Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 43

ԵՐԳ 121 Զիրար քաջալերենք

Ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ երբ կասկածներ ունենանք

Ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ երբ կասկածներ ունենանք

«Քննեցէ՛ք ամէն բան» (Ա. ԹԵՍ. 5։21, ԱԾ)

ՆԻՒԹ

Ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ ունիս այնպիսի կասկածներ, որոնք հոգեւոր կեանքիդ կ’ազդեն։

1-2. ա) Եհովային ծառաներէն ոմանք ի՞նչ կասկածներ կրնան ունենալ։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ բաներ նկատի պիտի առնենք։

 ԱՄԷՆ տարիքի մարդիկ ատեններ կասկածներ a կ’ունենան։ Օրինակ, երեւակայէ երիտասարդ Վկայի մը պարագան, որ կը կասկածի եթէ Եհովան իրապէս իրմով հետաքրքրուած է եւ ասոր պատճառաւ, թերեւս վստահ չէ թէ պէ՞տք է մկրտուի կամ ոչ։ Կամ երեւակայէ միջին տարիքի եղբօր մը պարագան, որ երբ երիտասարդ էր, որոշում առաւ որ Թագաւորութեան շահերը իր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնէ, քան թէ՝ այս աշխարհին մէջ դրամ դիզէ։ Բայց հիմա որ ընտանիք ունի եւ իր ունեցած դրամը հազիւ կը բաւէ իր ընտանիքին պէտքերուն, թերեւս կը կասկածի թէ արդեօք երբ երիտասարդ էր ճիշդ որոշումը առա՞ւ կամ ոչ։ Նաեւ երեւակայէ տարեց քրոջ մը պարագան, որ հիմա շատ ոյժ չունի եւ յուսահատ է, քանի որ այլեւս չի կրնար առաջուան չափ ծառայել։ Արդեօք դուն քեզի այսպիսի հարցումներ հարցուցա՞ծ ես. ‘Եհովան իրապէս ինձմով հետաքրքրուա՞ծ է։ Կ’արժէ՞ր Եհովային համար ա՛յսքան զոհողութիւններ ընելը։ Տակաւին Եհովային աչքին գործի կը ծառայե՞մ’։

2 Եթէ այս հարցումներուն պատասխանները չառնենք, մեր հաւատքը կրնայ տկարանալ եւ թերեւս նոյնիսկ վազ անցնինք Եհովան պաշտելէ։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք թէ ինչպէ՛ս Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն վրայ կեդրոնանալը մեզի կ’օգնէ, եթէ կը կասկածինք՝ 1) որ Եհովան մեզմով հետաքրքրուած է, 2) որ մեր կեանքին մէջ ճիշդ որոշումներ առինք, կամ 3) որ տակաւին Եհովային աչքին գործի կը ծառայենք։

Ի՞ՆՉ ԲԱՆ ՄԵԶԻ Կ’ՕԳՆԷ ԵՐԲ ԿԱՍԿԱԾՆԵՐ ՈՒՆԵՆԱՆՔ

3. Ի՞նչ կրնանք ընել երբ կասկածներ կ’ունենանք։

3 Երբ կասկածներ կ’ունենանք, շատ կարեւոր է որ Աստուածաշունչէն մեր հարցումներուն պատասխանները փնտռենք։ Եթէ այդպէս ընենք, մեր հաւատքը պիտի զօրանայ, հոգեւորապէս պիտի աճինք եւ աւելի պիտի կրնանք ‘հաւատքի մէջ հաստա՛տ կենալ’ (Ա. Կոր. 16։13

4. Ինչպէ՞ս կրնանք ‘քննել ամէն բան’ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։21

4 Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։21–ը (ԱԾ) կ’ըսէ. «Քննեցէ՛ք ամէն բան, բարի՛ն ամուր բռնեցէք»։ Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ, որ ‘քննենք ամէն բան’։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնանք ընել։ Երբ բանի մը շուրջ կասկածներ ունինք, պէտք է քննենք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ ատոր մասին։ Օրինակ, նկատի առ այդ երիտասարդին պարագան, որ կասկածներ ունի թէ արդեօք Եհովան իրապէս հետաքրքրուա՞ծ է իրմով։ Ան պէ՞տք է այդ կասկածներուն հաւատայ։ Ո՛չ, ան պէտք է ‘քննէ ամէն բան’՝ այս հարցին շուրջ Եհովային մտածելակերպը փնտռելով։

5. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային ձայնը «լսել»։

5 Մինչ Աստուծոյ Խօսքը կը կարդանք, կարծես թէ Եհովային ձայնը «կը լսենք»։ Բայց գիտնալու համար թէ Եհովային մտածելակերպը ի՛նչ է որոշ հարցի մը շուրջ, մեր կողմէ ջանք կը պահանջէ։ Մինչ Աստուածաշունչը կը կարդանք, պէտք է կեդրոնանանք մեր միտքը զբաղեցնող նիւթին վրայ։ Մենք կրնանք այդ նիւթին մասին պրպտում ընել մեր հրատարակութիւնները գործածելով (Առ. 2։3-6)։ Կրնանք Եհովային աղօթել եւ իրմէ խնդրել, որ մեզի օգնէ մեր հարցումին պատասխանը գտնելու։ Ետքը կրնանք փնտռել Աստուածաշունչի սկզբունքներ եւ գործնական տեղեկութիւններ, որոնք մեր պարագային կը կիրարկուին։ Նաեւ կրնանք Սուրբ Գիրքին մէջ կարդալ Եհովային այն ծառաներուն մասին, որոնք մեր պարագայէն անցան։

6. Ժողովները ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնեն, որ մեր կասկածներուն պատասխանները գտնենք։

6 Եհովային ձայնը «կը լսենք» նաեւ մեր ժողովներուն մէջ։ Եթէ կանոնաւորաբար ժողովներուն ներկայ գտնուինք, կրնանք բան մը լսել դասախօսութեան մը մէջ կամ մէկու մը տուած պատասխանին մէջ, որ ճիշդ մեր կասկածներուն պատասխանը կու տայ (Առ. 27։17)։ Հիմա եկէք նկատի առնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք կարգ մը կասկածներու պատասխանները գտնել։

ԵՐԲ ԿԸ ԿԱՍԿԱԾԻՍ ՈՐ ԵՀՈՎԱՆ ՔԵԶՄՈՎ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ Է

7. Ոմանք ի՞նչ հարցում կը հարցնեն։

7 Բնաւ մտքէդ անցա՞ծ է. ‘Եհովան արժէք կու տա՞յ ինծի’։ Եթէ անարժէք կը զգաս, թերեւս մտածես որ անկարելի է, որ տիեզերքի Ստեղծիչին հետ բարեկամ ըլլաս։ Հաւանաբար այսպիսի գաղափար մը նաեւ անցաւ Դաւիթ թագաւորին մտքէն։ Ան շատ զարմացաւ, որ Եհովան ինչպէ՛ս մարդ արարածով հետաքրքրուած է։ Ան հարցուց. «Տէր, մարդը ի՞նչ է որ արժէք կու տաս անոր, մարդ արարածը ի՞նչ է, որ բանի տեղ կը դնես» (Սաղ. 144։3, ՆԹ)։ Ուրկէ՞ կրնաս այս հարցումին պատասխանը գտնել։

8. Ա. Թագաւորաց 16։6, 7, 10-12–ի համաձայն, Եհովան մարդոց մէջ ի՞նչ բան կը նկատէ։

8 Աստուածաշունչէն կը սորվինք, որ Եհովան արժէք կու տայ անոնց, որոնք ուրիշներուն աչքին անարժէք են։ Օրինակի համար, Եհովան Սամուէլը ղրկեց Յեսսէին քով, որպէսզի իր զաւակներէն մէկը օծէ որպէս Իսրայէլի ապագայ թագաւորը։ Յեսսէն իր ութ տղաքներէն եօթն կանչեց, որպէսզի Սամուէլին ծանօթացնէ, բայց ամէնէն պզտիկը՝ Դաւիթը՝ չկանչեց b։ Բայց Եհովան Դաւի՛թը ընտրեց (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 16։6, 7, 10-12)։ Եհովան Դաւիթին մէջը տեսաւ։ Ան հոգեւոր բաները արժեւորող պատանի մըն էր։

