Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 44

Երբ մեծնան՝ Աստուծոյ պիտի ծառայե՞ն

Երբ մեծնան՝ Աստուծոյ պիտի ծառայե՞ն

«Յիսուս կը զարգանար իմաստութիւնով ու հասակով եւ Աստուծմէ ու մարդոցմէ շնորհք գտնելով» (ՂՈՒԿ. 2։52

ԵՐԳ 88 Երեխաները Աստուծմէ վստահուած գանձեր են

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ո՞րն է լաւագոյն որոշումը, որ մէկը կրնայ առնել։

ԾՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ըրած ընտրութիւնները, յաճախ իրենց զաւակներուն վրայ երկար ատեն ազդեցութիւն կը ձգեն։ Եթէ ծնողները սխալ ընտրութիւններ ընեն, կրնան զաւակներուն խնդիրներ պատճառել։ Սակայն եթէ իմաստուն ընտրութիւններ ընեն, իրենց զաւակներուն ամենալաւ առիթը պիտի տան, որ ուրախ եւ գոհացուցիչ կեանք ունենան։ Անշուշտ, զաւակներն ալ պէտք է լաւ որոշումներ առնեն։ Լաւագոյն որոշումը, որ մէկը կրնայ առնել, մեր սիրառատ երկնաւոր Հօր՝ Եհովային, ծառայելն է (Սաղ. 73։28

2. Յիսուս եւ իր ծնողները ինչպիսի՞ լաւ ընտրութիւններ ըրին։

2 Յիսուսի ծնողները վճռած էին իրենց զաւակներուն օգնել, որ Եհովայի ծառայեն, եւ իրենց ըրած ընտրութիւնները փաստեցին, որ ատիկա իրենց կեանքին գլխաւոր նպատակն էր (Ղուկ. 2։40, 41, 52)։ Յիսուս ալ այնպիսի ընտրութիւններ ըրաւ, որոնք իրեն օգնեցին որ Եհովայի նպատակին մէջ իր դերը կատարէ (Մատ. 4։1-10)։ Ան եղաւ ազնիւ, հաւատարիմ ու քաջ տղամարդ. այսպիսի զաւակ ոեւէ աստուածավախ ծնողի պարծանքը եւ ուրախութիւնը պիտի ըլլար։

3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներու պիտի պատասխանենք։

3 Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք հետեւեալ հարցումները. Եհովան ի՞նչ լաւ ընտրութիւններ ըրաւ Յիսուսի նկատմամբ։ Քրիստոնեայ ծնողները ի՞նչ կրնան սորվիլ Յիսուսի մարդկային ծնողներուն ըրած ընտրութիւններէն։ Իսկ քրիստոնեայ պատանիները ի՞նչ կրնան սորվիլ Յիսուսի ըրած ընտրութիւններէն։

ՍՈՐՎԷ ԵՀՈՎԱՅԷՆ

4. Եհովան ի՞նչ կարեւոր ընտրութիւն մը ըրաւ իր Որդիին նկատմամբ։

4 Եհովան հոյակապ ծնողներ ընտրեց Յիսուսի համար (Մատ. 1։18-23. Ղուկ. 1։26-38)։ Աստուածաշունչի մէջ արձանագրուած Մարիամին անկեղծ արտայայտութիւնները ցոյց կու տան, թէ Եհովայի եւ իր Խօսքին հանդէպ որքա՜ն խոր սէր ունէր (Ղուկ. 1։46-55)։ Եւ այն կերպը, որով Յովսէփ հակազդեց Եհովայի առաջնորդութեան, յայտնի ըրաւ որ ան Աստուծմէ կը վախնար եւ կ’ուզէր զինք հաճեցնել (Մատ. 1։24

