Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 42

Ինչպէ՞ս վարել ուսումնասիրութիւն մը, որ մկրտութեան կ’առաջնորդէ (մաս 2)

Ինչպէ՞ս վարել ուսումնասիրութիւն մը, որ մկրտութեան կ’առաջնորդէ (մաս 2)

«Ուշադիր եղիր՝ թէ՛ դուն քեզի եւ թէ՛ սորվեցուցածիդ» (Ա. ՏԻՄ. 4։16, ՆԹ

ԵՐԳ 143 Լոյս՝ խաւար աշխարհին մէջ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ինչպէ՞ս գիտենք, որ աշակերտելու գործը կեանքեր փրկող գործ է։

ԱՇԱԿԵՐՏԵԼՈՒ գործը կեանքեր փրկող գործ է։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Ըստ Մատթէոս 28։19, 20–ի, Յիսուս պատուիրեց. «Գացէ՛ք. . . աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք»։ Ինչպէ՞ս գիտենք, որ մկրտութիւնը կարեւոր է։ Մկրտութիւնը պահանջուած է փրկուելու համար։ Անոնք՝ որոնք կ’ուզեն մկրտուիլ, պէտք է հաւատան որ փրկութիւնը կարելի է, միայն քանի որ Յիսուս իր կեանքը զոհեց եւ յարութիւն առաւ։ Ատոր համար Պետրոս առաքեալ իր հաւատակիցներուն ըսաւ. «Մկրտութիւնն ալ հիմա կը փրկէ. . . Յիսուս Քրիստոսի յարութեամբ» (Ա. Պետ. 3։21, ԱԾ)։ Ուրեմն, երբ նոր աշակերտ մը մկրտուի, փրկութեան ճամբան կը բռնէ։

2. Ըստ Բ. Տիմոթէոս 4։1, 2–ի, ինչպիսի՞ ուսուցիչներ պէտք է ըլլանք։

2 Աշակերտելու համար, անհրաժեշտ է զարգացնել «սորվեցնելու արուեստ»ը (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 4։1, 2 *)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Յիսուս մեզի պատուիրեց. ‘Գացէ՛ք աշակերտեցէք, սորվեցուցէք անոնց’։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ, որ այդ գործին մէջ յարատեւենք, քանի որ «այդ ձեւով ո՛չ միայն ինքզինքդ կը փրկես, այլ նաեւ բոլոր քեզ լսողները»։ Ուրեմն, տեղին ըլլալով Պօղոս ըսաւ. «Ուշադիր եղիր. . . սորվեցուցածիդ» (Ա. Տիմ. 4։16, ՆԹ)։ Որովհետեւ սորվեցնելը եւ աշակերտելը իրարու հետ կապ ունին, կ’ուզենք լաւագոյն կերպով սորվեցնել։

3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Կանոնաւորաբար միլիոնաւոր մարդոց Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները կը սորվեցնենք։ Բայց ինչպէս նախորդ յօդուածը նշեց, կ’ուզենք հասկնալ թէ ինչպէ՛ս կրնանք աւելի թիւով մարդոց օգնել, որ Յիսուս Քրիստոսի մկրտուած աշակերտները դառնան։ Այս յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք հինգ յաւելեալ բաներ, որոնք ամէն ուսուցիչ պէտք է ընէ իր աշակերտին օգնելու, որ յառաջդիմէ դէպի մկրտութիւն։

ԹՈՅԼ ՏԱԼ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ

Փորձառու ուսուցիչէ մը խնդրէ որ քեզի օգնէ, որ Աստուածաշունչը աւելի ազդու կերպով գործածես (տե՛ս պարբերութիւն 4-6) *

4. Ուսուցիչը ինչո՞ւ պէտք է ինքզինք զսպէ, երբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն կը վարէ (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։

