Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 40

Զբաղած մնացի՛ր, մինչ «վերջին օրերը» վերջանալու վրայ են

Զբաղած մնացի՛ր, մինչ «վերջին օրերը» վերջանալու վրայ են

«Հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք եւ ամէն ատեն աւելցէ՛ք Տէրոջը գործին մէջ» (Ա. ԿՈՐ. 15։58

ԵՐԳ 141 Խաղաղասէր մարդիկը փնտռենք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ի՞նչ բան մեզ կը համոզէ որ «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք։

ԵԹԷ 1914–էն ետք ծնած ես, ուրեմն ամբողջ կեանքդ ապրած ես այս դրութեան «վերջին օրերուն» ընթացքին (Բ. Տիմ. 3։1)։ Բոլորս լսած ենք այն դէպքերուն մասին, որ Յիսուս մարգարէացաւ թէ մեր օրերուն տեղի պիտի ունենային։ Ատոնք կը պարփակեն՝ պատերազմներ, սովեր, երկրաշարժներ, մահտարաժամներ, անօրէնութեան շատնալը եւ Եհովայի ժողովուրդին հալածուիլը (Մատ. 24։3, 7-9, 12. Ղուկ. 21։10-12)։ Նաեւ տեսած ենք որ մարդիկ կը վարուին Պօղոս առաքեալի նկարագրած կերպով (տե՛ս « Մարդոց նկարագիրը այսօր» շրջանակը)։ Եհովայի երկրպագուները ըլլալով, համոզուած ենք որ «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք (Միք. 4։1

2. Ո՞ր հարցումներուն պատասխանները պէտք է գիտնանք։

2 Որովհետեւ 1914–էն ետք շա՜տ ժամանակ անցած է, այժմ «վերջին օրերը» իրենց աւարտին հասնելու վրայ են։ Վերջը այսքան մօտ ըլլալով, պէտք է հետեւեալ կարեւոր հարցումներուն պատասխանները գիտնանք. Ի՞նչ դէպքեր պիտի պատահին «վերջին օրեր»ուն վերջաւորութեան։ Եւ Եհովան մեզմէ ի՞նչ կ’ակնկալէ որ ընենք, մինչ այդ դէպքերուն կը սպասենք։

«ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐ»ՈՒՆ ՎԵՐՋԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՀԻ

3. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։1-3–ի մարգարէութեան համաձայն, ազգերը ի՞նչ յայտարարութիւն պիտի ընեն։

3 Կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։1-3։ Պօղոս կը նշէ «Եհովայի օրը» (ՆԱ)։ Այս համարին մէջ, անիկա կ’ակնարկէ այն ժամանակամիջոցին, որ կը սկսի «Մեծ Բաբելոն»ի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան՝ վրայ եղած յարձակումով եւ վերջ կը գտնէ Արմագեդոնով (Յայտ. 16։14, 16. 17։5)։ Այդ «օրը» սկսելէն ճիշդ առաջ, ազգերը պիտի յայտարարեն՝ «Խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է»։ Աշխարհի առաջնորդները երբեմն նոյնանման արտայայտութիւններ կը գործածեն, երբ կը խօսին ազգերու միջեւ փոխյարաբերութիւնները բարելաւելու մասին *։ Սակայն Սուրբ Գիրքին նկարագրած «Խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է» յայտարարութիւնը տարբեր է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ երբ ատիկա պատահի, շատեր պիտի կարծեն որ աշխարհի առաջնորդները յաջողեցան երկիրը աւելի ապահով տեղ մը դարձնելու։ Բայց իրականութեան մէջ, շուտով ‘յանկարծակի կորուստ’ տեղի պիտի ունենայ (Մատ. 24։21

Մի՛ խաբուիր ազգերու այն սուտ յայտարարութենէն, թէ «Խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է» (տե՛ս պարբերութիւն 3-6) *

4. ա) «Խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է» յայտարարութեան նկատմամբ, ի՞նչ բաներ տակաւին չենք գիտեր։ բ) Ատոր մասին արդէն ի՞նչ գիտենք։

