Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 40

Ի՞նչ է իսկական զղջումը

Ի՞նչ է իսկական զղջումը

‘Ես եկայ մեղաւորները ապաշխարութեան կանչելու’ (ՂՈՒԿ. 5։32

ԵՐԳ 52 Սիրտդ պահպանէ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. Երկու թագաւորներ իրարմէ ինչո՞վ տարբեր էին, եւ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

ՄՕՏԷՆ ծանօթանանք երկու թագաւորներու, որոնք հին ժամանակներուն ապրեցան. մէկը իշխեց Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան վրայ, իսկ միւսը՝ Յուդայի երկու–ցեղեան թագաւորութեան վրայ։ Թէեւ տարբեր ժամանակներու մէջ ապրեցան, բայց շատ նմանութիւններ ունէին։ Երկուքն ալ Եհովային դէմ ըմբոստացան եւ պատճառ դարձան, որ ժողովուրդը մեղանչէ։ Երկուքն ալ չաստուածներ պաշտեցին եւ մարդասպան էին։ Սակայն, տարբերութիւն մը կար անոնց միջեւ։ Մէկը մինչեւ իր կեանքին վերջը չար մնաց, իսկ միւսը զղջաց եւ իր սարսափելի մեղքերուն համար ներում ստացաւ։ Ո՞վ էին անոնք։

2 Անոնք էին՝ Իսրայէլի թագաւոր Աքաաբը եւ Յուդայի թագաւոր Մանասէն։ Այս երկու տղամարդոց միջեւ եղած տարբերութիւններէն շատ բան կրնանք սորվիլ կարեւոր նիւթի մը մասին, որ է՝ զղջում (Գործք 17։30. Հռով. 3։23)։ Ի՞նչ է զղջումը եւ ինչպէ՞ս ցոյց կու տանք, որ զղջացած ենք։ Պէտք է այս մէկը գիտնանք, քանի որ երբ մեղք գործենք՝ կ’ուզենք որ Եհովան մեզի ներէ։ Այս հարցումներուն պատասխանները գտնելու համար, նկատի պիտի առնենք երկու թագաւորներուն կեանքը եւ պիտի տեսնենք, թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ իրենց օրինակէն։ Ետքը, նկատի պիտի առնենք թէ Յիսուս զղջումի մասին ի՛նչ սորվեցուց։

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆՔ ՍՈՐՎԻԼ ԱՔԱԱԲ ԹԱԳԱՒՈՐԻ ՕՐԻՆԱԿԷՆ

3. Աքաաբ ինչպիսի՞ թագաւոր մըն էր։

3 Աքաաբը Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան եօթներորդ թագաւորն էր։ Ան ամուսնացաւ Իսրայէլի հիւսիսը գտնուող հարուստ Սիդոն քաղաքի թագաւորին աղջկան՝ Յեզաբէլին հետ։ Այս ամուսնութիւնը թերեւս Իսրայէլին առջեւ հարստանալու առիթներ բացաւ, բայց նաեւ պատճառ դարձաւ, որ ազգը Եհովային դէմ ա՛լ աւելի մեղանչէ։ Յեզաբէլ Բահաղը կը պաշտէր եւ Աքաաբը դրդեց, որ Իսրայէլին մէջ տարածէ այդ գանելի կրօնքը, որ կը պարփակէր Բահաղի տաճարներուն մէջ պոռնկութիւն ընել եւ մանուկներ զոհել։ Այնքան ատեն որ Յեզաբէլ կ’իշխէր, Եհովայի մարգարէներուն կեանքը վտանգի տակ էր. ան անոնցմէ շատերը սպաննեց (Գ. Թագ. 18։13)։ Իսկ Աքաաբ «բոլոր իրմէ առաջ եղողներէն աւելի Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ» (Գ. Թագ. 16։30)։ Եհովան կոյր չէր. ան կը տեսնէր Աքաաբին ու Յեզաբէլին ըրածները։ Սակայն, ողորմութիւն ցոյց տալով, Եհովան Եղիա մարգարէն ղրկեց, որպէսզի իր ժողովուրդը քաջալերէր, որ իրենց ճամբաները փոխէին՝ շատ ուշ չեղած։ Բայց Աքաաբ եւ Յեզաբէլ չուզեցին մտիկ ընել։

