Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 41

ԵՐԳ 5 Քրիստոս՝ մեր Տիպարը

Ի՞նչ կը սորվինք վերջին 40 օրուան ընթացքին Յիսուսին ըրածներէն

Ի՞նչ կը սորվինք վերջին 40 օրուան ընթացքին Յիսուսին ըրածներէն

«Որոնց ինքզինք ցուցուց. . . քառասուն օրուան մէջ անոնց երեւնալով ու Աստուծոյ թագաւորութեանը վրայ խօսելով» (ԳՈՐԾՔ 1։3

ՆԻՒԹ

Երկրի վրայ իր վերջին 40 օրուան ընթացքին Յիսուս ի՞նչ ըրաւ, եւ իրմէ ի՞նչ դասեր կը սորվինք։

1-2. Ի՞նչ պատահեցաւ մինչ երկու աշակերտներ Էմմաւուս կ’ուղղուէին։

 Ք.Ե. 33–ի նիսան 16–ն է։ Յիսուսին աշակերտները շատ նեղուած են եւ վախի մէջ են։ Երկու աշակերտներ Երուսաղէմէն ելլելով Էմմաւուս գիւղը կ’ուղղուին, որ Երուսաղէմէն 11 քմ. անդին է։ Անոնց յոյսերը ջուրը ինկած էին, քանի որ իրենց առաջնորդը՝ Յիսուսը, որ կը կարծէին թէ որպէս Մեսիան հիանալի բաներ պիտի ընէր հրեաներուն համար, սպաննուած էր։

2 Բայց անակնկալ մը կը սպասէր անոնց։ Օտար մարդ մը իրենց կը մօտենայ եւ կը սկսի իրենց հետ քալել։ Աշակերտները անոր կը պատմեն, թէ Յիսուսին ի՛նչ գէշ բաներ պատահեցան։ Ետքը, մարդը կը սկսի անոնց ըսել բաներ, որ կեանքերնին մէջ պիտի չմոռնան։ Ան «սկսելով Մովսէսէն ու բոլոր մարգարէներէն» կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ Մեսիան պէտք էր չարչարուէր ու մեռնէր։ Երբ երեքը Էմմաւուս կը հասնին, երկու աշակերտները կ’անդրադառնան որ այս օտար մարդը՝ յարութիւն առած Յիսուսն է։ Երեւակայէ որ անոնք որքա՜ն կ’ուրախանան, երբ կը տեսնեն որ Մեսիան ողջ է (Ղուկ. 24։13-35

3-4. Յիսուսի աշակերտներուն ի՞նչ պատահեցաւ, եւ ի՞նչ պիտի տեսնենք այս յօդուածին մէջ (Գործք 1։3

3 Երկինք վերադառնալէ առաջ, Յիսուս 40 օր երկրի վրայ էր եւ այդ միջոցին քանի մը անգամ իր աշակերտներուն երեւցաւ (կարդա՛ Գործք 1։3)։ Ան իր յուսահատ աշակերտները քաջալերեց եւ անոնք ուրախացան եւ ինքնավստահութիւն ու քաջութիւն ունեցան Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու եւ սորվեցնելու a։

4 Մեծապէս պիտի օգտուինք, երբ սորվինք այդ 40 օրուան ընթացքին Յիսուսին ըրածներուն մասին։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ Յիսուս ինչպէ՛ս այդ ժամանակը գործածեց՝ 1) իր աշակերտները քաջալերելու, 2) անոնց օգնելու որ Սուրբ Գրութիւնները աւելի լաւ հասկնան եւ 3) իր աշակերտները մարզելու, որ աւելի պատասխանատուութիւններ շալկեն։ Ամէն մէկ պարագային, պիտի տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել։

ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ՔԱՋԱԼԵՐԷ՛

5. Յիսուսի աշակերտները ինչո՞ւ քաջալերութեան պէտք ունէին։

5 Յիսուսի աշակերտները քաջալերութեան պէտք ունէին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մարդիկ ծուռ աչքով կը նայէին իրենց (Յովհ. 9։22) եւ ոմանք ալ ձգած էին տուն–տեղ, ընտանիք եւ գործ, որպէսզի լման ժամանակով Յիսուսին հետեւէին (Մատ. 19։27)։ Անոնք պատրաստ էին այս զոհողութիւնները ընելու եւ նոյնիսկ չարչարուելու, քանի որ կը հաւատային թէ Յիսուս խոստացեալ Մեսիան էր (Մատ. 16։16)։ Բայց երբ Յիսուս սպաննուեցաւ, անոնք շատ նեղուեցան եւ յուսախաբ եղան։

