Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի հետ բարեկամութիւնդ վերաշինէ

Եհովայի հետ բարեկամութիւնդ վերաշինէ

ԱՄԷՆ տարի, շատ մը թանկագին ոչխարներ քրիստոնէական ժողովքին մէջ կը վերընդունուին։ Երեւակայէ թէ ի՜նչ մեծ ‘ուրախութիւն կ’ըլլայ երկինքին մէջ’, երբ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը վերադառնայ (Ղուկ. 15։7, 10)։ Եթէ դուն ալ վերընդունուած ես, կրնաս վստահ ըլլալ որ Յիսուս, հրեշտակները եւ Եհովան շատ ուրախ են տեսնելով, որ դարձեալ ճշմարտութեան կողմը դիրք բռնեցիր։ Սակայն, մինչ Եհովայի հետ բարեկամութիւնդ կը վերաշինես, թերեւս դժուարութիւններ ունենաս։ Անոնցմէ ոմանք ի՞նչ են, եւ ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել։

ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԵՆ

Շատեր ժողովքին վերադառնալէ ետք ժխտական զգացումներու դէմ կը պայքարին։ Հաւանաբար, Դաւիթ թագաւորին զգացումները կը հասկնաս։ Նոյնիսկ իր մեղքերը ներուելէն ետք, ան ըսաւ. «Անօրէնութիւններ[ս] իմ վրաս ճնշեցին» (Սաղ. 40։12. 65։3)։ Եհովային վերադառնալէ ետք, անհատ մը կրնայ տարիներով յանցաւոր կամ ամօթ զգալ։ Իզապէլ աւելի քան 20 տարի վտարուած էր *։ Ան ըսաւ. «Ինծի համար շատ դժուար էր հաւատալ, որ Եհովան կրնար ինծի ներել»։ Եթէ վհատիս, կրնաս նորէն հոգեւորապէս տկարանալ (Առ. 24։10)։ Ջանք ըրէ, որ այդ մէկը քեզի չպատահի։

Ուրիշներ կը մտահոգուին, որ թերեւս չկարենան պէտք եղած ամէն բան ընել Եհովայի հետ նորէն մտերիմ բարեկամութիւն ունենալու համար։ Վերընդունուելէ ետք, Անթուան ըսաւ. «Զգացի որ մոռցած էի շատ մը բաներ, որ սորված էի կամ կ’ընէի, երբ Վկայ էի»։ Այսպիսի զգացումներու պատճառով, ոմանք թերեւս ետ կենան Եհովայի համար իրենց լաւագոյնը ընելէ։

Օրինակով մը բացատրենք. երբ մէկու մը տունը, որուն շատ կապուած է, կը քանդուի փոթորիկի մը պատճառով, ան կրնայ տակնուվրայ զգալ, երբ մտածէ պահանջուած ժամանակին ու ջանքին մասին, որպէսզի տունը վերաշինէ։ Նոյնպէս, եթէ լուրջ մեղք գործելու պատճառով Եհովայի հետ բարեկամութիւնդ վնասուած է, թերեւս զգաս որ հոգեւորութիւնդ վերականգնելու համար շա՜տ ջանք պէտք է թափես։ Բայց ատիկա մինակդ պիտի չընես։

Եհովան մեզ կը հրաւիրէ. «Եկէք հարցերը շտկենք մեր միջեւ» (Եսա. 1։18, ՆԱ)։ Դուն արդէն շատ ջանք թափած ես, որ ‘հարցերը շտկես’։ Եհովան քեզ կը սիրէ ըրած ջանքերուդ համար։ Մտածէ. որովհետեւ Եհովային վերադարձար, ան կրնայ օրինակովդ փաստել որ Սատանան ստախօս է (Առ. 27։11

Այսպէս ընելով, արդէն Եհովային մօտեցած ես եւ ան կը խոստանայ, որ ինքն ալ քեզի պիտի մօտենայ (Յակ. 4։8)։ Բայց չի բաւեր որ ուրիշներ տեսնեն, որ ետ ժողովքին դարձար։ Պէտք է շարունակես սէրդ աւելցնել քու Հօրդ եւ Բարեկամիդ հանդէպ։ Ինչպէ՞ս։

ԴԻՐ ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏԵՐ, ՈՐՈՆՑ ԿՐՆԱՍ ՀԱՍՆԻԼ

Փորձէ տրամաբանական նպատակակէտեր դնել։ Հաւանաբար, տակաւին կը յիշես Եհովայի եւ իր խոստումներուն մասին հիմնական ուսուցումները։ Բայց պէտք է նորէն հոգեւոր լաւ ռութին ունենաս՝ կանոնաւորաբար քարոզել, ժողովներու երթալ եւ եղբայրներու ու քոյրերու հետ ժամանակ անցընել։ Նկատի առ այս նպատակակէտերը։

