Ուսումնասիրութեան յօդուած 43
Ճշմարիտ իմաստութիւնը բարձրաձայն կ’աղաղակէ
«Իմաստութիւնը դուրսը բարձրաձայն կ’աղաղակէ ու հրապարակներու մէջ իր ձայնը կու տայ» (ԱՌ. 1։20)։
ԵՐԳ 69 Ճամբաներդ ցուցուր ինծի
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *
1. Այսօր շատեր ինչպէ՞ս կ’ընդառաջեն իմաստութեան աղաղակին (Առակաց 1։20, 21)։
ՇԱՏ մը երկիրներու մէջ, սովորական բան մը եղած է տեսնել ուրախ հրատարակիչներ, որոնք փողոցներու մէջ անցորդներուն հրատարակութիւններ կը հրամցնեն։ Ծառայութեան այս հետաքրքրական ձեւին բնաւ մասնակցա՞ծ ես։ Եթէ այո, թերեւս միտքդ եկած է այն նկարագրութիւնը, որ կը գտնուի Առակաց գիրքին մէջ, ուր իմաստութեան մասին կ’ըսուի թէ կ’աղաղակէ մարդոց, որպէսզի իր խրատը մտիկ ընեն (կարդա՛ Առակաց 1։20, 21)։ Աստուածաշունչը եւ մեր հրատարակութիւնները ճշմարիտ իմաստութիւն,– Եհովային իմաստութիւնը,– կը բովանդակեն։ Մարդիկ այս իմաստութեան պէտք ունին, որպէսզի կարենան յաւիտենական կեանք ձեռք ձգել։ Մենք շատ կ’ուրախանանք, երբ մէկը մեր հրատարակութիւնները ընդունի։ Բայց ամէն մարդ չ’ընդունիր։ Ոմանք կը նախընտրեն Աստուածաշունչին ըսածները չգիտնալ։ Ուրիշներ վրանիս կը խնդան։ Անոնք կը խորհին թէ Աստուածաշունչը հիմակուան համար գործնական չէ։ Իսկ ուրիշներ կը քննադատեն ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ բարոյական հարցերու շուրջ եւ կ’ըսեն որ անոնց հետեւողները խիստ են եւ ուրիշները կը դատապարտեն։ Բայց Եհովան տակաւին սիրալիրօրէն կը շարունակէ ուրիշներուն ճշմարիտ իմաստութիւն տալ։ Ի՞նչ կերպերով։
2. Ինչպէ՞ս այսօր կարելի է ճշմարիտ իմաստութիւն ձեռք ձգել, բայց մարդոց մեծամասնութիւնը կը նախընտրէ ի՞նչ ընել։
2 Կերպերէն մէկը, որով Եհովան ճշմարիտ իմաստութիւնը մարդոց կը լսցնէ, իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին միջոցով է։ Այսօր, գրեթէ ամէն մարդ կրնայ ունենալ Սուրբ Գիրքը։ Իսկ մեր աստուածաշնչական հրատարակութիւնները Եհովայի օրհնութեան շնորհիւ կարելի է ձեռք ձգել աւելի քան 1000 լեզուներով։ Անոնք, որոնք ականջ կու տան, այսինքն՝ կը կարդան եւ իրենց սորվածը կը գործադրեն, պիտի օգտուին։ Սակայն, շատեր կը նախընտրեն անտեսել ճշմարիտ իմաստութեան ձայնը։ Երբ որոշումներ պիտի առնեն, անոնք կ’ընտրեն իրենց անձին վստահիլ կամ մարդ արարածի մը խօսքը մտիկ ընել։ Անոնք նոյնիսկ կրնան մեզի ցած աչքով նայիլ, քանի որ Աստուածաշունչի ըսածներուն կը հետեւինք։ Այս յօդուածը պիտի քննարկէ թէ ինչո՛ւ մարդիկ այս կերպով կը վարուին։ Բայց նախ նկատի առնենք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեզի իմաստութիւն կու տայ։
ԵՀՈՎԱՅԻ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ Կ’ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ
3. Ի՞նչ բանի պէտք ունինք, որպէսզի ճշմարիտ իմաստութիւն ունենանք։