4 Մենք կը սիրենք այն ինչ որ Սուրբ Գիրքէն կը սորվեցնենք։ Ատոր համար, թերեւս ուզենք շատ խօսիլ ատոր մասին։ Սակայն վարիչը պէտք չէ չափէ աւելի խօսի, երբ կը վարէ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութիւնը, Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւնը կամ Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւն մը։ Որպէսզի սորվեցնողը Աստուածաշունչը ըլլայ, ուսուցիչը պէտք է ինքզինք զսպէ, որ չբացատրէ ամէն բան որ գիտէ համարի մը կամ նիւթի մը շուրջ (Յովհ. 16։12) *։ Բաղդատէ մկրտութեան ատեն ունեցած աստուածաշնչական գիտելիքներդ ներկայիս ունեցածիդ հետ։ Հաւանաբար, այն ատեն միայն նախնական ուսուցումները հասկցած էիր (Եբ. 6։1)։ Տարիներ առաւ, որ հիմակուան գիտելիքներդ ձեռք ձգես։ Ուրեմն, մի՛ փորձեր նոր աշակերտին ամէն բան մէկ անգամէն սորվեցնել։

5. ա) Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13–ի համաձայն, ի՞նչ կ’ուզենք որ մեր աշակերտը իր ուսումնասիրութենէն ըմբռնէ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք աշակերտ մը մղել, որ իր սորվածներուն մասին խօսի։

5 Կ’ուզենք որ մեր աշակերտը ըմբռնէ, թէ իր սորվածը Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքէն է (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13)։ Այդ նպատակին ինչպէ՞ս կրնանք հասնիլ։ Աշակերտդ քաջալերէ, որ իր սորվածներուն մասին խօսի։ Փոխանակ աշակերտիդ միշտ համարներ բացատրելու, իրմէ խնդրէ որ անոնցմէ ոմանք ինք քեզի բացատրէ։ Անոր օգնէ տեսնելու, թէ Աստուծոյ Խօսքը ինչպէ՛ս իրեն անձամբ կը կիրարկուի։ Որպէսզի գիտնաս թէ իր կարդացած համարներուն նկատմամբ ի՛նչ կը մտածէ կամ ի՛նչ կը զգայ, փորձէ յարմար հարցումներով զինք մղել, որ իր տեսակէտը արտայայտէ (Ղուկ. 10։25-28)։ Օրինակ, իրեն հարցուր. «Այս համարը ինչպէ՞ս քեզի կ’օգնէ, որ Եհովայի որոշ մէկ յատկութիւնը տեսնես»։ «Ինչպէ՞ս կ’օգտուիս աստուածաշնչական այս ճշմարտութիւնը գիտնալով»։ «Ի՞նչ կը զգաս սորվածիդ նկատմամբ» (Առ. 20։5)։ Ամենակարեւոր բանը այն չէ, թէ որչափ գիտելիքներ ունի աշակերտը, հապա որչա՛փ կը սիրէ եւ կը գործադրէ իր գիտցածը։

6. Թերեւս ինչո՞ւ լաւ է, որ մեզի հետ փորձառու ուսուցիչներ տանինք մեր ուսումնասիրութիւններուն։

6 Հետդ փորձառու ուսուցիչներ կը տանի՞ս ուսումնասիրութիւններուդ։ Եթէ այո, կրնաս իրենցմէ խնդրել որ իրենց կարծիքը տան, թէ ուսումնասիրութիւնը վարելու կերպդ ինչպէ՛ս նկատեցին եւ թէ արդեօք յաջողեցա՞ր ձգել, որ Աստուածաշունչը ինք սորվեցնողը ըլլայ։ Պէտք է խոնարհ ըլլաս, որպէսզի ուսուցանելու հմտութիւններդ բարելաւես (համեմատէ՛ Գործք 18։24-26)։ Փորձառու ուսուցիչին հարցուր, եթէ կը կարծէ որ աշակերտը կ’ըմբռնէ ճշմարտութիւնը։ Նոյն հրատարակիչէն կրնաս նաեւ խնդրել, որ քու տեղդ ուսումնասիրութիւնը վարէ, եթէ մէկ շաբաթ կամ աւելի պիտի բացակայիս։ Այդպէս, ուսումնասիրութիւնը կանոնաւորաբար պիտի շարունակուի եւ աշակերտին յստակ պիտի դառնայ ատոր կարեւորութիւնը։ Բնաւ մի՛ սեպեր թէ ատիկա քո՛ւ ուսումնասիրութիւնդ է եւ թէ ուրիշ ո՛չ մէկը կրնայ զայն վարել։ Ի վերջոյ, ամէն բան կ’ուզես ընել, որ աշակերտդ շարունակէ ճշմարտութեան մէջ յառաջդիմել։

ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ՈՒ ՀԱՄՈԶՈՒՄՈՎ ՍՈՐՎԵՑՆԵԼ

Իրական կեանքէն օրինակներ բեր, աշակերտիդ օգնելու որ հասկնայ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ Աստուածաշունչի սկզբունքները գործադրել (տե՛ս պարբերութիւն 7-9) *

7. Ի՞նչ բան աշակերտին պիտի օգնէ, որ իր սորվածին հանդէպ խանդավառ ըլլայ։

7 Աշակերտը պէտք է տեսնէ խանդավառութիւնդ ու համոզումդ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն նկատմամբ (Ա. Թես. 1։5)։ Այն ատեն աւելի հաւանական պիտի ըլլայ, որ իր սորվածին հանդէպ խանդավառ ըլլայ։ Եթէ յարմար է, իրեն պատմէ թէ ինչպէ՛ս օգտուած ես Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն համաձայն ապրելով։ Այսպէս, ան պիտի անդրադառնայ, որ Աստուածաշունչը կը բովանդակէ գործնական առաջնորդութիւն, որ իրեն ալ կրնայ օգտակար ըլլալ։

8. Ի՞նչ կերպերով կրնաս ուսումնասիրութիւնդ ճոխացնել, եւ ինչո՞ւ կ’արժէ այդպէս ընել։

8 Ուսումնասիրութեան ատեն, աշակերտիդ պատմէ անոնց փորձառութիւնները, որոնք իրեն պէս դժուարութիւններ դիմագրաւած են եւ կրցած են զանոնք յաղթահարել։ Կրնաս հետդ ժողովքէն հրատարակիչ մը տանիլ ուսումնասիրութեան, որուն օրինակը աշակերտիդ կրնայ օգտել։ Կամ jw.org կայքին վրայ կրնաս գտնել քաջալերական փորձառութիւններ *։ Այդպիսի յօդուածներ ու վիտէօներ աշակերտիդ պիտի օգնեն, որ տեսնէ թէ որքա՜ն իմաստութիւն է իր կեանքին մէջ Աստուածաշունչի սկզբունքները գործադրել։

9. Աշակերտդ ինչպէ՞ս կրնաս քաջալերել, որ իր սորվածներուն մասին իր ընտանիքին եւ բարեկամներուն պատմէ։

9 Եթէ աշակերտդ ամուսնացած է, իր կողակիցը կը սերտէ՞։ Եթէ ոչ, կողակիցը հրաւիրէ որ ինքն ալ ուսումնասիրութեան մասնակցի։ Աշակերտդ քաջալերէ, որ իր սորվածներուն մասին իր ընտանիքին եւ բարեկամներուն պատմէ (Յովհ. 1։40-45)։ Ինչպէ՞ս։ Պարզապէս կրնաս հարցնել. «Այս ճշմարտութիւնը ինչպէ՞ս ընտանիքիդ կրնաս բացատրել», կամ՝ «Ասիկա ի՞նչ համարով բարեկամիդ կրնաս փաստել»։ Այս կերպով աշակերտդ պիտի մարզես, որ ուսուցիչ դառնայ։ Իսկ ետքը, երբ որակեալ ըլլայ, կրնայ ծառայութեան մասնակցիլ որպէս չմկրտուած հրատարակիչ։ Կրնաս աշակերտիդ հարցնել, թէ արդեօք կը ճանչնա՞յ մէկը, որ կ’ուզէ Աստուածաշունչը սերտել։ Եթէ այո, շուտով անոր հետ կապի մէջ մտիր եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն առաջարկէ։ Անոր դիտել տուր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը ինչպէ՞ս կ’ըլլայ վիտէոն *։

ԱՇԱԿԵՐՏԸ ՔԱՋԱԼԵՐԵԼ ՈՐ ԺՈՂՈՎՔԻՆ ՄԷՋ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ ԳՏՆԷ

Աշակերտդ քաջալերէ, որ ժողովքին մէջ բարեկամներ գտնէ (տե՛ս պարբերութիւն 10-11) *

10. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։8–ի համաձայն, ուսուցիչ մը ինչպէ՞ս կրնայ Պօղոսը ընդօրինակել։