6. Յիսուս յարութիւն առնելէ ետք ի՞նչ ըրաւ։

6 Յիսուս կը հասկնար իր աշակերտներուն զգացումները, եւ գիտէր որ անոնք նեղուած էին ո՛չ թէ քանի որ հաւատք չունէին, հապա՝ քանի որ անոնց կորուստը մեծ էր։ Ասոր համար, ան յարութիւն առած օրը սկսաւ իր բարեկամները քաջալերել։ Օրինակ, ան Մարիամ Մագդաղենացիին երեւցաւ, երբ ան կու լար իր գերեզմանին քով (Յովհ. 20։11, 16)։ Ան նաեւ երեւցաւ այն երկու աշակերտներուն, որոնք Էմմաւուս կ’ուղղուէին։ Ան Պետրոս առաքեալին ալ երեւցաւ (Ղուկ. 24։34)։ Ի՞նչ կը սորվինք Յիսուսէն։ Նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ, երբ ան Մարիամ Մագդաղենացիին երեւցաւ։

7. Մարիամ ի՞նչ կ’ընէր երբ Յիսուս իրեն երեւցաւ, եւ Յիսուս զինք մխիթարելու համար ի՞նչ ըրաւ (Յովհաննէս 20։11-16) (տե՛ս նաեւ նկարը)։

7 Կարդա՛ Յովհաննէս 20։11-16։ Նիսան 16–ի առտուն, կարգ մը կիներ կանուխէն Յիսուսին գերեզմանը գացին (Ղուկ. 24։1, 10)։ Կիներէն մէկը՝ Մարիամ Մագդաղենացին էր։ Երբ ան գերեզման հասաւ, Յիսուսին մարմինը հոն չէր։ Ան վազելով Պետրոսին եւ Յովհաննէսին քով գնաց եւ անոնց հետ ետ գերեզման վերադարձաւ։ Երբ տեսան որ գերեզմանը պարապ է, Պետրոսն ու Յովհաննէսը տուն վերադարձան, բայց Մարիամը հոն մնաց եւ սկսաւ լալ։ Ան չանդրադարձաւ որ Յիսուս զինք կը դիտէր եւ իր արցունքները կը տեսնէր։ Յիսուս ուզելով Մարիամը մխիթարել, անոր երեւցաւ եւ պարզ բան մը ընելով՝ զինք շատ քաջալերեց։ Ան Մարիամին ըսաւ որ իր եղբայրներուն երթայ եւ անոնց տայ այն կարեւոր լուրը, թէ ինք յարութիւն առած է (Յովհ. 20։17, 18

Յիսուսը ընդօրինակէ. նկատէ թէ ուրիշներ ի՛նչ նեղութիւններէ կ’անցնին եւ անոնց հետ զգայ (տե՛ս պարբերութիւն 7)


8. Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել։

8 Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել։ Մենք ալ կրնանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնել, որ շարունակեն Եհովային ծառայել, եթէ Յիսուսին պէս նկատենք թէ անոնք ի՛նչ դժուարութիւններէ կ’անցնին, փորձենք անոնց զգացումները հասկնալ եւ մխիթարենք զանոնք։ Նկատի առ Ժոսլին անունով քրոջ մը փորձառութիւնը, որուն քոյրը ցաւալի արկածով մը մահացաւ։ Ան կ’ըսէ. «Ամիսներով չափազանց նեղուած էի»։ Բայց անգամ մը, եղբայր մը եւ իր կինը զինք իրենց տունը հրաւիրեցին եւ ուշի–ուշով իրեն մտիկ ըրին, մինչ իր զգացումները կ’արտայայտէր։ Ետքը, իրեն ըսին որ ինք Եհովային աչքին շատ արժէք ունի։ Ժոսլինը կ’ըսէ. «Զգացի որ կարծես թէ Եհովան անոնց միջոցաւ ինծի օգնեց, որ ալեկոծ ծովէ մը ազատիմ։ Անոնք մէջս փափաք արթնցուցին որ շարունակեմ Եհովային ծառայել»։ Մենք ալ կրնանք ուրիշները քաջալերել, եթէ անոնց ուշի–ուշով մտիկ ընենք եւ անոնց հետ զգանք, երբ իրենց սիրտը կը բանան։ Ասանկով, զանոնք կը մխիթարենք եւ անոնց կ’օգնենք որ շարունակեն Եհովային ծառայել (Հռով. 12։15

