Սերտելու համար առաջարկ
Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ներկայ հասկացողութեան հետ քայլ պահել
Ի՜նչ առանձնաշնորհում է ապրիլ ժամանակի մը մէջ, երբ Եհովան որեւէ ժամանակէ աւելի Աստուածաշունչի մեր հասկացողութիւնը աստիճանաբար կ’աւելցնէ (Դան. 12։4)։ Հակառակ ասոր, թերեւս դժուար գտնենք Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններու նկատմամբ մեր հասկացողութեան մէջ եղած փոփոխութիւններուն հետ քայլ պահելը։ Այս փոփոխութիւնները եւ բացատրութիւնները ո՞ւր կրնանք գտնել։
• Դիտարանի հրատարակութիւններուն նիւթերու ցանկ–ին (արաբ.)՝ «Մեր հաւատալիքներուն մէջ ճշդումներ» վերնագրին տակ, կը գտնենք փոփոխութիւններուն լման ցանկը՝ թուականի շարքով։ Եթէ նիւթերուն ցանկը կ’ուզես գտնել, գրէ «Մեր հասկացողութեան մէջ ճշդումներ» (չակերտներու մէջ) Դիտարանի գրադարան–ին կամ Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ–ին փնտռելու տուփին մէջ։
• Փնտռտուքի ուղեցոյց Եհովայի վկաներուն համար–ին մէջ (արաբ.), կը գտնենք այս նիւթերուն աւելի կարճ ցանկը։ Գնա «Եհովայի վկաներ» բաժինը, յետոյ՝ «Տեսակէտներ եւ հաւատալիքներ», եւ ետքը՝ «Ճշդումներ մեր հաւատալիքներուն մէջ»։
Անձնական ուսումնասիրութեան համար, ընտրէ վերջերս եղած փոփոխութիւն մը եւ պրպտէ ատոր մասին մեր վերջին հասկացողութիւնը եւ ատոր սուրբգրային պատճառները։