1922. Հարիւր տարի առաջ
«[ԱՍՏՈՒԱԾ]. . . մեզի յաղթութիւն կու տայ. . . Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով» (Ա. Կոր. 15։57)։ Այս խօսքերը, որոնք ընտրուեցան որպէս 1922–ի տարուան համարը, Աստուածաշունչի Աշակերտները վստահեցուցին, թէ իրենց հաւատարմութիւնը պիտի վարձատրուէր։ Այդ տարին Եհովան իր նախանձախնդիր քարոզիչները վարձատրե՛ց։ Ան օրհնեց զիրենք, մինչ անոնք սկսան իրենց գիրքերը տպել ու կազմել եւ Թագաւորութեան ճշմարտութիւնները տարածելու համար ռատիոն գործածել։ Նոյն տարին, ուրիշ առիթով մը, դարձեալ յստակ դարձաւ որ Եհովան կ’օրհնէր իր ժողովուրդը։ Աստուածաշունչի Աշակերտները կրցան յիշատակելի համաժողով մը ունենալ Սիտըր Փոյնթի մէջ, Օհայօ, ԱՄՆ։ Այդ համաժողովը Եհովայի կազմակերպութեան առած ընթացքին վրայ մեծ ազդեցութիւն մը ձգած է մինչեւ այսօր։
«ՀՐԱՇԱԼԻ ԳԱՂԱՓԱՐ ՄԸ»
Երբ քարոզիչներու թիւը աւելցաւ, պէտք եղաւ աւելի շատ գիրքեր արտադրելու։ Պրուքլինի Բեթէլին մէջ եղող մեր եղբայրները կ’արտադրէին պարբերաթերթերը, բայց մեր գիրքերը կ’արտադրուէին աշխարհային տպարաններու կողմէ։ Երբ անոնք մի քանի ամիս ուշացան մեր գիրքերը տպելու եւ ասիկա քարոզչութեան սկսաւ ազդել, եղբայր Ռատըրֆորտ հարցուց եղբայր Ռապըրթ Մարթինին՝ մեր տպարանի պատասխանատուին, որ արդեօք կարելի՞ էր որ մենք արտադրէինք մեր գիրքերը։
Եղբայր Մարթին կ’ըսէ. «Հրաշալի գաղափար մըն էր. պիտի բանայինք տպարան մը, որ գիրքեր կը տպէ»։ Եղբայրները տեղ մը վարձեցին Պրուքլինի մէջ, 18 Քոնքորտ փողոցին վրայ, եւ պէտք եղած մեքենաները գնեցին։
Ամէն մարդ ուրախ չէր այս նոր ծրագրին համար։ Երբ մեր գիրքերը տպող տպարանի մը տնօրէնը մեր նոր տպարանը այցելեց, ըսաւ. «Ահաւասիկ ունիք ամէնէն նորոյթ տպագրամեքենաները, բայց մէկը չկայ որ գիտէ ատոնք աշխատցնել։ Վեց ամիսէն այս ձեր բոլոր մեքենաներն ալ պիտի աւրուին»։
Եղբայր Մարթին կ’ըսէ. «Տնօրէնին ըսածը տրամաբանական կ’երեւէր, բայց մէկ բան մոռցաւ. թէ Տէրը մի՛շտ մեզի հետ էր»։ Եղբայր Մարթինին ըսածը ճիշդ էր։ Շատ չանցած, մեր նոր տպարանը օրական 2000 գիրք կ’արտադրէր։
ՀԱԶԱՐԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀԱՍՆԻԼ՝ ՌԱՏԻՈՅՈՎ
Իրենց գիրքերը անձամբ տպելէն զատ, Եհովայի ժողովուրդը բարի լուրը տարածելու ուրիշ մեթոտ մըն ալ գործածեց, որ էր ռատիոյով ձայնասփռումը։ 26 փետրուար 1922–ին, կիրակի կէսօրէ ետք, եղբայր Ռատըրֆորտ առաջին անգամ ըլլալով ռատիոյէն դասախօսութիւն տուաւ։ Ան
ներկայացուց «Հիմա ապրող միլիոնաւորներ բնաւ պիտի չմեռնին» դասախօսութիւնը՝ KOG ռատիօկայանէն, որ կը գտնուի Լոս Անճէլոսի մէջ, Քալիֆորնիա, ԱՄՆ։Շուրջ 25,000 հոգի յայտագիրը մտիկ ըրին։ Ոմանք նամակներ ղրկեցին՝ դասախօսութեան համար իրենց գնահատութիւնը յայտնելու համար։ Այս նամակներէն մէկը ղրկուած էր Ուիլըրտ Էշֆըրտի կողմէ, որ կը բնակէր Սանթա Անայի մէջ, Քալիֆորնիա։ Ան եղբայր Ռատըրֆորտը գովեց այս «հաճելի եւ հետաքրքրական» դասախօսութեան համար։ Եւ ըսաւ. «Մեր տունին մէջ երեք հիւանդ կայ։ Եթէ այս միջոցը չըլլար, քեզի մտիկ ընելը անկարելի պիտի ըլլար, նոյնիսկ եթէ քովի յարկաբաժինէն տայիր քու դասախօսութիւնդ»։
