Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարկ կայ որ մարդիկ լսեն ազդարարութիւնը, մինչ Աստուծոյ «մրրիկը» կը մօտենայ

Աստուծոյ դատաստանները. ան միշտ բաւարար կերպով կը զգուշացնէ՞

Աստուծոյ դատաստանները. ան միշտ բաւարար կերպով կը զգուշացնէ՞

ՕԴԵՐԵՒՈՒԹԱԲԱՆ մը որոշ սարքերու օգնութեամբ կը տեսնէ, որ վտանգաւոր մրրիկ մը բազմաբնակ շրջանի մը արագօրէն կը մօտենայ։ Մարդոց ապահովութեամբ մտահոգուելով, ան իր ամէն ջանքը կ’ընէ որ զանոնք զգուշացնէ, շատ ուշ չեղած։

Նմանապէս, Եհովան այսօր մարդկութիւնը կը զգուշացնէ շա՜տ աւելի վտանգաւոր «մրրիկէ» մը։ Ատիկա ինչպէ՞ս կ’ընէ։ Եւ ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ մարդոց բաւարար ժամանակ կու տայ ընդառաջելու։ Այս հարցումներուն պատասխանելու համար, նա՛խ տեսնենք թէ անցեալին Եհովան ի՛նչ ազդարարութիւններ տուաւ։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏՈՒԱԾ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՆՑԵԱԼԻՆ

Աստուածաշնչական ժամանակներուն, Եհովան զգուշացում տուաւ զանազան «մրրիկ»ներու կամ դատաստաններու մասին, որոնք պիտի բերէր իրեն դիտմամբ չհնազանդողներուն վրայ (Առ. 10։25. Եր. 30։23)։ Իւրաքանչիւր պարագայի, նախապէս մարդոց տեղեկացուց եւ ուղղութիւններ տուաւ, որպէսզի իր կամքին համաձայն փոփոխութիւններ ընէին (Դ. Թագ. 17։12-15. Նէ. 9։29, 30)։ Եւ որպէսզի մարդիկ մղուէին պէտք եղած փոփոխութիւնները ընելու, Եհովան յաճախ իր հաւատարիմ ծառաները գործածեց, որ իր դատաստանները յայտարարէին եւ մարդոց հասկցնէին որ պէտք է անմիջապէս գործի անցնին (Ամս. 3։7

Նոյ Աստուծոյ այդ հաւատարիմ ծառաներէն մէկն էր։ Երկար տարիներու ընթացքին, ան անվախօրէն նախազգուշացուց անբարոյ եւ վայրագ մարդիկը գալիք համաշխարհային Ջրհեղեղին մասին (Ծն. 6։9-13, 17)։ Ան նաեւ ըսաւ անոնց թէ ի՛նչ պէտք էր ընէին, որպէսզի ազատէին։ Ատոր համար Նոյ կոչուեցաւ՝ «արդարութեան քարոզիչ» (Բ. Պետ. 2։5

Հակառակ Նոյին ջանքերուն՝ մարդիկը անտեսեցին անոր աստուածատուր պատգամը։ Անոնք հաւատքի պակաս յայտնեցին։ Առ ի արդիւնք, մեռան երբ Ջրհեղեղը «եկաւ ու ամէնքը վերցուց» (Մատ. 24։39. Եբ. 11։7)։ Երբ անոնց կործանումը հասաւ, բնա՛ւ չէին կրնար ըսել թէ Աստուած զիրենք չնախազգուշացուց։

Ուրիշ ատեններ, Եհովան իր դատաստանի «մրրիկը» բերելէ կարճ ժամանակ առաջ մարդիկը զգուշացուց։ Բայց վստահ եղաւ, որ անոնք բաւական ժամանակ պիտի ունենային ընդառաջելու։ Օրինակ, Եգիպտոսի վրայ եկած Տասը պատուհասներուն ընթացքին, Եհովան նախապէս ազդարարութիւններ տուաւ։ Այսպէս, եօթներորդ պատուհասը բերելէ առաջ, ան Մովսէսը եւ Ահարոնը ղրկեց, որպէսզի զգուշացնեն փարաւոնը եւ անոր ծառաները կործանիչ կարկուտին մասին։ Աստուած անոնց բաւարար ժամանակ տուա՞ւ պատսպարան գտնելու եւ յաջորդ օրը գալիք «մրրիկ»էն ազատելու համար։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Փարաւոնին ծառաներէն ան որ Տէրոջը խօսքէն կը վախնար, իր ծառաները ու հօտերը տուներու մէջ հաւաքեց։ Ով որ Տէրոջը խօսքին ուշադրութիւն չըրաւ, իր ծառաները ու իր հօտերը դաշտին մէջ թողուց» (Ել. 9։18-21)։ Յստակ է, որ Եհովան բաւարար զգուշացում տուաւ, այնպէս որ արագօրէն ընդառաջողները այդ պատուհասէն չվնասուեցան։

