Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անցեալին իսրայէլացիները պատերազմներու մասնակցեցան. մե՛նք ինչո՞ւ ոչ

Անցեալին իսրայէլացիները պատերազմներու մասնակցեցան. մե՛նք ինչո՞ւ ոչ

«ԵԹԷ ձեզմէ մէ՛կ հոգի մերժէ Ֆրանսայի կամ Անգլիայի դէմ պատերազմիլ, բոլո՛րդ պիտի մեռնիք», այսպէս պոռաց նացի զինուորական պաշտօնեայ մը խումբ մը Եհովայի վկաներու վրայ, Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին։ Թէեւ խումբ մը նացի զինուորներ պատրաստ էին գնդակահարելու մեր եղբայրները, բայց անոնցմէ ո՛չ մէկը տեղի տուաւ։ Ի՜նչ քաջութիւն։ Այս օրինակը յստակ կերպով աչքառու կը դարձնէ մեր կեցուածքը որպէս Եհովայի վկաներ. մենք կը մերժենք այս աշխարհի պատերազմներուն մասնակցիլ։ Նոյնիսկ երբ մեզ սպառնան, մենք կը մերժենք աշխարհի հարցերուն մէջ դիրք բռնել։

Բայց շատեր, որոնք ինքզինքնին քրիստոնեայ կը կոչեն, ասոր չեն համաձայնիր։ Անոնք կը հաւատան, որ քրիստոնեան կրնայ եւ պէ՛տք է իր երկիրը պաշտպանէ։ Անոնք կրնան այս պատճառաբանութիւնը տալ. ‘Անցեալին, իսրայէլացիները Աստուծոյ ժողովուրդն էին եւ պատերազմներու կը մասնակցէին, ուրեմն մե՛նք ինչո՞ւ ոչ’։ Ասոր ինչպէ՞ս կը պատասխանես։ Անոնց կրնաս բացատրել, որ անցեալին իսրայէլացիներուն պարագան շա՜տ տարբեր էր մեր պարագայէն։ Նկատի առ հինգ տարբերութիւններ։

1. ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՄԷԿ ԱԶԳ ԷՐ

Անցեալին, Եհովան մէկ ազգ ընտրեց, որ իր ժողովուրդը ըլլայ. իսրայէլը։ Ան իսրայէլացիները կոչեց ‘իր սեպհական ժողովուրդը բոլոր ազգերէն’ (Ել. 19։5)։ Ան նաեւ անոնց երկրին սահմանները որոշեց։ Հետեւաբար, երբ իսրայէլացիներուն կը պատուիրէր որ ուրիշ ազգերու դէմ պատերազմին, անոնք իրենց հաւատակիցներուն դէմ չէին պատերազմեր, ոչ ալ կը սպաննէին զանոնք *։

Ներկայիս, ճշմարիտ հաւատացեալները «բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն» են (Յայտ. 7։9)։ Եթէ Աստուծոյ ժողովուրդը պատերազմներու մասնակցի, անոնք իրար դէմ կռուած եւ իրար սպաննած պիտի ըլլան։

2. ԵՀՈՎԱՆ ԻՆՔ ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՈՒԻՐԵՑ ՈՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ

Անցեալին, Եհովան ինք որոշեց թէ իսրայէլացիները ե՛րբ եւ ինչո՛ւ պէտք էր պատերազմէին։ Օրինակ, ան իսրայէլին հրաման տուաւ, որ իր դատաստանը գործադրէ քանանացիներուն դէմ, որոնք ճանչցուած էին դեւերու պաշտամունքով, սեռային անբարոյութեամբ եւ մանուկներ զոհելով։ Եհովան իսրայէլացիներուն ուղղութիւն տուաւ, որ այս գէշ բաները վերցնեն այն երկրէն, որ իրենց խոստացած էր տալ (Ղեւ. 18։24, 25)։ Իսկ երբ իսրայէլացիները Աւետեաց երկրին մէջ հաստատուեցան, երբեմն Աստուած անոնց արտօնութիւն տուաւ որ պատերազմին, որպէսզի Իսրայէլը պաշտպանէ թշնամիներէն (Բ. Թագ. 5։17-25)։ Բայց Եհովան ո՛չ մէկ անգամ իսրայէլացիներուն արտօնութիւն տուաւ, որ իրե՛նք որոշեն պատերազմ ընել։ Եւ երբ իրենք իրենց գլուխէն որոշէին պատերազմիլ, յաճախ արդիւնքները ցաւալի կ’ըլլային (Թւ. 14։41-45. Բ. Մն. 35։20-24

