Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ուսումնասիրութեան յօդուած 41

Կրնա՛ս իսկական ուրախութիւն գտնել

Կրնա՛ս իսկական ուրախութիւն գտնել

«Երանի՜ այն ամենուն՝ որոնք Տէրոջմէ կը վախնան ու անոր ճամբաներուն մէջ կը քալեն» (ՍԱՂ. 128։1

ԵՐԳ 74 Եհովայի ուրախութիւնը

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ի՞նչ է մեր ‘հոգեւոր կարիքը’, եւ ինչպէ՞ս կապ ունի ուրախութեան հետ։

 ԻՍԿԱԿԱՆ ուրախութիւնը պարզապէս հաճելի զգացում մը չէ, որ կու գայ ու կ’երթայ։ Մէկը կրնայ իսկական ուրախութիւն վայելել իր ամբողջ կեանքին ընթացքին։ Ինչպէ՞ս։ Յիսուս իր Լերան քարոզին մէջ ըսաւ. «Երջանիկ են անոնք, որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր կարիքներուն» (Մատ. 5։3, ՆԱ)։ Յիսուս գիտէր, որ մարդիկ այնպէս մը ստեղծուած են, որ մեծ փափաք ունին իրենց Ստեղծիչը՝ Եհովա Աստուած ճանչնալու եւ պաշտելու։ Ատիկա մեր «հոգեւոր կարիք»ն է։ Եւ քանի որ Եհովան «երանելի [կամ՝ ուրախ] Աստուած»ն է, զինք պաշտողները նոյնպէս կրնան ուրախ ըլլալ (Ա. Տիմ. 1։11

«Երանի՜ անոնց որ հալածուած են արդարութեան համար» (Մատ. 5։10) (տե՛ս պարբ. 2-3) *

2-3. ա) Յիսուսի խօսքերուն համաձայն, ուրիշ որո՞նք կրնան ուրախ ըլլալ։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք, եւ ասոր ինչո՞ւ պէտք ունինք։

2 Անպայման պէտք է կատարեա՞լ պայմաններու մէջ ապրինք, որ ուրախ ըլլանք։ Ո՛չ։ Յիսուս իր Լերան քարոզին մէջ զարմանալի բան մը ըսաւ։ «Սգաւորներ»ը կրնա՛ն ուրախ ըլլալ, թէեւ թերեւս կը սգան, քանի որ իրենց մեղքերուն համար յանցաւոր կը զգան կամ ալ քանի որ դժուար պարագաներէ կ’անցնին։ Յիսուս նոյն բանը ըսաւ անոնց մասին, որոնք «հալածուած են արդարութեան համար» եւ անոնց մասին, որոնք Քրիստոսի հետեւորդը ըլլալուն պատճառով ‘կը նախատուին’ (Մատ. 5։4, 10, 11)։ Բայց ինչպէ՞ս կարելի է որ մէկը իրապէս ուրախ ըլլայ այսպիսի պարագաներու մէջ։

3 Յիսուս մեզի կը սորվեցնէր, թէ պայման չէ որ մէկը կատարեալ պարագաներ ունենայ, որպէսզի ուրախ ըլլայ։ Մենք կրնանք ուրախ ըլլալ, երբ մեր հոգեւոր պէտքերը կը գոհացնենք եւ Աստուծոյ կը մօտենանք (Յակ. 4։8)։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնանք ընել։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք երեք քայլեր, որոնք մեզի կ’օգնեն որ իրապէս ուրախ ըլլանք։

ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵՐԱԿՈՒՐ ՍՏԱՑԻՐ

4. Իրապէս ուրախ ըլլալու համար, նախ ի՞նչ քայլ մը պէտք է առնենք (Սաղմոս 1։1-3

4 ՔԱՅԼ 1. Իրապէս ուրախ ըլլալու համար, պէտք է հոգեւորապէս կերակրուինք։ Թէ՛ կենդանիները եւ թէ մարդիկ ֆիզիքական կերակուրի պէտք ունին, որպէսզի ողջ մնան։ Բայց միայն մարդիկ կրնան հոգեւոր կերակուր ստանալ։ Եւ մենք ատոր պէտք ունինք։ Այդ պատճառով, Յիսուս ըսաւ. «Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ» (Մատ. 4։4)։ Անոր համար, թող որ նոյնիսկ մէկ օր չանցնի առանց Աստուծոյ Խօսքը կարդալու։ Սաղմոս գրողը ըսաւ. ‘Երանելի է այն մարդը, որուն հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ’ (կարդա՛ Սաղմոս 1։1-3

