Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 42

Եհովան պիտի պատճառէ որ ի՞նչ ըլլաս

Եհովան պիտի պատճառէ որ ի՞նչ ըլլաս

«Աստուած է որ ձեզ եռանդուն կը դարձնէ, ձեզի տալով գործելու թէ՛ փափաքը եւ թէ ուժը» (ՓԼՊ. 2։13, ՆԱ

ԵՐԳ 71 Աստուծոյ պարգեւը՝ սուրբ հոգին

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Եհովան ի՞նչ կրնայ ընել իր նպատակը իրագործելու համար։

ԵՀՈՎԱՆ կ’ըլլայ ամէն ի՛նչ որ անհրաժեշտ է՝ իր նպատակը իրագործելու համար։ Օրինակ, ան եղած է՝ Ուսուցիչ, Մխիթարիչ եւ Աւետարանիչ (Եսա. 48։17. Բ. Կոր. 7։6. Գաղ. 3։8)։ Սակայն, ան յաճախ մարդիկը կը գործածէ իր նպատակները իրագործելու համար (Մատ. 24։14. 28։19, 20. Բ. Կոր. 1։3, 4)։ Ան կրնայ նաեւ մեզմէ ոեւէ մէկուն տալ պէտք եղած իմաստութիւնն ու զօրութիւնը, որպէսզի անհատը ըլլայ ի՛նչ որ անհրաժեշտ է՝ Իր կամքը կատարելու համար։ Ասիկա Եհովայի անուան իմաստին մէկ մասն է, ինչպէս որ կարգ մը ուսումնականներ բացատրած են։

2. ա) Ինչո՞ւ ոմանք կը կասկածին որ Եհովան զիրենք կը գործածէ։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

2 Բոլորս կ’ուզենք որ Եհովան մեզ գործածէ, որպէսզի իր կամքը կատարէ։ Բայց ոմանք կը կասկածին որ Եհովան զիրենք կը գործածէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ կը զգան թէ շատ բան չեն կրնար ընել՝ իրենց տարիքին, պարագաներուն կամ կարողութիւններուն ի տես։ Միւս կողմէ, ուրիշներ կը բաւարարուին իրենց ըրածով եւ կարիքը չեն տեսներ աւելին ընելու։ Այս յօդուածին մէջ, պիտի քննարկենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեզմէ ոեւէ մէկուն կու տայ հարկ եղածը՝ իր նպատակը իրագործելու համար։ Ետքը, պիտի քննարկենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր վաղեմի ծառաներուն,– տղամարդ թէ կին,– տուաւ գործելու թէ՛ փափաքը եւ թէ ուժը։ Ապա նկատի պիտի առնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք Եհովային թոյլ տալ որ մեզ գործածէ։

ԵՀՈՎԱՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՄԵԶ ԿԸ ԶԻՆԷ

3. Փիլիպպեցիս 2։13–ի համաձայն, Եհովան ինչպէ՞ս գործելու փափաքը կու տայ մեզի։

3 Կարդա՛ Փիլիպպեցիս 2։13 *։ Եհովան կրնայ գործելու փափաքը տալ մեզի։ Ինչպէ՞ս։ Թերեւս լսենք որ ժողովքին մէջ անհատի մը օգնելու կամ բան մը ընելու կարիքը կայ։ Կամ, երէցները մասնաճիւղէն ուղղուած նամակ մը կը կարդան, որ կը նշէ թէ որոշ շրջանի մը մէջ օգնութեան կարիք կայ։ Մենք մեզի կը հարցնենք. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ օգտակար դառնալ’։ Կամ ալ մեզի առիթ կը տրուի որ դժուար նշանակում մը ընդունինք, բայց վստահ չենք թէ կրնանք զայն յաջողութեամբ կատարել։ Կամ, Սուրբ Գիրքէն հատուած մը կարդալէ ետք, թերեւս հարց տանք. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ այս համարները գործածել ուրիշներուն օգնելու’։ Եհովան մեզ պիտի չստիպէ որ բան մը ընենք։ Բայց երբ տեսնէ որ կը մտածենք թէ ի՛նչ կրնանք ընել, մեզի կ’օգնէ որ փափաքինք ընել մեր մտածածը։