4. Աքաաբ ի՞նչ դատավճիռ ստացաւ, եւ ինչպէ՞ս հակազդեց։

4 Ի վերջոյ, Եհովայի համբերութիւնը վերջ գտաւ։ Ան Եղիան ղրկեց, որ Աքաաբին եւ Յեզաբէլին դէմ իր դատավճիռը յայտնէ։ Անոնց ամբողջ սերունդը պիտի բնաջնջուէր։ Եղիային խօսքերը Աքաաբը ցնցեցին։ Զարմանալիօրէն, այդ հպարտ մարդը ինքզինք խոնարհեցուց (Գ. Թագ. 21։19-29

Աքաաբ թագաւորը Աստուծոյ մարգարէն կը բանտարկէ, այդպիսով ցոյց տալով որ լիովին չէր զղջացած (տե՛ս պարբ. 5-6) *

5-6. Ի՞նչը ցոյց կու տայ, որ Աքաաբ իրապէս չէր զղջացած։

5 Թէեւ Աքաաբ այդ առիթով ինքզինք խոնարհեցուց, բայց ատկէ ետք իր ըրածները ցոյց տուին, թէ իր զղջումը իսկական չէր։ Ան չփորձեց իր թագաւորութիւնը Բահաղի պաշտամունքէն մաքրել։ Եւ մարդիկը չքաջալերեց, որ Եհովան պաշտեն։ Ան ուրիշ կերպերով ալ ցոյց տուաւ, որ չէր զղջացած։

6 Յետագային, երբ Աքաաբ հրաւիրեց Յուդայի բարի թագաւոր Յովսափատը իրեն հետ ասորիներուն դէմ պատերազմելու, Յովսափատ առաջարկեց, որ Եհովայի մարգարէին կարծիքը առնեն։ Սկիզբը, Աքաաբ չուզեց, ըսելով. «Կայ ուրիշ մարդ մըն ալ, որուն միջոցով կրնանք Տէրոջը հարցնել, բայց ես զանիկա կ’ատեմ. քանզի ինծի համար աղէկ մարգարէութիւն չ’ըներ, հապա գէշ»։ Այսուհանդերձ, Միքիա մարգարէին դիմեցին։ Եւ Աքաաբին վախցածը իր գլխուն եկաւ։ Աստուծոյ մարդը անոր գէշ լուր մը տուաւ։ Փոխանակ զղջալու եւ Եհովայէն ներում խնդրելու, չար թագաւորը մարգարէն բանտը նետեց (Գ. Թագ. 22։7-9, 23, 27)։ Թէեւ ան կրցաւ Եհովայի մարգարէն բանտարկել, բայց չկրցաւ մարգարէութեան կատարումը արգիլել։ Եւ պատերազմին մէջ Աքաաբ սպաննուեցաւ (Գ. Թագ. 22։34-38

7. Եհովան Աքաաբին մահէն ետք, անոր մասին ինչպէ՞ս արտայայտուեցաւ։

7 Աքաաբին մահէն ետք, Եհովան յայտնեց թէ ի՛նչ կը մտածէր այդ մարդուն մասին։ Երբ բարի թագաւոր Յովսափատ տուն վերադարձաւ, Եհովան Յէու մարգարէն ղրկեց, որ զինք յանդիմանէ Աքաաբին օգնելուն համար։ Եհովայի մարգարէն ըսաւ. «Պէ՞տք էր որ մեղաւորին օգնէիր ու Տէրը ատողները սիրէիր» (Բ. Մն. 19։1, 2)։ Մտածէ. եթէ Աքաաբ իսկապէս զղջացած ըլլար, վստահաբար մարգարէն իր մասին պիտի չըսէր թէ չար մարդ մըն էր, որ Եհովան կ’ատէր։ Ուրեմն, յստակ է որ թէեւ Աքաաբ որոշ չափով զղջում ցոյց տուաւ, բայց բնաւ լիովին չզղջաց։

