Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 43

Եհովան կ’առաջնորդէ իր կազմակերպութիւնը

Եհովան կ’առաջնորդէ իր կազմակերպութիւնը

«‘Զօրութեամբ չէ եւ ուժով չէ, հապա իմ Հոգիովս’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը» (ԶԱՔ. 4։6

ԵՐԳ 62 Որո՞ւ կը պատկանինք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Մկրտուած քրիստոնեաները ի՞նչ պէտք է շարունակեն ընել։

ՄԿՐՏՈՒԱ՞Ծ ես։ Եթէ այո, հանրապէս յայտարարած ես Եհովայի հանդէպ հաւատքդ եւ յօժար ըլլալդ, որ իր կազմակերպութեան * հետ ծառայես։ Անշուշտ, Եհովայի հանդէպ հաւատքդ պէտք է շարունակ զօրացնես։ Եւ շարունակ պէտք է վստահութիւնդ աւելցնես, թէ Եհովան ներկայիս իր կազմակերպութիւնը կը գործածէ։

2-3. Եհովան ներկայիս ինչպէ՞ս կ’առաջնորդէ իր կազմակերպութիւնը. օրինակներ տուր։

2 Ներկայիս, Եհովան իր կազմակերպութիւնը այնպիսի կերպով կ’առաջնորդէ, որ կ’արտացոլէ իր անձնաւորութիւնը, նպատակը եւ չափանիշները։ Նկատի առնենք Եհովայի անձնաւորութեան երեք երեսակներ, որոնք կ’երեւին իր կազմակերպութեան մէջ։

3 Առաջին, «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ» (Գործք 10։34)։ Սէրը Եհովան մղեց, որ իր Որդին «ամենուն տեղ փրկանք» տայ (Ա. Տիմ. 2։6. Յովհ. 3։16)։ Ան իր ժողովուրդը կը գործածէ, որ բարի լուրը քարոզեն բոլոր մարդոց, այսպիսով կարելի եղածին չափ շատերու օգնելով, որ փրկանքէն օգտուին։ Երկրորդ, Եհովան կարգապահութեան եւ խաղաղութեան Աստուած է (Ա. Կոր. 14։33, 40)։ Ուրեմն, պէտք է ակնկալենք, որ զինք պաշտողները իրեն ծառայեն որպէս կարգապահ եւ խաղաղ ժողովուրդ։ Երրորդ, Եհովան «Մեծ Ուսուցիչ»ն է (Եսա. 30։20, ՆԱ, 21)։ Անոր համար, իր կազմակերպութիւնը կը կեդրոնանայ իր ներշնչեալ Խօսքը սորվեցնելու վրայ, թէ՛ ժողովքին մէջ եւ թէ հանրային ծառայութեան մէջ։ Եհովայի անձնաւորութեան այս երեք երեսակները ինչպէ՞ս յայտնի էին առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Եհովայի ժողովուրդը ինչպէ՞ս այդ երեք յատկութիւնները կ’ընդօրինակէ մեր օրերուն։ Եւ սուրբ հոգին ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել, մինչ Եհովայի կազմակերպութեան հետ կը ծառայես։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՔՈՎ ԱՉԱՌՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ

4. Գործք 1։8–ի մէջ, Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց որ ի՞նչ ընեն, եւ ի՞նչ օգնութիւն պիտի ստանային։

4 Առաջին դարուն։ Յիսուսի քարոզած պատգամը ամբողջ մարդկութեան յոյս տուաւ (Ղուկ. 4։44)։ Ան իր հետեւորդներուն պատուիրեց, որ շարունակեն իր սկսած գործը, եւ «մինչեւ երկրին ծայրերը» վկայեն (կարդա՛ Գործք 1։8)։ Անշուշտ, այս գործը չէին կրնար ընել իրենց ուժովը։ Պէտք ունէին սուրբ հոգիին՝ «օգնական»ին, որ Յիսուս իրենց խոստացած էր (Յովհ. 14։26, ՆԱ. Զաք. 4։6

