱՐԱԾՈՒԻ
2. Ինչո՞ւ կրնայ դժուար ըլլալ ուրիշներուն օգնել, երբ հիւանդութիւն մը տարածուի։
2 Հիւանդութիւն մը տարածուելու ատեն, իրարու օգնելը կրնայ դժուար ըլլալ։ Օրինակ, թերեւս կ’ուզենք մեր բարեկամներուն այցելել, բայց ատիկա ընելը ապահով չէ։ Կամ թերեւս կ’ուզենք ճաշի հրաւիրել անոնք, որոնց նիւթական պայմանները լաւ չեն, բայց ատիկա ալ կարելի չէ։ Կամ ալ թերեւս կ’ուզենք ուրիշներուն օգնել, բայց ատիկա կրնայ դժուար ըլլալ, եթէ մեր ընտանիքն ալ օգնութեան պէտք ունի։ Բայց տակաւին կ’ուզենք մեր եղբայրներուն օգնել, եւ Եհովան կ’ուրախանայ, երբ իրենց համար մեր ամէն կարելին կ’ընենք (Առ. 3։27. 19։17)։ Ի՞նչ կրնանք ընել։
3. Ի՞նչ կը սորվինք Տէզիին ժողովքի երէցներուն օրինակէն (Երեմիա 23։4)։
3 Երէցները ի՞նչ կրնան ընել։ Եթէ երէց ես, հօտը լաւ ճանչցիր (կարդա՛ Երեմիա 23։4)։ Տէզին b, նախորդ յօդուածին մէջ յիշուած քոյրը, կ’ըսէ. «Ծառայութեան խումբիս երէցները ինծի եւ ուրիշներուն հետ ծառայութեան կ’ելլէին եւ մեզի կը միանային, երբ ընկերային յայտագիրներ կ’ունենայինք»։ Ասիկա այդ հովիւներուն դիւրացուց Տէզիին օգնելը, երբ ՔՈՎԻՏ–19 տարածուեցաւ եւ ան այդ պատճառաւ ընտանիքի անդամներ կորսնցուց։
4. Երէցները ինչո՞ւ կրցան Տէզիին օգնել, եւ ի՞նչ դաս կը սորվինք։
4 Տէզին կը բացատրէ. «Քանի որ երէցները իմ բարեկամներս էին, ինծի համար դիւրին էր իրենց պատմել, թէ ի՛նչ կը զգայի եւ թէ ի՛նչ մտահոգութիւններ ունէի»։ Ի՞նչ է դասը երէցներուն համար։ Ձեր հոգատարութեան տակ եղողները հովուեցէք նեղութիւն մը ըլլալէ առաջ։ Անոնց բարեկամ եղէք։ Եթէ հիւանդութիւն մը տարածուած է, որուն պատճառաւ չէք կրնար անձամբ այցելել, ուրիշ կերպերով կապի մէջ մտէք։ «Ատեններ, նոյն օրուան մէջ քանի մը երէցներ ինծի մէսըճներ ղրկեցին», կ’ըսէ Տէզին։ «Անոնց բաժնած համարները սրտիս դպան, հակառակ անոր որ այդ համարները լաւ գիտէի»։
5. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան գիտնալ, թէ եղբայրներն ու քոյրերը ինչի՞ պէտք ունին, եւ իրենց օգնել։
5 Կրնաս փափկանկատ հարցումներ հարցնել որպէսզի գիտնաս, թէ եղբայրներդ ու քոյրերդ ինչի՛ պէտք ունին (Առ. 20։5)։ Անոնք բաւարար ուտելիք, դեղեր եւ ուրիշ ապրանքներ ունի՞ն։ Կրնա՞յ ըլլալ որ անոնք իրենց գործը կամ նոյնիսկ տունը պիտի կորսնցնեն։ Արդեօք անոնք մեր օգնութեան պէտք ունի՞ն, որպէսզի կառավարութեան դիմեն օգնութեան համար։ Տէզիին հաւատակիցները իրեն օգնեցին դրամական գետնի վրայ։ Բայց երէցներուն ցոյց տուած սէրն ու աստուածաշնչական քաջալերութիւնը ամէնէն շատ իրեն օգնեցին։ Ան կ’ըսէ. «Երէցները ինծի հետ աղօթեցին։ Ճիշդ է որ չեմ յիշեր թէ ճիշդ ի՛նչ ըսին, բայց կը յիշեմ թէ ի՛նչ զգացի։ Կարծես թէ Եհովան կ’ըսէր. ‘Դուն մինակ չես’» (Եսա. 41։10, 13)։