4 «Խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է» յայտարարութեան մասին կարգ մը բաներ գիտենք, սակայն բաներ ալ կան, որոնք չենք գիտեր։ Օրինակ, չենք գիտեր թէ ի՛նչ բան այդ յայտարարութեան պիտի առաջնորդէ եւ ինչպէ՛ս այդ յայտարարութիւնը պիտի ըլլայ։ Նաեւ չենք գիտեր, որ անիկա մէ՛կ յայտարարութիւն է թէ շարք մը յայտարարութիւններ։ Ի՛նչ որ ալ պատահի, ասիկա գիտենք. պէտք չէ խաբուինք մտածելով, թէ աշխարհի առաջնորդները կրնան համաշխարհային խաղաղութիւն բերել։ Ընդհակառակը, ատիկա մեր սպասած յայտարարութիւնն է, որ ցոյց կու տայ թէ «Եհովայի օրը» սկսելու վրայ է։

5. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։4-6–ը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ, որ «Եհովայի օր»ուան համար պատրաստ ըլլանք։

5 Կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։4-6։ Պօղոս իր այս խօսքերով մեզի կ’ըսէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք վստահ ըլլալ, որ «Եհովայի օր»ուան համար պատրաստ ենք։ Պէտք չէ ‘քնանանք ինչպէս ուրիշները’, հապա «արթուն» պէտք է մնանք։ Օրինակ, պէտք է ուշադիր ըլլանք որ չէզոք մնանք եւ բնա՛ւ քաղաքական հարցերու միջամուխ չըլլանք։ Եթէ միջամուխ ըլլանք, աշխարհի մէկ մասը կ’ըլլանք (Յովհ. 15։19)։ Մենք գիտենք որ միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ համաշխարհային խաղաղութիւն բերել։

6. Ուրիշներուն կ’ուզենք օգնել որ ի՞նչ ընեն, եւ ինչո՞ւ։

6 Արթուն մնալէ զատ, նաեւ կ’ուզենք ուրիշներուն օգնել որ արթննան, գիտնալով թէ ի՛նչ պիտի պատահի երկրի վրայ, ըստ Աստուածաշունչի մարգարէութեան։ Յիշե՛նք, թէ մէյ մը որ մեծ նեղութիւնը սկսի, մարդոց համար շա՜տ ուշ պիտի ըլլայ սկսիլ Եհովան պաշտել։ Անոր համար է որ մեր քարոզչութիւնը շատ հրատապ է *։

ՔԱՐՈԶԵԼՈՎ ԶԲԱՂԱԾ ՄՆԱՑԻ՛Ր

Ներկայիս քարոզելու ատեն, մարդոց ցոյց կու տանք, թէ միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ աշխարհը իրապէս ապահով վայր մը դարձնել (տե՛ս պարբերութիւն 7-9)

7. Եհովան մեզմէ ի՞նչ կ’ակնկալէ որ հիմա ընենք։

7 Իր «օրը» սկսելէն առաջ այս կարճ ժամանակուան մէջ, Եհովան մեզմէ կ’ակնկալէ որ քարոզչութեամբ զբաղած մնանք։ Պէտք է վստահ ըլլանք որ ‘Տէրոջը գործին մէջ կ’աւելնանք’ (Ա. Կոր. 15։58)։ Յիսուս առաջուընէ ըսաւ թէ ի՛նչ պիտի ընէինք։ Երբ կը խօսէր այն բոլոր կարեւոր դէպքերուն մասին, որոնք վերջին օրերուն պիտի պատահէին, աւելցուց. «Առաջ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն» (Մար. 13։4, 8, 10. Մատ. 24։14)։ Մտածէ. ամէն անգամ որ ծառայութեան երթաս, բաժին կը բերես այդ մարգարէութեան կատարման մէջ։

8. Ուրկէ՞ գիտենք որ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը յառաջդիմութեան մէջ է։