5-6. Սուրբ հոգին ի՞նչ կերպերով Յիսուսի հետեւորդներուն օգնեց։

5 Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, Յիսուսի հետեւորդները սուրբ հոգին ստացան։ Անոր օգնութեամբ, անոնք անմիջապէս սկսան քարոզել, եւ կարճ ժամանակուան մէջ հազարաւորներ բարի լուրը ընդունեցին (Գործք 2։41. 4։4)։ Երբ հակառակութիւնը ծագեցաւ, աշակերտները վախի տեղի չտուին, հապա Աստուծոյ դիմեցին օգնութեան համար։ Անոնք աղօթեցին. «Շնորհէ քու ծառաներուդ, որպէս զի բոլոր համարձակութիւնով քու խօսքդ խօսինք»։ Այն ատեն, անոնք սուրբ հոգիով լեցուեցան, եւ շարունակեցին ‘Աստուծոյ խօսքը համարձակ խօսիլ’ (Գործք 4։18-20, 29, 31

6 Յիսուսի աշակերտները ուրիշ դժուարութիւններ ալ ունեցան։ Օրինակ, Սուրբ Գրութիւններու օրինակները քիչ էին։ Աշակերտները չունէին հրատարակութիւններ, որոնք Սուրբ Գրութիւնները կը բացատրէին, ինչպէս որ այսօր մենք ունինք։ Եւ աշակերտները պէտք էր քարոզէին մարդոց, որոնք բազմաթիւ լեզուներ կը խօսէին։ Հակառակ այդ բոլոր դժուարութիւններուն, այդ նախանձախնդիր աշակերտները ըրին ինչ որ անկարելի կը թուէր. միայն քանի մը տասնամեակներու ընթացքին, բարի լուրը քարոզեցին «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն» (Կող. 1։6, 23

7. Աւելի քան 100 տարի առաջ, Եհովայի ծառաները ինչպէ՞ս գիտցան, թէ ինք ի՛նչ կը պահանջէ իրենցմէ, եւ ինչպէ՞ս հակազդեցին։

7 Մեր օրերուն։ Եհովան կը շարունակէ իր ժողովուրդը առաջնորդել եւ զօրացնել։ Անշուշտ, ան գլխաւորաբար կ’առաջնորդէ իր ներշնչեալ Խօսքին միջոցաւ։ Հոն արձանագրուած է Յիսուսի ծառայութիւնը եւ իր պատուէրը, որ իր հետեւորդները շարունակեն իր սկսած գործը (Մատ. 28։19, 20Դիտարան պարբերաթերթը արդէն յուլիս 1881–ին ըսած էր. «Մենք չկանչուեցանք եւ չօծուեցանք, որ պատիւ ստանանք եւ հարստութիւն դիզենք, հապա՝ որ մեր ամէն ունեցածը գործածենք բարի լուրը քարոզելու»։ 1919–ին հրատարակուած Գործը որո՛նց վստահուած է գրքոյկը նշեց. «Աշխատանքը ապշեցուցիչ կը թուի, բայց ատիկա Տէրոջ գործն է եւ իր զօրութեամբ զայն պիտի կատարենք»։ Նախկին քրիստոնեաներուն պէս, այս եղբայրները քաջաբար իրենց անձը տուին այս գործին համար, վստահ ըլլալով որ սուրբ հոգին իրենց պիտի օգնէր ամէն տեսակ մարդոց քարոզելու։ Մենք ալ ներկայիս նոյն վստահութիւնը ունինք։

Եհովայի կազմակերպութիւնը բարի լուրը տարածելու համար, կարելի եղած ամենալաւ գործիքները գործածած է (տե՛ս պարբերութիւն 8-9)