3 Իմաստութիւնը այն կարողութիւնն է, որ մեր գիտցածը գործածելով լաւ որոշումներ առնենք։ Բայց ճշմարիտ իմաստութիւնը ասկէ աւելին է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է ու ամենասուրբին գիտութիւնը հանճար է» (Առ. 9։10)։ Ուրեմն, երբ կարեւոր որոշում մը պիտի առնենք, զայն պէտք է հիմնենք Եհովայի մտածելակերպին, կամ՝ ‘ամենասուրբին գիտութեան’ վրայ։ Ինչպէ՞ս: Դիմելով Աստուածաշունչին եւ աստուածաշնչական հրատարակութիւններուն։ Երբ այս մէկը ընենք ճշմարիտ իմաստութիւն ցոյց տուած կ’ըլլանք (Առ. 2։5-7)։
4. Ինչո՞ւ Եհովան միակն է, որ կրնայ մեզի ճշմարիտ իմաստութիւն տալ։
4 Եհովան միակն է, որ կրնայ մեզի ճշմարիտ իմաստութիւն տալ (Հռով. 16։27)։ Ինչո՞ւ կրնանք ըսել, որ ան իմաստութեան Աղբիւրն է։ Առաջին, Ստեղծիչը ըլլալով՝ ան կատարելապէս գիտէ եւ կը հասկնայ իր ստեղծագործութիւնը (Սաղ. 104։24)։ Երկրորդ, Եհովայի բոլոր ըրածները ցոյց կու տան, որ իմաստուն է (Հռով. 11։33)։ Երրորդ, Եհովայի իմաստուն խրատները միշտ օգուտներ կը բերեն գործադրողներուն (Առ. 2։10-12)։ Եթէ կ’ուզենք ճշմարիտ իմաստութիւն ձեռք ձգել, պէտք է ընդունինք այս երեք ճշմարտութիւնները եւ թոյլ տանք, որ անոնք մեզ առաջնորդեն, երբ որոշումներ պիտի առնենք եւ երբ որոշ բան մը պիտի ընենք։
5. Երբ մարդիկ Եհովան չեն ընդունիր որպէս ճշմարիտ իմաստութեան Աղբիւրը, հետեւանքը ի՞նչ կ’ըլլայ։
5 Ծառայութեան մէջ կը հանդիպինք շատերու, որոնք կ’ընդունին որ բնութեան մէջ ամէն բան հրաշալի կերպով շինուած է։ Բայց անոնք չեն ընդունիր, որ Ստեղծիչ մը կայ եւ կ’ըսեն թէ ամէն բան բարեշրջութեամբ եղած է։ Ուրիշներու ալ կը հանդիպինք, որոնք կը հաւատան Աստուծոյ, բայց Աստուածաշունչի չափանիշները այլեւս գործնական չեն նկատեր եւ կը նախընտրեն իրենց ուզածը ընել։ Հետեւանքը ի՞նչ եղած է։ Աշխարհը աւելի աղուոր տեղ մը եղա՞ծ է, քանի որ մարդիկ իրենց իմաստութեան աւելի կը վստահին, քան՝ Աստուծոյ։ Անոնք իրական երջանկութիւն կամ ապագային նկատմամբ հաստատ յոյս մը գտա՞ծ են։ Երբ մեր շուրջը նայինք, կը համոզուինք այս ճշմարտութեամբ. «Իմաստութիւն, հանճար կամ խորհուրդ մը չկայ որ Տէրոջը դէմ կենայ» (Առ. 21։30)։ Ասիկա մեզ կը մղէ, որ շարունակենք ճշմարիտ իմաստութիւն խնդրել։ Ցաւօք սրտի, շատեր Աստուծմէ չեն խնդրեր այդ իմաստութիւնը։ Ինչո՞ւ։
ԻՆՉՈ՞Ւ ՄԱՐԴԻԿ ԿԸ ՄԵՐԺԵՆ ՃՇՄԱՐԻՏ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ
6. Առակաց 1։22-25–ի համաձայն, որո՞նք իրենց ականջները կը գոցեն ճշմարիտ իմաստութեան աղաղակին։
6 Շատեր իրենց ականջները կը գոցեն, երբ որ ճշմարիտ իմաստութիւնը «դուրսը բարձրաձայն կ’աղաղակէ»։ Ըստ Աստուածաշունչին, կան երեք խումբեր, որոնք կը մերժեն իմաստութիւնը. ‘անմիտներ’ը, ‘ծաղր ընողներ’ը եւ ‘յիմարներ’ը (կարդա՛ Առակաց 1։22-25)։ Մօտէն քննենք թէ ի՛նչ բնաւորութիւններ կը ձգեն, որ այսպիսիներ մերժեն աստուածային իմաստութիւնը եւ տեսնենք, թէ մենք ի՛նչ կրնանք ընել, որպէսզի այդ բնաւորութիւնները չզարգացնենք։