9. Ինչո՞ւ կրնաս վստահ ըլլալ, որ Եհովան քեզմով հետաքրքրուած է (տե՛ս նաեւ նկարը)։

9 Մտածէ թէ Եհովան արդէն ինչպէ՛ս ցոյց տուած է, որ քեզի արժէք կու տայ։ Ան քու պէտքերուդ համաձայն խրատ կու տայ քեզի (Սաղ. 32։8)։ Ան ինչպէ՞ս պիտի կրնար ասիկա ընել, եթէ քեզ լաւ չճանչնար (Սաղ. 139։1)։ Երբ Եհովային տուած խրատը գործադրես եւ տեսնես որ ատիկա քեզի ինչպէս կ’օգնէ, պիտի համոզուիս որ Եհովան քեզմով հետաքրքրուած է (Ա. Մն. 28։9. Գործք 17։26, 27)։ Եհովան քու ջանքերդ եւ յատկութիւններդ կը տեսնէ եւ կ’ուզէ քու բարեկամդ ըլլալ (Եր. 17։10)։ Ան կ’ուզէ որ ընդունիս իր բարեկամը ըլլալու իր հրաւէրը (Ա. Յովհ. 4։19

«Եթէ [Եհովան] փնտռես՝ պիտի գտնես» (Ա. Մն. 28։9) (տե՛ս պարբերութիւն 9) c


ԵՐԲ ԿԱՍԿԱԾԻՍ ՈՐ ԿԵԱՆՔԻԴ ՄԷՋ ՃԻՇԴ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ ԱՌԱԾ ԵՍ

10. Երբ մեր անցեալի որոշումներուն մասին մտածենք, մեր միտքը ի՞նչ հարցումներ կրնան գալ։

10 Ոմանք անցեալին ըրած իրենց որոշումներուն մասին կը մտածեն եւ վստահ չեն ըլլար եթէ ատոնք ճիշդ էին։ Թերեւս անոնք լաւ վճարուած գործ մը ձգեցին, կամ որոշեցին գործ մը չսկսիլ որ Եհովային աւելի ծառայեն։ Հիմա որ տարիներ անցած են, անոնք թերեւս տեսնեն ծանօթներ, որոնք իրենցմէ տարբեր որոշումներ առին եւ հիմա այնպէս կ’երեւի թէ անոնք վիճակով աւելի լաւ են։ Եւ ասոր պատճառով, թերեւս իրենք իրենց հարցնեն. «Արդեօք կ’արժէ՞ր Եհովային ծառայութեան համար այս զոհողութիւնները ընելը։ Արդեօք այս զոհողութիւններուս համար վրայէս շատ բաներ գացի՞ն»։

11. 73–րդ սաղմոսը գրողը ի՞նչ բանէ կը նեղանար։

11 Եթէ քու մտքէդ ալ այսպիսի հարցումներ կ’անցնին, նկատի առ որ 73–րդ սաղմոսը գրողը ի՛նչ կը զգար։ Ան տեսաւ որ ուրիշներ ուրախ–զուարթ կ’ապրին, հարուստ են եւ հոգ չունին (Սաղ. 73։3-5, 12)։ Երբ անոնց յաջողութիւնը տեսաւ, զգաց որ ինք պարապի Եհովային կը ծառայէր։ Ան ‘ամէն օր կը տանջուէր’ (Սաղ. 73։13, 14)։ Ան այս վիճակէն ելլելու համար ի՞նչ ըրաւ։

12. Սաղմոս 73։16-18–ի համաձայն, գրողը իր կասկածներուն նկատմամբ ի՞նչ որոշեց ընել։

12 Կարդա՛ Սաղմոս 73։16-18։ Սաղմոս գրողը Եհովային սրբարանը գնաց, ուր խաղաղ մթնոլորտ մը կար եւ հոն կրցաւ յստակօրէն մտածել։ Ան անդրադարձաւ, որ թէեւ ոմանք հանգիստ կեանք մը կ’ապրէին, բայց ապագայի նկատմամբ յոյս մը չունէին։ Ան ասիկա հասկնալով այլեւս չյուսահատեցաւ, քանի որ վստահ էր որ Եհովային ծառայութիւնը իր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնելը լաւագոյն որոշումն էր։ Ասոր վրայ, ան որոշեց շարունակել Եհովային ծառայել (Սաղ. 73։23-28