5-6. Ի՞նչ փորձառութիւններ Եհովան թոյլ տուաւ որ իր Որդին ունենայ։

5 Նկատէ թէ Եհովան Յիսուսին համար հարուստ ծնողներ չընտրեց։ Այն ընծան, որ Յիսուսի ծնունդէն ետք Յովսէփ եւ Մարիամ բերին, ցոյց կու տայ որ անոնք աղքատ էին (Ղուկ. 2։24)։ Յովսէփ Նազարէթին մէջ թերեւս իր տունին քով պզտիկ խանութ մը ունէր, ուր կ’աշխատէր որպէս ատաղձագործ։ Անոնք պարզ կեանք վարած ըլլալու էին, մանաւանդ երբ ընտանիքը մեծցաւ՝ պարփակելով առնուազն եօթը զաւակներ (Մատ. 13։55, 56

6 Եհովան իր Որդին որոշ վտանգներէ ազատեց, սակայն զինք չպաշտպանեց բոլոր դժուարութիւններէն (Մատ. 2։13-15)։ Օրինակ, Յիսուս ազգականներ ունէր, որոնք չէին հաւատար իրեն։ Երեւակայէ թէ ան որչա՜փ յուսախաբ եղաւ, երբ իր ընտանիքի անդամներէն ոմանք սկիզբը չհաւատացին, որ ինք Մեսիան է (Մար. 3։21. Յովհ. 7։5)։ Նաեւ, Յովսէփ հաւանաբար մահացաւ, երբ Յիսուս տակաւին պատանի էր, եւ ասիկա վստահաբար ցաւալի փորձառութիւն եղաւ իրեն համար։ Այս մէկը հաւանաբար նշանակեց, թէ Յիսուս որպէս անդրանիկ որդին պէտք էր ստանձնէր ընտանիքին գործը (Մար. 6։3)։ Մինչ կը մեծնար, Յիսուս սորվեցաւ իր ընտանիքին հոգ տանիլ։ Շատ հաւանաբար ան պէտք էր ծանր աշխատէր, որ ընտանիքին պէտքերը ապահովէր։ Ուստի իր մորթին վրայ զգաց, թէ ի՛նչ կը նշանակէ օրուան վերջաւորութեան յոգնած ըլլալ։

Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակները պատրաստեցէք կեանքի խնդիրներուն համար, իրենց սորվեցնելով թէ խրատ առնելու համար, ինչպէ՛ս կրնան Աստուծոյ Խօսքին դիմել (տե՛ս պարբերութիւն 7) *

7. ա) Ի՞նչ հարցումներ ամուսնացած զոյգի մը կրնան օգնել, որ իրենց զաւակներուն լաւ ծնողներ ըլլան։ բ) Առակաց 2։1-6–ը ինչպէ՞ս կրնայ ծնողին օգնել, որ իր զաւակները կրթէ։

7 Եթէ ամուսնացած զոյգ մըն էք եւ կ’ուզէք պզտիկ ունենալ, դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Արդեօք մենք այնպիսի խոնարհ ու հոգեւոր մտայնութիւն ունեցող անհատնե՞ր ենք, որոնք Եհովան պիտի ընտրէր հոգ տանելու թանկարժէք նոր կեանքի մը’ (Սաղ. 127։3, 4)։ Եթէ արդէն ծնող ես, դուն քեզի հարցուր. ‘Երեխաներուս կը սորվեցնե՞մ ծանր աշխատելուն արժէքը’ (Ժող. 3։12, 13)։ ‘Լաւագոյնս կ’ընե՞մ, որ զիրենք պաշտպանեմ ֆիզիքական եւ բարոյական վտանգներէն, որոնց կրնան հանդիպիլ Սատանայի աշխարհին մէջ’ (Առ. 22։3)։ Չէք կրնար ձեր զաւակները բոլոր վտանգներէն պաշտպանել. ատիկա անկարելի բան մըն է։ Բայց կրնաք աստիճանաբար եւ սիրալիրօրէն զանոնք պատրաստել կեանքի խնդիրներուն համար, իրենց սորվեցնելով թէ խրատ առնելու համար ինչպէ՛ս կրնան Աստուծոյ Խօսքին դիմել (կարդա՛ Առակաց 2։1-6)։ Օրինակ, եթէ ազգական մը կը մերժէ ճշմարիտ պաշտամունքը, երեխաներուդ օգնէ որ Աստուծոյ Խօսքէն տեսնեն, թէ ինչո՛ւ Եհովային հաւատարիմ մնալը այդքան կարեւոր է (Սաղ. 31։23)։ Կամ, եթէ մահը սիրելիի մը կեանքը խլէ, երեխաներուդ ցոյց տուր թէ ինչպէ՛ս Աստուծոյ Խօսքին օգնութեամբ կրնան սուգէն ելլել եւ խաղաղութիւն ունենալ (Բ. Կոր. 1։3, 4. Բ. Տիմ. 3։16