Յաջորդող շաբաթներուն, շարունակուեցաւ ձայնասփռումը։ Տարուան վերջաւորութեան, Դիտարան–ը ըսաւ որ «առնուազն 300,000 հոգի պատգամը լսած էին ռատիոյի միջոցաւ»։
Մարդոց ընդառաջումէն քաջալերուած, Աստուածաշունչի Աշակերտները որոշեցին ռատիօկայան մը շինել Սթէթըն կղզիին մէջ, Պրուքլինի Բեթէլէն ոչ հեռու։ Յաջորդող տարիներուն, Աստուածաշունչի Աշակերտները այս ռատիօկայանը՝ WBBR–ը պիտի գործածէին Թագաւորութեան պատգամը հեռաւոր տեղեր հասցնելու համար։
«ADV»
Դիտարան–ի 15 յունիս 1922 թիւը ծանուցանեց, որ այդ տարի սեպտեմբեր 5-13–ին մեծ համաժողով մը տեղի պիտի ունենար Սիտըր Փոյնթի մէջ, Օհայօ։ Աստուածաշունչի Աշակերտները մեծ ոգեւորութեամբ ուղղուեցան դէպի Սիտըր Փոյնթ։
Իր բացման խօսքերուն մէջ, եղբայր Ռատըրֆորտ ներկաներուն ըսաւ. «Լիովին համոզուած եմ, որ Տէրը պիտի. . . օրհնէ այս համաժողովը եւ ամբողջ երկրի մէջ վկայութիւն մը պիտի տայ, որուն նմանը չէ եղած»։ Համաժողովի դասախօսները կրկին անգամ քաջալերեցին բոլորը որ քարոզեն։
Ուրբաթ, 8 սեպտեմբերին, շուրջ 8000 անհատներ սրահը լեցուցին եւ անհամբեր կը սպասէին եղբայր Ռատըրֆորտի դասախօսութիւնը։ Անոնք կ’ակնկալէին որ դասախօսը բացատրէ հրաւիրագրին վրայի «ADV» բառը։ Երբ ներկաները նստան, հաւանաբար ոմանք նկատեցին ամպիոնին վերը կախուած մեծ կտորը։ Արթըր Գլաուս
անունով եղբայր մը,– որ համաժողովի եկած էր Թալսա քաղաքէն, Օքլահոմա, ԱՄՆ,– նստաւ տեղ մը, ուրկէ կրնար դասախօսին լաւ լսել, քանի որ այդ օրերուն բարձրախօս չկար։«Դասախօսին բերնէն կախուած մտիկ կ’ընէինք»
Եղբայր Ռատըրֆորտի դասախօսութեան ընթացքին, արտօնուած չէր ուշ սրահ մտնել, որպէսզի խանգարումներ չըլլային։ Կէսօրէ առաջ ժամը 9։30–ին, եղբայր Ռատըրֆորտը իր դասախօսութիւնը սկսաւ մէջբերելով Յիսուսին խօսքը, որ կը գտնուի Մատթէոս 4։17–ին մէջ. «Երկնքի թագաւորութիւնը մօտ է»։ Երբ ան կը խօսէր, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս պիտի լսէին այս Թագաւորութեան մասին, ըսաւ. «Յիսուս ըսաւ, որ իր ներկայութեան ժամանակը հունձքի ժամանակ էր, որպէսզի իր ժողովուրդը հաւաքէր։ Ատիկա ճշմարիտ եւ հաւատարիմ եղողները հաւաքելու ժամանակը պիտի ըլլար»։
Եղբայր Գլաուս, որ նստած էր գլխաւոր սրահին մէջ, կը յիշէ. «Դասախօսին բերնէն կախուած մտիկ կ’ընէինք»։ Բայց յանկարծ անհանգիստ զգալով սրահէն դուրս ելաւ։ Ան ասիկա ըրաւ երկմտելով, գիտնալով որ ետ պիտի չկարենար ներս մտնել։