Նոյնպէս տասներորդ պատուհասէն առաջ, փարաւոնին եւ իր ծառաներուն զգուշացում տրուեցաւ։ Սակայն, անոնք յիմարաբար ականջ չկախեցին (Ել. 4։22, 23)։ Առ ի արդիւնք, անոնց անդրանիկ որդիները մեռան։ Ի՜նչ ողբալի բան (Ել. 11։4-10. 12։29)։ Անոնք ժամանակ ունէի՞ն, որ ազդարարութեան ականջ տային։ Այո՛։ Մովսէս անմիջապէս իսրայէլացիները զգուշացուց մօտալուտ տասներորդ պատուհասին մասին եւ ըսաւ ինչպէ՛ս կրնան իրենց ընտանիքները փրկել (Ել. 12։21-28)։ Քանի՞ անհատներ ընդառաջեցին ազդարարութեան։ Որոշ տուեալներու համաձայն, երեք միլիոն մարդիկ, մէջը ըլլալով՝ իսրայէլացիներ ու ոչ–իսրայէլացիներու եւ եգիպտացիներու «խառն բազմութիւն» մը, Աստուծոյ դատաստանին չենթարկուեցան եւ Եգիպտոսէն դուրս ելան (Ել. 12։38

Ինչպէս այս օրինակները ցոյց կու տան, Եհովան միշտ բաւարար առիթ կու տար մարդոց, որ կարենային իր ազդարարութիւններուն ընդառաջել (Բ. Օր. 32։4)։ Ան ինչո՞ւ այդպէս վարուեցաւ։ Պետրոս առաքեալ բացատրեց, թէ Եհովան «չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն» (Բ. Պետ. 3։9)։ Այո, Աստուած մարդոց համար կը հոգար։ Ան կ’ուզէր որ անոնք զղջային եւ պէտք եղած փոփոխութիւնները ընէին, նախքան իր դատաստանին հասնիլը (Եսա. 48։17, 18. Հռով. 2։4

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋԵԼ ԱՅՍՕՐ

Այսօր նոյնպէս, բոլոր մարդիկ պէտք է ընդառաջեն ամբողջ աշխարհին ուղղուած հրատապ կոչի մը։ Մինչ երկրի վրայ էր, Յիսուս նախազգուշացում տուաւ, որ ներկայ չար աշխարհը ի վերջոյ պիտի կործանի «մեծ նեղութեան» մը ընթացքին (Մատ. 24։21)։ Այդ ապագայ դատաստանին նկատմամբ, ան մանրամասն կերպով նկարագրեց, թէ իր հետեւորդները ի՛նչ դէպքեր պիտի տեսնէին, երբ այդ ժամանակը մօտենար։ Ան խօսեցաւ համաշխարհային իրադարձութիւններու մասին, որոնք ներկայիս տեղի կ’ունենան (Մատ. 24։3-12. Ղուկ. 21։10-13

Այդ մարգարէութեան համաձայն, Եհովան այժմ բոլորը կը քաջալերէ, որ ընտրեն իրեն ծառայել եւ հնազանդիլ։ Ան կ’ուզէ որ հնազանդ մարդիկը հիմա իսկ աւելի լաւ կեանք ունենան, ինչպէս նաեւ իր արդար նոր աշխարհին մէջ ապագայ օրհնութիւնները վայելեն (Բ. Պետ. 3։13)։ Որպէսզի մարդիկ հաւատք ունենան իր խոստումներուն նկատմամբ, Եհովան կարգադրութիւն ըրած է, որ Թագաւորութեան բարի լուրը «բովանդակ աշխարհի մէջ քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու» (Մատ. 24։14)։ Աստուած իր ճշմարիտ երկրպագուները կազմակերպած է, որ այս «վկայութիւնը» տան, կամ աստուածային պատգամը քարոզեն, 240 երկիրներու մէջ։ Ան կ’ուզէ որ կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ ազդարարութեան ականջ տան եւ ազատին իր արդար դատաստանի «մրրիկ»էն (Սոփ. 1։14, 15. 2։2, 3

Ուրեմն, հարցը այն չէ, թէ արդեօք Եհովան բաւարար ժամանակ կու տա՞յ մարդոց, որ իր ազդարարութիւններուն ընդառաջեն։ Փաստերը ցոյց կու տան, որ ան մի՛շտ այդպէս կ’ընէ։ Փոխարէնը, գլխաւոր հարցումն է. Արդեօք մարդիկ Աստուծոյ ազդարարութեան ականջ պիտի տա՞ն, մինչ տակաւին ժամանակ կայ։ Որպէս Աստուծոյ պատգամաբերներ, շարունակե՛նք օգնել կարելի եղածին չափ շատ մարդոց, որ այս չար աշխարհի կործանումէն վերապրին։