4. Եհովան ինչպէ՞ս կրնայ գործելու ուժը տալ մեզի։

4 Եհովան նաեւ կրնայ գործելու ուժը տալ մեզի (Եսա. 40։29)։ Ան կրնայ իր սուրբ հոգիով մեր բնական կարողութիւնները բարելաւել (Ել. 35։30-35)։ Իր կազմակերպութեան միջոցաւ, Եհովան կրնայ մեզի սորվեցնել ինչպէ՛ս կարգ մը գործեր կատարել։ Եթէ վստահ չես թէ որոշ նշանակում մը ինչպէ՛ս պիտի կատարես, օգնութիւն խնդրէ։ Նաեւ, մեր առատաձեռն երկնաւոր Հօրմէն որեւէ ժամանակ կրնաս խնդրել, որ քեզի տայ «անսահման զօրութիւնը» (Բ. Կոր. 4։7, ՆԹ. Ղուկ. 11։13)։ Անցեալին, Եհովան բազմաթիւ տղամարդիկ ու կիներ զինեց, անոնց տալով գործելու փափաքը եւ ուժը։ Մինչ ոմանց օրինակը կը քննարկենք, մտածէ թէ Եհովան ինչպէ՛ս կրնայ քեզ ալ գործածել, որ նոյնանման բաներ ընես։

ՏՂԱՄԱՐԴՈՑ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ

5. Մովսէսի հետ Եհովայի վարուելու կերպէն ի՞նչ կը սորվինք։

5 Եհովան պատճառեց որ Մովսէս ըլլայ իսրայէլացիներուն ազատարարը։ Բայց Եհովան զինք ե՞րբ գործածեց։ Արդեօք ա՞յն ժամանակ, երբ Մովսէս զգաց որ որակեալ է, ‘եգիպտացիներուն բոլոր իմաստութիւնովը վարժուելէն’ ետք (Գործք 7։22-25)։ Ո՛չ. Եհովան Մովսէսը գործածեց միայն զինք խոնարհ ու հեզ անձ դարձնելէ ետք (Գործք 7։30, 34-36)։ Ան Մովսէսին քաջութիւն տուաւ, որպէսզի Եգիպտոսի հզօր կառավարիչին առջեւ ներկայանայ (Ել. 9։13-19)։ Եհովային ըրածէն ի՞նչ կը սորվինք։ Ան կը գործածէ անոնք, որոնք աստուածային յատկութիւններ կը դրսեւորեն եւ որոնք զօրութեան համար իրեն կ’ապաւինին (Փլպ. 4։13

6. Ի՞նչ կը սորվինք այն կերպէն, որով Եհովան Բերզելին գործածեց Դաւիթին օգնելու համար։

6 Դարեր ետք, Եհովան Բերզելին գործածեց, Դաւիթ թագաւորին օգնելու համար։ Դաւիթ ու ժողովուրդը ‘անօթի, յոգնած ու ծարաւցած էին’, մինչ Աբիսողոմէն կը փախչէին։ Բերզելին, որ տարիքոտ էր, ուրիշներու հետ իր կեանքը վտանգեց, որպէսզի Դաւիթին եւ անոր հետ եղողներուն պէտքերը հոգայ։ Բերզելին չխորհեցաւ որ տարեց ըլլալուն պատճառաւ, այլեւս Եհովային համար պիտանի չէր։ Ան իր ունեցածը առատաձեռնօրէն գործածեց Աստուծոյ ծառաներուն օգնելու (Բ. Թագ. 17։27-29)։ Ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։ Մեր տարիքը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, Եհովան մեզ կրնայ գործածել, որպէսզի մեր հաւատակիցներուն հիմնական կարիքները հոգանք, ըլլա՛ն անոնք մեր ապրած երկրին մէջ կամ ուրիշ երկրի մը մէջ (Առ. 3։27, 28. 19։17)։ Եթէ անոնց պէտքերը անձամբ չենք կրնար հոգալ, կրնանք համաշխարհային գործին համար նուիրատուութիւն ընել, որպէսզի հաւաքուած գումարները օգնեն հաւատակիցներուն, ո՛ւր որ ալ գտնուին (Բ. Կոր. 8։14, 15. 9։11