5-6. ա) Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն։ բ) Աստուածաշունչը կարդալով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։

5 Սէրէ մղուած, Եհովան Աստուածաշունչին մէջ ցոյց տուած է, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, որպէսզի ուրախ կեանք մը ապրինք։ Ան մեզի ըսած է թէ ինչպէ՛ս կ’ուզէ որ մեր կեանքը ապրինք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք իրեն մօտենալ եւ մեր մեղքերուն համար ներում ստանալ, եւ թէ ի՛նչ հոյակապ խոստումներ կը սպասեն մեզի ապագային (Եր. 29։11)։ Այս ճշմարտութիւնները կը գտնենք Աստուածաշունչը սերտելով, եւ անոնք մեր սիրտը կ’ուրախացնեն։

6 Ինչպէս գիտենք, Աստուածաշունչը նաեւ լեցուն է գործնական խրատներով, որոնք մեզի կ’օգնեն մեր առօրեայ կեանքին մէջ։ Այդ խրատներուն հետեւելով, ուրախ կ’ըլլանք։ Երբ կը զգաս, որ կեանքի հոգերը քեզ կ’ընկճեն, աւելի ժամանակ տուր Աստուածաշունչը կարդալու եւ անոր վրայ խոկալու։ Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն» (Ղուկ. 11։28

7. Ինչպէ՞ս կրնաս լաւագոյն կերպով օգտուիլ այն ժամանակէն, որ կու տաս Աստուծոյ Խօսքը կարդալու։

7 Մինչ Աստուածաշունչը կը կարդաս, ժամանակդ առ որ կարդացածէդ հաճոյք առնես։ Օրինակով մը բացատրենք։ Հետդ պատահա՞ծ է որ մէկը նախասիրած ճաշդ շինէ, բայց դուն այնքա՛ն կ’աճապարես, կամ այնքա՛ն մտազբաղ ես, որ փոխանակ ամէն մէկ պատառէն հաճոյք առնելու, ետեւ–ետեւի կը կլլես։ Ուտելէ ետք, կ’անդրադառնաս որ շատ արագ կերար, եւ կը մտածես. ‘Երանի դանդաղ ուտէի եւ ամէն մէկ պատառին համը առնէի’։ Նոյնպէս եղա՞ծ է որ Աստուածաշունչը այնքա՛ն արագ կարդացած ես, որ կարդացածիդ համը չես առած։ Ժամանակդ առ որ Աստուծոյ Խօսքը կարդալէն հաճոյք առնես. երեւակայէ տեսարանները, լսէ ձայները եւ մտածէ կարդացածիդ վրայ։ Այս փորձառութեան ամէն մէկ վայրկեանը ուրախութիւնդ պիտի աւելցնէ։

8. «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» ինչպէ՞ս իր դերը կը կատարէ (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։

8 Յիսուս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» նշանակեց, որպէսզի մեզի ատենին հոգեւոր կերակուր տայ, եւ մենք հոգեւորապէս շա՜տ լաւ կը կերակրուինք (Մատ. 24։45) *։ Հաւատարիմ ծառային պատրաստած ամէն հոգեւոր կերակուր հիմնուած է Աստուածաշունչին վրայ (Ա. Թես. 2։13)։ Այդ հոգեւոր կերակուրը մեզի կ’օգնէ գիտնալու Եհովային մտածելակերպը, որ ան յայտնեց Աստուածաշունչին մէջ։ Անոր համար, մենք կը կարդանք Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը եւ jw.org կայքին վրայ լոյս տեսած նիւթերը։ Միջշաբաթային եւ շաբաթավերջի ժողովներուն համար կը պատրաստուինք եւ անոնց ներկայ կը գտնուինք։ Եւ ամէն ամիս կը դիտենք JW Հեռատեսիլի կայանի յայտագիրը, եթէ մեր լեզուով կայ։ Առատ հոգեւոր կերակուրը մեզի կ’օգնէ, որ իսկական ուրախութեան առաջնորդող երկրորդ քայլը առնենք։

