Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 43

Եհովան բացարձակապէս պաշտէ

Եհովան բացարձակապէս պաշտէ

«Եհովան բացարձակ նուիրուածութիւն պահանջող Աստուած է» (ՆԱՒ. 1։2, ՆԱ

ԵՐԳ 59 Մենք Աստուծո՛յ նուիրուած ենք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Եհովան ինչո՞ւ արժանի է մեր բացարձակ նուիրուածութեան։

ԵՀՈՎԱՆ արժանի է մեր բացարձակ նուիրուածութեան, քանի որ մեր Ստեղծիչն է (Յայտ. 4։10բ)։ Սակայն մեր առջեւ վտանգ մը կայ։ Թէեւ Եհովան կը սիրենք ու կը յարգենք, բայց կարելի է որ ուրիշ բաներ մեր կեանքին մէջ այնքա՛ն կարեւոր դառնան, որ իրեն հանդէպ բացարձակ նուիրուածութիւն չունենանք։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ։ Նա՛խ քննարկենք թէ ի՛նչ կը նշանակէ բացարձակ նուիրուածութիւն։

2. Ելից 34։14–ի համաձայն, ի՞նչ պիտի ընենք, եթէ միայն Եհովան կը պաշտենք։

2 Եհովան «նախանձոտ Աստուած է», այսինքն՝ բացարձակ նուիրուածութիւն կը պահանջէ։ Ուստի, մեզմէ կ’ակնկալէ որ միայն զինք պաշտենք։ Ըստ Աստուածաշունչին, Աստուծոյ նուիրուիլը կը պարփակէ զինք խորապէս սիրել։ Եթէ միայն Եհովան կը պաշտենք, թոյլ պիտի չտանք ոեւէ մէկու կամ որեւէ բանի, որ մեր սրտին մէջ Իր տեղը գրաւէ (կարդա՛ Ելից 34։14

3. Ինչո՞ւ կ’ըսենք, որ Եհովայի կուրօրէն չենք նուիրուած։

3 Մենք Եհովայի նուիրուած ենք ո՛չ թէ կուրօրէն, հապա գիտելիքներու հիման վրայ։ Մենք իր հիանալի յատկութիւնները շատ կը սիրենք։ Գիտենք թէ ի՛նչ կը սիրէ ու ի՛նչ կ’ատէ, եւ իրեն պէս կը զգանք։ Կը հասկնանք թէ մարդկութեան համար ի՛նչ է իր նպատակը եւ ատոր թիկունք կը կանգնինք։ Պատիւ կը զգանք որ ան մեզի առիթ տուած է որ իր բարեկամները ըլլանք (Սաղ. 25։14)։ Մեր Ստեղծիչին մասին իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն որ կը գիտնանք, մեզ իրեն աւելի կը մօտեցնէ (Յակ. 4։8

4. ա) Սատանան ի՞նչ կը գործածէ, որպէսզի Եհովան նուազ սիրենք։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ բան նկատի պիտի առնենք։

4 Սատանան այս աշխարհին վրայ կ’իշխէ եւ զայն կը գործածէ, որպէսզի մարդուն ցանկացած բաները շատ կարեւոր թուին եւ դժուար դառնայ մարմնաւոր տկարութիւններուն դէմ դնելը (Եփ. 2։1-3. Ա. Յովհ. 5։19)։ Ան կ’ուզէ որ Եհովայէն զատ ուրիշ բաներ ալ սիրենք, եւ այսպէս Եհովային հանդէպ բացարձակ նուիրուածութիւն չունենանք։ Նկատի առնենք երկու կերպեր, որոնցմով Սատանան կը ջանայ ասիկա ընել։ Առաջին, ան մեզ կը դրդէ որ հարստանալու ետեւէ ըլլանք, իսկ երկրորդ, ան կը փորձէ մեզ մղել վնասակար ժամանց ընտրելու։