6. Ժողովքին մէջ շատեր ի՞նչ կրնան ընել ուրիշներուն օգնելու համար (տե՛ս նկարը)։
6 Ուրիշները ի՞նչ կրնան ընել։ Մենք կ’ակնկալենք որ երէցները ժողովքի եղբայրներուն ու քոյրերուն հոգ տանին, բայց Եհովան կ’ուզէ որ բոլորս ուրիշներուն օգնենք ու քաջալերենք (Գաղ. 6։10)։ Նոյնիսկ եթէ պզտիկ կերպով մը մեր սէրը արտայայտենք, ատիկա կրնայ մեծ ազդեցութիւն ձգել հիւանդ մէկու մը վրայ։ Պզտիկ մը կրնայ քարտ կամ գծագրութիւն ղրկել՝ եղբայր մը քաջալերելու համար։ Պատանի մը կրնայ քրոջ մը համար շուկայի գնումները ընել կամ դուրսի գործ մը ընել։ Նաեւ, կարելի է ճաշ մը պատրաստել եւ դնել հիւանդ մէկու մը տան առջեւ։ Անշուշտ երբ համավարակ կայ, ժողովքին մէջ ամէն մարդ քաջալերութեան պէտք ունի։ Կրնանք ժողովէն ետք երկար մնալ եւ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ ընկերակցիլ, ըլլա՛յ ատիկա սրահին մէջ կամ վիտէոյով։ Եւ անշուշտ երէցներն ալ քաջալերութեան պէտք ունին։ Ոմանք շնորհակալական նամակ մը ղրկած են երէցներուն, որոնք յաճախ հիւանդութիւն մը տարածուելու ատեն որեւէ ժամանակէ աւելի զբաղած կ’ըլլան։ Ի՜նչ աղուոր է, երբ մենք մեր կարգին կը շարունակենք ‘մէկզմէկ մխիթարել եւ իրարու օգնել’ (Ա. Թես. 5։11)։
ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԷ ԱՂԷՏԻ ԱՏԵՆ
7. Աղէտէ մը ետք, ի՞նչ բան կրնայ դժուար ըլլալ։
7 Աղէտը կրնայ մէկ վայրկեանուան մէջ մէկու մը կեանքը տակնուվրայ ընել։ Աղէտի զոհ գացողները կրնան իրենց ստացուածքները, տունը կամ նոյնիսկ սիրած անհատները կորսնցնել։ Մեր եղբայրներն ու քոյրերը այս ցաւալի դէպքերէն պաշտպանուած չեն։ Լաւ, ի՞նչ կրնանք ընել որ իրենց օգնենք։
8. Երէցները եւ ընտանիքի գլուխները ի՞նչ կրնան ընել աղէտ մը հարուածելէն առաջ։
8 Երէցները ի՞նչ կրնան ընել։ Երէցնե՛ր, եղբայրներուն օգնեցէք որ նախապատրաստուին աղէտ ըլլալէ առաջ։ Կարգադրութիւններ ըրէք որպէսզի ժողովքին մէջ բոլորը գիտնան, թէ ի՛նչ քայլեր պէտք է առնեն որ ապահով մնան եւ երէցներուն հետ կապ պահեն։ Նախորդ յօդուածին մէջ յիշուած Մարկրէթը կ’ըսէ. «Մեր երէցները տեղական կարիքներ բաժինին մէջ մեզ զգուշացուցին, որ տակաւին վտանգ կար որ շրջանը կրակ առնէր։ Անոնք