7. Եհովան ինչպէ՞ս Սիմէոնը գործածեց, եւ ասիկա գիտնալով ինչպէ՞ս կը քաջալերուինք։

7 Եհովան Երուսաղէմի մէջ հաւատարիմ տարեցի մը՝ Սիմէոնին խոստացաւ, որ չմեռած՝ Մեսիան պիտի տեսնէր։ Սիմէոն այդ խոստումով մեծապէս քաջալերուած ըլլալու էր, քանի որ տարիներէ ի վեր Մեսիային կը սպասէր։ Անոր հաւատքն ու համբերատարութիւնը վարձատրուեցան։ Օր մը, ‘հոգիէն առաջնորդուելով’, Սիմէոն տաճար եկաւ։ Հոն տեսաւ մանուկ Յիսուսը, եւ Եհովան իրեն միջոցաւ Յիսուսին մասին մարգարէութիւն մը տուաւ (Ղուկ. 2։25-35)։ Թէեւ Սիմէոն հաւանաբար ականատես չեղաւ Յիսուսի երկրային ծառայութեան, բայց երախտապարտ էր իր ունեցած առանձնաշնորհումին համար, իսկ ապագային շա՜տ օրհնութիւններ պիտի վայելէ։ Նոր աշխարհին մէջ, ան պիտի տեսնէ թէ ինչպէ՛ս Յիսուսի իշխանութեամբ աշխարհի բոլոր ընտանիքները պիտի օրհնուին (Ծն. 22։18)։ Մենք ալ կրնանք երախտապարտ ըլլալ որեւէ առանձնաշնորհումի համար, որ Եհովան մեզի կու տայ իր ծառայութեան մէջ։

8. Եհովան ինչպէ՞ս կրնայ մեզ գործածել, ինչպէս որ Բառնաբասը գործածեց։

8 Առաջին դարուն, Յովսէս անունով առատաձեռն տղամարդ մը թոյլ տուաւ, որ Եհովան զինք գործածէ (Գործք 4։36, 37)։ Հաւանաբար, քանի որ ուրիշները շատ լաւ կերպով կը մխիթարէր, առաքեալները զինք կոչեցին Բառնաբաս, այսինքն՝ «Մխիթարութեան որդի»։ Օրինակ, Սօղոս հաւատացեալ դառնալէ ետք, եղբայրներէն շատեր վախցան իրեն մօտենալու, քանի որ ճանչցուած էր որպէս հալածող։ Սակայն, գթասիրտ Բառնաբաս Սօղոսին օգնութեան հասաւ, ինչ որ Սօղոս վստահաբար շատ գնահատեց (Գործք 9։21, 26-28)։ Յետագային, Երուսաղէմի երէցները հարկ տեսան, որ Սուրիոյ Անտիոքի եղբայրները քաջալերեն։ Ո՞վ ղրկեցին։ Բառնաբա՛սը։ Իրենց ընտրութիւնը տեղին էր։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, թէ Բառնաբաս «կը յորդորէր ամէնքն ալ՝ որ յօժար սրտով Տէրոջը հետ կապուած մնան» (Գործք 11։22-24)։ Նոյնպէս այսօր, Եհովան կրնայ մեզի օգնել որ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար «մխիթարութեան որդի» ըլլանք։ Օրինակ, ան կրնայ մեզ գործածել որ մխիթարենք սիրելիներ կորսնցնողները։ Կամ կրնայ մեզ մղել, որ այցելենք կամ հեռաձայնենք մէկու մը, որ հիւանդ կամ ընկճուած է, եւ անոր ազնիւ խօսքեր ըսենք։ Թոյլ պիտի տա՞ս որ Եհովան քեզ գործածէ, ինչպէս որ Բառնաբասը գործածեց (Ա. Թես. 5։14