13. Ինչպէ՞ս կրնաս մտքի խաղաղութիւն ունենալ, եթէ անցեալին առած որոշումներէդ վստահ չես (տե՛ս նաեւ նկարը)։

13 Կրնաս սաղմոս գրողին պէս Աստուծոյ Խօսքին միջոցաւ մտքի խաղաղութիւն ունենալ։ Ինչպէ՞ս։ Քու ունեցածներուդ արժէքը բաղդատէ Եհովային չծառայողներուն ունեցածներուն արժէքին հետ։ Անոնք միայն ա՛յս աշխարհին մէջ կրնան լաւ տեղ մը հասնիլ։ Բայց ապագային նկատմամբ ո՛չ մէկ յոյս ունին։ Բայց անդին, դուն թէ՛ հիմա Եհովային հաճութիւնը կը վայելես թէ՛ ալ ապագային շատ մը օրհնութիւններ պիտի վայելես, որոնք մտքիդ ծայրէն չեն անցնիր (Սաղ. 145։16)։ Նաեւ ասիկա նկատի առ. ի՛նչ գիտես որ կեանքդ հիմա ինչպէ՛ս պիտի ըլլար, եթէ անցեալին տարբեր որոշումներ առած ըլլայիր։ Մէկ բանէ կրնաս վստահ ըլլալ. եթէ Աստուծոյ եւ ընկերիդ հանդէպ սէրէ մղուած որոշումներ առնես, պիտի չզրկուիս բանէ մը, որ իրապէս քեզ կ’ուրախացնէ։

Կեդրոնացիր այն օրհնութիւններուն վրայ, որոնք Եհովան խոստացած է (տե՛ս պարբերութիւն 13) d


ԵՐԲ ԿԸ ԿԱՍԿԱԾԻՍ ՈՐ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԱՉՔԻՆ ԳՈՐԾԻ ԿԸ ԾԱՌԱՅԵՍ

14. Ոմանք ի՞նչ պարագաներէ կ’անցնին, եւ ո՞ր հարցումը զիրենք կը նեղացնէ։

14 Եհովային ծառաներէն ոմանք առաջուան պէս չեն կրնար ծառայել, որովհետեւ անոնք տարիքնին առած են, առողջապահական հարցեր ունին կամ անկարող են։ Այս բաները պատճառ կ’ըլլան, որ անարժէք զգան Եհովային աչքին։ Անոնք կրնան հարց տալ. ‘Տակաւին Եհովային աչքին գործի կը ծառայե՞մ’։

15. 71–րդ սաղմոսը գրողը ի՞նչ բանի համոզուած էր։

15 71–րդ սաղմոսը գրողը նոյն մտահոգութիւնը ունէր։ Ան աղօթեց. «Ոյժիս պակսած ատենը զիս մի՛ թողուր» (Սաղ. 71։9, 18)։ Թէեւ ֆիզիքապէս տկար կը զգար, սաղմոս գրողը համոզուած էր, որ եթէ Եհովային հաւատարմօրէն ծառայէ, Եհովան ալ զինք պիտի առաջնորդէ եւ իրեն օգնէ։ Ան սորվեցաւ թէ Եհովան ուրախ է անոնցմով, որոնք իրեն ծառայելու համար իրենց լաւագոյնը կ’ընեն, հակառակ անոր որ իրենց ուժը պակսած է (Սաղ. 37։23-25

16. Տարիքոտ անձերը ի՞նչ գործի կը ծառայեն Եհովային աչքին (Սաղ. 92։12-15

16 Եթէ տարիքդ առած ես, Եհովայի՛ն աչքով նայիր դուն քեզի։ Եհովան կրնայ քեզի օգնել, որ շարունակես իրեն ծառայել նոյնիսկ եթէ ուժդ կը պակսի (կարդա՛ Սաղմոս 92։12-15Փոխանակ կեդրոնանալու այն բաներուն վրայ որ չե՛ս կրնար ընել, կեդրոնացիր այն բաներուն վրայ որ կրնա՛ս ընել։ Օրինակ, կրնաս ուրիշները զօրացնել թէ՛ քու հաւատարմութեամբդ եւ թէ՛ անոնցմով հետաքրքրուելով։ Կրնաս անոնց պատմել, որ տարիներու ընթացքին Եհովան ինչպէ՛ս քեզի օգնած է եւ թէ ո՛ր խոստումներուն անհամբեր կը սպասես։ Եւ բնաւ թեթեւի մի՛ առներ, որ քու սրտանց աղօթքներդ որքա՜ն կրնան օգտակար դառնալ ուրիշներուն (Ա. Պետ. 3։12)։ Ի՛նչ ալ ըլլայ մեր պայմանները, բոլորս ալ կրնանք բան մը տալ թէ՛ Եհովային եւ թէ՛ ուրիշներուն։