Քանի մը վայրկեան ետք, ան աւելի լաւ զգաց։ Եւ մինչ ետ կը վերադառնար սրահ, մեծ ծափահարութիւն մը լսեց։ Մեծապէս խանդավառուելով, ան որոշեց այդ հոյակապ դասախօսութիւնը մտիկ ընել, նոյնիսկ եթէ պէտք ըլլար որ մագլցելով տանիք ելլէր։ Եղբայր Գլաուսը, որ այդ ժամանակ 23 տարեկան էր, մագլցելով տանիք ելլելու ձեւ մը գտաւ։ Երբ վեր հասաւ, նկատեց, թէ հոնկէ «դասախօսութիւնը հոյակապ կերպով կարելի էր լսել»։
Բայց Արթըրը տանիքը առանձին չէր։ Հոն կային իր ընկերներէն ոմանք։ Անոնցմէ մէկը, Ֆրէնք Ճոնսըն անունով, վազելով իրեն մօտեցաւ եւ հարցուց. «Քովդ գրպանի սուր դանակ մը կա՞յ»։
«Անշուշտ», ըսաւ Արթըր։
«Դուն մեր աղօթքներուն պատասխանն ես», *։ Երբ ան ըսէ. ‘Ծանուցանեցէ՛ք, ծանուցանեցէ՛ք. . . ’, այս չորս կապերը կտրէ»։
ըսաւ Ֆրէնք։ «Կը տեսնե՞ս այս մեծ կտորը։ Անիկա պաստառ մըն է, որ այս գամերուն կապուած է։ Ուշադրութեամբ Դատաւորին մտիկ ըրէԱյսպէս, Արթըրը՝ դանակը ձեռքին միւսներուն հետ սպասեց նշանը։ Շատ չանցած, եղբայր Ռատըրֆորտ դասախօսութեան գագաթնակէտին հասաւ։ Զգացումով եւ նախանձախնդրութեամբ լեցուած, ան բարձրաձայն ըսաւ. «Տէրոջ համար հաւատարիմ ու ճշմարիտ վկաներ եղէ՛ք։ Պայքարին մէջ շարունակեցէք, մինչեւ որ Բաբելոնի ամէն հետք չքանայ։ Պատգամը ամէնուրեք ծանուցանեցէք։ Աշխարհը պէտք է գիտնայ թէ Եհովա՛ն է Աստուած եւ թէ Յիսուս Քրիստոս թագաւորներուն Թագաւորն է եւ տէրերուն Տէրը։ Ասիկա կարեւորագոյն օր է։ Ահաւասի՛կ Թագաւորը կ’իշխէ։ Դուք անոր ներկայացուցիչներն էք։ Հետեւաբար, ծանուցանեցէ՛ք, ծանուցանեցէ՛ք, ծանուցանեցէ՛ք Թագաւորը եւ անոր Թագաւորութիւնը»։
Արթըրը կը պատմէ, որ ինք եւ միւս եղբայրները կապերը կտրեցին եւ պաստառը սահուն կերպով բացուեցաւ։ Այս կերպով, «ADV» գրութեան իմաստը մէջտեղ ելաւ, քանի որ պաստառին վրայ գրուած էր. «Ծանուցանեցէ՛ք Թագաւորը եւ Թագաւորութիւնը»։
ԿԱՐԵՒՈՐ ԳՈՐԾ ՄԸ
Սիտըր Փոյնթի մէջ տեղի ունեցած համաժողովը եղբայրներուն օգնեց, որ Թագաւորութիւնը քարոզելու կարեւոր գործին վրայ կեդրոնանան, եւ կամաւոր հոգի ունեցողները ուրախութեամբ ատոր մասնակցեցան։ Հրատարակութիւններ բաշխող եղբայր մը (որուն հիմա կ’ըսենք ռահվիրայ),– որ Օքլահոմայէն էր, ԱՄՆ,– գրեց. «Այն շրջանը, ուր մենք քարոզեցինք, հանքեր կան։ Հոն մարդիկ շատ աղքատ են»։ Ան ըսաւ, որ շատ անգամ երբ մարդիկ Ոսկեդար պարբերաթերթին մէջ գրուած պատգամը լսէին, «իրենց արցունքները կը հոս[էին]»։ Ան իր խօսքերը ամփոփեց, ըսելով. «Այս մարդիկը մխիթարելը օրհնութիւն մըն է»։
Այս Աստուածաշունչի Աշակերտները Ղուկաս 10։2–ին մէջի Յիսուսի խօսքերուն հրատապ ըլլալը զգացին. «Հունձքը շատ է բայց մշակները քիչ»։ Այդ տարուան վերջաւորութեան, անոնք որեւէ ժամանակէ աւելի վճռած էին Թագաւորութեան պատգամը ամէն կողմ ծանուցանել։
^ Եղբայր Ռատըրֆորտը երբեմն կը կոչուէր «Դատաւոր», քանի որ ան ատեններ ծառայեց որպէս յատուկ դատաւոր Միսուրիի մէջ, ԱՄՆ։