8. Զղջումի մասին ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աքաաբի օրինակէն։

8 Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աքաաբի օրինակէն։ Երբ Եղիան Աքաաբին ըսաւ, որ իր ընտանիքը պիտի պատժուէր, Աքաաբ սկիզբը ինքզինք խոնարհեցուց։ Լա՛ւ ըրաւ։ Բայց ետքը իր ըրածները ցոյց տուին, որ սրտանց չէր զղջացած։ Ուրեմն, զղջումը աւելին կը նշանակէ, քան պարզապէս ժամանակաւորապէս տխուր ըլլալ մեր ըրածին պատճառով։ Նկատի առնենք ուրիշ օրինակ մը, որ մեզի պիտի օգնէ հասկնալու թէ իսկական զղջումը ճիշդ ի՛նչ է։

ՄԱՆԱՍԷ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՕՐԻՆԱԿԷՆ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆՔ ՍՈՐՎԻԼ

9. Մանասէն ինչպիսի՞ թագաւոր մըն է։

9 Շուրջ երկու հարիւր տարի ետք, Մանասէն Յուդայի թագաւորը եղաւ։ Իր մեղքերը թերեւս նոյնիսկ Աքաաբի մեղքերէն աւելի գէշ էին։ Կը կարդանք. «Տէրոջը առջեւ շատ չարութիւն ըրաւ ու զանիկա բարկացուց» (Բ. Մն. 33։1-9)։ Ան չաստուածներուն զոհասեղաններ շինեց եւ նոյնիսկ Եհովայի սուրբ տաճարին մէջ կուռք մը դրաւ, որ կը ներկայացնէր սեռային յարաբերութեան պաշտամունքը։ Ան մոգութիւն, գուշակութիւն ու կախարդութիւն ըրաւ։ Ան նաեւ «խիստ շատ անմեղ արիւն թափեց»։ Ան նոյնիսկ «իր որդիները կրակէ անցուց», զանոնք չաստուածներու զոհելով (Դ. Թագ. 21։6, 7, 10, 11, 16

10. Եհովան ինչպէ՞ս կրթեց Մանասէն, եւ ան ինչպէ՞ս հակազդեց։

10 Աքաաբին պէս, Մանասէն յամառօրէն անտեսեց այն զգուշացումները, որ Եհովան իրեն տուաւ իր մարգարէներուն միջոցով։ Ի վերջոյ, «Տէրը [Յուդայի] վրայ Ասորեստանի թագաւորին զօրագլուխները բերաւ, որոնք Մանասէն կարթերով բռնեցին եւ զանիկա ոտնակապերով կապեցին ու Բաբելոն տարին»։ Հոն, օտար երկրի մը մէջ բանտարկուած ըլլալով, այնպէս կ’երեւի թէ Մանասէն լրջօրէն մտածեց։ Ան «իր հայրերուն Աստուծոյն առջեւ մեծապէս խոնարհեցաւ»։ Ատկէ աւելին ալ ըրաւ։ Ան «իր Տէր Աստուծոյն երեսը փնտռեց»։ Նաեւ, շարունակ «անոր աղօթք ըրաւ»։ Այդ չար մարդը կը փոխուէր։ Ան սկսաւ Եհովան ‘իր Աստուածը’ նկատել եւ յարատեւօրէն իրեն աղօթեց (Բ. Մն. 33։10-13