10 Ուսուցիչները պէտք է աշակերտներով անկեղծօրէն եւ անհատապէս հետաքրքրուին։ Զիրենք նկատէ ապագայ հոգեւոր եղբայրներդ կամ քոյրերդ (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։8)։ Անոնց համար դիւրին չէ աշխարհին մէջ ունեցած իրենց բարեկամները ձգել եւ բոլոր անհրաժեշտ փոփոխութիւնները ընել Եհովայի ծառայելու համար։ Պէտք է իրենց օգնենք, որ ժողովքին մէջ իսկական բարեկամներ գտնեն։ Աշակերտիդ համար բարեկամ եղիր ոչ միայն անոր հետ ժամանակ անցընելով ուսումնասիրութեան ընթացքին, հապա նաեւ ուրիշ առիթներով։ Ուսումնասիրութեան մէկ հանդիպումէն մինչեւ միւս հանդիպումը՝ հեռաձայնելը, մէսըճ գրելը կամ կարճ այցելութիւն տալը ցոյց կու տայ, որ իրապէս իրմով հետաքրքրուած ես։

11. Կ’ուզենք որ մեր աշակերտները ի՞նչ բան գտնեն ժողովքին մէջ, եւ ինչո՞ւ։

11 Ափրիկեան առակ մը կ’ըսէ. «Երեխան կը մեծնայ ամբողջ գիւղին ջանքերով»։ Մենք ալ կրնանք ըսել՝ «Աշակերտ մը կը յառաջդիմէ ժողովքին ջանքերով»։ Ատոր համար, ազդու ուսուցիչները իրենց աշակերտները կը ծանօթացնեն ժողովքէն ուրիշ անհատներու, որոնք կրնան լաւ ազդեցութիւն ձգել անոնց վրայ։ Կ’ուզենք որ ամէն աշակերտ զգայ, որ ժողովքին կողմէ ընդունուած է եւ մեր հոգեւոր ընտանիքին մէկ մասն է։ Այն ատեն, աշակերտը կրնայ Աստուծոյ ծառաներուն ընկերակցութիւնը վայելել, որոնք իրեն կրնան աջակցիլ հոգեւոր եւ զգացական գետնի վրայ։ Կ’ուզենք որ մեր ջերմ եւ սիրալիր եղբայրութիւնը զինք քաշէ։ Այսպէս, անոր համար դիւրին պիտի ըլլայ իր սերտ բարեկամութիւնները դադրեցնել այն մարդոց հետ, որոնք իրեն չեն օգներ որ Եհովան սիրէ (Առ. 13։20)։ Եթէ նախկին բարեկամները զինք մերժեն, ան պիտի գիտնայ, որ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ իսկական բարեկամներ պիտի գտնէ (Մար. 10։29, 30. Ա. Պետ. 4։4

ՇԵՇՏԵԼ ՆՈՒԻՐՈՒՄԻ ԵՒ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏԸ

Անկեղծ աշակերտը քայլ առ քայլ կրնա՛յ հասնիլ մկրտութեան նպատակակէտին (տե՛ս պարբերութիւն 12-13)

12. Ինչո՞ւ մեր աշակերտին հետ պէտք է խօսինք նուիրումին եւ մկրտութեան մասին։

12 Յաճախ խօսէ քրիստոնէական նուիրումին եւ մկրտութեան կարեւորութեան մասին։ Ի վերջոյ, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն վարելու մեր նպատակն է՝ օգնել անհատին, որ դառնայ Քրիստոսի մկրտուած աշակերտ։ Ուսումնասիրութիւնը սկսելէ քանի մը ամիս ետք, մանաւանդ ժողովներու յաճախելու սկսելէ ետք, աշակերտը պէտք է հասկնայ, որ ուսումնասիրութեան նպատակն է՝ իրեն օգնել, որ սկսի Եհովայի ծառայել որպէս իր Վկաներէն մէկը։