ըսին, որ եթէ իշխանութիւնները ըսեն որ պէտք է փախչինք կամ եթէ պարագան վտանգաւոր դառնայ, պէտք է անմիջապէս քալենք»։ Այդ տեղեկութիւնը տեղին էր, քանի որ հինգ շաբաթ ետք հրդեհ բռնկեցաւ եւ մնալը վտանգաւոր էր։ Ընտանեկան պաշտամունքի ատեն ընտանիքի գլուխները կրնան նկատի առնել, թէ ընտանիքի ամէն մէկ անդամ ի՛նչ պէտք է ընէ։ Եթէ դուն եւ զաւակներդ պատրաստուած ըլլաք, աւելի հաւանական է որ աղէտի ատեն հանդարտ մնաք։
9. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան իրենց գործը կազմակերպել աղէտէ մը առաջ ու ետք։
9 Եթէ խումբի տեսուչ ես, մի՛ սպասեր որ աղէտ մը ըլլայ, որպէսզի խումբիդ անդամներուն ճիշդ հեռաձայնի թիւերն ու հասցէները ունենաս։ Ցանկ մը ըրէ եւ միշտ ստուգէ եթէ անոր մէջի տեղեկութիւնները չեն փոխուած։ Այդպէս, երբ աղէտ մը ըլլայ, պիտի կարենաս ամէն մէկ հրատարակիչին հետ կապ պահել եւ գիտնալ թէ ի՛նչ բանի պէտք ունի։ Ինչ որ կը գիտնաս, անմիջապէս տեղեկացուր երէցներու մարմինի համակարգողին, որ ինքն ալ իր կարգին շրջանային տեսուչին հետ կապ պիտի պահէ։ Այս հաւաքական ջանքերը շատ մեծ տարբերութիւն պիտի ընեն։ Հրդեհ բռնկելէն ետք, Մարկրէթի շրջանային տեսուչը 36 ժամ արթուն մնաց՝ կազմակերպելով եղբայրներուն գործը, մինչ անոնք կապ կը պահէին շուրջ 450 տեղահանուած եղբայրներու ու քոյրերու հետ եւ անոնց կը հոգային (Բ. Կոր. 11։27)։ Այսպէս, բնակարան ապահովուեցաւ բոլոր անոնց, որոնք մնալու տեղ կը փնտռէին։
10. Երէցները ինչո՞ւ հովուական գործը կարեւոր կը սեպեն (Յովհաննէս 21։15)։
10 Երէցները պատասխանատուութիւնը ունին Աստուածաշունչին հիման վրայ քաջալերելու եղբայրներն ու քոյրերը եւ օգնելու անոնց, որոնք ընկճուած են (Ա. Պետ. 5։2)։ Երբ աղէտ մը հարուածէ, երէցները նա՛խ պէտք է վստահ ըլլան, որ ամէն մէկ եղբայր եւ քոյր ապահով է եւ ունի ուտելիք, հագուելիք եւ բնակարան։ Բայց անկէ ետք, աղէտէն ազատողները հաւանաբար ամիսներով պէտք պիտի ունենան հոգեւոր եւ զգացական օգնութեան (կարդա՛ Յովհաննէս 21։15)։ Հարոլտ, որ որպէս Մասնաճիւղի յանձնախումբի մէկ անդամ կը ծառայէ եւ աղէտէ տուժած շատ մը եղբայրներու ու քոյրերու ծանօթացած է, կ’ըսէ. «Ժամանակ կ’առնէ, որ մէկը ինքզինքը գտնէ։ Թերեւս անոնք սկսին իրենց կորսնցուցածներուն հետ հաշտուիլ, բայց մեռած սիրելիի մը, թանկարժէք ստացուածքի մը, կամ մահէն ազատելու մասին յիշատակները կրնան շարունակել զիրենք տանջել։ Այդ յիշատակներուն պատճառաւ, անհատը կրնայ կրկին անգամ սգալ։ Ատիկա հաւատքի պակաս չէ, հապա մարդկային բնական զգացում է»։
