Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

1921. Հարիւր տարի առաջ

1921. Հարիւր տարի առաջ

«ՈՒՍՏԻ, այս տարի ի՞նչ կարեւոր գործ մը կայ մեր առջեւ»։ Դիտարան–ի 1 յունուար 1921 թիւը այս հարցումը ուղղեց պատրաստակամ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն։ Ետքը, մէջբերեց Եսայի 61։1, 2–ը, որ իրենց յիշեցուց քարոզելու իրենց յանձնարարութեան մասին։ «Տէրը զիս օծեց ու զիս ղրկեց աղքատներուն աւետիս տալու. . . Տէրոջը՝ ընդունելի տարին ու մեր Աստուծոյն վրէժխնդրութեան օրը հրատարակելու»։

ԱՆՎԱԽ ՔԱՐՈԶԻՉՆԵՐ

Իրենց յանձնարարութիւնը կատարելու համար, Աստուածաշունչի Աշակերտները պէտք էր որ անվախ ըլլային։ Անոնք պէտք էր աղքատներուն «աւետիս» տային եւ չարերուն յայտարարէին «վրէժխնդրութեան օրը»։

Եղբայր Ճ. Հ. Հասքին, որ Քանատայի մէջ կ’ապրէր, անվախօրէն վկայութիւն տուաւ հակառակութեան դիմաց։ 1921–ի գարնան, ան հանդիպեցաւ մեթոտական քարոզիչի մը։ Եղբայր Հասքինը զրոյցը այսպէս սկսաւ. «Մենք պէտք է սուրբգրային հաճելի քննարկութիւն մը ունենանք, եւ նոյնիսկ եթէ կարգ մը նիւթերու շուրջ չհամաձայնինք, կրնանք խաղաղութեամբ վերջ դնել մեր խօսակցութեան եւ բարեկամներ մնալ»։ Բայց այդպէս չեղաւ։ Եղբայր Հասքինը պատմեց. «Մեր խօսակցութեան վրայ միայն քանի մը վայրկեան անցած էր, երբ քարոզիչը դուռը այնպէս մը գոցեց, որ կարծեցի թէ ատոր մեծ ապակին պիտի իյնար–փշրուէր»։

Քարոզիչը պոռաց. «Գնա՛, անաստուածներո՛ւն խօսէ»։ Եղբայր Հասքինը լեզուն զսպեց, բայց մինչ կը հեռանար, ինքն իրեն ըսաւ. ‘Արդէն անաստուածի մը հետ կը խօսէի, ալ ո՞ւր երթամ’։

Յաջորդ օրը, քարոզիչը իր քարոզին մէջ շարունակեց եղբայր Հասքինին մասին անարգական բաներ ըսել։ Եղբայր Հասքինը պատմեց. «Ան իր ծուխին ըսաւ, որ ինձմէ զգուշանան, քանի որ իրենց գիւղաքաղաքը եկած ամենագէշ խաբեբան էի, եւ պէտք էր վրաս կրակել»։ Ասիկա եղբայրը չկեցուց. ան շարունակեց քարոզել եւ յաջողութիւն գտաւ։ Ան ըսաւ. «Այսքան հաճոյքով չէի քարոզած։ Նոյնիսկ ոմանք ըսին. ‘Գիտեմ՝ դուն Աստուծոյ մարդ ես’, եւ օգնութիւն առաջարկեցին որ պէտքերս ապահովեմ»։

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԵՒ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ

Հետաքրքրուած անհատներուն օգնելու համար որ յառաջդիմեն, Աստուածաշունչի Աշակերտները Ոսկեդար * պարբերաթերթին մէջ կանոնաւորաբար հրատարակեցին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան յայտագիրներ։ «Պատանիները Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրեն» յայտագրին մէջ կային հարցումներ, որոնք ծնողներ կրնային իրենց զաւակներուն հետ նկատի առնել։ Ծնողները պէտք էր «իրենց զաւակներուն այդ հարցումները հարցնէին եւ անոնց օգնէին Աստուածաշունչին մէջ պատասխանները գտնելու»։ Կարգ մը հարցումներ, ինչպէս՝ «Աստուածաշունչի մէջ քանի՞ գիրքեր կան», հիմնական բաներ կը սորվեցնէին Աստուածաշունչին մասին։ Ուրիշ հարցումներ, ինչպէս՝ «Պէ՞տք է ամէն ճշմարիտ քրիստոնեայ հալածանք ակնկալէ», պատանիներուն կ’օգնէին, որ անվախ քարոզիչներ ըլլային։