Եհովային հետ յաճախ խօսէ։ Հայրդ գիտէ որ միշտ յանցաւոր զգալը կրնայ դժուարացնել, որ իրեն աղօթես (Հռով. 8։26)։ Սակայն ‘ստէպ աղօթքի կեցիր’, Եհովային ըսելով որ շատ կը փափաքիս իր բարեկամութիւնը ունենալ (Հռով. 12։12)։ Անտրէյ կը յիշէ. «Շա՜տ յանցաւոր եւ ամօթ կը զգայի։ Բայց ամէն աղօթքէ ետք, այդ զգացումները կը պակսէին։ Աւելի մտքի խաղաղութիւն ունեցայ»։ Եթէ չես գիտեր ինչի՛ համար աղօթել, նկատի առ զղջացող Դաւիթ թագաւորին աղօթքները, որ գրուած են Սաղմոս 51 եւ 65–ին մէջ։

Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար սերտէ։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ, որ զօրաւոր հաւատք ունենաս եւ Եհովայի հանդէպ սէրդ աճի (Սաղ. 19։7-11)։ Ֆելիբէյ ըսաւ. «Արդէն հոգեւորապէս տկարանալուս եւ Եհովան յուսախաբ ընելուս պատճառը այն էր, որ հոգեւոր ռութին չունէի։ Չէի ուզեր նոյն սխալը երկրորդ անգամ ընել։ Անոր համար, որոշեցի կանոնաւո՛րաբար Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութիւն ընել»։ Դո՛ւն ալ կրնաս նոյնը ընել։ Եթէ դժուարութիւն ունիս սերտողութեան համար նիւթեր զատելու, կրնաս հասուն բարեկամէ մը օգնութիւն խնդրել։

Եղբայրներուդ ու քոյրերուդ հետ ետ բարեկամութիւն հաստատէ։ Ժողովքին վերադարձողներէն ոմանք մտահոգ կ’ըլլան, թէ ուրիշներ իրենց գէշ աչքով պիտի նային։ Լարիսան ըսաւ. «Շա՜տ ամօթ կը զգայի։ Կը զգայի թէ ժողովքին դաւաճանած էի։ Եւ այս զգացումները երկար ժամանակ հետս մնացին»։ Վստահ եղիր, որ երէցները եւ ուրիշ հասուն քրիստոնեաներ քեզի պիտի օգնեն, որ հոգեւորութիւնդ վերականգնես (տե՛ս « Երէցները ի՞նչ կրնան ընել» շրջանակը)։ Անոնք ուրախ են, որ վերադարձար, եւ կ’ուզեն որ յաջողիս (Առ. 17։17

Ինչպէ՞ս կրնաս ժողովքին աւելի մօտիկ ըլլալ։ Եղբայրներուդ ու քոյրերուդ հետ բոլոր ժողովներուն ներկայ եղիր եւ անոնց հետ կանոնաւորաբար քարոզչութեան մասնակցէ։ Ասիկա ինչպէ՞ս պիտի օգնէ։ Ֆելիքս ըսաւ. «Ժողովքը վերադարձիս կը սպասէր։ Արժեւորուած զգացի։ Բոլորն ալ ինծի օգնեցին, որ զգամ թէ ընտանիքին մէկ մասն եմ ու ներուած եմ, եւ շարունակեմ Եհովային ծառայել» (տե՛ս « Ի՞նչ կրնաս ընել» շրջանակը)։

ՄԻ՛ ՅԱՆՁՆՈՒԻՐ

Սատանան պիտի շարունակէ քու վրադ «փոթորիկներ» ղրկել, փորձելով քեզ տկարացնել, մինչ Եհովայի հետ բարեկամութիւնդ կը վերաշինես (Ղուկ. 4։13)։ Ատոր պատրաստ եղիր՝ հիմա՛ զօրացնելով հոգեւոր տանդ հիմերը։

Իր ոչխարներուն նկատմամբ Եհովան կը խոստանայ. «Կորսուածը պիտի փնտռեմ ու մոլորածը պիտի դարձնեմ եւ կոտրածը պիտի փաթթեմ ու հիւանդը պիտի առողջացնեմ» (Եզեկ. 34։16)։ Եհովան անթիւ–անհամար անհատներու օգնած է, որ իրեն հետ իրենց փոխյարաբերութիւնը վերականգնեն։ Վստահ եղիր որ ան կ’ուզէ քեզի օգնել, որ շարունակես իրեն հետ փոխյարաբերութիւնդ զօրացնել։

^ պարբ. 4 Այս յօդուածին մէջ անունները փոխուած են։