11. Ընտանիքներ թերեւս շարունակ ի՞նչ պէտքեր ունենան։
11 Երէցնե՛ր, «լացողներուն հետ լացէ՛ք» (Հռով. 12։15)։ Աղէտէ ազատողները թերեւս պէտք ունենան, որ իրենց ըսուի որ Եհովան եւ իրենց եղբայրներն ու քոյրերը տակաւին զիրենք կը սիրեն։ Երէցներ պիտի ուզեն ընտանիքներուն օգնել, որ իրենց հոգեւոր ռութինը պահպանեն, օրինակ՝ աղօթել, սերտել, ժողովներու ներկայ գտնուիլ եւ քարոզչութեան մասնակցիլ։ Երէցները նաեւ կրնան ծնողները քաջալերել որ իրենց զաւակներուն օգնեն, կեդրոնանալու բաներու վրայ, որոնք աղէտը չի կրնար իրենցմէ առնել։ Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակներուն յիշեցուցէք, որ Եհովան միշտ իրենց Բարեկամը պիտի ըլլայ, եւ միշտ իրենց հոգ պիտի տանի։ Եւ անոնց բացատրեցէք, որ միշտ մաս պիտի ըլլան եղբայրներէ ու քոյրերէ կազմուած համաշխարհային ընտանիքի մը, որ պատրաստ է իրենց օգնութեան հասնելու (Ա. Պետ. 2։17)։
12. Ուրիշներ ի՞նչ կրնան ընել աղէտէն ետք օգնելու համար (տե՛ս նկարը)։
12 Ուրիշները ի՞նչ կրնան ընել։ Եթէ աղէտ մը մօտ տեղ մը հարուածէ, երէցներուն հարցուր թէ ինչպէ՛ս կրնաս օգնել։ Թերեւս կրնաս տեղահանուած եղբայրներու կամ շինարարական գործի մասնակցող եղբայրներու ժամանակաւոր բնակարան ապահովել։ Կամ թերեւս կրնաս կարիքաւոր հրատարակիչներու ուտելիք եւ ուրիշ ապրանքներ հասցնել։ Եւ եթէ աղէտ մը հարուածէ աւելի հեռաւոր վայր մը, տակաւին կրնաս օգնել։ Ինչպէ՞ս։ Աղէտէն տուժածներուն համար աղօթելով (Բ. Կոր. 1։8-11)։ Նաեւ կարելիութիւնը ունիս դրամական գետնի վրայ օգնելու, նուիրատուութիւն ընելով համաշխարհային գործին համար (Բ. Կոր. 8։2-5)։ Եթէ կարելիութիւնը ունիս աղէտէ մը ազդուած շրջան մը ճամբորդելու՝ օգնելու նպատակով, երէցներուն հարցուր թէ ի՛նչ կրնաս ընել որ օգնես։ Եթէ հրաւիրուիս օգնելու, հաւանաբար պիտի մարզուիս, որպէսզի կարենաս գործածուիլ ո՛ւր եւ ե՛րբ որ ամէնէն շատ պէտք կայ։
ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԷ ՈՐ ՀԱԼԱԾԱՆՔԻ ՏՈԿԱՆ
13. Մեր եղբայրները ի՞նչ դժուարութիւններէ կ’անցնին այն երկիրներուն մէջ, ուր մեր գործը արգիլուած է։
