Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Ստեփանոս աշակերտը ինչպէ՞ս կրցաւ շատ հանդարտ մնալ հալածանքի ներքեւ։

ՍՏԵՓԱՆՈՍ կեցած էր ատելութեամբ լեցուած մարդոց առջեւ։ Այդ 71 դատաւորները, Իսրայէլի բարձրագոյն ատեանին՝ Սենետրիոնին անդամները ըլլալով, ազգին ամէնէն հեղինակաւոր մարդոցմէն էին։ Զանոնք ժողված էր Կայիափա քահանայապետը, որուն գլխաւորութեամբ քանի մը ամիս առաջ ատեանը մահուան դատապարտեց Յիսուսը (Մատ. 26։57, 59. Գործք 6։8-12)։ Մինչ սուտ ամբաստանողներ կը մտնէին կ’ելլէին, ատեանին անդամները զարմանալի բան մը նկատեցին Ստեփանոսին նկատմամբ. «Անոր երեսը հրեշտակի պէս տեսան», այսինքն՝ հանդարտ էր (Գործք 6։13-15

Ստեփանոս ինչպէ՞ս կրցաւ հանդարտ եւ խաղաղ մնալ այսպիսի զարհուրելի պարագայի մը մէջ։ Առաջ որ զինք քաշեն–բերեն Սենետրիոնին առջեւ, ան ամբողջութեամբ զբաղած էր իրեն նշանակուած պաշտօնով, որ կը կատարէր Աստուծոյ սուրբ հոգիին զօրաւոր ազդեցութեան ներքեւ (Գործք 6։3-7)։ Դատի ընթացքին, նոյն հոգին իր մէջ կը ներգործէր որպէս մխիթարիչ եւ յիշեցնող (Յովհ. 14։16)։ Մինչ քաջաբար իր պաշտպանողականը կ’արտասանէր, որ գրուած է Գործք Առաքելոց 7–րդ գլուխին մէջ, սուրբ հոգին Եբրայերէն Գրութիւններէն իրեն յիշեցուց աւելի քան 20 հատուածներ (Յովհ. 14։26)։ Բայց Ստեփանոսին հաւատքը աւելի զօրացաւ, երբ տեսիլքով տեսաւ Յիսուս՝ Աստուծոյ աջ կողմը կայնած (Գործք 7։54-56, 58, 59

Թերեւս մենք ալ օր մը դիմագրաւենք սպառնալիքներ եւ հալածանք (Յովհ. 15։20)։ Եթէ Աստուծոյ Խօսքով կանոնաւորաբար սնուցանուինք եւ ծառայութեամբ զբաղած ըլլանք, թոյլ կու տանք որ Եհովայի հոգին մեր մէջ աշխատի։ Նաեւ պիտի ունենանք այն ուժը, որ մեզի պիտի օգնէ, որ հակառակութեան դիմանանք եւ մեր ներքին խաղաղութիւնը պահենք (Ա. Պետ. 4։12-14