8 Թագաւորութեան քարոզչութիւնը ինչպէ՞ս յառաջդիմած է։ Տարուէ տարի աւելի շատ մարդիկ Թագաւորութեան բարի լուրը կը լսեն։ Օրինակ, մտածէ թէ վերջին օրերուն ընթացքին աշխարհի տարածքին հրատարակիչներու թիւը որքա՛ն աւելցած է։ 1914–ին, 5155 հրատարակիչներ կային՝ 43 երկիրներու մէջ։ Իսկ ներկայիս, մօտ 8,5 միլիոն հրատարակիչներ կան՝ 240 երկիրներու մէջ։ Բայց եւ այնպէս, մեր գործը տակաւին վերջ չէ գտած։ Պէտք է շարունակենք ծանուցանել, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկութեան բոլոր խնդիրներուն միակ լուծումն է (Սաղ. 145։11-13

9. Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք Թագաւորութեան պատգամը քարոզել։

9 Թագաւորութեան քարոզչութիւնը վերջ պիտի չգտնէ, մինչեւ որ Եհովան ըսէ, թէ իր աւարտին հասած է։ Որքա՞ն ժամանակ մնացած է, որպէսզի մարդիկ ճանչնան Եհովան ու Յիսուս Քրիստոսը (Յովհ. 17։3)։ Չենք գիտեր։ Բայց գիտենք որ մինչեւ մեծ նեղութեան սկսիլը, բոլոր անոնք, որոնք «յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած» են, տակաւին կրնան բարի լուրը ընդունիլ եւ որոշել Եհովային ծառայել (Գործք 13։48, ՆԱ)։ Ինչպէ՞ս կրնանք անոնց օգնել, շատ ուշ չեղած։

10. Եհովան մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ ճշմարտութիւնը սորվեցնենք մարդոց։

10 Իր կազմակերպութեան միջոցաւ, Եհովան մեզի պէտք եղած ամէն բան կու տայ, որ ճշմարտութիւնը սորվեցնենք մարդոց։ Օրինակ, ամէն շաբաթ մարզում կը ստանանք միջշաբաթային ժողովին ընթացքին։ Այս ժողովը մեզի կ’օգնէ, որ գիտնանք ի՛նչ ըսել առաջին հանդիպումին եւ վերայցելութեան ընթացքին։ Անիկա նաեւ մեզի կը սորվեցնէ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարել։ Եհովայի կազմակերպութիւնը նաեւ Ուսուցանելու գործիքներու տուփը պատրաստած է։ Անոր պարունակած գործիքները մեզի կ’օգնեն որ՝

  • խօսակցութիւններ սկսինք,

  • հետաքրքրութիւն արթնցնենք,

  • մարդիկը մղենք որ ուզեն աւելին սորվիլ,

  • ճշմարտութիւնը սորվեցնենք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելով, եւ

  • հետաքրքրուած անհատները քաջալերենք, որ մեր կայքը եւ Թագաւորութեան սրահը այցելեն։

Անշուշտ, բաւարար չէ որ այդ գործիքները պարզապէս ունենանք, հապա պէտք է զանոնք գործածենք *։ Օրինակ, եթէ հետաքրքրուած անհատի մը հետ խօսակցելէ ետք, իրեն թերթիկ մը կամ պարբերաթերթ մը տաս, ան պիտի կարենայ զայն կարդալ, մինչեւ որ իրեն հետ նորէն կապ պահես։ Մեր անձնական պատասխանատուութիւնն է՝ ամէն ամիս Թագաւորութեան քարոզչութեամբ զբաղած մնալ։

11. Առցանց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան դասեր բաժինը ինչո՞ւ պատրաստուեցաւ։

11 Առցանց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան դասեր բաժինը jw.org® կայքին մէջ, ուրիշ կերպ մըն է, որով Եհովան մարդոց կ’օգնէ ճշմարտութիւնը սորվելու (նայէ BIBLE TEACHINGS > ONLINE LESSONS)։ Այս դասերը ինչո՞ւ պատրաստուեցան։ Ամէն ամիս, աշխարհի տարածքին տասնեակ հազարաւոր մարդիկ Աստուածաշունչի դասընթացքներ կը փնտռեն համացանցին մէջ։ Մեր կայքին պարունակած դասերը կրնան անոնց օգնել, որ սկսին Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը սորվիլ։ Ասկէ զատ, ոմանք՝ որոնց հետ կը խօսիս, թերեւս վարանին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունելու։ Այդ պարագային, մեր կայքին մէջ այս բաժինը ցոյց տուր կամ անոր կապը ուղարկէ *։

12. Անհատ մը ի՞նչ կրնայ սորվիլ Առցանց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան դասերէն։

12 Առցանց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան դասերը այս նիւթերը կը ծածկեն. «Աստուածաշունչը եւ անոր Հեղինակը», «Աստուածաշունչի գլխաւոր անձնաւորութիւնները» եւ «Աստուածաշունչի բովանդակած յոյսի պատգամը»։ Այս դասերուն մէջ, անհատը պիտի սորվի.