8-9. Եհովայի կազմակերպութիւնը ի՞նչ մեթոտներ գործածած է քարոզչութեան գործը ընդարձակելու համար։

8 Եհովայի կազմակերպութիւնը մատչելի եղող ամենալաւ գործիքները գործածած է բարի լուրը տարածելու համար։ Այս գործիքներուն մէջ եղած են՝ տպուած հրատարակութիւնը, Ստեղծագործութեան պատկերատրամը, ֆոնոկրաֆը, բարձրախօսով օժտուած ինքնաշարժը, ռատիոն, եւ վերջերս՝ համակարգիչն ու համացանցը։ Աստուծոյ կազմակերպութիւնը նաեւ պատմութեան մէջ ամենամեծ թարգմանչական գործը կը կատարէ։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի ամէն տեսակ մարդիկ իրենց լեզուով բարի լուրը լսեն։ Եհովային քով աչառութիւն չկայ. ան առաջուընէ ըսաւ, որ բարի լուրը պիտի քարոզուէր «բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն» (Յայտ. 14։6, 7)։ Ան կ’ուզէ որ Թագաւորութեան պատգամը բոլորին մատչելի ըլլայ։

9 Ի՞նչ ըսել անոնց մասին, որոնց քարոզելը դժուար է, թերեւս քանի որ կ’ապրին յատուկ հսկողութեան տակ եղող շէնքերու մէջ։ Պատգամը այսպիսի անհատներու հասցնելու համար, Եհովան իր կազմակերպութեան օգնեց, որ հանրային վկայութեան տարբեր կերպեր որդեգրէ։ Օրինակ, 2001–ին, Կառավարիչ մարմինը արտօնութիւն տուաւ, որ հրատարակութիւններու սայլակներ եւ ցուցասեղաններ գործածուին Ֆրանսայի մէջ, եւ ետքը ուրիշ վայրերու մէջ։ Արդիւնքները դրական էին։ 2011–ին, Միացեալ Նահանգներուն մէջ, յայտագիր մը փորձուեցաւ Նիւ Եորք Սիթիի ամէնէն խճողուած շրջաններէն մէկուն մէջ։ Առաջին տարին, 102,129 գիրքեր եւ 68,911 պարբերաթերթեր բաշխուեցան, եւ 4701 անհատներ խնդրեցին Աստուածաշունչը սերտել։ Յստակ էր, որ սուրբ հոգին այս գործին թիկունք կը կանգնէր։ Ուստի Կառավարիչ մարմինը հաւանութիւն տուաւ, որ հրատարակութիւններ ցուցադրելու մեթոտը գործածուի համայն աշխարհի մէջ։

10. Ի՞նչ կրնանք ընել ծառայութեան մէջ բարելաւուելու համար։

10 Ի՞նչ կրնաս ընել։ Ժողովներուն մէջ Եհովայի տուած մարզումը լման կերպով օգտագործէ։ Դաշտի ծառայութեան խումբիդ հետ կանոնաւորաբար աշխատէ։ Խումբիդ եղբայրներն ու քոյրերը կրնան քեզի օգնել, որ աւելի լաւ քարոզես ու սորվեցնես, եւ կրնան իրենց լաւ օրինակով քեզ քաջալերել։ Շարունակէ քարոզել հակառակ դժուարութիւններուն։ Ինչպէս որ գլխաւոր համարը մեզի կը յիշեցնէ, մենք Եհովայի կամքը կը կատարենք ոչ թէ մեր ուժով, հապա սուրբ հոգիով (Զաք. 4։6)։ Ի վերջոյ, մենք Եհովայի գործը կ’ընենք։

ԵՀՈՎԱՆ ԿԱՐԳԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾ Է

11. Առաջին դարու կառավարիչ մարմինը ինչպէ՞ս միութեամբ աշխատեցաւ, որպէսզի Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ կարգապահութիւնը պահպանէ։