ՍՈՐՎԷ ՅՈՎՍԷՓԷՆ ԵՒ ՄԱՐԻԱՄԷՆ

8. Բ. Օրինաց 6։6, 7–ի համաձայն, Յովսէփ եւ Մարիամ ի՞նչ պէտք էր ընէին։

8 Յովսէփ եւ Մարիամ կրցան Յիսուսին օգնել որ դառնայ այնպիսի մէկը, որ ունի Աստուծոյ հաւանութիւնը, քանի որ հետեւեցան ծնողներու համար Եհովայի տուած առաջնորդութեան (կարդա՛ Բ. Օրինաց 6։6, 7)։ Յովսէփ եւ Մարիամ Եհովայի հանդէպ խոր սէր ունէին եւ անոնց առաջնահերթութիւնն էր՝ իրենց զաւակները քաջալերել, որ նոյնանման սէր զարգացնեն։

9. Յովսէփ եւ Մարիամ ի՞նչ կարեւոր ընտրութիւններ ըրին։

9 Յովսէփ եւ Մարիամ ընտրեցին հոգեւոր լաւ ռութին ունենալ որպէս ընտանիք։ Անկասկած, անոնք ներկայ կը գտնուէին Նազարէթի ժողովարանին մէջ տեղի ունեցող շաբաթական ժողովներուն եւ Երուսաղէմի մէջ՝ տարեկան Պասեքին (Ղուկ. 2։41. 4։16)։ Թերեւս անոնք դէպի Երուսաղէմ կատարուած ընտանեկան ճամբորդութիւնները օգտագործեցին, որ Յիսուսին եւ միւս զաւակներուն սորվեցնեն Եհովայի ժողովուրդին պատմութիւնը՝ հաւանաբար ճամբուն վրայ այցելելով Սուրբ Գրութիւններուն մէջ նշուած վայրեր։ Երբ ընտանիքը մեծցաւ, Յովսէփին եւ Մարիամին համար թերեւս դիւրին չէր հոգեւոր լաւ ռութին պահպանել։ Բայց ի՜նչ օգուտներ վայելեցին. որովհետեւ Եհովայի պաշտամունքը առաջին տեղը դրին, իրենց ընտանիքը շարունակեց Եհովային մօտիկ մնալ։

10. Քրիստոնեայ ծնողները ի՞նչ դասեր կրնան սորվիլ Յովսէփէն եւ Մարիամէն։

10 Աստուածավախ ծնողները ի՞նչ կրնան սորվիլ Յովսէփէն եւ Մարիամէն։ Ամենակարեւորը, թէ՛ խօսքով եւ թէ գործով զաւակներուդ ցոյց տուր, որ Եհովան խորապէս կը սիրես։ Գիտակցէ թէ ամէնէն մեծ նուէրը, որ անոնց կրնաս տալ, անոնց օգնելն է՝ որ Եհովան սիրեն։ Եւ ամէնէն կարեւոր դասերէն մէկը, որ կրնաս անոնց սորվեցնել, այն է՝ թէ ինչպէ՛ս սերտողութեան, աղօթքի, ժողովներու եւ ծառայութեան հոգեւոր լաւ ռութին պահեն (Ա. Տիմ. 6։6)։ Խօսք չ’ուզեր որ զաւակներուդ պէտք է տաս անհրաժեշտ նիւթական բաները (Ա. Տիմ. 5։8)։ Բայց յիշէ թէ Եհովայի հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւնն է,– եւ ոչ թէ նիւթական բաները,– որ անոնց պիտի օգնէ, որ չար աշխարհի կործանումէն վերապրին եւ մտնեն Աստուծոյ նոր աշխարհը (Եզեկ. 7։19. Ա. Տիմ. 4։8) *։