Մանասէ թագաւորը սուտ պաշտամունքին դէմ պայքարեցաւ, այդպիսով ցոյց տալով որ իրապէս զղջացած էր (տե՛ս պարբ. 11) *

11. Բ. Մնացորդաց 33։15, 16–ի համաձայն, Մանասէն ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ իրապէս զղջացած էր։

11 Ժամանակի ընթացքին, Եհովան Մանասէի աղօթքներուն պատասխանեց։ Անոր աղօթքներէն տեսաւ, որ կը փոխուէր։ Ուստի, անոր ներելով՝ զինք ետ իր գահին դարձուց։ Մանասէն այդ առիթը օգտագործելով, ամէն բան ըրաւ որ փաստէ թէ խորապէս զղջացած է։ Ան ըրաւ ինչ որ Աքաաբ բնա՛ւ չըրաւ։ Ան իր ընթացքը փոխեց։ Սուտ պաշտամունքի դէմ պայքարեցաւ եւ մարդիկը քաջալերեց, որ Եհովան պաշտեն (կարդա՛ Բ. Մնացորդաց 33։15, 16)։ Անկասկած, ատիկա քաջութիւն եւ հաւատք կը պահանջէր, քանի որ տասնամեակներ շարունակ Մանասէն իր ընտանիքին վրայ, իր իշխաններուն վրայ եւ իր ժողովուրդին վրայ գէշ ազդեցութիւն ունեցած էր։ Բայց հիմա, երբ Մանասէն արդէն ծեր էր, փորձեց իր ըրած գէշ բաներէն ոմանք սրբագրել։ Եւ հաւանաբար լաւ ազդեցութիւն ունեցաւ իր պզտիկ թոռնիկին՝ Յովսիային վրայ, որ ետքը շատ լաւ թագաւոր եղաւ (Դ. Թագ. 22։1, 2

12. Զղջումի մասին ի՞նչ կը սորվինք Մանասէի օրինակէն։

12 Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Մանասէի օրինակէն։ Ան ինքզինք խոնարհեցուց եւ աւելին ըրաւ։ Ան աղօթքով Եհովայէն ողորմութիւն խնդրեց եւ իր կեանքի ընթացքը փոխեց։ Ան շատ ջանք թափեց, որ իր պատճառած վնասը շտկէ։ Իր ամէն կարելին ըրաւ, որ Եհովան պաշտէ եւ ուրիշներուն ալ օգնէ, որ նոյնը ընեն։ Մանասէի օրինակը յոյս կու տայ նոյնիսկ անոնց, որոնք շատ գէշ բաներ ըրած են։ Անոր օրինակը նաեւ կը փաստէ, որ Եհովան «բարի ու ներող» է (Սաղ. 86։5)։ Ան կը ներէ՛ անոնց, որոնք իրապէս կը զղջան։

13. Օրինակ մը տուր, որ կ’օգնէ զղջումի մասին կարեւոր բան մը գիտնալու։

13 Մանասէն պարզապէս իր մեղքերուն համար գէշ զգալէն աւելին ըրաւ։ Ասիկա մեզի զղջումի մասին կարեւոր դաս մը կը սորվեցնէ։ Օրինակով մը բացատրենք. խանութ կ’երթաս որ կարկանդակ գնես։ Բայց խանութպանը կարկանդակին տեղ հաւկիթ կու տայ քեզի։ Կ’ընդունի՞ս։ Անշուշտ, ո՛չ։ Միտքդ կը փոխե՞ս, եթէ խանութպանը բացատրէ, որ հաւկիթը կարկանդակին կարեւոր մէկ բաղադրիչն է։ Նորէն՝ անշուշտ, ո՛չ։ Նոյնպէս, Եհովան մեղք գործող անհատէն զղջում կը պահանջէ։ Եթէ ան իր ըրածին համար գէշ կը զգայ, լաւ է։ Այդ զգացումը զղջումին կարեւոր մէկ մասն է, բայց բաւարար չէ։ Ուրիշ ի՞նչ բանի պէտք կայ։ Շատ բան կը սորվինք յուզիչ պատմութենէ մը, որ Յիսուս պատմեց։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԳԻՏՆԱԼ, ԹԷ ՄԷԿԸ ԻՐԱՊԷՍ ԶՂՋԱՑԱ՛Ծ Է ԿԱՄ ՈՉ