Ներկայիս, Աստուած մարդոց թոյլ չի տար որ պատերազմին։ Փոխարէնը, ազգերը կը պատերազմին իրե՛նց շահերուն համար եւ ոչ թէ՝ Աստուծոյ։ Անոնք թերեւս պատերազմին հողային տարածքներու, տնտեսական շահերու կամ քաղաքական պատճառներու համար։ Բայց ի՞նչ կրնանք պատասխանել անոնց, որոնք կ’ըսեն որ Աստուծոյ անունով կը պատերազմին՝ իրենց կրօնքը պաշտպանելու համար կամ Աստուծոյ թշնամիները սպաննելու համար։ Եհովան զինք պաշտողները անձամբ պիտի պաշտպանէ եւ իր թշնամիները պիտի կործանէ ապագային ըլլալիք պատերազմի մը ընթացքին, որ կը կոչուի Արմագեդոն (Յայտ. 16։14, 16)։ Այդ պատերազմին մէջ, Աստուծոյ բանակը կազմուած պիտի ըլլայ երկնային արարածներէ եւ ոչ թէ երկրի վրայ զինք պաշտողներէն (Յայտ. 19։11-15

3. ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻՆԵՐԸ ԽՆԱՅԵՑԻՆ ԱՆՈՆՔ, ՈՐՈՆՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՒԱՏԱՑԻՆ

Ներկայ պատերազմները կը խնայե՞ն հաւատք ցոյց տուողները, ինչպէս որ Երիքովի մէջ Եհովայի պատերազմը խնայեց Ռախաբը եւ իր ընտանիքը

Անցեալին, իսրայէլի բանակը յաճախ ողորմութիւն ցոյց կու տար անոնց, որոնք Աստուծոյ հանդէպ հաւատք ցոյց կու տային եւ կը մեռցնէր անոնք, որոնք Եհովան մահուան կը դատապարտէր։ Նկատի առ երկու օրինակներ։ Թէեւ Եհովան հրամայեց որ Երիքով քաղաքը կործանուի, բայց իսրայէլացիները Ռախաբը եւ անոր ընտանիքը խնայեցին՝ Ռախաբի հաւատքին համար (Յես. 2։9-16. 6։16, 17)։ Ետքը, Գաբաւոն քաղաքին բոլոր բնակիչները խնայուեցան, քանի որ անոնք Աստուծոյ հանդէպ աստուածավախութիւն ցոյց տուին (Յես. 9։3-9, 17-19

Ներկայիս, պատերազմող ազգերը հաւատք ցոյց տուող անձերը չեն խնայեր։ Եւ երբեմն այս պատճառով, անմեղ զոհեր կ’երթան։

4. ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻՆԵՐԸ ՊԷՏՔ ԷՐ ՀԵՏԵՒԷԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴՐԱԾ ՕՐԷՆՔՆԵՐՈՒՆ

Անցեալին, Եհովան իսրայէլացի զինուորներէն կը պահանջէր որ իր ուղղութիւններուն համաձայն պատերազմէին։ Օրինակ, երբեմն Աստուած իրենցմէ կը խնդրէր, որ թշնամի քաղաքի մը ‘խաղաղութիւն առաջարկէին’ (Բ. Օր. 20։10)։ Եհովան նաեւ իսրայէլացի զինուորներէն պահանջեց, որ իրենք զիրենք եւ իրենց բանակավայրը ֆիզիքապէս եւ բարոյապէս մաքուր պահէին (Բ. Օր. 23։9-14)։ Մինչ շրջակայ ազգերու բանակները շրջանի մը վրայ յաղթանակ տանելէ ետք կիները կը բռնաբարէին, Եհովան արգիլած էր որ իսրայէլացիները ասիկա ընէին։ Եւ միայն քաղաք մը գրաւելէ մէկ ամիս ետքն էր որ անոնք կրնային գերի առնուած կնոջ մը հետ ամուսնանալ (Բ. Օր. 21։10-13

Ներկայիս, երկիրներուն մեծ մասը համաձայնած է պատերազմիլ որոշ օրէնքներու համաձայն։ Թէեւ այս օրէնքները դրուած են որպէսզի քաղաքացիները պաշտպանեն, բայց ցաւալի է որ այս օրէնքները ընդհանրապէս չեն յարգուիր։

5. ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐ ԱԶԳԻՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԵՑԱՒ

Ներկայիս Աստուած ազգի մը համար կը պատերազմի՞, ինչպէս որ պատերազմեցաւ իսրայէլին համար Երիքովի մէջ

Անցեալին, Եհովան իսրայէլացիներուն համար պատերազմեցաւ, եւ յաճախ հրաշքով անոնց օգնեց որ յաղթեն։ Օրինակ, ինչպէ՞ս օգնեց որ Երիքով քաղաքը գրաւեն։ Եհովային ուղղութեան ներքեւ, երբ իսրայէլացիները «բարձրաձայն աղաղակեց[ին], պարիսպները վար ինկան», եւ ասիկա քաղաքին գրաւումը դիւրացուց (Յես. 6։20)։ Իսկ ամօրհացիներուն դէմ պատերազմը ինչպէ՞ս յաղթեցին։ «Տէրը անոնց վրայ երկնքէն կարկուտի պէս մեծ քարեր թափեց. . . Կարկուտին քարերէն մեռնողները Իսրայէլի որդիներուն սրով մեռցուցածներէն շատ էին» (Յես. 10։6-11

Ներկայիս, Եհովան որեւէ ազգի համար չի պատերազմիր։ Իր Թագաւորութիւնը, որուն Թագաւորը Յիսուսն է, «այս աշխարհէն չէ» (Յովհ. 18։36)։ Միւս կողմէ, Սատանան է որ այս բոլոր մարդկային կառավարութիւնները կը ղեկավարէ։ Այս աշխարհի ահռելի պատերազմները իր չար հոգին կ’արտացոլեն (Ղուկ. 4։5, 6. Ա. Յովհ. 5։19

ՃՇՄԱՐԻՏ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԸՆՈՂՆԵՐ ԵՆ

Ինչպէս տեսանք, ներկայիս մեր պարագան շա՜տ տարբեր է անցեալի իսրայէլացիներուն պարագայէն։ Բայց ուրիշ պատճառներ ալ կան, թէ ինչո՛ւ մենք չենք պատերազմիր։ Օրինակի համար, Աստուած նախատեսած էր որ վերջին օրերուն, իրմէ սորվողները ‘ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվէին’, ուր մնաց պատերազմի մասնակցէին (Եսա. 2։2-4)։ Ասկէ զատ, Յիսուս ըսաւ որ իր աշակերտները ‘աշխարհէն պիտի չըլլային’, այսինքն՝ աշխարհի հարցերուն մէջ դիրք պիտի չբռնէին (Յովհ. 15։19

Յիսուս նաեւ իր հետեւորդները քաջալերեց որ մէկ քայլ անդին երթան։ Ան սորվեցուց անոնց որ խուսափին կեցուածքներէ, որոնք կ’առաջնորդեն ոխակալութեան, բարկութեան եւ պատերազմներու (Մատ. 5։21, 22)։ Ասկէ զատ, ան իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ «խաղաղութիւն ընողներ» ըլլան եւ իրենց թշնամիները սիրեն (Մատ. 5։9, 44

Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեզմէ իւրաքանչիւրին մասին։ Հաւանաբար մենք փափաք չունինք պատերազմելու, բայց կրնա՞յ ըլլալ որ մեր սրտին մէջ ատելութեան հետքեր կան, որոնք կրնան ժողովքին մէջ կռիւներ եւ բաժանումներ պատճառել։ Եթէ այս է պարագան, շարունակենք մեր մէջէն ոչնչացնել այսպիսի զգացումներ (Յակ. 4։1, 11

Փոխանակ ազգերու պատերազմներուն մասնակցելու, մենք խաղաղութեամբ եւ սիրով կ’ապրինք իրարու հետ (Յովհ. 13։34, 35)։ Վճռենք չէզոք մնալ, մինչ կը սպասենք այն օրուան, երբ Եհովան պատերազմներու վերջ պիտի դնէ (Սաղ. 46։9

^ Երբեմն, իսրայէլ ազգին ցեղերը իրարու դէմ պատերազմեցան, թէեւ ասիկա նեղացուց Եհովան (Գ. Թագ. 12։24)։ Բայց ատեններ ան թոյլ տուաւ այսպիսի պատերազմներու, քանի որ կարգ մը ցեղեր իրեն դէմ ելան կամ ալ ուրիշ լուրջ մեղքեր գործեցին (Դատ. 20։3-35. Բ. Մն. 13։3-18. 25։14-22. 28։1-8