Մեր սիրտը կ’ուրախանայ, երբ կը տեսնենք քրիստոնեայ ծնողներ, որոնք լաւ հոգեւոր ընտրութիւններ կ’ընեն իրենց ընտանիքին համար (տե՛ս պարբերութիւն 11) *

11. ա) Ա. Տիմոթէոս 6։17-19–ի յորդորը ինչպէ՞ս ծնողներուն պիտի օգնէ, որ լաւ ընտրութիւններ ընեն, երբ զաւակներ կը մեծցնեն։ բ) Ընտանիքդ ի՞նչ նպատակակէտերու կրնայ ձգտիլ եւ ատոնք ի՞նչ օրհնութիւններ կրնան բերել (տե՛ս « Ընտանիքդ ի՞նչ նպատակակէտերու կրնայ ձգտիլ» շրջանակը)։

11 Մեր սիրտը կ’ուրախանայ, երբ կը տեսնենք այսքան շատ քրիստոնեայ ծնողներ, որոնք լաւ հոգեւոր ընտրութիւններ կ’ընեն իրենց ընտանիքին համար։ Անոնք կանոնաւորաբար միասին Եհովայի կը ծառայեն, ժողովներուն եւ համաժողովներուն ներկայ կը գտնուին ու դաշտի ծառայութեան կը մասնակցին։ Կարգ մը ընտանիքներ նոյնիսկ կարելիութիւնը ունին ծառայելու քիչ–աշխատցուած թաղամասերու մէջ։ Իսկ ուրիշներ Բեթէլ կ’այցելեն կամ կ’աջակցին աստուածպետական շինարարական ծրագիրներու։ Այն ընտանիքները, որոնք այս գործունէութիւնները կ’ընտրեն, նիւթական զոհողութիւններ կ’ընեն եւ հաւանաբար դժուարութիւններու կը հանդիպին։ Բայց անոնց ստացած օգուտները զիրենք հոգեւորապէս հարուստ կը դարձնեն (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 6։17-19)։ Այդպիսի ընտանիքներու մէջ մեծցած երեխաները յաճախ կը պահպանեն այդ լաւ սովորութիւնները եւ բնաւ չեն զղջար (Առ. 10։22) *։

ՍՈՐՎԷ ՅԻՍՈՒՍԷՆ

12. Երբ Յիսուս մեծցաւ, ի՞նչ պէտք էր ընէր։

12 Յիսուսի երկնաւոր Հայրը միշտ լաւ ընտրութիւններ կ’ընէ եւ իր երկրային ծնողներն ալ իմաստուն որոշումներ առին։ Սակայն երբ Յիսուս մեծցաւ, պէտք էր իր անձնական ընտրութիւնները ընէր (Գաղ. 6։5)։ Բոլորիս պէս, ան ազատ կամքի պարգեւը ունէր։ Ան կրնար ընտրել նա՛խ իր անձնական շահերը փնտռել։ Փոխարէնը, ընտրեց Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն պահպանել (Յովհ. 8։29)։ Յիսուսի օրինակը ինչպէ՞ս կրնայ օգտակար ըլլալ պատանիներուն այսօր։

Պատանինե՛ր, ձեր ծնողներուն առաջնորդութիւնը բնաւ մի՛ մերժէք (տե՛ս պարբերութիւն 13) *

13. Յիսուս ի՞նչ կարեւոր ընտրութիւն ըրաւ, երբ դեռ տղեկ էր։

13 Երբ Յիսուս տղեկ էր, ընտրեց իր ծնողներուն հնազանդիլ։ Ան բնաւ իր ծնողներուն առաջնորդութիւնը չմերժեց, խորհելով թէ իրենցմէ աւելի գիտէր։ Փոխարէնը, «անոնց հնազանդ էր» (Ղուկ. 2։51)։ Յիսուս վստահաբար լուրջի առած էր իր պատասխանատուութիւնը որպէս անդրանիկ որդի։ Անկասկած, ան ծանր աշխատեցաւ, որ իր հայրագիրէն արհեստ սորվի, որպէսզի կարենայ իր ընտանիքին նիւթապէս աջակցիլ։