13. Աշակերտը ի՞նչ քայլեր կ’առնէ, մինչ կը յառաջդիմէ դէպի մկրտութիւն։

13 Անկեղծ աշակերտ մը քայլ առ քայլ կրնայ մկրտութեան նպատակակէտին հասնիլ։ Նախ, աշակերտը կը սկսի Եհովան ճանչնալ ու սիրել եւ հաւատք ընծայել անոր (Յովհ. 3։16. 17։3)։ Ետքը, ան Եհովայի հետ անձնական փոխյարաբերութիւն կը զարգացնէ եւ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ կը բարեկամանայ (Եբ. 10։24, 25. Յակ. 4։8)։ Ժամանակի ընթացքին, աշակերտը կը մերժէ գէշ գործերը եւ իր մեղքերուն համար կը զղջայ (Գործք 3։19)։ Մինչ այդ, անոր հաւատքը զինք կը մղէ, որ ճշմարտութեան մասին ուրիշներուն պատմէ (Բ. Կոր. 4։13)։ Ետքը, ան իր անձը Եհովային կը նուիրէ եւ իր նուիրումը կը խորհրդանշէ ջուրի մկրտութիւնով (Ա. Պետ. 3։21. 4։2)։ Եւ ի՜նչ ուրախ օր է ատիկա բոլորին համար։ Մինչ աշակերտը քայլ առ քայլ իր նպատակակէտին կը մօտենայ, զինք միշտ գովէ եւ քաջալերէ, որ շարունակէ ճիշդ ուղղութեամբ յառաջդիմել։

ԱՏԵՆ–ԱՏԵՆ ԱՇԱԿԵՐՏԻՆ ՅԱՌԱՋԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԱՉՔԷ ԱՆՑԸՆԵԼ

14. Ուսուցիչը ինչպէ՞ս կրնայ իր աշակերտին յառաջդիմութիւնը աչքէ անցընել։

14 Պէտք է համբերող ըլլանք, մինչ մեր աշակերտին կ’օգնենք, որ նուիրումի եւ մկրտութեան հասնի։ Սակայն որոշ հանգրուանի մը, պէտք է գիտնաս, թէ ան Եհովա Աստուծոյ ծառայելու փափաքը ունի՛ կամ ոչ։ Արդեօք կը տեսնե՞ս բան մը, որ ցոյց կու տայ թէ կը ջանայ Յիսուսի պատուէրներուն հնազանդիլ, թէ ոչ միայն կ’ուզէ Սուրբ Գիրքէն գիտելիքներ առնել։

15. Ուսուցիչը յառաջդիմութեան ի՞նչ նշաններ պէտք է փնտռէ աշակերտին մէջ։

15 Կանոնաւորաբար մտածէ աշակերտին յառաջդիմութեան մասին։ Օրինակ, Եհովայի հանդէպ իր զգացումներուն մասին կը խօսի՞։ Եհովային կ’աղօթէ՞ (Սաղ. 116։1, 2)։ Կը սիրէ՞ Սուրբ Գիրքը կարդալ (Սաղ. 119։97)։ Ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ կը գտնուի՞ (Սաղ. 22։22)։ Իր ապրելակերպին մէջ որեւէ անհրաժեշտ փոփոխութիւն ըրա՞ծ է (Սաղ. 119։112)։ Սկսա՞ւ իր սորվածները բաժնել իր ընտանիքին եւ բարեկամներուն հետ (Սաղ. 9։1)։ Ամենակարեւորը, կը փափաքի՞ Եհովայի վկայ մը դառնալ (Սաղ. 40։8)։ Եթէ աշակերտը այս մարզերէն որեւէ մէկուն մէջ չի յառաջդիմեր, փափկանկատօրէն պատճառը գիտցիր, եւ ետքը հարցը իրեն հետ քննարկէ ազնուութեամբ բայց անկեղծօրէն *։

16. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, որ պէտք է Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը դադրեցնել։

16 Ատեն–ատեն քննէ, թէ արդեօք կ’արժէ՞ անհատին հետ շարունակել սերտել։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Աշակերտը ուսումնասիրութեան համար չի՞ նախապատրաստուիր։ Արդեօք ժողովներուն ներկայ գտնուելով չէ՞ հետաքրքրուած։ Արդեօք տակաւին գէշ սովորութիւններ ունի՞։ Դեռ սուտ կրօնքի անդա՞մ մըն է’։ Եթէ այո, անոր հետ շարունակել ուսումնասիրելը կը նմանի՝ լողալ սորվեցնելուն մէկու մը, որ չի փափաքիր թրջուիլ։ Եթէ աշակերտը սրտանց չի գնահատեր սորվածը եւ չ’ուզեր պէտք եղած փոփոխութիւնները ընել, ինչո՞ւ շարունակել անոր հետ ուսումնասիրել։