ՕԳՆԷ՛ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՀԱՍԿՆԱՆ

9. Յիսուսի աշակերտները ի՞նչ դժուարութիւն ունէին, եւ Յիսուս անոնց ինչպէ՞ս օգնեց։

9 Յիսուսի աշակերտները Աստուծոյ Խօսքը ընդունեցին եւ իրենց լաւագոյնը ըրին որ ատիկա իրենց կեանքին մէջ գործադրեն (Յովհ. 17։6)։ Բայց անոնք չէին կրնար հասկնալ, թէ Յիսուս ինչո՛ւ որպէս ոճրագործ սպաննուեցաւ։ Յիսուս անդրադարձաւ թէ անոնք գէշ սիրտ մը չունէին, հապա՝ պէտք ունէին Սուրբ Գրութիւնները աւելի լաւ հասկնալու (Ղուկ. 9։44, 45. Յովհ. 20։9)։ Ասոր համար, անոնց օգնեց որ ատոնց իմաստը հասկնան։ Նկատի առ թէ ան ասիկա ինչպէ՛ս ըրաւ, երբ Էմմաւուսի ճամբուն վրայ երկու աշակերտներուն երեւցաւ։

10. Յիսուս ինչպէ՞ս իր աշակերտներուն օգնեց, որ հասկնան թէ ինք իրապէս Մեսիան էր (Ղուկաս 24։18-27

10 Կարդա՛ Ղուկաս 24։18-27։ Նկատէ որ Յիսուս աշակերտներուն շուտով չըսաւ որ ինք ո՛վ էր, հապա՝ անոնց հարցումներ հարցուց։ Ինչո՞ւ։ Թերեւս ան կ’ուզէր որ անոնք իրենց սրտին եւ մտքին մէջինը արտայայտեն։ Այդպէս ալ եղաւ։ Անոնք իրեն պատմեցին թէ կ’ակնկալէին որ Յիսուս զիրենք պիտի ազատէր հռոմայեցիներէն։ Ասկէ ետքն էր որ Յիսուս Սուրբ Գրութիւնները գործածեց, անոնց օգնելու համար որ հասկնան թէ իր մահով շատ մը մարգարէութիւններ կատարուեցան b։ Իրիկունը, Յիսուս միւս աշակերտներուն երեւցաւ եւ անոնց ալ բացատրեց այդ մարգարէութիւններուն իմաստը (Ղուկ. 24։33-48)։ Այս պատմութենէն ի՞նչ կը սորվինք։

11-12. ա) Ի՞նչ կը սորվինք Յիսուսի սորվեցուցած կերպէն (տե՛ս նաեւ նկարները)։ բ) Նորթէյին հետ դաս ընողը իրեն ինչպէ՞ս օգնեց։

11 Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել։ Երբ Սուրբ Գիրքի աշակերտներուդ կը սորվեցնես, անոնց հարցումներ հարցուր, որպէսզի իրենց մտքին ու սրտին մէջինը արտայայտեն (Առ. 20։5)։ Անգամ մը որ անոնց զգացումները հասկնաս, անոնց ցոյց տուր թէ ինչպէ՛ս կրնան իրենց պարագային կիրարկուող համարներ գտնել։ Ետքը, դուն քեզ զսպէ՛ եւ իրենց մի՛ ըսեր թէ ի՛նչ պէտք է ընեն։ Հապա, անոնց հարցումներ հարցուր այդ համարներուն մասին։ Զիրենք քաջալերէ որ իրենց կարդացածին մասին մտածեն եւ տեսնեն թէ ատիկա իրենց կեանքին մէջ ինչպէ՛ս կրնան գործածել։ Նկատի առ Կանայէն եղող Նորթէյ անունով եղբօր մը փորձառութիւնը։