14. Ինչպէ՞ս գիտենք, որ Յիսուս Աստուծոյ Խօսքի լաւ աշակերտ էր։

14 Հաւանաբար Յիսուսի ծնողները իրեն պատմած էին, թէ հրաշքով ծնաւ եւ թէ Աստուծոյ պատգամաբերները ի՛նչ ըսած էին իր մասին (Ղուկ. 2։8-19, 25-38)։ Յիսուսի համար իր գիտցածը բաւարար չէր. ան անձամբ սերտեց Սուրբ Գրութիւնները։ Ինչպէ՞ս գիտենք, որ Աստուծոյ Խօսքի լաւ աշակերտ էր։ Քանի որ երբ տակաւին տղեկ էր, Երուսաղէմի մէջ ուսուցիչները «կը զարմանային անոր իմաստութեանը ու պատասխաններուն վրայ» (Ղուկ. 2։46, 47)։ Այո, 12 տարեկան Յիսուսը արդէն ինքն իրեն փաստած էր, որ Եհովան իր Հայրն է (Ղուկ. 2։42, 43, 49

15. Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, որ ընտրած էր Եհովայի կամքը ընել։

15 Երբ Յիսուս գիտցաւ Եհովայի նպատակին մէջ իր դերին մասին, ընտրեց իր նշանակումը ընդունիլ (Յովհ. 6։38)։ Ան գիտէր, որ շատերու կողմէ ատուած պիտի ըլլար, եւ այդ գաղափարը անկասկած ախորժելի չէր իրեն համար։ Այսուհանդերձ, ընտրեց Եհովային ենթարկուիլ։ Երբ Ք.Ե. 29–ին մկրտուեցաւ, իր կեանքին գլխաւոր նպատակը դարձաւ՝ ընել այն ինչ որ Եհովան իրմէ կը պահանջէր (Եբ. 10։5-7)։ Նոյնիսկ երբ տանջանքի ցիցին վրայ կը մեռնէր, ան բնաւ չտատամսեցաւ իր Հօր կամքը ընելու (Յովհ. 19։30

16. Երեխաները Յիսուսէն ի՞նչ դաս կրնան սորվիլ։

16 Ծնողներուդ հնազանդէ։ Ծնողներդ Յովսէփին եւ Մարիամին պէս անկատար են։ Սակայն անոնք Եհովայի կողմէ նշանակուած են՝ քեզ պաշտպանելու, կրթելու եւ առաջնորդելու։ Եթէ անոնց խրատը արժեւորես եւ հեղինակութիւնը յարգես, ‘քեզի աղէկ պիտի ըլլայ’ (Եփ. 6։1-4

17. Յեսու 24։15–ի համաձայն, պատանիները անձամբ ի՞նչ որոշում պէտք է առնեն։

17 Որոշէ թէ որո՛ւն պիտի ծառայես։ Պէտք է դուն քեզի փաստես թէ ո՛վ է Եհովան, անոր նպատակին մէջ ի՛նչ պարփակուած է եւ թէ իր կամքը ինչպէ՛ս կ’ազդէ քու կեանքիդ (Հռով. 12։2)։ Այն ատեն պիտի կարենաս կեանքիդ ամէնէն կարեւոր որոշումը առնել՝ Եհովայի ծառայելու որոշումը (կարդա՛ Յեսու 24։15. Ժող. 12։1)։ Եթէ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան եւ սերտողութեան կանոնաւոր յայտագիր ունենաս, Եհովայի հանդէպ սէրդ շարունակ պիտի աճի եւ հաւատքդ պիտի զօրանայ։

18. Պատանիները ի՞նչ ընտրութիւն պէտք է ընեն, եւ ատոր արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

18 Ընտրէ Եհովայի կամքը կեանքիդ մէջ առաջին տեղը դնել։ Սատանայի աշխարհը կը խոստանայ, որ եթէ ձիրքերդ քու անձնական շահերուդ համար գործածես, ուրախ պիտի ըլլաս։ Բայց իրականութեան մէջ, անոնք որոնք կը կեդրոնանան նիւթական նպատակակէտերու վրայ, ‘ինքզինքնին շատ ցաւերով կը խոցեն’ (Ա. Տիմ. 6։9, 10)։ Միւս կողմէ, եթէ Եհովային մտիկ ընես եւ ընտրես իր կամքը կեանքիդ մէջ առաջին տեղը դնել, յաջողութիւն պիտի գտնես եւ իմաստութեամբ պիտի քալես (Յես. 1։8