ԴՐԱՄԱՍԻՐՈՒԹԵՆԷ ԶԳՈՒՇԱՑԻՐ

5. Ինչո՞ւ պէտք է զգոյշ ըլլանք, որ դրամի հանդէպ սէր չզարգացնենք։

5 Բնական է որ ուզենք ունենալ՝ բաւարար ուտելիք, յարմար հագուելիք եւ համեստ բնակավայր։ Սակայն, պէտք է զգոյշ ըլլանք որ դրամի հանդէպ սէր չզարգացնենք։ Շատեր, որոնք Սատանայի աշխարհէն են, «արծաթասէր» եւ նիւթապաշտ են (Բ. Տիմ. 3։2)։ Յիսուս գիտէր, որ իր հետեւորդները կրնային դրամ սիրելու ծուղակին մէջ իյնալ։ Ան ըսաւ. «Մարդ մը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայութիւն ընել. վասն զի կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի եւ միւսը պիտի արհամարհէ. չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային» (Մատ. 6։24)։ Այն անձը, որ Եհովան կը պաշտէ, բայց միեւնոյն ատեն չափազանց ժամանակ ու կորով կը վատնէ հարստանալու համար, կարծես երկու տիրոջ կը ծառայէ։ Ան պիտի չկարենայ Եհովայի հանդէպ բացարձակ նուիրուածութիւն ունենալ։

Կարգ մը լաւոդիկեցիներ իրենք զիրենք այսպէս տեսան . . . բայց Եհովան եւ Յիսուսը զիրենք այսպէս տեսան (տե՛ս պարբերութիւն 6)

6. Լաւոդիկէի ժողովքին ուղղուած Յիսուսի խօսքերէն ի՞նչ դաս կը սորվինք։

6 Առաջին դարու վերջաւորութեան, Լաւոդիկէի ժողովքին անդամները հպարտացան՝ ըսելով. «Ես հարուստ եմ ու մեծցայ եւ բանի մը կարօտ չեմ»։ Բայց Եհովայի եւ Յիսուսի աչքին, անոնք «խեղճ ու թշուառական. . . եւ աղքատ ու կոյր ու մերկ» էին։ Յիսուս զիրենք խրատեց, ո՛չ թէ քանի որ հարուստ էին, հապա քանի որ իրենց դրամասիրութիւնը կը վնասէր Եհովայի հետ իրենց փոխյարաբերութեան (Յայտ. 3։14-17)։ Ուստի, եթէ նկատենք որ հարստանալու փափաքը կը զարգանայ մեր սրտին մէջ, պէտք է մեր մտածումը արագօրէն սրբագրենք (Ա. Տիմ. 6։7, 8)։ Այլապէս, մեր սիրտը պիտի բաժնուի եւ Եհովան մեր պաշտամունքը պիտի չընդունի, քանի որ կ’ուզէ որ զինք ‘մեր ամբողջ սրտով’ սիրենք (Մար. 12։30)։ Ինչպէ՞ս կրնանք դրամի առնչութեամբ մեր հաւասարակշռութիւնը կորսնցնել։

7-9. Տէյվիտի փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվիս։

7 Տէյվիտ, որ ջանասէր երէց մըն է, Միացեալ Նահանգներուն մէջ կ’ապրի։ Ան կ’ըսէ, որ ժրաջան աշխատաւոր մըն էր։ Ընկերութիւնը իր պաշտօնը բարձրացուց։ Ան համբաւաւոր դարձաւ որպէս իր ըրած գործին մարզին մէջ լաւագոյն անհատը։ Տէյվիտ ըսաւ. «Այդ ատեն, կը խորհէի որ յաջողութիւն կը գտնէի, քանի որ Եհովան զիս կ’օրհնէր»։ Բայց արդեօք ա՞յդ էր պարագան։

8 Տէյվիտ ժամանակի ընթացքին անդրադարձաւ, որ իր գործը ժխտական ազդեցութիւն ունէր Եհովայի հետ իր բարեկամութեան վրայ։ Ան կ’ըսէ. «Ժողովներուն եւ նոյնիսկ ծառայութեան ընթացքին, գործի խնդիրներուն մասին կը մտածէի։ Շա՜տ դրամ կը շահէի, բայց մեծ ճնշումի տակ էի եւ սկսայ կնոջս հետ խնդիրներ ունենալ»։