7. Ինչո՞ւ ոմանք կ’ընտրեն ‘անմիտ’ մնալ։
7 ‘Անմիտներ’ը, կամ՝ անփորձները, անոնք են, որոնք միամիտ են, դիւրաւ կը համոզուին կամ կը խաբուին (Առ. 14։15)։ Մեր ծառայութեան մէջ յաճախ կը հանդիպինք այսպիսի մարդոց։ Օրինակ, մտածէ այն միլիոնաւորներուն մասին, որոնք խաբուած են իրենց կրօնական կամ քաղաքական առաջնորդներուն կողմէն։ Ոմանք կը ցնցուին, գիտնալով որ այս առաջնորդները իրենց վրայ խնդացած են։ Բայց Առակաց 1։22–ի մէջ յիշուած անփորձները իրե՛նք ընտրած են այդպէս ըլլալ, քանի որ կ’ախորժին ատկէ (Եր. 5։31)։ Անոնք իրենց ուզածը կ’ընեն եւ չեն ուզեր Աստուածաշունչին ըսածները սորվիլ կամ անոր չափանիշներուն համաձայն ապրիլ։ Շատեր կը զգան կնոջ մը պէս, որ կ’ապրի Քեպէքի մէջ, Քանատա, որ իրեն այցելող Վկային ըսաւ. «Եթէ մեր քահանան մեզ խաբեր է, ատիկա իր պատասխանատուութիւնն է՝ մերը չէ»։ Վստահաբար, չենք ուզեր նմանիլ անոնց, որոնք կ’ուզեն տգէտ մնալ (Առ. 1։32. 27։12)։
8. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ, որ ճշմարիտ իմաստութիւն ձեռք ձգենք։
8 Տեղին ըլլալով, Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ, որ անփորձ չմնանք, հապա՝ «մտքով՝ չափահաս» դառնանք (Ա. Կոր. 14։20)։ Ճշմարիտ իմաստութիւն ձեռք կը ձգենք, երբ որ մեր կեանքին մէջ կը գործադրենք Աստուածաշունչի սկզբունքները։ Օրէ օր, փորձառաբար կը սորվինք թէ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչի սկզբունքները մեզի կ’օգնեն, որ խնդիրներէ հեռու մնանք եւ իմաստուն որոշումներ առնենք։ Լաւ կ’ըլլայ, որ քննենք մեր յառաջդիմութիւնը։ Եթէ որոշ ժամանակէ ի վեր, Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրենք եւ ժողովներու ներկայ կ’ըլլանք, կրնանք մենք մեզի հարցնել թէ ինչո՛ւ տակաւին մեր անձը Եհովային չենք նուիրած եւ չենք մկրտուած։ Եթէ մկրտուած ենք, բարի լուրը քարոզելու եւ սորվեցնելու մէջ կը յառաջդիմե՞նք։ Մեր առած որոշումները ցոյց կու տա՞ն որ Աստուածաշունչի սկզբունքներով կ’առաջնորդուինք։ Ուրիշներու հետ մեր վարուած կերպէն քրիստոնէական յատկութիւններ կ’երեւի՞ն։ Եթէ կը զգանք, որ բարելաւուելու պէտք ունինք, ուշադրութիւն ընենք Եհովայի յիշեցումներուն, որոնք ‘տգէտը իմաստուն կ’ընեն’ (Սաղ. 19։7)։
9. ‘Ծաղր ընողներ’ը ինչպէ՞ս ցոյց կու տան, որ իմաստութիւնը կը մերժեն։
9 Աստուածային իմաստութիւնը անտեսող երկրորդ խումբը ‘ծաղր ընողներ’ն են։ Մեր քարոզչութեան ընթացքին, երբեմն կը հանդիպինք այսպիսի մարդոց։ Անոնք ուրիշները ծաղրելէն հաճոյք կ’առնեն (Սաղ. 123։4)։ Աստուածաշունչը նախատեսեց, որ վերջին օրերուն շատ ծաղր ընողներ պիտի ըլլային (Բ. Պետ. 3։3, 4)։ Արդար Ղովտի փեսաներուն պէս, այսօր ալ կարգ մը մարդիկ աստուածային ազդարարութիւններուն ականջ չեն տար (Ծն. 19։14)։ Շատեր Աստուածաշունչի սկզբունքներուն համաձայն ապրողներուն վրայ կը խնդան։ Անոնք ծաղր կ’ընեն, քանի որ կ’ուզեն «իրենց ամբարիշտ ցանկութիւններուն» ետեւէն երթալ (Յդ. 7, 17, 18)։ Ծաղր ընողներուն մասին Աստուածաշունչի նկարագրութիւնը որքա՜ն կը յարմարի հաւատուրացներուն եւ անոնց, որոնք Եհովան մերժած են։
