Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 42

Զօրաւոր համոզումով ճշմարտութիւնը ամուր բռնէ

Զօրաւոր համոզումով ճշմարտութիւնը ամուր բռնէ

«Քննեցէ՛ք ամէն բան, բարի՛ն ամուր բռնեցէք» (Ա. ԹԵՍ. 5։21, ԱԾ

ԵՐԳ 129 Մեր յոյսը ամո՛ւր բռնենք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ինչո՞ւ շատեր կը շուարին։

ՏԱՍՆԵԱԿ հազարաւոր քրիստոնէական կրօնքներ կ’ըսեն, որ Աստուած կը պաշտեն իր ուզած կերպով։ Վստահաբար, շատեր կը շուարին։ Անոնք կը հարցնեն. «Արդեօք միայն մէ՞կ ճշմարիտ կրօնք կայ, թէ ոչ՝ բոլոր կրօնքները Աստուած կը հաճեցնեն»։ Զօրաւոր համոզում ունի՞նք, թէ մեր սորվեցուցածը ճշմարտութիւնն է եւ թէ մեր պաշտելու կերպը Եհովային ընդունելի է։ Կարելի՞ է այդ զօրաւոր համոզումը ունենալ։ Նկատի առնենք փաստեր։

2. Պօղոս առաքեալ ինչո՞ւ համոզուած էր ճշմարտութեան (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։5

2 Պօղոս առաքեալ համոզուած էր ճշմարտութեան (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։5)։ Եւ այդ համոզումը զգացումներու վրայ չէր հիմնուած։ Պօղոս Աստուծոյ Խօսքը ուշադրութեամբ կը սերտէր։ Ան կը հաւատար, որ «բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է» (Բ. Տիմ. 3։16)։ Իր սերտողութիւնը իրեն ի՞նչ սորվեցուց։ Ան Սուրբ Գրութիւններէն գտաւ փաստեր, որ Յիսուս խոստացեալ Մեսիան էր, ինչ որ հրեայ կրօնական առաջնորդները դիտմամբ կ’անտեսէին։ Այդ կրօնական կեղծաւորները կ’ըսէին, որ Աստուած կը ներկայացնէին, բայց իրենց գործերով զայն կ’ուրանային (Տիտ. 1։16)։ Անոնց հակառակը, Պօղոս չզատեց թէ Աստուծոյ Խօսքին ո՛ր մասերուն պիտի հաւատար։ Ան պատրաստ էր «Աստուծոյ բոլոր կամքը» սորվեցնելու եւ գործադրելու (Գործք 20։27

3. Զօրաւոր համոզում ունենալու համար, պէ՞տք է մեր բոլոր հարցումներուն պատասխանները առնենք (տե՛ս նաեւ « Եհովայի գործերն ու խորհուրդները ‘համրանքէն աւելի շատ են’» շրջանակը)։

3 Ոմանք կը խորհին, որ ճշմարիտ կրօնքը պէտք է ամէն մէկ հարցումի պատասխանները տայ, նոյնիսկ այն հարցումներուն, որոնց մասին Աստուածաշունչը մասնաւոր բան մը չ’ըսեր։ Ատիկա տրամաբանակա՞ն է։ Նկատի առ Պօղոսի օրինակը։ Ան հաւատակիցները քաջալերեց, որ ‘ամէն բան քննեն’, բայց նաեւ ընդունեց որ շատ բաներ կային, որոնք չէր հասկնար (Ա. Թես. 5։21, ԱԾ)։ Ան գրեց. «Շատէն քիչը գիտենք», աւելցնելով՝ «Մենք որպէս թէ [«մետաղեայ», ՆԱ] հայելիի մէջ կը տեսնենք անյայտ կերպով» (Ա. Կոր. 13։9, 12)։ Պօղոս ամէն բան չհասկցաւ, ոչ ալ մենք կը հասկնանք։ Բայց ան ընդհանուր առմամբ Եհովային նպատակները հասկցաւ։ Եւ իր գիտցածը բաւարար էր, որ վստահ ըլլար թէ ճշմարտութիւնը գտած էր։

4. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր համոզումը զօրացնել, որ ճշմարտութիւնը գտած ենք, եւ ճշմարիտ քրիստոնեաներուն մասին ի՞նչ բաներ նկատի պիտի առնենք։

4 Կերպ մը, որով կրնանք մեր համոզումը զօրացնել, թէ ճշմարտութիւնը գտած ենք, այն է՝ որ պաշտամունքի նկատմամբ Յիսուսի ձգած օրինակը համեմատենք Եհովայի վկաներու պաշտելու կերպին հետ։ Յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, որ ճշմարիտ քրիստոնեաները 1) կռապաշտութիւնը կը մերժեն, 2) Եհովայի անունը կը յարգեն, 3) ճշմարտութիւնը կը սիրեն, եւ 4) իրար ջերմօրէն կը սիրեն։

ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԵՐԺԵՆՔ

5. Յիսուսէն ի՞նչ կը սորվինք Աստուած ճիշդ կերպով պաշտելուն մասին, եւ ինչպէ՞ս կրնանք իր սորվեցուցածը գործադրել։

5 Որովհետեւ Յիսուս խորապէս կը սիրէր Աստուած, միայն զինք պաշտեց թէ՛ երկինքին մէջ եւ թէ երկրի վրայ (Ղուկ. 4։8)։ Ան իր աշակերտներուն ըսաւ, որ նոյնը ընեն։ Յիսուս եւ իր հաւատարիմ աշակերտները պաշտամունքի մէջ նկարներ կամ արձաններ բնա՛ւ չգործածեցին։ Որովհետեւ Եհովան չի տեսնուիր, մարդուն շինած որեւէ բան Եհովայի փառքին քովէն նոյնիսկ չ’անցնիր (Եսա. 46։5)։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել «սուրբեր»ու նկարներու կամ արձաններու աղօթելու մասին։ Տասը պատուիրաններուն երկրորդին մէջ, Եհովան ըսաւ. «Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկնքի մէջ, ո՛չ վարը երկրի վրայ. . . Անոնց երկրպագութիւն չընես» (Ել. 20։4, 5)։ Այս խօսքերը յստակ են անոնց համար, որոնք կ’ուզեն Աստուած հաճեցնել։

6. Ներկայիս, Եհովայի վկաները ի՞նչ օրինակի կը հետեւին։

6 Աշխարհիկ պատմաբաններ կ’ըսեն, որ առաջին դարու քրիստոնեաները միայն Աստուած կը պաշտէին։ Օրինակ, գիրք մը կ’ըսէ, որ առաջին դարու քրիստոնեաները «պիտի ատէին» պաշտամունքի վայրերու մէջ նկարներ կամ արձաններ գործածելու գաղափարը (History of the Christian Church)։ Ներկայիս, Եհովայի վկաները առաջին դարու քրիստոնեաներուն օրինակին կը հետեւին։ Մենք չենք աղօթեր «սուրբեր»ու նկարներու կամ արձաններու, ոչ ալ հրեշտակներու կ’աղօթենք։ Նոյնիսկ Յիսուսին չենք աղօթեր։ Մենք դրօշակին չենք բարեւեր, եւ չենք ըներ ուրիշ որեւէ բան, որ կառավարութիւնը պաշտել պիտի սեպուի։ Որքա՛ն ալ մեզ ճնշեն, մենք որոշած ենք հնազանդիլ Յիսուսի խօսքին. «Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես» (Մատ. 4։10