Անառակ որդին գիտակցելէ ետք, որ իր ըրած ընտրութիւնը սխալ էր, երկար ճամբայ կտրեց դէպի տուն (տե՛ս պարբ. 14-15) *

14. Յիսուսի առակին մէջ, անառակ որդին ինչպէ՞ս սկիզբը ցոյց տուաւ, որ զղջացած էր։

14 Յիսուս մոլորած որդիի մը մասին մխիթարական պատմութիւն մը պատմեց, որ կը կարդանք Ղուկաս 15։11-32–ին մէջ։ Երիտասարդ մը իր հօր դէմ ելաւ, տունը ձգեց եւ «հեռու երկիր մը» գնաց։ Հոն, անբարոյ եւ անառակ կեանք մը վարեց։ Բայց երբ խնդիրներու մէջ մտաւ, սկսաւ լրջօրէն մտածել իր առած սխալ որոշումներուն մասին։ Ան անդրադարձաւ թէ իր կեանքը որքա՜ն աւելի լաւ էր, մինչ իր հօր տունն էր։ Ինչպէս Յիսուս ըսաւ, երիտասարդը ‘ինքզինքին եկաւ’։ Ան իր միտքը դրաւ տուն վերադառնալ եւ իր հօրմէն ներում խնդրել։ Երիտասարդին անդրադառնալը, թէ որչա՜փ սխալ որոշումներ առած էր, կարեւոր էր, բայց բաւարա՞ր էր։ Ո՛չ։ Ան պէտք էր բան մը ընէր։

15. Անառակ որդին ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, որ իսկապէս զղջացած էր։

15 Անառակ որդին ցոյց տուաւ, որ իր ըրածին համար անկեղծօրէն զղջացած էր։ Ան երկար ճամբայ կտրեց, որ տուն գայ։ Ետքը, իր հօր մօտեցաւ եւ ըսաւ. «Հա՜յր, մեղանչեցի երկնքի դէմ ու քու առջեւդ եւ ա՛լ արժանի չեմ քու որդիդ ըսուելու» (Ղուկ. 15։21)։ Երիտասարդին անկեղծ խոստովանութիւնը յայտնեց, որ դարձեալ կ’ուզէր Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենալ։ Ան նաեւ ըմբռնեց, որ իր հայրը վիրաւորուած էր իր ըրածներէն։ Եւ ան պատրաստ էր շատ ջանք թափելու, որ ետ իր հօր հաճութիւնը շահէր։ Նոյնիսկ պատրաստ էր իր հօր վարձկաններէն մէկը ըլլալու (Ղուկ. 15։19)։ Այս առակը պարզապէս գեղեցիկ պատմութիւն մը չէ։ Իրականութեան մէջ, այս պատմութիւնը շատ օգտակար է երէցներուն։ Անիկա կրնայ իրենց օգնել գիտնալու, թէ լուրջ մեղք գործողը իրապէս զղջացա՛ծ է կամ ոչ։

16. Ինչո՞ւ երէցներուն համար կրնայ դժուար ըլլալ գիտնալ, թէ անհատը իրապէս զղջացա՛ծ է կամ ոչ։

16 Երէցներուն համար դիւրին չէ գիտնալ, թէ լուրջ մեղք գործած անհատ մը իրապէս կը զղջա՛յ կամ ոչ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ երէցները չեն կրնար սրտերը կարդալ, անոնք պէտք է փորձեն փաստեր գտնել, որ իրենց եղբայրը սկսած է իր ըրածը ատել։ Կարգ մը պարագաներու, անհատ մը կրնայ այնպիսի խայտառակ մեղք գործած ըլլալ, որ երէցները թերեւս չհամոզուին, որ ան իսկապէս զղջացած է։