10. Սաղմոս 1։1–ի համաձայն, ինչպէ՞ս կրնանք ծաղրողներուն պէս չդառնալ։
10 Ինչպէ՞ս կրնանք զգոյշ ըլլալ, որ ծաղր ընողներուն պէս չըլլանք։ Կերպերէն մէկն է՝ հեռու մնալ անոնցմէ, որոնք քննադատական հոգի ունին (կարդա՛ Սաղմոս 1։1)։ Ասիկա կը նշանակէ, որ մտիկ պիտի չընենք կամ պիտի չկարդանք որեւէ բան, որ կու գայ հաւատուրացներէն։ Մենք կը գիտակցինք, որ եթէ զգոյշ չըլլանք, կրնանք քննադատական հոգի զարգացնել եւ սկսիլ կասկածներ ունենալ Եհովայի գործելակերպին եւ իր կազմակերպութեան միջոցաւ մեր ստացած ուղղութիւններուն նկատմամբ։ Որպէսզի այդ ծուղակին մէջ չիյնանք, կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Երբ նոր ուղղութիւն մը կամ բացատրութիւն մը կը ստանամ, արդեօք միշտ ժխտական բա՞ն մը ունիմ ըսելիք։ Սովորութիւն ունի՞մ կեդրոնանալու առաջնորդութիւն առնողներուն սխալներուն վրայ’։ Երբ շուտով մեր մէջ սրբագրենք այդպիսի հակումներ, Եհովան մեզմով պիտի ուրախանայ (Առ. 3։34, 35)։
11. ‘Յիմարներ’ը ի՞նչ աչքով կը նային Աստուծոյ չափանիշներուն։
11 Աստուածային իմաստութիւնը մերժողներուն երրորդ խումբը ‘յիմարներ’ն են։ Անոնք յիմար են, քանի որ կը մերժեն Աստուծոյ օրէնքներուն համաձայն ապրիլ։ Անոնք կ’ընեն ի՛նչ որ իրենց աչքին ճիշդ կ’երեւի (Առ. 12։15)։ Այսպիսիներ կը մերժեն Եհովան՝ իմաստութեան Աղբիւրը (Սաղ. 53։1)։ Երբ ծառայութեան մէջ այսպիսիներուն կը հանդիպինք, անոնք խիստ կերպով կը քննադատեն մեզ, քանի որ մենք Աստուածաշունչի չափանիշները կը յարգենք։ Բայց անոնք աւելի լաւ բան մը չունին, որ մեզի առաջարկեն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Իմաստութիւնը յիմարին համար շատ բարձր է. անիկա դրանը մէջ իր բերանը չի բանար» (Առ. 24։7)։ Յիմարները իմաստուն խրատ մը չունին, որ տան ուրիշներուն։ Պարապի չէ որ Եհովան մեզի կ’ըսէ, որ ‘յիմար մարդէն հեռանանք’ (Առ. 14։7)։
12. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ, որ յիմարներուն պէս չվարուինք։
12 Մենք անոնց պէս չենք, որոնք Եհովայի խրատը կ’ատեն։ Մենք կը սորվինք սիրել Եհովայի մտածելակերպը, մէջը ըլլալով բոլոր իր օրէնքները։ Երբ հնազանդութեան արդիւնքները բաղդատենք անհնազանդութեան հետեւանքներուն հետ, այդ սէրը պիտի զօրանայ։ Ուշադրութիւն ըրէ այն խնդիրներուն, որոնք մարդիկ իրենց գլխուն կը բերեն, երբ յիմարօրէն Եհովայի իմաստուն խրատը կը մերժեն։ Ետքը, մտածէ թէ քու կեանքդ որչա՜փ աւելի աղուոր է, քանի որ Աստուծոյ կը հնազանդիս (Սաղ. 32։8, 10)։
13. Եհովան մեզ կը ստիպէ՞, որ իմաստուն խրատներուն հնազանդինք։