7. Եհովայի վկաներու եւ ուրիշ կրօնքներու միջեւ ի՞նչ աչքառու տարբերութիւններ կան։

7 Ներկայիս, շատեր կը սիրեն հռչակաւոր քարոզիչներու մտիկ ընել։ Անոնք այս քարոզիչներուն վրայ այնքա՛ն հիացած են, որ քիչ կը մնայ որ զանոնք պաշտեն։ Մարդիկ անոնց եկեղեցիները կ’երթան, անոնց գիրքերը կը գնեն, եւ դրամական մեծ նուիրատուութիւններ կ’ընեն անոնց կամ այն կազմակերպութիւններուն, որոնց անոնք թիկունք կը կանգնին։ Կարգ մը անհատներ անոնց իւրաքանչիւր խօսքին կը հաւատան։ Արդեօք եթէ Յիսուսը տեսնէին, այսքա՛ն խանդավառ պիտի ըլլայի՞ն։ Անդին, Եհովայի ճշմարիտ երկրպագուները կղերականներ չունին։ Թէեւ մենք մեր մէջ առաջնորդութիւն առնողները կը յարգենք, բայց կ’ընդունինք այն ինչ որ Յիսուս յստակօրէն սորվեցուց. «Դուք ամէնքդ եղբայր էք» (Մատ. 23։8-10)։ Մենք մարդիկը չենք աստուածացներ, ըլլա՛ն անոնք կրօնական առաջնորդներ կամ կառավարիչներ։ Եւ իրենց կրօնական կամ քաղաքական նպատակներուն թիկունք չենք կանգնիր։ Փոխարէնը, կը մնանք չէզոք եւ աշխարհէն զատուած։ Ուստի այս բոլոր բաներուն մէջ, մենք շատ տարբեր ենք ուրիշ կրօնքներէ, որոնք անունով քրիստոնէական են (Յովհ. 18։36

ՄԵՆՔ ԵՀՈՎԱՅԻ ԱՆՈՒՆԸ ԿԸ ՅԱՐԳԵՆՔ

Ճշմարիտ քրիստոնեաները հպարտ կը զգան Եհովայի մասին ուրիշներուն խօսելով (տե՛ս պարբ. 8-10) *

8. Ինչպէ՞ս գիտենք, թէ Եհովան կ’ուզէ, որ իր անունը փառաւորուի եւ բոլորին կողմէ ճանչցուի։

8 Առիթով մը Յիսուս աղօթեց. «Հա՛յր, փառաւորէ քու անունդ»։ Եհովան անձամբ պատասխանեց այդ աղօթքին՝ երկինքէն լսուող բարձր ձայնով մը, խոստանալով որ իր անունը պիտի փառաւորէր (Յովհ. 12։28)։ Յիսուս իր ծառայութեան ընթացքին իր Հօր անունը փառաւորեց (Յովհ. 17։26)։ Ուստի, տրամաբանական է ճշմարիտ քրիստոնեաներէն ակնկալել, որ հպարտ զգան Աստուծոյ անունը գործածելով եւ զայն ճանչցնելով ուրիշներուն։

9. Առաջին դարու քրիստոնեաները ինչպէ՞ս ցոյց տուին, որ Աստուծոյ անունը կը յարգէին։

9 Ք.Ե. առաջին դարուն, քրիստոնէական ժողովքը հաստատուելէն կարճ ժամանակ ետք, Եհովան «այցելութիւն ըրաւ, որպէս զի հեթանոսներէն ժողովուրդ մը առնէ իր անուանը համար» (Գործք 15։14)։ Այս քրիստոնեաները հպարտ էին Աստուծոյ անունը գործածելով եւ զայն ուրիշներուն ճանչցնելով։ Անոնք այդ անունը գործածեցին իրենց ծառայութեան մէջ եւ Աստուածաշունչի այն մասերուն մէջ, որոնք իրենք գրեցին *։ Անոնք փաստեցին, որ Աստուծոյ անուանը համար ժողովուրդ են (Գործք 2։14, 21