  • Աստուածաշունչը ինչպէ՛ս կրնայ մէկու մը օգնել

  • Եհովան, Յիսուսը եւ հրեշտակները ո՛վ են

  • Աստուած ինչո՛ւ մարդը ստեղծեց

  • Ինչո՛ւ տառապանք ու չարութիւն գոյութիւն ունին

Դասերուն մէջ նաեւ կը քննարկուի, թէ Եհովան ինչպէ՛ս՝

  • չարչարանքին ու մահուան վերջ պիտի դնէ,

  • մեռելները ետ կեանքի պիտի բերէ, եւ

  • մարդկային կառավարութիւնները պիտի փոխարինէ իր Թագաւորութեամբ։

13. Առցանց դասերը կը փոխարինե՞ն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան կարգադրութիւնը. բացատրէ։

13 Առցանց դասերը չեն փոխարիներ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան կարգադրութիւնը։ Յիսուս մեզի տուած է աշակերտելու առանձնաշնորհումը։ Կը յուսանք որ հետաքրքրուած անհատները առցանց դասերը սերտեն, իրենց սորվածը գնահատեն եւ ուզեն աւելին սորվիլ։ Այդ պարագային, թերեւս ընդունին Աստուածաշունչը սերտել։ Իւրաքանչիւր դասի վերջաւորութեան, անհատին հրաւէր կը տրուի որ անձնական ուսուցիչ խնդրէ, որուն հետ կրնայ Աստուածաշունչը սերտել։ Մեր կայքին միջոցաւ, աշխարհի չորս կողմէն ամէն օր միջին հաշուով կը ստանանք Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու աւելի քան 230 խնդրանքներ։ Անհատի մը հետ դէմ առ դէմ ուսումնասիրելը շատ կարեւոր է։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՋԱՆԱԼ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼ

14. Մատթէոս 28։19, 20–ի մէջ նշուած Յիսուսի ուղղութիւններուն համաձայն, ի՞նչ պէտք է ջանանք ընել եւ ինչո՞ւ։

14 Կարդա՛ Մատթէոս 28։19, 20։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելով, պէտք է մեր ամէն կարելին ընենք, որ ‘աշակերտենք, սորվեցնելով անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ Յիսուս պատուիրեց’։ Պէտք է մարդոց օգնենք որ ըմբռնեն, թէ ինչո՛ւ կարեւոր է որ Եհովայի եւ իր Թագաւորութեան կողքին դիրք բռնեն։ Ասիկա կը նշանակէ մարդիկը մղել, որ ճշմարտութիւնը իրենցը դարձնեն՝ իրենց սորվածը գործադրելով, իրենց կեանքը Եհովային նուիրելով եւ մկրտուելով։ Միայն այդ պարագային, անոնք Եհովայի օրէն պիտի վերապրին (Ա. Պետ. 3։21

15. Մենք ժամանակ չունինք ի՞նչ ընելու եւ ինչո՞ւ։

15 Ինչպէս նախապէս նշեցինք, շատ քիչ ժամանակ մնացած է մինչեւ այս չար աշխարհին վերջը։ Անոր համար, ժամանակ չունինք որ շարունակենք Աստուածաշունչը սերտել անոնց հետ, որոնք յայտնի է որ միտք չունին Քրիստոսի աշակերտները դառնալու (Ա. Կոր. 9։26)։ Մեր գործը հրատապ է։ Տակաւին շատ մարդիկ կան, որոնք պէտք է Թագաւորութեան պատգամը լսեն, շատ ուշ չեղած։

ՍՈՒՏ ԿՐՕՆՔԻ ՀԵՏ ՈՐԵՒԷ ԿԵՐՊՈՎ ԿԱՊ ՄԻ՛ ՈՒՆԵՆԱՐ

16. Յայտնութիւն 18։2, 4, 5, 8–ի համաձայն, բոլորս ի՞նչ պէտք է ընենք (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։