13 Եհովան բոլորին կու տայ իմաստութիւն, բայց չի ստիպեր որ մէկը ընդունի ատիկա։ Բայց ան կը նկարագրէ, թէ ի՛նչ հետեւանքներ կը սպասեն անոնց, որոնք այդ իմաստութեան ականջ չեն տար (Առ. 1։29-32)։ Անոնք որոնք կ’ընտրեն Եհովային չհնազանդիլ, «իրենց ճամբուն պտուղէն պիտի ուտեն»։ Ժամանակի ընթացքին, իրենց ապրելակերպը իրենց գլխուն պիտի բերէ միմիայն փորձանք ու նեղութիւն, եւ անոնք ի վերջոյ պիտի կորսուին։ Միւս կողմէ, անոնց՝ որոնք Եհովայի իմաստուն խրատները մտիկ կ’ընեն ու զանոնք կը գործադրեն, խոստում տրուած է, որ. «Ինծի մտիկ ընողը ապահովութեամբ պիտի բնակի ու չարիքներու վախէն հանդարտ պիտի ըլլայ» (Առ. 1։33)։
ՃՇՄԱՐԻՏ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԶԻ Կ’ՕԳՏԷ
14-15. Ի՞նչ կը սորվինք Առակաց 4։23–էն։
14 Երբ Աստուծոյ իմաստութեան համաձայն կը վարուինք, միշտ կ’օգտուինք։ Ինչպէս նկատի առինք, Եհովան առատօրէն իմաստուն խրատներ կու տայ։ Օրինակ, Առակաց գիրքին միջոցաւ Եհովան մեզի լեցուն իմաստուն խրատներ կու տայ, որոնք բնա՛ւ չեն հիննար, եւ եթէ զանոնք գործադրենք, մեր կեանքը պիտի բարելաւուի։ Նկատի առնենք չորս իմաստուն խրատներ։
15 Պաշտպանէ այլաբանական սիրտդ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ, քանզի կեանքի աղբիւրները անկէ են» (Առ. 4։23)։ Մտածէ թէ ինչե՜ր ընելու պէտք ունինք, որպէսզի մեր բառացի սիրտը պաշտպանենք։ Մենք պէտք է առողջապահական ուտելիք ուտենք, բաւարար մարզանք ընենք, եւ գէշ սովորութիւններէ հեռու մնանք։ Իսկ մեր այլաբանական սիրտը պաշտպանելու համար, նման բան մը կ’ընենք։ Մենք օրական Աստուծոյ Խօսքով կը կերակրուինք։ Քրիստոնէական ժողովներուն համար կը նախապատրաստուինք, անոնց ներկայ կ’ըլլանք եւ կը մասնակցինք։ Եւ քարոզչութեան մասնակցիլը մեզի կ’օգնէ, որ աշխոյժ մնանք։ Որպէսզի գէշ սովորութիւններ չզարգացնենք, հեռու կը մնանք որեւէ բանէ, որ կրնայ մեր միտքը ապականել, ինչպէս՝ անբարոյ ժամանցը եւ գէշ ընկերակցութիւնները։
16. Այսօր Առակաց 23։4, 5–ը ինչո՞ւ շատ գործնական է։
16 Ունեցածովդ գոհացիր։ Աստուածաշունչը այս խրատը կու տայ. «Հարուստ ըլլալու մի՛ աշխատիր. . . ։ Աչք պիտի տնկե՞ս այն բանին, որ ոչինչ է. անիկա անշուշտ իրեն թեւեր կը շինէ ու արծիւի պէս օդը կը թռչի» (Առ. 23։4, 5)։ Մարդիկ կրնան դիւրաւ կորսնցնել իրենց նիւթական հարստութիւնը։ Այսօր, թէ՛ հարուստը եւ թէ աղքատը խենթի պէս դրամ շահելու ետեւէ են։ Յաճախ, ասիկա պատճառ կ’ըլլայ, որ վնաս հասցուի անոնց համբաւին, փոխյարաբերութիւններուն եւ նոյնիսկ՝ առողջութեան (Առ. 28։20. Ա. Տիմ. 6։9, 10)։ Միւս կողմէ, իմաստութիւնը մեզի կ’օգնէ, որ դրամի նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենանք։ Այսպիսի մտածելակերպ մը մեզ ագահութենէ կը պաշտպանէ եւ կ’օգնէ, որ գոհունակ եւ երջանիկ կեանք մը ապրինք (Ժող. 7։12)։