12 Նորթէյը 16 տարեկանին սկսաւ Սուրբ Գիրքը սերտել։ Շատ չանցած իր ընտանիքը սկսաւ զինք հալածել։ Ի՞նչը իրեն օգնեց որ շարունակէ սերտել։ Ատկէ առաջ, իրեն հետ սերտողը իրեն հետ քննարկած էր Մատթէոս գրքի 10–րդ գլուխը եւ բացատրած էր, որ իսկական քրիստոնեաները պիտի հալածուէին։ Նորթէյը կ’ըսէ. «Անոր համար, երբ հալածանքը սկսաւ, համոզուեցայ որ ճշմարտութիւնը գտած եմ»։ Իրեն հետ սերտողը նաեւ իրեն օգնեց, որ Մատթէոս 10։16–ին մասին մտածէ եւ տեսնէ որ ինչպէ՛ս կրնայ թէ՛ զգոյշ ըլլալ եւ թէ՛ յարգանքով, երբ կրօնական նիւթեր կը խօսի իր ընտանիքին հետ։ Նորթէյը իր մկրտութենէն ետք ուզեց ռահվիրայ ըլլալ, բայց իր հայրը կ’ակնկալէր որ ան համալսարան երթայ։ Իրեն հետ սերտողը իրեն չըսաւ թէ ի՛նչ պէտք է ընէ, հապա՝ իրեն հարցումներ հարցուց, որպէսզի իրեն օգնէ որ Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն մասին մտածէ եւ ճիշդ որոշումը առնէ։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Իր հայրը տունէն դուրս դրաւ զինք։ Լաւ, Նորթէյին կարծիքը ի՞նչ է պատահածներուն մասին։ Ան կ’ըսէ. «Լման համոզուած եմ որ ճիշդ որոշումը առի»։ Երբ մենք ալ ուրիշներուն օգնենք որ Սուրբ Գիրքին ըսածներուն մասին մտածեն, օգնած կ’ըլլանք որ իրենց հաւատքը զօրացնեն եւ շարունակեն Եհովային ծառայել (Եփ. 3։16-19

Յիսուսը ընդօրինակէ. ուրիշներուն օգնէ որ Աստուածաշունչը հասկնան (տե՛ս պարբերութիւն 11) e


ՏՂԱՄԱՐԴԻԿԸ ՄԱՐԶԷ ՈՐ «ՊԱՐԳԵՒՆԵՐ» ԴԱՌՆԱՆ

13. Յիսուս ի՞նչ ըրաւ որ քարոզչութիւնը շարունակուի իր երկինք ելլելէն ետք (Եփեսացիս 4։8

13 Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ան ըրաւ ճիշդ ինչ որ իր Հայրը ըսած էր որ ընէ (Յովհ. 17։4)։ Ան այսպէս չէր մտածեր. ‘Եթէ կ’ուզես որ բան մը յաջողի, ատիկա ձեռքովդ պէտք է ընես’։ Յիսուս իր երեքուկէս տարուան ծառայութեան ընթացքին ուրիշներն ալ մարզեց որ քարոզեն։ Ան իր աշակերտներուն կը վստահէր։ Եւ անոր համար, երկինք ելլելէ առաջ իր աշակերտներուն տուաւ այս պատասխանատուութիւնները. Եհովային արժէքաւոր ոչխարներուն հոգ տանիլ, ինչպէս նաեւ բարի լուրը քարոզել ու սորվեցնել։ Աշակերտներէն ոմանք հաւանաբար իրենց 20–ական տարիքին մէջն էին (կարդա՛ Եփեսացիս 4։8)։ Լաւ, Յիսուս ինչպէ՞ս իր վերջին 40 օրերը գործածեց, որ այս հաւատարիմ եւ ծանր աշխատող տղամարդոց օգնէ որ «պարգեւներ» դառնան։

14. Յիսուս ի՞նչ սորվեցուց իր աշակերտներուն իր վերջին 40 օրուան ընթացքին (տե՛ս նաեւ նկարը)։