10. Ի՞նչ փաստ կայ, որ Եհովայի վկաները Եհովայի անուան համար ժողովուրդ են։

10 Տեսնենք թէ ի՛նչ փաստեր կան, որ Եհովայի վկաները Եհովայի անուան համար ժողովուրդ են։ Ներկայիս, շատ մը կրօնական առաջնորդներ ամէն ջանք թափած են, որ ծածուկ պահեն թէ Աստուած անձնական անուն ունի։ Անոնք զայն հանած են Աստուածաշունչի իրենց թարգմանութիւններէն եւ, կարգ մը պարագաներու, արգիլած են որ այդ անունը իրենց եկեղեցիներուն մէջ գործածուի *։ Յստակ է որ Եհովայի վկաները միակ անձերն են, որոնք Աստուծոյ անուան կու տան այն յարգանքը, որուն արժանի է։ Մենք Աստուծոյ անձնական անունը որեւէ կրօնական կազմակերպութենէ աւելի կը ճանչցնենք։ Մեր ամէն կարելին կ’ընենք, որ ապրինք մեր անուան համաձայն, որ է՝ Եհովայի վկաներ (Եսա. 43։10-12)։ Արտադրած ենք աւելի քան 240 միլիոն օրինակներ՝ Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութենէն, որ Եհովայի անունը կը գործածէ այնպիսի համարներու մէջ, ուր Աստուածաշունչի թարգմանիչներ հանած են այդ անունը։ Եւ աւելի քան 1000 լեզուներով կը հրատարակենք աստուածաշնչական հրատարակութիւններ, ուր Եհովայի անունը կը գործածուի։

ՄԵՆՔ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍԻՐԵՆՔ

11. Առաջին դարու քրիստոնեաները ինչպէ՞ս ցոյց տուին, որ ճշմարտութիւնը կը սիրեն։

11 Յիսուս կը սիրէր ճշմարտութիւնը, այսինքն՝ Աստուծոյ եւ իր նպատակներուն մասին ճշմարտութիւնը։ Ան ճշմարտութեան համաձայն ապրեցաւ, եւ զայն սորվեցուց ուրիշներուն (Յովհ. 18։37)։ Յիսուսի ճշմարիտ հետեւորդներն ալ ճշմարտութիւնը խորապէս կը սիրէին (Յովհ. 4։23, 24)։ Պետրոս առաքեալ քրիստոնէութեան ակնարկեց որպէս «ճշմարտութեան ճամբան» (Բ. Պետ. 2։2)։ Որովհետեւ առաջին դարու քրիստոնեաները ճշմարտութեան հանդէպ խոր սէր ունէին, մերժեցին այն կրօնական գաղափարները, մշակութային սովորութիւնները եւ անձնական կարծիքները, որոնք ճշմարտութեան հետ ներդաշնակ չէին (Կող. 2։8)։ Նոյնպէս այսօր, ճշմարիտ քրիստոնեաները ջանք կ’ընեն, որ ‘ճշմարտութեան մէջ քալեն’, իրենց բոլոր հաւատալիքները եւ ապրելակերպը հիմնելով միմիայն Եհովայի Խօսքին վրայ (Գ. Յովհ. 3, 4

12. Ի՞նչ կը պատահի, երբ առաջնորդութիւն առնողները կ’անդրադառնան, որ մեր հասկացողութիւնը պէտք է ճշդուի, եւ ինչո՞ւ ճշդումներ կ’ընեն։