11 Առաջին դարուն։ Երուսաղէմի մէջ կառավարիչ մարմինը միութեամբ աշխատեցաւ, որպէսզի Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ կարգապահութիւնն ու խաղաղութիւնը պահպանէ (Գործք 2։42)։ Օրինակ, երբ Ք.Ե. 49–ին, թլփատութեան հարցին շուրջ վէճերը տաքցան, կառավարիչ մարմինը սուրբ հոգիին առաջնորդութեան ներքեւ հարցը նկատի առաւ։ Եթէ ժողովքը այս հարցին շուրջ բաժնուած մնար, քարոզչութիւնը կրնար դանդաղիլ։ Թէեւ առաքեալները եւ երէցները հրեայ էին, բայց չազդուեցան հրէական աւանդութենէն կամ զայն մոլեռանդօրէն սորվեցնողներէն։ Փոխարէնը, առաջնորդութեան համար, Աստուծոյ Խօսքին եւ հոգիին դիմեցին (Գործք 15։1, 2, 5-20, 28)։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Եհովան իրենց որոշումը օրհնեց, խաղաղութիւն ու միութիւն տիրեց, եւ քարոզչութիւնը թափ առաւ (Գործք 15։30, 31. 16։4, 5

12. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ կարգապահութիւն եւ խաղաղութիւն կան։

12 Մեր օրերուն։ Եհովայի կազմակերպութիւնը ջանք թափած է, որպէսզի Եհովայի ժողովուրդին մէջ կարգապահութիւնն ու խաղաղութիւնը պահպանէ։ 1895–ին իսկ, նոյեմբեր 15–ի Սիօնի դիտարանը եւ Քրիստոսի ներկայութեան մունետիկը յօդուած մը ունէր «Վայելչութեամբ եւ կարգաւ» բնաբանով, հիմնուած՝ Ա. Կորնթացիս 14։40–ին վրայ։ Յօդուածը նշեց. «Առաքեալները կարգապահութեան շուրջ շատ բան ունէին ըսելիք նորակազմ Եկեղեցիին. . . Կարեւոր է որ շարունակենք ուշադրութեամբ հետեւիլ այն բաներուն, որոնք ‘առաջուընէ գրուեցան որ սորվինք’» (Հռով. 15։4)։ Այո, ներկայիս Եհովայի կազմակերպութիւնը նոյնքան հետաքրքրուած է կարգապահութեամբ եւ խաղաղութեամբ որքան նախկին քրիստոնեաները։ Օրինակ, եթէ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան ներկայ պիտի ըլլաս ուրիշ ժողովքի կամ նոյնիսկ ուրիշ երկրի մը մէջ, արդէն գիտես, թէ ուսումնասիրութիւնը ինչպէ՛ս պիտի վարուի եւ թէ ի՛նչ պիտի սերտուի։ Շատ արագ հանգիստ պիտի զգաս։ Միայն Աստուծոյ հոգին կրնայ կարելի դարձնել այսպիսի թանկագին միութիւն (Սոփ. 3։9

13. Յակոբոս 3։17–ն ի մտի ունենալով, ի՞նչ հարցումներ պէտք է մենք մեզի հարցնենք։

13 Ի՞նչ կրնաս ընել։ Եհովան կ’ուզէ որ իր ժողովուրդը ‘Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահէ’ (Եփ. 4։1-3)։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ժողովքին մէջ միութիւնը եւ խաղաղութիւնը յառաջ կը մղե՞մ։ Առաջնորդութիւն առնողներուն կը հնազանդի՞մ։ Վստահելի՞ անձ մըն եմ, մանաւանդ եթէ ժողովքին մէջ պատասխանատուութիւններ ունիմ։ Ճշդապա՞հ եմ եւ պատրա՞ստ եմ ուրիշներուն օգնելու’ (կարդա՛ Յակոբոս 3։17)։ Եթէ զգաս թէ որոշ մարզի մը մէջ բարելաւուելու պէտք ունիս, աղօթքով սուրբ հոգին խնդրէ։ Ո՛րքան աւելի թոյլ տաս որ անիկա ազդէ անձնաւորութեանդ եւ արարքներուդ, ա՛յնքան աւելի հաւատակիցներդ քեզ պիտի սիրեն եւ արժեւորեն։

ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶԻ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ ԵՒ ՊԷՏՔ ԵՂԱԾԸ ԿՈՒ ՏԱՅ

14. Կողոսացիս 1։9, 10–ի համաձայն, առաջին դարուն, Եհովան ինչպէ՞ս իր ժողովուրդին սորվեցուց։

14 Առաջին դարուն։ Եհովան իր ժողովուրդին սորվեցնելէ մեծ հաճոյք կ’առնէ (Սաղ. 32։8)։ Ան կ’ուզէ որ անոնք զինք ճանչնան, սիրեն եւ յաւիտեան ապրին որպէս իր սիրելի զաւակները։ Այս բոլորը անկարելի պիտի դառնային առանց իր տուած կրթութեան (Յովհ. 17։3)։ Եհովան առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքը գործածեց իր ժողովուրդին սորվեցնելու համար (կարդա՛ Կողոսացիս 1։9, 10)։ Սուրբ հոգին՝ Յիսուսի խոստացած «օգնական»ը, մեծ դեր խաղցաւ (Յովհ. 14։16, ՆԱ)։ Անիկա աշակերտներուն օգնեց, որ Աստուծոյ Խօսքը աւելի լաւ հասկնային, եւ իրենց միտքը բերաւ այն բազմաթիւ բաները, որոնք Յիսուս ըսաւ ու ըրաւ, ինչ որ յետագային գրուեցաւ Աւետարաններուն մէջ։ Այս գիտութիւնը զօրացուց նախկին քրիստոնեաներուն հաւատքը, ինչպէս նաեւ՝ իրենց սէրը Աստուծոյ, իր Որդիին եւ իրարու հանդէպ։

15. Ի՞նչ կերպերով տեսած ես, թէ Եհովան Եսայի 2։2, 3–ի մէջ գտնուող իր խոստումը կը կատարէ։

15 Մեր օրերուն։ Եհովան մարգարէացաւ, որ «վերջին օրերը» բոլոր ազգերէն մարդիկ իր այլաբանական լեռը պիտի խուժէին, իր ճամբաներուն մասին սորվելու համար (կարդա՛ Եսայի 2։2, 3)։ Մենք այդ մարգարէութեան կատարուիլը կը տեսնենք։ Ճշմարիտ պաշտամունքը ամէն տեսակի սուտ պաշտամունքէ աւելի վեր բարձրացած է։ Եւ Եհովան ի՜նչ ճոխ հոգեւոր ճաշկերոյթ սարքած է (Եսա. 25։6)։ Ան «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ ոչ միայն առատ, հապա նաեւ այլազան հոգեւոր սնունդ կը հայթայթէ, ինչպէս՝ յօդուածներ, դասախօսութիւններ, շարժուն գծանկարներ եւ վիտէօներ (Մատ. 24։45)։ Յոբի բարեկամին՝ Եղիուսին պէս կը զգանք, որ տեղին ըլլալով ըսաւ. «Ո՞վ կրնայ [Աստուծոյ] պէս սորվեցնել» (Յոբ 36։22