ԵՀՈՎԱՅԻ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐՈՎ ԱՊՐԷ

9. Ի՞նչ է երկրորդ քայլը, որ կ’առաջնորդէ իսկական ուրախութեան։

9 ՔԱՅԼ 2. Պէտք է Եհովայի չափանիշներով ապրինք, որպէսզի իրապէս ուրախ ըլլանք։ Սաղմոս գրողը ըսաւ. «Երանի՜ այն ամենուն՝ որոնք Տէրոջմէ կը վախնան ու անոր ճամբաներուն մէջ կը քալեն» (Սաղ. 128։1)։ Եհովայէն վախնալ կը նշանակէ, որ զինք այնքա՛ն կը յարգենք, որ չենք ուզեր ընել բան մը, որ զինք պիտի նեղացնէ (Առ. 16։6)։ Անոր համար, միշտ ջանք կ’ընենք որ ճիշդի ու սխալի նկատմամբ Եհովայի չափանիշներուն հետեւինք, որոնց մասին կը կարդանք Աստուածաշունչին մէջ (Բ. Կոր. 7։1)։ Մենք ուրախ պիտի ըլլանք, եթէ սիրենք այն ինչ որ Եհովան կը սիրէ եւ մերժենք իր ատած բաները (Սաղ. 37։27. 97։10. Հռով. 12։9

10. Գիտնալէ զատ թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կամքը, ի՞նչ պէտք է ընենք (Հռովմայեցիս 12։2

10 Կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։2։ Անհատ մը թերեւս գիտէ, որ Եհովան իշխանութիւն ունի որոշելու թէ ի՛նչը ճիշդ է ու ի՛նչը՝ սխալ։ Բայց ան նաեւ պէտք է ընդունի Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն ապրիլ։ Օրինակ, մէկը թերեւս գիտէ թէ կառավարութիւնը իրաւունքը ունի արագութեան նկատմամբ երթեւեկութեան օրէնքներ դնելու։ Բայց ան թերեւս չընդունի այդ օրէնքներուն հնազանդիլ։ Հետեւաբար, որոշուած արագութենէն աւելի արագ կը քշէ։ Մենք մեր վարքով ցոյց կու տանք, թէ իրապէս կը հաւատանք, որ Եհովայի չափանիշներուն համաձայն ապրիլը լաւագոյն ապրելակերպն է (Առ. 12։28)։ Դաւիթ այդպէս զգաց, երբ Եհովայի մասին ըսաւ. «Կենաց ճամբան ինծի պիտի ցուցնես. երեսիդ առջեւ լեցուն ուրախութիւն կայ, քու աջ կողմդ միշտ հաճութիւններ կան» (Սաղ. 16։11

11-12. ա) Երբ մտահոգուած կամ ընկճուած ենք, ի՞նչ բանէ պէտք է զգոյշ ըլլանք։ բ) Փիլիպպեցիս 4։8–ին խօսքերը ինչպէ՞ս կրնան ժամանցի մեր ընտրութեան ազդել։

11 Երբ մտահոգ ենք կամ ընկճուած ենք, թերեւս փոփոխութեան մը պէտք ունենանք, որպէսզի մեր խնդիրները մոռնանք։ Ատիկա հասկնալի է, բայց պէտք է զգոյշ ըլլանք, որ չընենք բան մը որ Եհովան կ’ատէ (Եփ. 5։10-12, 15-17

12 Փիլիպպեցիներուն գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ քրիստոնեաները քաջալերեց որ շարունակեն մտածել բաներու մասին, որոնք ‘արդար, մաքուր, սիրով եւ գովելի են’ (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։8)։ Թէեւ Պօղոս մասնաւորաբար ժամանցին մասին չգրեց, բայց իր գրածը պէտք է որ մեր ժամանցի ընտրութեան ազդէ։ Ասիկա փորձէ. ո՛ւր որ համարին մէջ «ինչ որ» բառը եկած է, տեղը դիր «երգեր», «ֆիլմեր», «վէպեր» կամ «վիտէօ–խաղեր» բառը։ Ասիկա ընելով, պիտի կարենաս զանազանել թէ ո՛ր ժամանցը Աստուծոյ աչքին ընդունելի է, իսկ ո՛ր մէկը՝ ոչ։ Մենք կ’ուզենք Եհովայի բարձր չափանիշներուն համաձայն ապրիլ (Սաղ. 119։1-3)։ Այն ատեն մաքուր խղճով պիտի կարենանք իսկական ուրախութեան առաջնորդող յաջորդ քայլը առնել (Գործք 23։1

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԸ ԿԵԱՆՔԻԴ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ՏԵՂԸ ԴԻՐ