12 Եհովայի վկաները չեն ըսեր, որ միշտ լիովին կը հասկնան Աստուածաշունչին մէջ ամէն բան։ Ատեններ, անոնք կարգ մը ուսուցումներ սխալ կերպով բացատրած են եւ ժողովքը կազմակերպելու նկատմամբ սխալ որոշումներ առած են։ Ասիկա պէտք չէ մեզ զարմացնէ։ Աստուածաշունչը յստակ կը դարձնէ, որ ճշգրիտ գիտութիւնը ժամանակի ընթացքին կը շատնայ (Կող. 1։9, 10)։ Եհովան ճշմարտութիւնը աստիճանաբար կը յայտնէ, եւ մենք պէտք է համբերութեամբ սպասենք, մինչեւ որ ճշմարտութիւնը աւելի լաւ հասկնանք (Առ. 4։18)։ Երբ առաջնորդութիւն առնողները կ’անդրադառնան, որ ճշմարտութեան մը շուրջ մեր հասկացողութիւնը պէտք է ճշդուի, առանց երկմտելու պէտք եղած փոփոխութիւնները կ’ընեն։ Քրիստոնէական աշխարհի եկեղեցիները փոփոխութիւններ կ’ընեն, իրենց ծուխը հաճեցնելու համար կամ աշխարհին աւելի մօտ ըլլալու համար, բայց Եհովայի կազմակերպութեան ըրած փոփոխութիւններուն նպատակն է՝ մեզ Աստուծոյ մօտեցնել եւ հետեւիլ պաշտամունքի նկատմամբ Յիսուսի ձգած օրինակին (Յակ. 4։4)։ Մենք փոփոխութիւններ կ’ընենք ո՛չ թէ երբ աշխարհի մարդոց կարծիքը կամ պահանջները կը փոխուին, հապա երբ Աստուածաշունչը աւելի լաւ կը հասկնանք։ Մենք շա՜տ կը սիրենք ճշմարտութիւնը (Ա. Թես. 2։3, 4

ՄԵՆՔ ԻՐԱՐ ՋԵՐՄՕՐԷՆ ԿԸ ՍԻՐԵՆՔ

13. Ի՞նչ է ճշմարիտ քրիստոնեաներուն ունեցած ամենակարեւոր յատկութիւնը, եւ Եհովայի վկաները ինչպէ՞ս զայն ցոյց կու տան։

13 Առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքը շատ մը յատկութիւններով կը ճանչցուէր, բայց անոնցմէ ամենակարեւորը սէրն էր։ Յիսուս ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհ. 13։34, 35)։ Այսօր, ամբողջ աշխարհի մէջ Եհովայի վկաները իրար կը սիրեն եւ միացած են։ Մենք միւս բոլոր կրօնքներէն տարբեր ենք, քանի որ ընտանիքի պէս ենք, հակառակ անոր որ տարբեր երկիրներէ եւ մշակոյթներէ կու գանք։ Այդ իսկական սիրոյ ապացոյցը կը տեսնենք մեր ժողովներուն ու համաժողովներուն մէջ։ Ասիկա մեր համոզումը կը զօրացնէ, որ Եհովան կը պաշտենք իր ուզած կերպով։

14. Եփեսացիս 4։32–ի համաձայն, ի՞նչ է կարեւոր կերպ մը, որով կրնանք իրարու հանդէպ ջերմ սէր ցոյց տալ։

14 Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ, որ ‘իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունենանք’ (Ա. Պետ. 4։8)։ Այսպիսի սէր ցոյց տալու կերպերէն մէկն է՝ իրարու ներել եւ իրարու անկատարութիւնները ընդունիլ։ Առիթներ կը փնտռենք, որ ժողովքին մէջ բոլորին հետ առատաձեռն եւ հիւրասէր ըլլանք, նոյնիսկ անոնց հետ, որոնք մեզ վիրաւորած են (կարդա՛ Եփեսացիս 4։32)։ Այսպիսի սէր ցոյց տալով, կը փաստենք որ ճշմարիտ քրիստոնեաներ ենք։

‘ՄԷԿ ՀԱՒԱՏՔ’

15. Ուրիշ ի՞նչ կերպերով պաշտամունքի նկատմամբ առաջին դարու քրիստոնեաներու օրինակին կը հետեւինք։