17. ա) Ի՞նչ օրինակ ցոյց կու տայ, որ պարզապէս գէշ զգալը չի նշանակեր որ անհատը իրապէս զղջացած է։ բ) Ըստ Բ. Կորնթացիս 7։11–ին, անկեղծօրէն զղջացող անհատէն ի՞նչ կ’ակնկալուի։

17 Օրինակ մը նկատի առ։ Եղբայր մը տարիներով շնութիւն կ’ընէ։ Փոխանակ օգնութիւն խնդրելու, իր անբարոյ ընթացքը գաղտնի կը պահէ իր կնոջմէն, բարեկամներէն եւ երէցներէն։ Ի վերջոյ, իր ըրածը մէջտեղ կ’ելլէ։ Երբ երէցները կ’ըսեն թէ փաստեր ունին, որ ան շնութիւն գործած է, ան կը խոստովանի եւ նոյնիսկ այնպէս կը թուի, թէ շատ գէշ կը զգայ։ Ատիկա բաւարա՞ր է։ Այս հարցը նկատի առնող երէցները անշուշտ պիտի ուզեն աւելին տեսնել, քան՝ պարզապէս անհատին գէշ զգալը։ Անոր ըրած մեղքը միայն մէկ անգամ չէր, հապա չար ընթացք մըն էր, որ տարիներ տեւեց։ Եւ ինք չխոստովանեցաւ, հապա ուրիշ մէկը գիտցաւ ատոր մասին եւ երէցներուն ըսաւ։ Հետեւաբար, երէցները պէտք պիտի ունենան տեսնելու փաստեր, որ մեղք գործողը իրապէս կը փոխէ իր մտածելակերպը, զգացումները եւ արարքները (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 7։11)։ Ասիկա կրնայ բաւական ժամանակ պահանջել, որպէսզի անհատը պէտք եղած փոփոխութիւնները ընէ։ Եւ շատ հաւանաբար ան քրիստոնէական ժողովքէն պիտի հեռացուի, մինչեւ որ փաստէ իր զղջումը (Ա. Կոր. 5։11-13. 6։9, 10

18. Վտարուած անհատը ինչպէ՞ս կրնայ ցոյց տալ թէ իսկապէս զղջացած է, եւ արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

18 Ցոյց տալու համար թէ իրապէս զղջացած է, վտարուած անհատը կանոնաւորաբար ժողովներու պիտի գայ եւ պիտի հետեւի երէցներու խրատին, որ յաճախ աղօթէ եւ սերտէ։ Ան նաեւ ջանք պիտի ընէ, որ հեռու մնայ այն պարագաներէն, որոնք զինք մեղքի առաջնորդեցին։ Եթէ ծանր աշխատի, որ նորէն Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենայ, ան կրնայ վստահ ըլլալ որ Եհովան իրեն լիովին պիտի ներէ եւ երէցները զինք ժողովքին մէջ պիտի վերընդունին։ Անշուշտ, երէցները գիտեն որ իւրաքանչիւր մեղք գործողի պարագան յատուկ է։ Անոր համար, ամէն մէկ պարագայ բծախնդրօրէն կը քննեն, եւ ջանք կ’ընեն որ խստօրէն չդատեն։