Ուրիշ յայտագիրի մը մէջ կային սուրբգրային հարցումներ եւ պատասխաններ անոնց համար, որոնք Աստուածաշունչէն բաւական գիտելիքներ ունէին։ Պատասխանները կը գտնուէին Սուրբ Գրութիւններու ուսումնասիրութիւններ հրատարակութեան առաջին գիրքին մէջ, որուն խորագիրն էր՝ Դարերու աստուածային ծրագիրը։ Հազարաւոր ընթերցողներ օգտուեցան այս յայտագիրներէն, բայց Ոսկեդար–ի 21 դեկտեմբեր 1921 թիւը յայտարարեց, որ երկու յայտագիրներն ալ այլեւս լոյս պիտի չտեսնէին։ Ինչո՞ւ։

ՆՈՐ ԳԻՐՔ

Աստուծոյ քնարը գիրքը

Քարտ մը, որուն վրայ կարդալու պարտականութիւն մը գրուած է

Քարտեր, որոնց վրայ հարցումներ գրուած են

Առաջնորդութիւն առնող եղբայրները անդրադարձան, որ մարդիկ պէտք ունէին նիւթ առ նիւթ նկատի առնելու Աստուածաշունչի հիմնական ճշմարտութիւնները։ Այդ նպատակով, նոյեմբեր 1921–ին լոյս տեսաւ Աստուծոյ քնարը գիրքը։ Այն հետաքրքրուած անհատները, որոնք գիրքը կ’ընդունէին, նաեւ կը հետեւէին «Քնարի սուրբգրային ուսումնասիրութեան դասընթացք»ին, որուն օգնութեամբ կրնային առանձնաբար Աստուածաշունչը սերտել։ Այս դասընթացքը մարդոց օգնեց, որ գիտնային թէ «Աստուծոյ նպատակն էր՝ մարդկութիւնը օրհնել յաւիտենական կեանքով»։ Այս դասընթացքը ինչպէ՞ս կ’ըլլար։

Երբ անհատ մը գիրքը ընդունէր, անոր կը տրուէր կարդալու պարտականութիւն, որ պզտիկ քարտի մը վրայ տպուած կ’ըլլար։ Յաջորդ շաբաթ, ան կը ստանար ուրիշ քարտ մը, որուն մէջ այդ պարտականութեան հիման վրայ հարցումներ կային։ Քարտին վերջաւորութեան, կարդալու պարտականութիւն կը տրուէր յաջորդ շաբթուան համար։

Տասներկու շաբաթներու ընթացքին՝ ամէն շաբաթ, աշակերտը նոր քարտ կը ստանար տեղական ժողովքին կողմէ։ Յաճախ, ժողովքին տարեց կամ անկարող անհատները կը ղրկէին քարտերը։ Օրինակ՝ Էննա Ք. Կարտնըրը, որ Միլվէյլէն էր, Փէնսիլվանիա (ԱՄՆ), պատմեց. «Երբ Աստուծոյ քնարը գիրքը լոյս տեսաւ, իմ անկարող քոյրս՝ Թէյլ, ծառայութեան աւելի առիթներ ունեցաւ, հարցումներու շաբաթական քարտերը ղրկելով»։ Երբ դասընթացքը կը վերջանար, ժողովքէն անհատ մը աշակերտին կ’այցելէր, որպէսզի անոր օգնէր Աստուածաշունչին մասին աւելի գիտելիքներ առնելու։

Թէյլ Կարտնըր իր հաշմանդամի կառքին մէջ

ԱՌՋԵՒԸ ԵՂԱԾ ԳՈՐԾԸ

Տարուան վերջաւորութեան, եղբայր Ժ. Ֆ. Ռատըրֆորտ բոլոր ժողովքներուն նամակ մը ղրկեց։ Ան գրեց, որ «այս տարի նախորդ տարիներէն աւելի վկայութիւն տրուեցաւ Թագաւորութեան մասին»։ Եւ աւելցուց. «Դեռ շա՜տ գործ կայ ընելիք։ Ուրիշները քաջալերեցէ՛ք, որ այս օրհնեալ գործին մասնակցին»։ Յստակ է, որ Աստուածաշունչի Աշակերտները իր յորդորին հետեւեցան։ 1922–ին, անոնք անվախօրէն եւ հոյակապ կերպով Թագաւորութիւնը ծանուցանեցին։

^ պարբ. 9 Ոսկեդար–ին անունը 1937–ին եղաւ Մխիթարութիւն, իսկ 1946–ին՝ Զարթի՛ր։