9 Տէյվիտ գիտակցեցաւ թէ հարկ էր որ իր նախապատուութիւնները քննէր։ Ան կ’ըսէ. «Վճռական որոշում առի որ վիճակս ճշդեմ»։ Ան ուզեց իր գործի յայտագիրը տարբեր կերպով դասաւորել եւ նոր ծրագիրը իր գործատիրոջ ներկայացուց։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ան իր գործը կորսնցուց։ Ինչպէ՞ս հակազդեց։ Ան ըսաւ. «Յաջորդ օրն իսկ, մնայուն օժանդակ ռահվիրայ ըլլալու դիմումնագիր ներկայացուցի»։ Իրենց ապրուստը ճարելու համար, Տէյվիտ եւ իր կինը սկսան մաքրութեան գործեր ընել։ Ժամանակ մը ետք, ան կանոնաւոր ռահվիրայ եղաւ եւ շատ չանցած՝ իր կինն ալ։ Անոնք ընտրեցին աշխարհիկ գործ մը, որուն շատեր ցած աչքով կը նային, բայց զոյգին համար գործին բնոյթը կարեւոր չէ։ Թէեւ իրենց եկամուտը 90% նուազեցաւ, բայց ամէն ամիս կրնան իրենց ծախսերը գոցել։ Կ’ուզեն Եհովան առաջին տեղը դնել իրենց կեանքին մէջ, եւ փորձառաբար տեսած են, որ ան կը հոգայ զանոնք, որոնք այս մէկը կ’ընեն (Մատ. 6։31-33

10. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր սիրտը պահպանել։

10 Ըլլա՛նք ունեւորներ կամ ոչ, պէտք է որ մեր սիրտը պահպանենք։ Ինչպէ՞ս։ Դրամասիրութիւն մի՛ զարգացներ։ Եւ թոյլ մի՛ տար որ աշխարհիկ գործդ Եհովայի ծառայութենէն աւելի կարեւոր դառնայ։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Աշխարհիկ գործիս մասին յաճախ կը մտածե՞մ ժողովներու կամ ծառայութեան ընթացքին։ Շարունակ կը մտահոգուի՞մ թէ գալիք օրերուն բաւարար դրամ պիտի ունենամ կամ ոչ։ Դրամն ու ստացուածքները պատճառ կ’ըլլա՞ն որ կողակիցիս հետ խնդիրներ ունենամ։ Պատրա՞ստ եմ աննշան գործ մը աշխատելու, եթէ ատիկա թոյլ պիտի տայ որ Եհովայի ծառայութեան աւելի ժամանակ տրամադրեմ’ (Ա. Տիմ. 6։9-12)։ Մինչ այս հարցումներուն մասին կը մտածենք, յիշե՛նք որ Եհովան մեզ կը սիրէ եւ իրեն նուիրուած անհատներուն կը խոստանայ. «Բնաւ երեսի վրայ պիտի չձգեմ եւ պիտի չլքեմ քեզ»։ Անոր համար է որ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Դրամասիրութիւնը թող տեղ չունենայ ձեր կեանքին մէջ» (Եբ. 13։5, 6, ՆԹ

ԺԱՄԱՆՑԴ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ԸՆՏՐԷ

11. Ժամանցը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել անհատի մը։

11 Եհովան կ’ուզէ որ կեանքը վայելենք, եւ ժամանցը կ’օգնէ ատիկա ընելու։ Աստուծոյ Խօսքը ինքնին կ’ըսէ, որ «մարդս ուտելէն ու խմելէն եւ իր աշխատանքովը իր հոգին զուարճացնելէ աւելի լաւ բան չունի» (Ժող. 2։24)։ Սակայն աշխարհի մատուցած ժամանցը մեծաւ մասամբ մեր վրայ գէշ ազդեցութիւն ունի։ Անիկա մարդոց բարոյական չափանիշները կը տկարացնէ, զիրենք քաջալերելով որ հանդուրժեն կամ նոյնիսկ սիրեն այն բաները, որոնք Աստուածաշունչը կը դատապարտէ։

Ժամանցդ ո՞վ կը պատրաստէ (տե՛ս պարբերութիւն 11-14) *

12. Ա. Կորնթացիս 10։21, 22–ի համաձայն, ինչո՞ւ մեր ժամանցը պէտք է ուշադրութեամբ ընտրենք։

12 Մենք կ’ուզենք Եհովան բացարձակապէս պաշտել, հետեւաբար չենք կրնար ուտել թէ՛ «Տէրոջը սեղանէն» եւ թէ «դեւերուն սեղանէն» (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 10։21, 22)։ Ընդհանրապէս, մէկու մը հետ ճաշ ուտելը բարեկամութեան նշան է։ Ուստի, եթէ ընտրենք ժամանց մը, որ կը քաջալերէ վայրագութիւն, ոգեհարցութիւն, անբարոյութիւն կամ ուրիշ մարմնաւոր ցանկութիւններ եւ կեցուածքներ, ուրեմն կը մասնակցինք ճաշի մը, որ Աստուծոյ թշնամիներուն կողմէ պատրաստուած է։ Առ ի արդիւնք, թէ՛ մենք մեզի կը վնասենք եւ թէ Եհովայի հետ մեր բարեկամութեան։