19. Ի՞նչ կը նշանակէ անկեղծօրէն զղջալ (Եզեկիէլ 33։14-16

19 Մենք գիտցանք, որ բաւարար չէ որ մեղաւորը պարզապէս ըսէ, որ գէշ կը զգայ իր գործած լուրջ մեղքին համար։ Ան պէտք է իր մտածումներն ու զգացումները փոխէ, ինչ որ զինք պիտի մղէ որ իր զղջումը գործերով ցոյց տայ։ Ան պէտք է իր գէշ ընթացքը ձգէ եւ անգամ մը եւս Եհովայի չափանիշներուն համաձայն ապրի (կարդա՛ Եզեկիէլ 33։14-16)։ Մեղաւորին համար, ամէնէն կարեւոր բանը պէտք է ըլլայ՝ Եհովայի հետ կրկին լաւ փոխյարաբերութիւն ունենալ։

ՄԵՂԱՒՈՐԻՆ ՕԳՆԵԼ ՈՐ ԶՂՋԱՅ

20-21. Ինչպէ՞ս կրնանք օգնել անհատի մը, որ լուրջ մեղքի մէջ ինկած է։

20 Յիսուս իր ծառայութեան կարեւոր մէկ մասը բացատրեց, երբ ըսաւ. ‘Ես եկայ մեղաւորները ապաշխարութեան կանչելու’ (Ղուկ. 5։32)։ Մենք ալ պէտք է այդ փափաքը ունենանք։ Սեպենք թէ կը գիտնանք, որ մեր մտերիմ բարեկամը լուրջ մեղք գործած է։ Ի՞նչ պէտք է ընենք։

21 Եթէ փորձենք մեր բարեկամին մեղքը ծածկել, իրեն միայն վնաս կը հասցնենք։ Այդպիսի ջանքեր բնաւ չեն յաջողիր, քանի որ Եհովան կը դիտէ (Առ. 5։21, 22. 28։13)։ Բարեկամիդ օգտակար պիտի ըլլաս, եթէ իրեն յիշեցնես, որ երէցները կ’ուզեն իրեն օգնել։ Եթէ բարեկամդ մերժէ երէցներուն խոստովանիլ, դո՛ւն պէտք է երէցներուն պատմես ատոր մասին, այդպիսով ցոյց տալով որ իրապէս կ’ուզես բարեկամիդ օգնել։ Եհովայի հետ անոր փոխյարաբերութիւնը վտանգի տա՛կ է։

22. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

22 Իսկ եթէ մեղաւոր մը այնքա՛ն երկար ժամանակ մխրճուած է իր մեղքին մէջ, որ երէցները կ’որոշեն զինք վտարել, ասիկա կը նշանակէ՞ որ իրեն հետ ողորմութեամբ չվարուեցան։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք, թէ Եհովան մեղաւորները ինչպէ՛ս ողորմութեամբ կը կրթէ եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք զինք ընդօրինակել։

ԵՐԳ 123 Հովիւները պարգեւներ են

^ պարբ. 5 Իսկապէս զղջալ չի նշանակեր միայն ըսել, որ մեր գործած մեղքին համար կը զղջանք։ Այս յօդուածը Աքաաբ թագաւորի, Մանասէ թագաւորի եւ Յիսուսի պատմած անառակ որդիին օրինակները գործածելով, մեզի պիտի օգնէ հասկնալու թէ իսկական զղջումը ի՛նչ է։ Նաեւ նկատի պիտի առնէ թէ երէցները ի՛նչ բաներ պէտք է հաշուի առնեն, երբ պիտի որոշեն թէ լուրջ մեղք գործող հաւատակից մը զղջացա՛ծ է կամ ոչ։

^ պարբ. 60 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Աքաաբ թագաւոր բարկութեամբ իր զինուորներուն կը հրամայէ, որ Եհովայի Միքիա մարգարէն բանտը նետեն։

^ պարբ. 62 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Մանասէ թագաւոր իր մարդոց հրաման կու տայ, որ տաճարին մէջ իր դրած կուռքերը ջարդուփշուր ընեն։

^ պարբ. 64 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երկար ճամբորդութենէն յոգնած՝ անառակ որդին կը մխիթարուի, վերջապէս հեռուէն իր տունը տեսնելով։