13. Ի՞նչ է երրորդ քայլը, որ կ’առաջնորդէ իսկական ուրախութեան (Յովհաննէս 4։23, 24

13 ՔԱՅԼ 3. Վստահ եղիր որ Եհովային պաշտամունքը կեանքիդ մէջ առաջին տեղը կը դնես։ Մեր Ստեղծիչը ըլլալով, Եհովան իրապէս արժանի է մեր պաշտամունքին (Յայտ. 4։10բ. 14։6, 7)։ Ուրեմն, մեզի համար ամէնէն կարեւոր բանը պէտք է ըլլայ՝ զինք պաշտել իրեն ընդունելի եղող կերպով, որ է՝ «հոգիով ու ճշմարտութիւնով» (կարդա՛ Յովհաննէս 4։23, 24)։ Մենք կ’ուզենք որ Աստուծոյ սուրբ հոգին առաջնորդէ մեր պաշտամունքը։ Այդպէս, մեր պաշտամունքը պիտի ըլլայ իր Խօսքին մէջ եղող ճշմարտութիւններուն համաձայն։ Մենք կը փափաքինք այս պաշտամունքը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնել, նոյնիսկ եթէ կ’ապրինք երկրի մը մէջ, ուր մեր գործը սահմանափակուած կամ արգիլուած է։ Հիմա աւելի քան 150 եղբայրներ ու քոյրեր բանտարկուած են, պարզապէս քանի որ Եհովայի վկաներ են *։ Հակառակ ասոր, անոնք ուրախութեամբ իրենց ամէն կարելին կ’ընեն, որ աղօթեն, սերտեն եւ ուրիշներուն պատմեն Աստուծոյ եւ իր Թագաւորութեան մասին։ Երբ մեզ կը նախատեն կամ կը հալածեն, կրնանք ուրախ ըլլալ, գիտնալով որ Եհովան մեզի հետ է եւ մեզ պիտի վարձատրէ (Յակ. 1։12. Ա. Պետ. 4։14

ՕՐԻՆԱԿ ՄԸ

14. Տաճիկիստանի մէջ, պատանի եղբօր մը ի՞նչ պատահեցաւ, եւ ինչո՞ւ։

14 Իրական կեանքէ առնուած փորձառութիւններ կը փաստեն, որ մեր նկատի առած երեք քայլերը իրապէս կ’առաջնորդեն իսկական ուրախութեան՝ մեր պարագաները ի՛նչ որ ալ ըլլան։ Նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ Տաճիկիստանէն եղող՝ Ճովիտոն Պոպոճոնով անունով 19 տարեկան եղբօր մը, որ մերժեց բանակ երթալ։ 4 հոկտեմբեր 2019–ին, զինք բռնի ուժով տունէն դուրս հանեցին, ամիսներով բանտարկեցին, եւ իրեն հետ վարուեցան ոճրագործի մը պէս։ Քանի մը երկիրներու մէջ, լրատուամիջոցները խօսեցան այս անարդարութեան մասին։ Տեղեկագրութիւններուն համաձայն, զինք ծեծեցին՝ փորձելով ճնշել, որ երդում տայ եւ զինուորական տարազ հագնի։ Ատկէ ետք, զինք դատապարտեցին եւ տաժանակրութեան ճամբար մը ղրկեցին, մինչեւ որ երկրին նախագահը զինք ազատ արձակեց։ Այս փորձութեան ամբողջ ժամանակամիջոցին, Ճովիտոն կրցաւ իր ուղղամտութիւնն ու ուրախութիւնը պահել։ Ինչպէ՞ս։ Միշտ գիտակից ըլլալով իր հոգեւոր պէտքերուն։

Ճովիտոն հոգեւոր կերակուր ստացաւ, Աստուծոյ չափանիշներով ապրեցաւ եւ Եհովայի պաշտամունքը իր կեանքին մէջ առաջին տեղը դրաւ (տե՛ս պարբ. 15-17)

15. Բանտին մէջ Ճովիտոն ինչպէ՞ս կրցաւ հոգեւոր կերակուր ստանալ։

15 Բանտին մէջ, Ճովիտոն հոգեւոր կերակուր ստացաւ, հակառակ անոր որ Աստուածաշունչ եւ հրատարակութիւններ չունէր։ Ինչպէ՞ս։ Եղբայրներ ու քոյրեր իրեն ուտելիք կը բերէին, տոպրակներուն վրայ օրուան համարը գրելով։ Այսպէս, ան կրցաւ ամէն օր Աստուածաշունչը կարդալ եւ անոր վրայ խոկալ։ Բանտէն ազատ արձակուելէն ետք, ան այս խրատը կու տար անոնց, որոնք դեռ ասանկ դժուարութիւններէ չէին անցած. «Շա՜տ կարեւոր է որ ձեր ազատութիւնը լաւագոյն կերպով գործածէք, որպէսզի Եհովային մասին աւելի գիտութիւն առնէք՝ կարդալով Աստուածաշունչը եւ մեր հրատարակութիւնները»։