Ի՞ՆՉ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ԸՆԵՍ

19. Ծնողները ի՞նչ բան պէտք է իրենց միտքը պահեն։

19 Ծնողնե՛ր, ձեր լաւագոյնը ըրէք ձեր ընտանիքին օգնելու որ Եհովային ծառայէ։ Անոր ապաւինեցէք, եւ ձեզի պիտի օգնէ իմաստուն որոշումներ առնելու (Առ. 3։5, 6)։ Ձեր միտքը պահեցէք, որ ձեր երեխաներուն աւելի պիտի ազդեն ձեր գործերը, քան խօսքերը։ Ուրեմն այնպիսի որոշումներ առէք, որոնք անոնց պիտի օգնեն Եհովայի հաճութիւնը ունենալու։

20. Պատանիները ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի վայելեն, եթէ ընտրեն Եհովայի ծառայել։

20 Պատանինե՛ր, ձեր ծնողները կրնան ձեզի օգնել որ իմաստուն որոշումներ առնէք։ Բայց Աստուծոյ հաճութիւնը շահիլը ձեր պատասխանատուութիւնն է։ Ուստի Յիսուսը ընդօրինակելով, ընտրեցէք ձեր երկնաւոր Հօր ծառայել։ Այդպէս ընելով, հիմա բազմազբաղ, ուրախ ու հետաքրքրական կեանք պիտի ունենաք (Ա. Տիմ. 4։16)։ Իսկ ապագային, ամէնէն գոհացուցիչ կեանքը պիտի վայելէք։

ԵՐԳ 41 Ո՛վ պատանիներ, Եհովան պաշտեցէք

^ պարբ. 5 Քրիստոնեայ ծնողները կ’ուզեն, որ երբ իրենց զաւակները մեծնան, Եհովայի ուրախ ծառաները դառնան։ Անոնք ի՞նչ ընտրութիւններ կրնան ընել, որ իրենց զաւակներուն օգնեն այդ նպատակին հասնելու։ Պատանի քրիստոնեաները ի՞նչ ընտրութիւններ պէտք է ընեն, որպէսզի կեանքի մէջ իսկական յաջողութեան հասնին։ Յօդուածը այս հարցումներուն պիտի պատասխանէ։

^ պարբ. 10 Տե՛ս Եհովայի մաքուր պաշտամունքը վերջապէս կը վերահաստատուի գիրքը, էջ 69-70, պարբ. 17-18 (անգլ.)։

^ պարբ. 11 Տե՛ս «Անոնք լաւագոյն ծնողներն են» շրջանակը, Զարթի՛ր–ի յունուար–մարտ 2012 թիւին մէջ, էջ 20 (արաբ.), եւ «Յատուկ նամակ՝ իրենց ծնողներուն» յօդուածը, Զարթի՛ր–ի 8 մարտ 1999 թիւին մէջ, էջ 25 (արաբ.)։

^ պարբ. 66 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Մարիամ պզտիկ Յիսուսին սիրտին մէջ Եհովայի հանդէպ խոր սէր ցանած ըլլալու էր։ Այսօր ալ մայրերը կրնան իրենց պզտիկներուն մէջ Եհովայի հանդէպ խոր սէր ցանել։

^ պարբ. 68 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Յովսէփի համար իր ընտանիքին հետ ժողովարան երթալը կարեւոր ըլլալու էր։ Այսօր ալ հայրերը կրնան արժեւորել իրենց ընտանիքին հետ ժողովներու ներկայ գտնուիլը։

^ պարբ. 70 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Յիսուս իր հայրագիրէն գործնական հմտութիւններ սորվեցաւ։ Պատանիները այսօր կրնան հմտութիւններ սորվիլ իրենց հայրերէն։