16 Կարդա՛ Յայտնութիւն 18։2, 4, 5, 8։ Այս համարները ցոյց կու տան, որ ուրիշ բան մըն ալ կայ, որ Եհովան իր երկրպագուներէն կ’ակնկալէ։ Բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաները պէտք է վստահ ըլլան, որ որեւէ կերպով Մեծ Բաբելոնին հետ կապ չունին։ Ճշմարտութիւնը սորվելէ առաջ, Աստուածաշունչի աշակերտ մը թերեւս սուտ կրօնքի մը կը պատկանէր։ Ան թերեւս անոր կրօնական արարողութիւններուն ներկայ կ’ըլլար եւ անոր գործունէութիւններուն կը մասնակցէր։ Կամ ալ այսպիսի կազմակերպութեան մը դրամ կը նուիրէր։ Որպէսզի Աստուածաշունչի աշակերտ մը չմկրտուած հրատարակիչ ըլլայ, պէտք է սուտ կրօնքին հետ ամէն կապ խզէ։ Իր եկեղեցիին կամ որեւէ այլ կազմակերպութեան, որ Մեծ Բաբելոնին առնչուած է, պէտք է հրաժարական նամակով կամ ուրիշ կերպով նշէ, որ այլեւս անոր մէկ անդամը չէ *։

17. Քրիստոնեան ինչպիսի՞ գործեր պէտք չէ ընդունի եւ ինչո՞ւ։

17 Ճշմարիտ քրիստոնեան պէտք է վստահ ըլլայ, որ իր աշխարհիկ գործը որեւէ կապ չունի Մեծ Բաբելոնին հետ (Բ. Կոր. 6։14-17)։ Օրինակ, ան եկեղեցիի մը մէջ գործաւոր չ’ըլլար։ Ասկէ զատ, վարպետի մը ձեռքին տակ աշխատող քրիստոնեան պիտի չուզէ ընդարձակ գործեր ընել կառոյցի մը մէջ, որ սուտ պաշտամունքը յառաջ կը մղէ։ Իսկ եթէ ան իր անձնական գործը ունի, վստահաբար պիտի չուզէ գործի համաձայնագիր ընել հիմնարկի մը հետ, որ Մեծ Բաբելոնին կը պատկանի։ Ինչո՞ւ այսքան հաստատ կեցուածք կը բռնենք։ Քանի որ չենք ուզեր բաժին բերել Աստուծոյ աչքին անմաքուր եղող կրօնական կազմակերպութիւններուն գործերուն եւ մեղքերուն մէջ (Եսա. 52։11) *։

18. Եղբայր մը ինչպէ՞ս իր գործին նկատմամբ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն կառչեցաւ։

18 Տարիներ առաջ, անձնական գործ ընող երէցէ մը խնդրուեցաւ ատաղձագործական պզտիկ գործ մը ընել իր ապրած գիւղաքաղաքի եկեղեցիին մէջ։ Խնդրանքը ներկայացնող յանձնառուն գիտէր որ եղբայրը միշտ ըսած էր, թէ եկեղեցիներու համար չ’աշխատիր։ Բայց այս անգամ յանձնառուն չէր կրնար մէկը գտնել այդ գործին համար։ Այսուհանդերձ, եղբայրը աստուածաշնչական սկզբունքներուն կառչեցաւ եւ առաջարկուած գործը չընդունեց։ Յաջորդ շաբաթ, տեղական լրաթերթին մէջ երեւցաւ նկար մը, որուն մէջ ատաղձագործ մը եկեղեցիին պատին վրայ խաչ կը դնէ։ Եթէ մեր եղբայրը իր միտքը փոխէր եւ գործը ընդունէր, այդ նկարին մէջ ի՛նք կրնար ըլլալ։ Մտածէ թէ ատիկա որքա՜ն պիտի վնասէր իր համբաւին իբրեւ երէց։ Նաեւ, երեւակայէ թէ Եհովան ի՛նչ պիտի զգար։