9. Ի՞նչ կը սորվինք այն կերպէն, որով Եհովան Վասիլիին օգնեց որ ատակ հոգեւոր հովիւ դառնայ։

9 Եհովան Վասիլի անունով եղբօր մը օգնեց, որ ատակ հոգեւոր հովիւ մը դառնայ։ Երբ ան 26 տարեկանին երէց նշանակուեցաւ, կը զգար թէ որակեալ չէ ժողովքին հոգեւորապէս օգնելու, մանաւանդ անոնց՝ որոնք դժուար պարագաներէ կ’անցնէին։ Բայց լաւ մարզում ստացաւ փորձառու երէցներէ եւ Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոցը յաճախելով։ Ան շատ ջանք թափեց որ բարելաւուի։ Օրինակ, շարք մը պզտիկ նպատակակէտեր դրաւ։ Իւրաքանչիւր նպատակակէտին հասնելով կրցաւ իր վախերը աստիճանաբար յաղթահարել։ Այժմ ան կ’ըսէ. «Ի՛նչ որ առաջ զիս կը վախցնէր, հիմա կ’ուրախացնէ։ Երբ Եհովան ինծի կ’օգնէ, որ եղբայր մը կամ քոյր մը մխիթարելու համար ճիշդ համարը գտնեմ, մեծ գոհունակութիւն կը զգամ»։ Եղբայրնե՛ր, եթէ Վասիլիին պէս ձգէք որ Եհովան ձեզ գործածէ, ան կրնայ ձեզի կարողութիւն տալ, որ ժողովքին մէջ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն մը ստանձնէք։

ԿԻՆԵՐՈՒ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ

10. Աբիգիան ի՞նչ ըրաւ, եւ իր օրինակէն ի՞նչ կը սորվիս։

10 Դաւիթ եւ իր հաւատարիմ մարդիկը Սաւուղ թագաւորին կողմէ կը հալածուէին եւ օգնութեան պէտք ունէին։ Դաւիթի մարդիկը Նաբաղ անունով հարուստ իսրայէլացիէ մը ուտելիք խնդրեցին։ Այս խնդրանքը ընելու ազատ զգացին, քանի որ անապատին մէջ անոր հօտերը պաշտպանած էին։ Բայց անձնասէր Նաբաղ չուզեց անոնց որեւէ բան տալ։ Դաւիթ այնքա՛ն զայրացաւ, որ մտադրեց Նաբաղը եւ անոր տան բոլոր տղամարդիկը սպաննել (Ա. Թագ. 25։3-13, 22)։ Սակայն, Նաբաղի գեղեցիկ կինը՝ Աբիգիա շատ խորատես էր։ Ան մեծ քաջութիւն ցոյց տալով, Դաւիթի ոտքերուն ինկաւ եւ աղաչեց որ արիւնապարտ չըլլայ՝ վրէժ առնելով։ Ան փափկանկատութեամբ Դաւիթին թելադրեց, որ հարցը Եհովային յանձնէ։ Աբիգիայի խոնարհ խօսքերն ու խոհեմ արարքները Դաւիթի սրտին դպան, եւ ան անդրադարձաւ որ Եհովան էր Աբիգիան ղրկողը (Ա. Թագ. 25։23-28, 32-34)։ Աբիգիան մշակած էր այնպիսի յատկութիւններ, որոնք թոյլ տուին որ Եհովան զինք գործածէ։ Նոյնպէս, քրիստոնեայ քոյրերը, որոնք փափկանկատութիւն եւ խոհեմութիւն կը զարգացնեն, կրնան Եհովայի կողմէ գործածուիլ իրենց ընտանիքները եւ ժողովքին մէջ ուրիշներ կերտելու (Առ. 24։3. Տիտ. 2։3-5