13-14. ա) Ժամանցը ինչպէ՞ս բառացի ուտելիքին կը նմանի։ բ) Յակոբոս 1։14, 15–ը ի մտի ունենալով, բացատրէ թէ ինչո՛ւ վատ ժամանցը վնասակար է։

13 Ժամանցը կարգ մը կերպերով բառացի ուտելիքին կը նմանի։ Երբ կ’ուտենք, մե՛նք կ’ընտրենք թէ ի՛նչ պիտի ուտենք։ Բայց մէյ մը որ պատառը կլլենք, անիկա ինքնաբերաբար մարսողական հանգրուաններէ կ’անցնի եւ ի վերջոյ անոր սննդանիւթերը մեր մարմինին մէկ մասը կը դառնան։ Սննդարար ուտելիքը մեզ առողջ կը դարձնէ, իսկ անօգուտ ուտելիքը մեզ վատառողջ կը դարձնէ։ Ուտելիքին ձգած ազդեցութիւնը մէկ օրէն միւսը յայտնի չ’ըլլար, բայց ժամանակի ընթացքին կ’երեւի։

14 Նոյնպէս, երբ ժամանց կ’ընտրենք, մե՛նք կ’որոշենք մեր մտքին մէջ ի՛նչ դնել։ Բայց ետքը, անիկա ինքնաբերաբար մեր մտքին ու սրտին պիտի ազդէ։ Լաւ ժամանցը կրնայ մեզ թարմացնել, իսկ վատ ժամանցը մեզի պիտի վնասէ (կարդա՛ Յակոբոս 1։14, 15)։ Թերեւս սկիզբը անմիջապէս չնկատենք վատ ժամանցին ձգած ազդեցութիւնը մեր վրայ, բայց ի վերջոյ բացայայտ պիտի ըլլայ։ Անոր համար Աստուածաշունչը մեզ կը զգուշացնէ. «Մի՛ խաբուիք, Աստուած ծաղր չ’ըլլար։ Վասն զի ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ։ Ան որ իր մարմնին կը սերմանէ, այն մարմնէն ապականութիւն պիտի հնձէ» (Գաղ. 6։7, 8)։ Ուրեմն, որքա՜ն կարեւոր է որ մերժենք բոլոր այն ժամանցները, որոնք Եհովայի ատած բաները կը քաջալերեն (Սաղ. 97։10

15. Եհովան մեզի ի՞նչ նուէր տուած է։

15 Եհովայի ծառաներէն շատեր հաճոյքով կը դիտեն JW Հեռատեսիլի կայանը։ Մարիլին անունով քոյր մը ըսաւ. «JW Հեռատեսիլի կայանը ինծի օգնած է, որ աւելի դրական ըլլամ, եւ պէտք չունիմ անոր բովանդակութիւնը մաղելու։ Երբ առանձին զգամ կամ ընկճուած ըլլամ, կայանին մէջ կը գտնեմ քաջալերական դասախօսութիւն մը կամ առաւօտեան պաշտամունքի սրտապնդիչ յայտագիր մը։ Այսպէս աւելի մօտիկ կը զգամ Եհովային եւ իր կազմակերպութեան։ JW Հեռատեսիլի կայանի կարգադրութիւնը կեանքս ամբողջովին փոխած է»։ Եհովայի այս նուէրէն լիովին կ’օգտուի՞ս։ Ամսական նոր յայտագիրներէն զատ, JW Հեռատեսիլի կայանը ունի զանազան ձայնագրութիւններ եւ վիտէօներ ու քաջալերական երգեր, որոնք կրնաս ուզած ատենդ ունկնդրել ու դիտել։

16. Ինչո՞ւ պէտք է ուշադրութեամբ քննենք, թէ ժամանցին ո՛րքան ժամանակ կը տրամադրենք։