15 Ուրիշ կերպերով ալ կը հետեւինք պաշտամունքի մէջ առաջին դարու քրիստոնեաներուն ձգած օրինակին։ Օրինակ, մենք կազմակերպուած ենք այն նոյն կերպով, որ այդ քրիստոնեաները կազմակերպուած էին։ Ճիշդ անոնց պէս, մեր մէջ ալ կան շրջագայող տեսուչներ, երէցներ եւ օգնական ծառաներ (Փլպ. 1։1, ՆԱ. Տիտ. 1։5, ՆԱ)։ Եւ անոնց պէս, կը յարգենք Եհովայի օրէնքները՝ սեռային յարաբերութեան եւ ամուսնութեան ու արեան գործածութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ ժողովքը կը պաշտպանենք անզեղջ մեղաւորներէն (Գործք 15։28, 29. Ա. Կոր. 5։11-13. 6։9, 10. Եբ. 13։4

16. Եփեսացիս 4։4-6–էն ի՞նչ կը սորվինք։

16 Յիսուս ըսաւ, որ շատեր պիտի ըսէին որ իր աշակերտներն էին, բայց ո՛չ բոլորը իսկական աշակերտներ պիտի ըլլային (Մատ. 7։21-23)։ Աստուածաշունչը նաեւ մարգարէացաւ, որ վերջին օրերուն շատեր ‘աստուածպաշտութեան կերպարանքը պիտի ունենային’ (Բ. Տիմ. 3։1, 5)։ Սակայն, Սուրբ Գիրքը յստակօրէն կ’ըսէ, որ կայ միայն ‘մէկ հաւատք’, կամ մէկ կրօնք, որ Աստուծոյ ընդունելի է (կարդա՛ Եփեսացիս 4։4-6

17. Ներկայիս որո՞նք Յիսուսին կը հետեւին եւ ճշմարիտ կրօնքին համաձայն կ’ապրին։

17 Ներկայիս, որո՞նք ճշմարիտ կրօնքին համաձայն կ’ապրին։ Ապացոյցները նկատի առինք։ Տեսանք թէ Յիսուս պաշտամունքի նկատմամբ ի՛նչ օրինակ ձգեց, եւ թէ առաջին դարու քրիստոնեաները ինչպէ՛ս անոր հետեւեցան։ Եւ տեսանք որ այդ հարցումին պատասխանը մէկ է. Եհովայի վկաները։ Մեզի համար ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում է՝ Եհովայի ժողովուրդին մէկ մասը ըլլալ եւ Եհովայի ու իր նպատակներուն մասին ճշմարտութիւնը գիտնալ։ Թող որ շարունակենք զօրաւոր համոզումով ճշմարտութիւնը ամուր բռնել։

ԵՐԳ 152 Մեր Վէմը, մեր Յոյսը, մեր Ապաւէնը

^ պարբ. 5 Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք ճշմարիտ պաշտամունքին նկատմամբ Յիսուսի ձգած օրինակը եւ պիտի տեսնենք, թէ իր առաջին դարու աշակերտները ինչպէ՛ս անոր հետեւեցան։ Նաեւ պիտի տեսնենք, թէ ի՛նչ փաստեր կան, որ Եհովայի վկաները ներկայիս այդ օրինակին կը հետեւին։

^ պարբ. 9 Տե՛ս «Առաջին քրիստոնեաները Աստուծոյ անունը գործածեցի՞ն» շրջանակը, Դիտարան–ի 1 օգոստոս 2010 թիւին մէջ, էջ 6։

^ պարբ. 10 Օրինակ, 2008–ին, Պենետիկտոս ԺԶ. պապը ըսաւ, որ Աստուծոյ անունը «պէտք չէ գործածուի» կաթողիկէ կրօնական արարողութիւններու, շարականներու կամ աղօթքներու մէջ։

^ պարբ. 63 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եհովայի կազմակերպութիւնը Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը հրատարակած է աւելի քան 200 լեզուներով, որպէսզի մարդիկ կարենան իրենց լեզուով կարդալ Աստուածաշունչ մը, որ Աստուծոյ անունը կը գործածէ։