13 Այն երկիրներուն մէջ, ուր մեր գործը արգիլուած է, հալածանքը կեանքը ա՛լ աւելի կը դժուարացնէ։ Այդ երկիրներուն մէջ ապրող եղբայրները տակաւին տնտեսական դժուարութիւններէ կ’անցնին, կը հիւանդանան եւ սիրելիներ կը կորսնցնեն։ Բայց արգելքին պատճառով, երէցները թերեւս չկարենան փոխադրուիլ կամ ազատօրէն կապ պահել անոնց հետ, որոնք քաջալերութեան պէտք ունին։ Ասիկա պատահեցաւ Անտրէյին հետ, որ նախորդ յօդուածին մէջ յիշուեցաւ։ Իր դաշտի ծառայութեան խումբէն եղող քրոջ մը դրամական վիճակը լաւ չէր։ Մէյ մըն ալ ինքնաշարժի արկած ունեցաւ, որուն պատճառաւ քանի մը գործողութիւններու պէտք ունեցաւ եւ կարող չէր աշխատելու։ Հակառակ մեր գործին արգիլուած ըլլալուն եւ համավարակին, եղբայրները իրենց ամէն կարելին ըրին որ քրոջ օգնեն, եւ Եհովան կը դիտէր։
14. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան Եհովային ապաւինելու մէջ օրինակ ձգել։
14 Երէցները ի՞նչ կրնան ընել։ Անտրէյ աղօթեց եւ իր ձեռքէն եկածը ըրաւ։ Եհովան ինչպէ՞ս պատասխանեց։ Ան տարբեր հաւատակիցներ մղեց որ քրոջ օգնութեան հասնին, քանի որ կրնային ազատօրէն շարժիլ։ Ոմանք քոյրը հասցուցին իր բժշկական ժամադրութիւններուն։ Ուրիշներ ալ իրեն դրամով օգնեցին։ Եհովան զիրենք մղեց, որ իրենց կրցածը ընեն եւ օրհնեց իրենց քաջութիւնն ու հաւաքական ջանքերը (Եբ. 13։16)։ Երէցնե՛ր, երբ մեր քարոզութիւնը սահմանափակուած է, ձեր պարտականութիւնները բաժնեցէք (Եր. 36։5, 6)։ Եւ ամէնէն կարեւորը, Եհովային ապաւինեցէք։ Ան կրնայ ձեզի օգնել մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն պէտքերը հոգալու։
15. Ինչպէ՞ս կրնանք հալածանքի ատեն մեր քրիստոնէական միութիւնը պահել։
15 Ուրիշներ ի՞նչ կրնան ընել։ Արգելքի տակ եղած ատեն թերեւս ստիպուինք աւելի պզտիկ խումբերով հաւաքուիլ։ Ուրեմն, որեւէ ժամանակէ աւելի կարեւոր է իրարու հետ խաղաղ մնալ։ Սատանայի՛ն դէմ կռուինք եւ ոչ թէ իրարու դէմ։ Եղբայրներուդ սխալներուն աչք խփէ կամ փորձէ հարցերը արագօրէն լուծել (Առ. 19։11. Եփ. 4։26)։ Նախաքայլը առ ուրիշներուն օգնելու (Տիտ. 3։14)։ Այն օգնութիւնը, որ ուրիշներ տուին օգնութեան պէտք ունեցող քրոջ, լաւ ազդեցութիւն ձգեց ծառայութեան խումբին վրայ։ Անոնք իրարու մօտեցան ընտանիքի մը պէս (Սաղ. 133։1)։
16. Կողոսացիս 4։3, 18–ի համաձայն, ինչպէ՞ս կրնանք օգնել մեր հալածուող եղբայրներուն ու քոյրերուն։
16 Մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն տասնեակ հազարաւորներ Եհովային կը ծառայեն հակառակ կառավարութիւններու դրած սահմանափակումներուն։ Անոնցմէ ոմանք բանտարկուած են իրենց հաւատքին համար։ Կրնանք աղօթել իրենց համար, իրենց ընտանիքներուն համար եւ անոնց համար, որոնք իրենց ազատութիւնը վտանգի տակ կը դնեն, որպէսզի այս քոյրերուն ու եղբայրներուն օգնեն հոգեւոր, ֆիզիքական ու օրինական գետնի վրայ (կարդա՛ Կողոսացիս 4։3, 18) c։ Բնա՛ւ թերեւի մի՛ առներ աղօթքներուդ զօրութիւնը (Բ. Թես. 3։1, 2. Ա. Տիմ. 2։1, 2)։