16 Պէտք է ուշադրութեամբ քննենք ոչ միայն թէ ի՛նչ տեսակ ժամանց կ’ընտրենք, այլեւ թէ ո՛րքան ժամանակ կը տրամադրենք ատոր։ Այլապէս, կրնանք աւելի ժամանակ տրամադրել ժամանցին, քան՝ Եհովայի ծառայութեան։ Ոմանք չեն կրնար հակակշռի տակ առնել այն ժամանակը որ կը յատկացնեն ժամանցին։ Էպիկէյլ անունով 18 տարեկան քոյր մը կ’ըսէ. «Բազմազբաղ օրուան մը վերջաւորութեան հեռատեսիլ դիտելը զիս կը հանգստացնէ։ Բայց եթէ զգոյշ չըլլամ, ժամեր կ’անցընեմ պաստառին առջեւ»։ Սամուէլ անունով երիտասարդ եղբայր մը կ’ըսէ. «Երբեմն համացանցին միջոցաւ շարք մը կարճ վիտէօներ կը դիտեմ, եւ չեմ զգար որ երեք կամ չորս ժամ անցած է»։

17. Ինչպէ՞ս կրնանք հակակշռի տակ առնել այն ժամանակը, որ ժամանցին կը տրամադրենք։

17 Ինչպէ՞ս կրնաս հակակշռի տակ առնել այն ժամանակը, որ ժամանցին կը տրամադրես։ Առաջին քայլն է գիտնալ, թէ ճիշդ ո՛րքան ժամանակ կու տաս ժամանցին։ Կրնաս մէկ շաբաթ ժամանցդ գրի առնել։ Օրացոյցի մը վրայ գրէ թէ քանի՛ ժամ կ’անցընես հեռատեսիլը դիտելով, համացանցը գործածելով եւ դիւրակիր սարքովդ խաղեր խաղալով։ Եթէ տեսար որ ժամանցին համար շա՜տ ժամանակ կը վատնես, յայտագիր մը դիր։ Ծրագրէ նա՛խ աւելի կարեւոր բաները ընել, եւ ետքը ժամանակ տուր ժամանցին։ Ապա, Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ յայտագրիդ կառչելու։ Այսպիսով պէտք եղած ժամանակն ու կորովը պիտի ունենաս՝ Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութեան, ընտանեկան պաշտամունքին, ժողովներուն եւ դաշտի ծառայութեան համար։ Ասկէ զատ, հաւանաբար ժամանցէդ աւելի հաճոյք առնես, քանի որ Եհովան կեանքիդ մէջ առաջին տեղը կը դնես։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄԻԱՅՆ ԵՀՈՎԱՆ ՊԱՇՏԵԼ

18-19. Ինչպէ՞ս ցոյց կու տանք, որ Եհովային բացարձակապէս նուիրուած ենք։

18 Սատանայի աշխարհի վերջին եւ գալիք նոր աշխարհին մասին գրելէ ետք, Պետրոս առաքեալ նշեց. «Սիրե՛լիներ, ասոնց սպասելով ջանացէ՛ք որ ան ձեզ անբիծ ու անարատ գտնէ խաղաղութիւնով» (Բ. Պետ. 3։14)։ Այդ խրատին հնազանդելով եւ մեր ամէն կարելին ընելով, որ բարոյապէս եւ հոգեւորապէս մաքուր մնանք, ցոյց կու տանք որ Եհովային բացարձակապէս նուիրուած ենք։

19 Սատանան եւ իր չար աշխարհը պիտի շարունակեն մեզ փորձել, որ մեր նախապատուութիւնները կամ առաջնահերթութիւնները փոխենք (Ղուկ. 4։13)։ Բայց հակառակ մեր դիմագրաւած որեւէ դժուարութեան, թոյլ պիտի չտանք ոեւէ մէկու կամ որեւէ բանի, որ մեր սրտին մէջ Եհովային տեղը գրաւէ։ Մենք վճռած ենք միայն Եհովան պաշտել. միայն ի՛նք արժանի է մեր բացարձակ նուիրուածութեան։

ԵՐԳ 91 Իմ Հայրս, Աստուածս եւ Ընկերս

^ պարբ. 5 Մենք կը սիրենք Եհովայի ծառայել։ Բայց արդեօք զինք բացարձակապէս կը պաշտե՞նք։ Պատասխանը յայտնի կ’ըլլայ մեր առած որոշումներէն։ Քննարկենք կեանքի երկու մարզեր, որոնք կ’օգնեն գիտնալու թէ ո՛ր տարողութեամբ Եհովայի նուիրուած ենք։

^ պարբ. 54 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Մենք չենք ուզեր ուտել ուտելիք մը, որ աղտոտ խոհանոցի մը մէջ պատրաստուած է։ Ուստի, ինչո՞ւ պիտի ուզենք դիտել ժամանց մը, որ վայրագութեամբ, ոգեհարցութեամբ կամ անբարոյութեամբ ապականուած է։