Ի՞ՆՉ ՍՈՐՎԵՑԱՆՔ

19-20. ա) Մինչեւ հիմա ի՞նչ սորվեցանք։ բ) Ուրիշ ի՞նչ պէտք է սորվինք։

19 Ըստ Աստուածաշունչին, յաջորդ կարեւոր մարգարէութիւնը, որ մօտ ատենէն պիտի կատարուի, այն է՝ որ աշխարհի կառավարիչները պիտի յայտարարեն՝ «Խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է»։ Եհովան մեզի ըսած է որ ազգերը պիտի չկարենան իսկական ու մնայուն խաղաղութիւն բերել։ Նախքան այդ դէպքին կատարուիլը, մենք ի՞նչ պէտք է ընենք։ Եհովան մեզմէ կ’ակնկալէ որ զբաղած մնանք Թագաւորութեան պատգամը քարոզելով եւ աշակերտելով։ Միեւնոյն ատեն, պէտք է ամբողջ սուտ կրօնքէն անջատ մնանք։ Ատիկա կը նշանակէ որ պէտք է Մեծ Բաբելոնէն քաշուինք եւ անոր հետ կապ ունեցող գործեր չընենք։

20 «Վերջին օրեր»ուն վերջաւորութեան ուրիշ դէպքեր ալ պիտի ըլլան։ Եւ կան ուրիշ բաներ, որոնք Եհովան մեզմէ կ’ակնկալէ որ ընենք։ Ի՞նչ են ատոնք, եւ ինչպէ՞ս կրնանք պատրաստուիլ ամէն բանի որ մօտ ապագային պիտի դիմագրաւենք։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք։

ԵՐԳ 100 Մենք Եհովայի բանա՛կն ենք

^ պարբ. 5 Կ’ակնկալենք որ մօտ ատենէն աշխարհի առաջնորդները յայտարարեն, որ «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» իրագործած են։ Ատիկա նշան պիտի ըլլայ, որ մեծ նեղութիւնը սկսելու վրայ է։ Հիմակուընէ մինչեւ այդ յայտարարութիւնը, Եհովան մեզմէ ի՞նչ կ’ակնկալէ որ ընենք։ Յօդուածը պիտի օգնէ պատասխանը գիտնալու։

^ պարբ. 3 Օրինակ, Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը իր կայքին մէջ կը նշէ, որ ինք «միջազգային խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը» կը պահպանէ։

^ պարբ. 10 Ուսուցանելու գործիքներու տուփը ինչպէ՛ս գործածելու նկատմամբ, տե՛ս «Ճշմարտութիւնը սորվեցնենք» յօդուածը Դիտարան–ի հոկտեմբեր 2018 թիւին մէջ։

^ պարբ. 11 Դասերը այժմ մատչելի են անգլերէնով եւ փորթուգալերէնով, իսկ մօտ օրէն՝ յաւելեալ լեզուներով։

^ պարբ. 16 Պէտք է նաեւ լքենք որեւէ կազմակերպութիւն, որ կը կազմակերպէ պատանեկան բանակումներ կամ ժամանցի պահեր, բայց սուտ կրօնքին հետ կապեր ունի։ Հակառակ անոր որ այսպիսի կազմակերպութիւններ կը ջանան իրենց գործունէութեան կրօնական բնոյթը ծածկել, իրողութիւնը այն է՝ որ անոնք կրօնական ծագում եւ նպատակներ ունին։

^ պարբ. 17 Կրօնական կազմակերպութիւններու հետ կապ ունեցող աշխատանքի մասին Աստուածաշունչի տեսակէտը աւելի քննարկելու համար, տե՛ս «Հարցումներ՝ ընթերցողներէն» յօդուածը, Դիտարան–ի 15 ապրիլ 1999 թիւին մէջ (անգլերէն)։

^ պարբ. 83 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Սրճարանի մը մէջ յաճախորդներ հեռատեսիլէն հետաքրքրութեամբ մտիկ կ’ընեն «Արագ լրահոս»ը, որ կը հաղորդէ «Խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն է» յայտարարութիւնը։ Վկայ զոյգ մը, որոնք դաշտի ծառայութեան ընթացքին դադար առած են, այս տեղեկագրութեամբ չեն խաբուիր։