17. Ինչպէ՞ս կրնաս հալածանքի համար հիմակուընէ պատրաստուիլ։
17 Դուն եւ ընտանիքդ կրնաք հիմակուընէ պատրաստուիլ հալածանքի համար (Գործք 14։22)։ Փոխանակ երեւակայելու բոլոր գէշ բաները, որոնք կրնան պատահիլ, Եհովային հետ բարեկամութիւնդ զօրացուր եւ զաւակներուդ օգնէ որ նոյնը ընեն։ Եթէ ատեններ մտահոգ կը զգաս, սիրտդ բաց Եհովային (Սաղ. 62։7, 8)։ Ընտանեօք քննարկեցէք, թէ ի՛նչ պատճառներ կան իրեն վստահելու d։ Ինչպէս աղէտի պարագային, այս պարագային ալ պատրաստուիլդ եւ Եհովային վստահիլդ զաւակներուդ պիտի օգնեն, որ քաջութիւն եւ խաղաղութիւն ունենան։
18. Մեզի ի՞նչ ապագայ կը սպասէ։
18 Աստուծոյ խաղաղութիւնը մեզի ապահովութեան զգացում կու տայ (Փլպ. 4։6, 7)։ Ատոր միջոցաւ, Եհովան մեր սրտերը կը հանդարտեցնէ հակառակ հիւանդութեան, աղէտներու եւ հալածանքի, որոնք կրնանք ներկայիս դիմագրաւել։ Ան ջանասէր երէցները կը գործածէ մեզ հովուելու համար։ Եւ բոլորիս կու տայ իրարու օգնելու առանձնաշնորհումը։ Հիմա մեր վայելած խաղաղութիւնը մեզ պիտի պատրաստէ գալիք աւելի մեծ փորձութիւններուն համար, նոյնիսկ՝ ‘մեծ նեղութեան’ համար (Մատ. 24։21)։ Այդ ատեն, մենք պէտք պիտի ունենանք մեր խաղաղութիւնը պահպանելու եւ ուրիշներուն օգնելու որ նոյնը ընեն։ Բայց անկէ ետք, այլեւս պիտի չունենանք նեղութիւններ, որոնք մեզ մտահոգ կը դարձնեն։ Վերջապէս, պիտի վայելենք կատարեալ ու մնայուն խաղաղութիւն, ինչ որ Եհովան միշտ ուզած է որ վայելենք (Եսա. 26։3, 4)։
ԵՐԳ 73 Սրտանց ու ջերմօրէն սիրենք
a Եհովան յաճախ իր հաւատարիմ ծառաները կը գործածէ, որպէսզի օգնէ անոնց, որոնք նեղութիւններէ կ’անցնին։ Ան կրնայ քեզ գործածել եղբայրներդ ու քոյրերդ քաջալերելու համար։ Տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք ձեռք տալ անոնց, որոնք օգնութեան պէտք ունին։
b Կարգ մը անուններ փոխուած են։
c Մասնաճիւղը եւ Կեդրոնատեղին կարելիութիւնը չունին անհատներու նամակները ղրկել բանտարկուած եղբայրներուն ու քոյրերուն։
d Տե՛ս «Հիմակուընէ հալածանքին պատրաստուէ» յօդուածը, Դիտարան–ի յուլիս 2019 թիւին մէջ։
e ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Զոյգ մը ուտելիք կը բերէ ընտանիքի մը, որ ժամանակաւորապէս վրանի մը մէջ կը մնայ աղէտէ մը ետք։