Ճշմարտութիւնը սրտիդ մէջ քանդակէ եւ կեանքիդ մէջ գործադրէ (տե՛ս պարբերութիւն 16) *

16. Ի՞նչ կրնաս ընել հոգեւորապէս աճելու համար։

16 Ի՞նչ կրնաս ընել։ Աստուծոյ հոգին քեզի պիտի օգնէ, որ իր Խօսքէն սորվածդ գործնական կերպով կիրարկես։ Սաղմոսերգուին պէս աղօթէ. «Ո՛վ Տէր, սորվեցուր ինծի քու ճամբադ, որպէս զի քու ճշմարտութեանդ մէջ քալեմ. միացուր իմ սիրտս, որպէս զի քու անունէդ վախնայ» (Սաղ. 86։11)։ Ուրեմն, շարունակէ առնել հոգեւոր սնունդը, որ Եհովան կը հայթայթէ իր Խօսքին եւ կազմակերպութեան միջոցաւ։ Անշուշտ, նպատակդ չէ միայն գիտելիքներ հաւաքել։ Կ’ուզես ճշմարտութիւնը սրտիդ մէջ քանդակել եւ կեանքիդ մէջ գործադրել։ Եհովայի հոգին կրնայ քեզի օգնել ատիկա ընելու։ Նաեւ կ’ուզես եղբայրներդ ու քոյրերդ քաջալերել (Եբ. 10։24, 25)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք հոգեւոր ընտանիքդ են։ Աղօթքով խնդրէ որ սուրբ հոգին քեզի օգնէ, որ ժողովին մէջ սրտագին պատասխաններ տաս, եւ եթէ բաժին ունիս, զայն լաւագոյն կերպով պատրաստես։ Այս կերպերով, Եհովային եւ իր Որդիին ցոյց կու տաս, թէ իրենց թանկագին «ոչխարներ»ը կը սիրես (Յովհ. 21։15-17

17. Ի՞նչ կերպերով կրնաս ցոյց տալ, որ հաւատարմօրէն թիկունք կը կանգնիս Եհովայի կազմակերպութեան։

17 Մօտ ատենէն, միակ կազմակերպութիւնը, որ երկրի վրայ պիտի մնայ, անիկա է որ սուրբ հոգիին կողմէ կ’առաջնորդուի։ Ուրեմն, Եհովայի կազմակերպութեան հետ նախանձախնդրօրէն համագործակցէ։ Մարդոց հանդէպ Աստուծոյ անաչառ սէրը ընդօրինակէ՝ բարի լուրը քարոզելով բոլոր անոնց, որոնց կը հանդիպիս։ Կարգապահութեան եւ խաղաղութեան հանդէպ Իր սէրը ընդօրինակէ, ժողովքին մէջ միութիւն յառաջ մղելով։ Եւ Մեծ Ուսուցիչիդ մտիկ ըրէ, լիովին օգտուելով իր հայթայթած ճոխ հոգեւոր սնունդէն։ Այսպէս, երբ Սատանայի աշխարհը իր աւարտին հասնի, պիտի չվախնաս, եւ քաջաբար պիտի մնաս անոնց հետ, որոնք հաւատարմօրէն կը ծառայեն Եհովայի կազմակերպութեան հետ։

ԵՐԳ 152 Մեր Վէմը, մեր Յոյսը, մեր Ապաւէնը

^ պարբ. 5 Համոզուա՞ծ ես, որ ներկայիս Եհովան իր կազմակերպութիւնը կ’առաջնորդէ։ Այս յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս առաջնորդեց առաջին դարու ժողովքը, եւ թէ ներկայիս ինչպէ՛ս կը շարունակէ առաջնորդել իր ժողովուրդը։

^ պարբ. 1 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Եհովայի տիեզերական կազմակերպութիւնը ունի երկնային մաս եւ երկրային մաս։ Այս յօդուածին մէջ, «կազմակերպութիւն» բառով կ’ակնարկենք երկրային մասին։

^ պարբ. 52 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Վիտէօներու մէջ տեսնելով, թէ ուրիշներ կը ծառայեն հոն՝ ուր քարոզիչներու աւելի մեծ կարիք կայ, ռահվիրայ քոյր մը կը մղուի իրենց օրինակին հետեւելու։ Ան ի վերջոյ կը հասնի այսպիսի թաղամասի մը մէջ ծառայելու իր նպատակակէտին։