16. Ճովիտոն իր միտքերը ինչի՞ վրայ կեդրոնացուց։

16 Ճովիտոն Եհովայի չափանիշներով ապրեցաւ։ Սխալ փափաքներու եւ գէշ գործերու վրայ կեդրոնանալու փոխարէն, ան կեդրոնացաւ Եհովայի վրայ եւ անոր համար կարեւոր եղող բաներուն վրայ։ Ճովիտոն կը հիանար Աստուծոյ ստեղծագործութեան գեղեցկութեամբ։ Ամէն առտու, ան կ’արթննար թռչուններուն երգի ձայներէն։ Գիշերը, ան լուսինն ու աստղերը կը դիտէր։ Ան ըսաւ. «Եհովայի տուած այդ նուէրները ինծի օգնեցին, որ ուրախ զգամ եւ քաջալերուիմ»։ Երբ Եհովայի տուած հոգեւոր ու ֆիզիքական նուէրներուն համար շնորհակալ կ’ըլլանք, մեր սիրտը ուրախ կ’ըլլայ եւ ատիկա մեզի ոյժ կու տայ, որ դիմանանք։

17. Ա. Պետրոս 1։6, 7–ն ինչպէ՞ս կրնայ օգնել անհատի մը, որ կ’անցնի Ճովիտոնի պարագային նմանող պարագայէ մը։

17 Ճովիտոն նաեւ Եհովային պաշտամունքը իր կեանքին մէջ առաջին տեղը դրաւ։ Ան գիտէր թէ որքա՜ն կարեւոր էր որ ճշմարիտ Աստուծոյն հանդէպ իր ուղղամտութիւնը պահէ։ Յիսուս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես» (Ղուկ. 4։8)։ Հրամանատարներն ու զինուորները ուզեցին որ Ճովիտոն իր կրօնքէն հրաժարի։ Բայց ան գիշեր–ցերեկ Եհովային աղօթեց, իրմէ խնդրելով որ իրեն օգնէ չյանձնուելու եւ հաւատարիմ մնալու։ Թէեւ Ճովիտոնին հետ անարդար կերպով վարուեցան, բայց ան բնա՛ւ տեղի չտուաւ։ Արդիւնքը այն է, որ ան հիմա ունի փորձուած հաւատք, որ տունէն դուրս հանուելէն, ծեծուելէն եւ բանտարկուելէն առաջ չունէր, եւ ասիկա զինք շատ կ’ուրախացնէ (կարդա՛ Ա. Պետրոս 1։6, 7

18. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ուրախութիւնը պահել։

18 Եհովան գիտէ, թէ ինչի՛ պէտք ունինք, որպէսզի իսկապէս ուրախ ըլլանք։ Եթէ իսկական ուրախութեան առաջնորդող երեք քայլերը առնես, պիտի կարենաս ուրախութիւնդ պահել, նոյնիսկ եթէ դժուարութիւններէ կ’անցնիս։ Այդ պարագային, դուն ալ պիտի ըսես. «Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որուն Աստուածը Եհովան է» (Սաղ. 144։15

ԵՐԳ 120 Մտիկ ըրէ, հնազանդէ եւ օրհնուէ

^ Շատերու համար դժուար է իսկական ուրախութիւն գտնել, քանի որ զայն կը փնտռեն սխալ բաներու մէջ, ինչպէս՝ հաճոյքներու, հարստութեան, փառքի կամ իշխանութեան մէջ։ Բայց երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, մարդոց ըսաւ որ ինչպէ՛ս կրնան իսկական ուրախութիւն գտնել։ Այս յօդուածին մէջ պիտի խօսինք երեք քայլերու մասին, որոնք կրնան մեզի օգնել որ իսկական ուրախութիւն գտնենք։

^ Տե՛ս «‘Ատենին տրուած կերակուր’ կը ստանա՞ս» յօդուածը՝ Դիտարան–ի 15 օգոստոս 2014 թիւին մէջ։

^ Աւելին գիտնալու համար, jw.org կայքին վրայ փնտռէ «Իրենց հաւատքին համար բանտարկուած են» (անգլ.)։

^ ՆԿԱՐՆԵՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Ցուցադրութեան մը մէջ հաւատակիցներ կը քաջալերեն եղբայր մը որ ձերբակալուած է եւ դատարան կը տարուի։