17. Ինչպէ՞ս կրնանք Առակաց 12։18–ին մէջ յիշուած «իմաստուններուն լեզուն» ունենալ։
17 Մտածէ՝ առաջ որ խօսիս։ Եթէ զգոյշ չըլլանք, մեր խօսքերով կրնանք մեծ վնաս հասցնել։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մարդիկ կան, որոնց անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն, բայց իմաստուններուն լեզուն բժշկութիւն է» (Առ. 12։18)։ Երբ ուրիշներուն թերութիւններուն մասին չենք բամբասեր, խաղաղութիւն պահած կ’ըլլանք (Առ. 20։19)։ Երբ մեր սիրտը լեցուած կ’ըլլայ Աստուածաշունչի գիտութիւնով, մեր խօսքերը պիտի բժշկեն եւ ոչ թէ ցաւցնեն (Ղուկ. 6։45)։ Երբ Աստուածաշունչի խօսքերուն շուրջ կը խոկանք, մեր խօսքերը պիտի թարմացնեն՝ «իմաստութեան աղբիւր»ի մը պէս (Առ. 18։4)։
18. Առակաց 24։6–ը գործադրելը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, որ ծառայութեան մէջ յաջողինք։
18 Ուղղութեան հետեւէ։ Աստուածաշունչը այս խրատը կու տայ որպէսզի յաջողինք. «Արդարեւ պատերազմդ առաջնորդութեամբ կ’ընես, եւ ազատութիւնը բազմաթիւ խորհրդականներով կ’ըլլայ» (Առ. 24։6, ԱԾ)։ Նկատի առ թէ այս սկզբունքը գործադրելը ինչպէ՛ս մեզի կ’օգնէ քարոզելու եւ սորվեցնելու գործին մէջ։ Փոխանակ մեր խելքէն–միտքէն քարոզելու, փորձենք մեզի տրուած թելադրութիւններուն հետեւիլ։ Մեր քրիստոնէական ժողովներուն, իմաստուն առաջնորդութիւն կը տրուի մեզի։ Հոն փորձառու խրատ տուողներ մեզ կը մարզեն Սուրբ Գիրքի վրայ հիմնուած դասախօսութիւններով եւ ներկայացումներով։ Ասկէ զատ, Եհովայի կազմակերպութիւնը օգտակար գործիքներ մեզի կու տայ, ինչպէս՝ հրատարակութիւններ եւ վիտէօներ, որոնք կ’օգնեն մարդոց, որ Աստուածաշունչը հասկնան։ Արդեօք կը սորվի՞ս այս գործիքները լաւ կերպով գործածել։
19. Ի՞նչ կը զգաս Եհովայի տուած իմաստութեան նկատմամբ (Առակաց 3։13-18)։
19 Կարդա՛ Առակաց 3։13-18։ Մենք որքա՜ն շնորհակալ ենք Աստուածաշունչին մէջ գտնուող իմաստուն խրատներուն համար։ Առանց անոնց ո՞ւր պիտի ըլլայինք։ Յօդուածին մէջ քննեցինք կարգ մը գործնական խրատներ Առակաց գիրքէն։ Անշուշտ Սուրբ Գիրքը լեցուն է Եհովայի տուած իմաստուն խրատներով։ Վճռենք միշտ Եհովայի տուած իմաստութեան համաձայն ապրիլ։ Մեզի համար կարեւոր չէ թէ աշխարհը ի՛նչ աչքով կը դիտէ այդ իմաստութիւնը, քանի որ համոզուած ենք, որ «[իմաստութիւնը] բռնողները երջանիկ կ’ըլլան»։
ԵՐԳ 52 Սիրտդ պահպանէ
^ Եհովայի տուած իմաստութիւնը շա՜տ աւելի լաւ է, քան աշխարհի առաջարկած որեւէ բան։ Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք Առակաց գիրքին մէջ յիշուած հետաքրքրական նկարագրութիւն մը, թէ ինչպէ՛ս իմաստութիւնը բարձրաձայն կ’աղաղակէ հրապարակներու մէջ։ Պիտի քննարկենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ճշմարիտ իմաստութիւն ձեռք ձգել, թէ ինչո՛ւ ոմանք ճշմարիտ իմաստութեան ականջ չեն տար, եւ թէ ատոր աղաղակին ընդառաջելով ինչպէ՛ս կ’օգտուինք։