17. Ա. Տիմոթէոս 4։16–ի համաձայն, բոլոր Աստուածաշունչի ուսուցիչները ի՞նչ պէտք է ընեն։

17 Մենք լուրջի կ’առնենք աշակերտելու մեր պատասխանատուութիւնը, եւ կ’ուզենք մեր աշակերտներուն օգնել, որ յառաջդիմեն դէպի մկրտութիւն։ Ատոր համար թոյլ պիտի տանք, որ սորվեցնողը Աստուածաշունչը ըլլայ եւ պիտի սորվեցնենք խանդավառութեամբ ու համոզումով։ Մեր աշակերտները պիտի քաջալերենք, որ ժողովքին մէջ բարեկամներ գտնեն։ Եւ պիտի շեշտենք նուիրումի եւ մկրտութեան նպատակակէտը, ատեն–ատեն աչքէ անցընելով անոնց յառաջդիմութիւնը (տե՛ս « Ուսուցիչները ի՞նչ պէտք է ընեն» շրջանակը)։ Շա՜տ ուրախ ենք, որ այս կեանքեր փրկող գործին մէջ կրնանք բաժին բերել։ Թող որ վճռենք մեր լաւագոյնը ընել, որ յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարենք, որոնք մկրտութեան կ’առաջնորդեն։

ԵՐԳ 139 Սորվեցուր անոնց որ հաստատուն կայնին

^ պարբ. 5 Երբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարենք, առանձնաշնորհումը ունինք մարդոց օգնելու որ գիտնան, թէ Եհովան ինչպէ՛ս կ’ուզէ որ անոնք մտածեն, զգան եւ գործեն։ Այս յօդուածը պիտի շարունակէ բացատրել, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր սորվեցնելու հմտութիւնները բարելաւել։

^ պարբ. 2 Բ. Տիմոթէոս 4։1, 2, ԱԾ. «Ուրեմն կը վկայեմ Աստուծոյ եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի առջեւ, որ պիտի դատէ ողջերն ու մեռելները իր երեւումին եւ թագաւորութեան ատենը. քարոզէ՛ խօսքը, պնդէ՛ ժամանակին թէ անժամանակ, կշտամբէ՛, յանդիմանէ՛, յորդորէ՛ ամբողջ համբերատարութեամբ եւ ուսուցումով [«սորվեցնելու արուեստով», ՆԱ]»։

^ պարբ. 4 Տե՛ս «Ուսումնասիրութիւն վարած ատեն այս ծուղակներուն մէջ մի՛ իյնար» յօդուածը, «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տետր–ի սեպտեմբեր 2016 թիւին մէջ։

^ պարբ. 8 Բա՛ց ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ > ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐ > ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ։

^ պարբ. 9 JW Library էփին մէջ, բա՛ց MEDIA > OUR MEETINGS AND MINISTRY > TOOLS FOR THE MINISTRY։

^ պարբ. 15 Տե՛ս «Եհովայի հանդէպ սէրը մկրտութեան կ’առաջնորդէ» եւ «Մկրտուելու պատրա՞ստ ես» յօդուածները, Դիտարան–ի մարտ 2020 թիւին մէջ։

^ պարբ. 78 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Ուսումնասիրութենէն քիչ ետք, փորձառու քոյրը ուսումնասիրութիւնը վարող քրոջ կը բացատրէ, թէ ի՛նչ կրնայ ընել, որ ուսումնասիրութեան ընթացքին երկար–բարակ չխօսի։

^ պարբ. 80 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Ուսումնասիրութեան ընթացքին, անհատը կը սորվի ինչպէ՛ս լաւ կին ըլլալ։ Ետքը, իր սորվածները իր ամուսինին կը պատմէ։

^ պարբ. 82 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Կինը եւ իր ամուսինը ընկերակցութիւն կը վայելեն Վկայի մը տունը, որուն ծանօթացան Թագաւորութեան սրահին մէջ։