11. Սեղղումի աղջիկները ի՞նչ ըրին, եւ ներկայիս որո՞նք զիրենք կ’ընդօրինակեն։

11 Դարեր ետք, Սեղղումի աղջիկները Եհովայի կողմէ գործածուեցան Երուսաղէմի պարիսպները վերաշինելու (Նէ. 2։20. 3։12)։ Իշխանի զաւակներ ըլլալով հանդերձ, յօժար էին այդ դժուար ու վտանգաւոր գործը ընելու (Նէ. 4։15-18)։ Անոնք բնա՛ւ չէին նմաներ թեկուացիներու մեծերուն, որոնք գործին մասնակցելու համար «վիզերնին չծռեցին» (Նէ. 3։5)։ Երեւակայէ թէ Սեղղումի աղջիկները որքա՜ն ուրախացան, երբ ծրագիրը ամբողջացաւ միայն 52 օրուան մէջ (Նէ. 6։15)։ Մեր օրերուն ալ, յօժարակամ քոյրեր կ’ուրախանան սուրբ ծառայութեան մէկ ձեւին մասնակցելով,– Եհովայի պաշտամունքին յատկացուած շէնքեր կառուցանել եւ նորոգել։ Այս գործը յաջողապէս ընթանալու համար, մենք պէտք ունինք այս հմուտ, ժրաջան եւ հաւատարիմ քոյրերուն։

12. Եհովան ինչպէ՞ս կրնայ մեզ գործածել, ինչպէս որ Տաբիթան գործածեց։

12 Եհովան Տաբիթան մղեց, որ «բարի գործերով ու ողորմութիւններով» լեցուի, մանաւանդ այրիներուն ի նպաստ (Գործք 9։36)։ Որովհետեւ ան շա՜տ առատաձեռն ու ազնիւ էր, շատեր ողբացին երբ մեռաւ։ Բայց ետքը ցնծացին, երբ Պետրոս առաքեալ անոր յարութիւն տուաւ (Գործք 9։39-41)։ Տաբիթայէն ի՞նչ կը սորվինք։ Ըլլա՛նք երիտասարդ թէ տարեց, բոլորս կրնանք գործնական բաներ ընել՝ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնելու համար (Եբ. 13։16

13. Ռութ անունով ամչկոտ քոյր մը ինչպէ՞ս Եհովայի կողմէ գործածուեցաւ, եւ ան ի՞նչ եզրակացուց։

13 Ռութ անունով ամչկոտ քոյր մը ուզեց միսիոնար ըլլալ։ Երբ պատանուհի էր, տունէ տուն կը վազվզէր, տպուած թերթիկներ բաշխելով։ Ան ըսաւ. «Իրապէս կ’ախորժէի այս գործունէութենէն»։ Սակայն, դռներուն առջեւ խօսիլը եւ անձամբ ուրիշներուն Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին պատմելը, ուրիշ հարց էր։ Ամչկոտ ըլլալով հանդերձ, ան 18 տարեկանին կանոնաւոր ռահվիրայ եղաւ։ 1946–ին, Գաղաադի աստուածաշնչական դպրոցը յաճախեց եւ ապա ծառայեց Հաուայիի ու Ճափոնի մէջ։ Եհովան շատ ազդու կերպով զինք գործածեց բարի լուրը տարածելու այդ երկիրներուն մէջ։ Ծառայութեան շուրջ 80 տարի մասնակցելէ ետք, ան եզրակացուց. «Եհովան ինծի համար կազդուրիչ ոյժ մը եղած է։ Ան ինծի օգնած է որ իմ ամչկոտութիւնս յաղթահարեմ։ Հաստատօրէն կը հաւատամ, թէ Եհովան կրնայ գործածել իրեն վստահող ոեւէ անհատ»։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԹՈՅԼ ՏՈՒՐ ՈՐ ՔԵԶ ԳՈՐԾԱԾԷ

14. Կողոսացիս 1։29–ի համաձայն, ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ կ’ուզենք որ Եհովան մեզ գործածէ։