14 Յիսուս իր աշակերտներուն պէտք եղած խրատները տուաւ եւ ասիկա ըրաւ ազնուօրէն։ Օրինակ, ան նկատեց որ իր աշակերտներէն ոմանք կասկածելու տկարութիւնը ունէին, եւ ասոր համար խրատ տուաւ անոնց (Ղուկ. 24։25-27. Յովհ. 20։27)։ Ան նաեւ անոնց ըսաւ որ կեդրոնանային Եհովային հօտը հովուելու վրայ, քան՝ իրենց անձնական գործին վրայ (Յովհ. 21։15)։ Անոնց յիշեցուց որ իրենց խելքը–միտքը մէկ բանի վրայ չըլլայ. թէ ուրիշներ Եհովային ծառայութեան մէջ ի՛նչ առանձնաշնորհումներ կը ստանան (Յովհ. 21։20-22)։ Նաեւ սրբագրեց Թագաւորութեան մասին անոնց ունեցած կարգ մը սխալ կարծիքները եւ օգնեց որ բարի լուրը քարոզելու վրայ կեդրոնանան (Գործք 1։6-8)։ Երէցները ի՞նչ կը սորվին Յիսուսէն։

Յիսուսը ընդօրինակէ. տղամարդոց օգնէ որ աւելի պատասխանատուութիւններ շալկեն (տե՛ս պարբերութիւն 14)


15-16. ա) Երէցները ինչպէ՞ս կրնան Յիսուսը ընդօրինակել։ բ) Փաթրիքը ինչպէ՞ս օգտուեցաւ իրեն տրուած խրատէն։

15 Երէցները ինչպէ՞ս կրնան Յիսուսը ընդօրինակել։ Անոնք պէտք է մարզեն եղբայրները, նոյնիսկ տարիքով պզտիկները, որ կարենան աւելի պատասխանատուութիւններ շալկել c։ Երէցները չեն ակնկալել որ մարզուողները կատարեալ ըլլան։ Անոնք պէտք է սիրալիր կերպով խրատ տան այդ երիտասարդ եղբայրներուն, որպէսզի փորձառութիւն շահին եւ ըլլան խոնարհ, վստահելի եւ ծառայասէր (Ա. Տիմ. 3։1. Բ. Տիմ. 2։2. Ա. Պետ. 5։5

16 Նկատի առ թէ Փաթրիք անունով եղբայր մը ինչպէ՛ս իրեն տրուած խրատէն օգտուեցաւ։ Երբ տարիքով պզտիկ էր, սովորութիւնը ունէր ուրիշներուն հետ կոշտ ու կոպիտ կերպով խօսելու եւ վարուելու, մէջը ըլլալով՝ քոյրերը։ Հասուն երէց մը նկատեց Փաթրիքին այս տկարութիւնը եւ զինք անկեղծօրէն, բայց ազնուօրէն խրատեց։ Փաթրիքը կ’ըսէ. «Ուրախ եմ որ երէցը ինծի խրատ տուաւ։ Քանի որ կը յուսահատէի, երբ կը տեսնէի որ ուրիշ եղբայրներու առանձնաշնորհումներ կը տրուին, որոնք ես կը փափաքէի ունենալ։ Բայց երէցին խրատը ինծի օգնեց, որ տեսնեմ թէ պէտք է եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ խոնարհութեամբ եւ սիրով վարուիմ, փոխանակ կեդրոնանալու առանձնաշնորհումներ ձեռք ձգելու վրայ»։ Եւ որովհետեւ Փաթրիքը տրուած խրատը գործադրեց, ան երէց նշանակուեցաւ երբ տակաւին քսանական տարիքի սկիզբն էր։ Առակաց 27։9–ն (ՆԱ) իր պարագային կիրարկուեցաւ. «Իւղն ու խունկը սիրտը կ’ուրախացնեն. նոյնպէս կ’ուրախացնէ մտերիմ բարեկամը, որ անկեղծ խրատ կու տայ»։

17. Յիսուս ինչպէ՞ս ցուցուց որ կը վստահէր իր աշակերտներուն։

17 Յիսուս իր աշակերտներուն տուաւ թէ՛ քարոզելու եւ թէ՛ սորվեցնելու պատասխանատուութիւնը։ Թերեւս աշակերտները կը զգային որ իրենք չեն կրնար այս նշանակումը ընել։ Բայց Յիսուս կասկած չունէր որ անոնք կրնային յաջողիլ։ Անոր համար, անոնց հանդէպ իր վստահութիւնը ցոյց տալով ըսաւ. «Ինչպէս Հայրը զիս ղրկեց, ես ալ ձեզ կը ղրկեմ» (Յովհ. 20։21

18. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան Յիսուսը ընդօրինակել։

18 Երէցները ինչպէ՞ս կրնան Յիսուսը ընդօրինակել։ Փորձառու երէցները ուրիշները կը մարզեն՝ կարգ մը պատասխանատուութիւններ տալով անոնց (Փլպ. 2։19-22)։ Օրինակ, երէցները կրնան տարիքով պզտիկներէն խնդրել, որ օգնեն Թագաւորութեան սրահը մաքրելու եւ նորոգելու։ Երբ երէցները մէկէ մը կը խնդրեն որ բան մը ընէ, զինք կը մարզեն եւ իր վրայ վստահութիւն կ’ունենան որ գործը ճիշդ կերպով պիտի ընէ։ Մէթիու անունով նոր երէց մը կ’ըսէ, որ ինք շատ կը գնահատէ փորձառու երէցներուն ըրածը։ Անոնք զինք լման կը մարզեն որոշ նշանակում մը ընելու եւ միեւնոյն ատեն իր վրայ վստահութիւն կ’ունենան որ պիտի կրնայ յաջողիլ։ Ան կ’ըսէ. «Երբ սխալ մը կ’ընեմ, երէցները կը զգացնեն որ ասիկա բնական է եւ ինծի կ’օգնէ որ սխալներէս սորվիմ» d։

19. Ի՞նչ բանի մէջ պէտք է ջանք թափենք։

19 Յիսուս երկրի վրայ իր վերջին 40 օրերը գործածեց, որ ուրիշները քաջալերէ, սորվեցնէ եւ մարզէ։ Ջանք թափենք որ իրեն պէս ընենք (Ա. Պետ. 2։21)։ Ան մեզի պիտի օգնէ ասոր մէջ, քանի որ այս խոստումը տուած է մեզի. «Ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը» (Մատ. 28։20

ԵՐԳ 109 Ողջունե՛նք Եահի անդրանիկ Որդին

a Աւետարանները եւ Աստուածաշունչի ուրիշ գիրքեր, ցոյց կու տան որ իր յարութենէն ետք, Յիսուս շատ անգամներ երեւցաւ ուրիշներու, օրինակ՝ Մարիամ Մագդաղենացիին (Յովհ. 20։11-18), ուրիշ կիներու (Մատ. 28։8-10. Ղուկ. 24։8-11), 2 աշակերտներու (Ղուկ. 24։13-15), Պետրոսին (Ղուկ. 24։34), առաքեալներուն՝ բացի Թովմասէն (Յովհ. 20։19-24), առաքեալներուն՝ Թովմասին հետ (Յովհ. 20։26), 7 աշակերտներու (Յովհ. 21։1, 2), 500–է աւելի աշակերտներու (Մատ. 28։16. Ա. Կոր. 15։6), իր եղբօր՝ Յակոբոսին (Ա. Կոր. 15։7), բոլոր առաքեալներուն (Գործք 1։4), եւ առաքեալներուն՝ Բեթանիայի մօտ (Ղուկ. 24։50-52)։ Թերեւս ուրիշ անգամներ ալ երեւցաւ, բայց ատոնք Սուրբ Գիրքին մէջ չեն արձանագրուած (Յովհ. 21։25

b Մեսիական մարգարէութիւններու ցանկ մը գտնելու համար, տե՛ս «Մարգարէութիւնները կը փաստե՞ն որ Յիսուս Մեսիան էր» յօդուածը, jw.org կայքին վրայ։

c Կարգ մը պարագաներու, նոյնիսկ 25-30 տարիքի միջեւ եղող երէցներ կրնան նշանակուիլ որպէս շրջանային տեսուչ։ Բայց նախ անոնք պէտք է որպէս երէց փորձառութիւն ձեռք ձգած ըլլան։

d Տեսնելու համար թէ ինչպէ՛ս կրնաս տարիքով պզտիկ եղբայրներուն օգնել, որ պատասխանատուութիւններ ձեռք ձգեն, տե՛ս Դիտարան–ի օգոստոս 2018 թիւը, էջ 11-12, պարբ. 15-17, եւ 15 ապրիլ 2015 թիւը, էջ 3-13։

e ՆԿԱՐ. Եղբայր մը իր աշակերտին կ’օգնէ որ իր կարդացածին մասին մտածէ։ Աշակերտը կ’որոշէ Կաղանդի զարդերը թափել։