17. Ինչո՞ւ համար պէտք չէ մենք մեզ ուրիշներուն հետ բաղդատենք։

17 Եթէ շատ ընկճուած կը զգաս, քանի որ չես կրնար Եհովային աւելի ծառայել, վստահ եղիր որ ի՛նչ որ ալ կրնաս ընել՝ Եհովային համար արժէքաւոր է։ Թերեւս փորձես քու ըրածդ բաղդատել ուրիշներուն հետ, բայց ասիկա մի՛ ըներ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովան ասանկ չ’ըներ (Գաղ. 6։4)։ Օրինակ, Մարիամը Յիսուսին շատ սուղ անուշահոտ մը տուաւ (Յովհ. 12։3-5)։ Միւս կողմէ, աղքատ որբեւայրին տաճարին գանձանակին մէջ երկու լումայ նետեց, ի՛նչ որ շատ արժէք չունէր (Ղուկ. 21։1-4)։ Բայց Յիսուս այս երկու կիներուն տուածը իրարու հետ չբաղդատեց, հապա տեսաւ որ երկուքն ալ հաւատք ցոյց տուին։ Իր հայրը՝ Եհովան ալ կ’արժեւորէ որեւէ մէկ բան որ դուն սէրէ մղուած կ’ընես, ըրածդ քու աչքիդ որքա՛ն ալ պզտիկ երեւնայ։

18. Ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ, երբ կասկածներ ունենանք (տե՛ս նաեւ « Եհովային Խօսքը կրնայ քեզի օգնել, երբ կասկածներ ունենաս» տուփը)։

18 Բոլորս ատեններ կասկածներ կ’ունենանք։ Ինչպէ՛ս որ սորվեցանք, Աստուածաշունչը կրնայ մեզի օգնել, որ մեր կասկածներուն հետ գլուխ ելլենք։ Ուրեմն, ջանք թափէ որպէսզի հարցումներուդ պատասխանները գիտնաս, եւ անկէ ետք ինքնավստահ պիտի ըլլաս։ Եհովան քեզի անձամբ արժէք կու տայ։ Ան կը գնահատէ ըրած զոհողութիւններդ եւ քեզի օրհնելու իր խոստումը պիտի պահէ։ Եհովան իր ամէն մէկ հաւատարիմ ծառան կը սիրէ եւ անոր կը հոգայ։

ԵՐԳ 75 Մեր ուրախութեան պատճառները

a ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Այս յօդուածին մէջ կը խօսինք այն կասկածներուն մասին, որոնք կը ձգեն որ վստահ չըլլանք թէ Եհովան մեզի արժէք կու տայ, կամ թէ մեր կեանքին մէջ իմաստուն որոշումներ առած ենք։ Ասոնք Սուրբ Գիրքին նշած այն կասկածները չեն, որոնք ցոյց կու տան որ հաւատք չունինք Եհովային եւ իր խոստումներուն հանդէպ։

b Թէեւ Սուրբ Գիրքը մեզի չ’ըսեր որ Դաւիթ ճիշդ քանի՛ տարեկան էր երբ Եհովան զինք ընտրեց, բայց ան հաւանաբար պատանի էր այդ ժամանակ (տե՛ս Դիտարան–ի 1 սեպտեմբեր 2011 թիւը, էջ 28, պարբ. 7, արաբ.)։

c ՆԿԱՐ. Երիտասարդ քոյր մը Սուրբ Գիրքին մէջ խրատներ կը փնտռէ, որպէսզի իր պարագային նկատմամբ Եհովային մտածելակերպը գիտնայ։

d ՆԿԱՐ. Եղբայր մը պատուհաններ կը մաքրէ, որպէսզի իր ընտանիքին ծախսերուն հոգ տանի, բայց անոր միտքը լման կեդրոնացած է Դրախտին վրայ։