Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Անապատին մէջ իսրայէլացիները մանանայէն եւ լորամարգիներէն զատ ուրիշ բաներ ունէի՞ն ուտելիք

Իսրայէլացիները անապատին մէջ 40 տարուան ընթացքին, գլխաւորաբար մանանայ կերան (Ել. 16։35)։ Առնուազն երկու առիթներով, Եհովան անոնց նաեւ լորամարգիներ տուաւ (Ել. 16։12, 13. Թւ. 11։31)։ Բայց ուրիշ բաներ ալ կային, որոնք իսրայէլացիները կրնային ուտել։

Օրինակ, Եհովան ատեններ իր ժողովուրդը տարաւ «հանգստանալու տեղ» մը, ուր կարելի էր ջուր եւ ուտելիք գտնել (Թւ. 10։33)։ Այդ տեղերէն մէկն էր Եղիմի ովասիսը, «ուր տասներկու ջուրի աղբիւրներ ու եօթանասուն արմաւենիներ կային» (Ել. 15։27Plants of the Bible գիրքը կ’ըսէ որ արմաւենին, որ «շատ մը վայրերու մէջ կ’աճի, անապատին մէջ գլխաւոր բոյսն է, որ ամենաշատ կը գործածուի որպէս ուտելիք։ Կարելի է անոր պտուղը ուտել, անկէ ձէթ առնել, ինչպէս նաեւ անոր շուքին տակ թարմանալ»։

Հաւանաբար իսրայէլացիները կեցան նաեւ այսօր որպէս Ֆիրան ճանչցուած մեծ ովասիսին մօտ, որ մաս կը կազմէ Ուատի ֆիրանին a։ Այս ձորը «130 քմ. երկար է, եւ Սինայի ամէնէն շատ ճանչցուած եւ ամէնէն գեղեցիկ վայրն է», կ’ըսէ Discovering the World of the Bible գիրքը։ Գիրքը կը շարունակէ ըսելով. «Այդ ձորին մէջ, անոր սկիզբէն 45 քմ. անդին կը գտնուի 4.8 քմ. տարածութեան վրայ գեղեցիկ Ֆիրանի ովասիսը, որ լեցուն է արմաւենիներով, եւ ծովու մակերեսէն շուրջ 610 մեթր բարձր է։ Ատիկա Սինայի Եդեմն է։ Այս վայրին մէջ գտնուող հազարաւոր արմաւենիները հինէն ի վեր պատճառ եղած են որ մարդիկ փափաքին հոն բնակիլ»։

Արմաւենիներ՝ Ֆիրանի ովասիսին մէջ

Իսրայէլացիները Եգիպտոսէն հեռացած ատեն իրենց հետ առին ալիւր, խմորի տաշտեր եւ հաւանաբար քիչ մըն ալ ցորեն եւ ձէթ։ Անշուշտ, այս բոլորը քիչ ժամանակուան մէջ պիտի վերջանային։ Ժողովուրդը նաեւ առաւ ‘ոչխարներ ու արջառներ որոնք խիստ շատ էին’ (Ել. 12։34-39)։ Բայց քանի՛ որ անապատին մէջ դժուար պայմաններ կային, հաւանաբար այդ անասուններէն շատերը մեռան։ Եւ թերեւս անոնցմէ ոմանք որպէս ուտելիք ծառայեցին, իսկ ուրիշներ ալ որպէս զոհեր՝ չաստուածներու (Գործք 7։39-43) b։ Ասոր հանդերձ, իսրայէլացիները ունէին ոչխարներ ու արջառներ, եւ ասիկա մեզի յստակ կը դառնայ այն խօսքէն որ Եհովան իր ժողովուրդին ըսաւ, երբ անոնք իրեն չհնազանդեցան. «Ձեր որդիները անապատին մէջ քառասուն տարի հովիւներ պիտի ըլլան» (Թւ. 14։33, ՆԱ)։ Ուրեմն, հաւանաբար անոնց հօտերը իրենց տուին կաթ եւ ատեն–ատեն միս, բայց անշուշտ ատոնք բաւարար չէին 40 տարուան մէջ կերակրելու շուրջ երեք միլիոն անհատներ c։

Անասունները ուրկէ՞ ուտելիք եւ խմելիք գտան d։ Հաւանաբար այն ժամանակ աւելի շատ անձրեւ կ’իջնէր եւ անապատին մէջ աւելի շատ բուսականութիւն կար։ Խորաթափանց ակնարկ գիրքին Ա. հատորը կ’ըսէ թէ 3500 տարի առաջ «Արաբիոյ մէջ որոշ չափով աւելի ջուր կար քան ներկայիս։ Ասիկա գիտենք քանի որ շատ մը խորունկ եւ չոր ձորեր կան, որոնք ցոյց կու տան որ հոնկէ գետեր կ’անցնէին ժամանակին»։ Ասով հանդերձ, անապատը չոր եւ վախնալիք տեղ մըն էր (Բ. Օր. 8։14-16)։ Առանց Եհովային հրաշալի կերպով տուած ջուրին, թէ՛ իսրայէլացիները եւ թէ իրենց անասունները վստահաբար պիտի մեռնէին (Ել. 15։22-25. 17։1-6. Թւ. 20։2, 11

Մովսէս իսրայէլացիներուն ըսաւ որ Եհովան իրենց մանանայ կերցուց, որպէսզի գիտնան որ իրենք ‘միայն հացով չեն ապրիր, հապա Տէրոջը բերնէն ելած ամէն խօսքովը կ’ապրին’ (Բ. Օր. 8։3

a Տե՛ս Դիտարան–ի 1 մայիս 1992 թիւը, էջ 24-25 (արաբ.)։

b Աստուածաշունչը կը յիշէ երկու դէպքեր, երբ ժողովուրդը անապատին մէջ անասուններ զոհեց Եհովային. առաջին դէպքը՝ երբ քահանայութիւնը հաստատուեցաւ, իսկ երկրորդ դէպքը՝ Պասեքին։ Այս երկու դէպքերը տեղի ունեցան Ք.Ա. 1512–ին, այսինքն՝ իսրայէլին Եգիպտոսէն դուրս գալուն երկրորդ տարին (Ղեւ. 8։14–9։24. Թւ. 9։1-5

c Անապատին մէջ իրենց անցուցած 40 տարուան վերջաւորութեան, իսրայէլացիները պատերազմներու մէջ հազարաւոր անասուններ եւ աւարներ գրաւեցին (Թւ. 31։32-34)։ Հակառակ ասոր, անոնք շարունակեցին մանանայ ուտել, մինչեւ որ խոստացեալ երկիրը մտան (Յես. 5։10-12

d Կրնանք եզրակացնել որ անասունները մանանայ չկերան, քանի որ Եհովան ժողովուրդին ըսաւ որ մանանայ հաւաքէր այնչափ որչափ ամէն մէկ անձ կրնար ուտել, բայց անասունները չյիշեց (Ել. 16։15, 16