14 Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, Եհովան պատճառած է որ իր ծառաները այլազան դերեր կատարեն։ Ան պիտի պատճառէ որ ի՞նչ ըլլաս։ Շատ բան կախեալ է թէ որքա՛ն յօժար ես ծանր աշխատելու (կարդա՛ Կողոսացիս 1։29)։ Եթէ պատրաստ ես որ իր կողմէ գործածուիս, ան կրնայ պատճառել որ ըլլաս՝ նախանձախնդիր քարոզիչ, ազդու ուսուցիչ, ատակ մխիթարիչ, հմուտ աշխատող, աջակցող բարեկամ կամ որեւէ ուրիշ բան, որուն կարիք կայ իր կամքը կատարելու համար։

15. Ըստ Ա. Տիմոթէոս 4։12, 15–ին, ներկայիս անչափահաս եղբայրները Եհովային պէտք է աղաչեն որ իրենց օգնէ ի՞նչ ընելու։

15 Ի՞նչ կարելի է ըսել այն եղբայրներուն մասին, որոնք չափահաս ըլլալու վրայ են։ Մեծ կարիք կայ աշխոյժ եղբայրներու, որ յաւելեալ պատասխանատուութիւն ստանձնեն որպէս օգնական ծառաներ։ Բազմաթիւ ժողովքներու մէջ, երէցները աւելի շատ են քան օգնական ծառաները։ Կարելի՞ է որ ձեզմէ ոմանք փափաք զարգացնեն՝ ժողովքին մէջ յաւելեալ պատասխանատուութիւններ ձեռք ձգելու։ Երբեմն կարգ մը եղբայրներ կ’ըսեն. «Պարզապէս հրատարակիչ ըլլալով ուրախ եմ»։ Եթէ այդպէս կը զգաս, Եհովային աղաչէ, որ քեզի օգնէ օգնական ծառայ ըլլալու փափաքը զարգացնելու եւ քեզի ոյժ տայ իր ծառայութեան մէջ ամէն կարելիդ ընելու (Ժող. 12։1)։ Ո՛վ անչափահաս եղբայրներ, մենք ձեր օգնութեան պէտք ունինք (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 4։12, 15

16. Եհովայէն ի՞նչ պէտք է խնդրենք եւ ինչո՞ւ։

16 Եհովան կրնայ պատճառել որ ըլլաս ի՛նչ որ պէտք ունի իր կամքը կատարելու համար։ Ուստի, իրմէ խնդրէ որ քեզի տայ իր գործը ընելու փափաքը, եւ ետքը խնդրէ որ քեզի պէտք եղած ուժը տայ։ Ըլլա՛ս երիտասարդ թէ տարեց, ժամանակդ, կորովդ եւ կարողութիւններդ հի՛մա գործածէ Եհովան պատուելու համար (Ժող. 9։10)։ Բնա՛ւ թոյլ մի՛ տար, որ վախը կամ անատակ զգալը պատճառ դառնայ, որ ձեռքէդ փախցնես արժէքաւոր առիթներ՝ Եհովայի ծառայութեան մէջ ամէն կարելիդ ընելու։ Բոլորս ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում ունինք, որ մեր կրցածին չափ Եհովան պատուենք։

ԵՐԳ 61 Ինչպիսի անձ մը պէտք է ըլլամ

^ պարբ. 5 Կը զգա՞ս որ չես կրնար Եհովային աւելի ծառայել։ Հարց կու տա՞ս թէ տակաւին իր գործին համար օգտակա՛ր ես կամ ոչ։ Արդեօք պէտք չե՞ս զգար որ ինքզինքդ մատչելի դարձնես, որպէսզի Եհովայի ծառայես որեւէ կերպով որ ի՛նք կ’ուզէ։ Յօդուածը պիտի քննարկէ զանազան կերպեր, որոնցմով Եհովան քեզի կու տայ թէ՛ փափաքը եւ թէ ուժը, որպէսզի ըլլաս ի՛նչ որ անհրաժեշտ է՝ իր նպատակը իրագործելու համար։

^ պարբ. 3 Թէեւ Պօղոս իր նամակը գրեց առաջին դարու քրիստոնեաներուն, սակայն սկզբունքով, իր խօսքերը կը կիրարկուին Եհովայի բոլոր ծառաներուն։