Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Անցեալին երաժշտութիւնը որքա՞ն կարեւոր էր իսրայէլացիներուն համար

ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ շատ կարեւոր էր հրէական մշակոյթին մէջ։ Սուրբ Գիրքը շատ անգամ կը նշէ անձեր, որոնք նուագարան կը նուագէին կամ երգեր կ’երգէին։ Սուրբ Գիրքին գրեթէ տասը առ հարիւրը երգեր են։ Օրինակ, Սաղմոսաց, Երգ Երգոց եւ Ողբք գիրքերը գրուած են որ երգուին։ Գիրքը մը կ’ըսէ թէ Աստուածաշունչը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ երաժշտութիւնը մաս կը կազմէր իսրայէլացիներուն շատ մը առօրեայ գործունէութիւններուն (Music in Biblical Life

Երաժշտութիւնը՝ առօրեայ կեանքին մէջ։ Իսրայէլացիները կը նուագէին ու կ’երգէին, որպէսզի իրենց զգացումները արտայայտէին (Եսա. 30։29)։ Կիները թմբուկ կը նուագէին, ուրախութեամբ կ’երգէին ու կը պարէին, երբ՝ նոր թագաւոր մը օծուէր, զինուորական յաղթանակ մը տարուէր եւ կրօնական տօնակատարութիւններ տեղի ունենային (Դատ. 11։34. Ա. Թագ. 18։6, 7. Գ. Թագ. 1։39, 40)։ Նաեւ, երբ մէկը մահանար, իսրայէլացիները ողբեր, կամ՝ շատ յուզիչ երգեր, կ’երգէին (Բ. Մն. 35։25)։ Կասկած չկայ որ իսրայէլացիները «երաժշտութիւնը շատ սիրող ժողովուրդ մըն էին», ինչպէս որ համայնագիտարան մը կ’ըսէ (McClintock and Strong’s Cyclopedia

Երաժշտութիւնը՝ պալատին մէջ։ Իսրայէլի թագաւորները շատ կը սիրէին երաժշտութիւնը։ Սաւուղ թագաւորը Դաւիթը իր պալատը բերաւ, որպէսզի քնար նուագէր (Ա. Թագ. 16։18, 23)։ Յետագային, երբ Դաւիթ թագաւոր եղաւ, նուագարաններ հնարեց, աղուոր երգեր գրեց եւ Եհովային տաճարին նուագախումբը կազմակերպեց (Բ. Մն. 7։6. Ամս. 6։5)։ Սողոմոն թագաւորը երգիչներ եւ երգչուհիներ ունէր իր պալատին մէջ (Ժող. 2։8

Երաժշտութիւնը՝ պաշտամունքի մէջ։ Ամէնէն կարեւորը, իսրայէլացիները երաժշտութիւն կը գործածէին Եհովան պաշտելու համար։ 4000 երաժիշտներ նուագարաններ կը նուագէին Երուսաղէմի տաճարին մէջ (Ա. Մն. 23։5)։ Անոնք կը նուագէին ծնծղայ, տաւիղ, քնար եւ փող (Բ. Մն. 5։12)։ Բայց այս վարպետ երաժիշտները միակը չէին, որ երաժշտութեամբ Եհովան կը պաշտէին։ Ըստ երեւոյթին, շատ մը իսրայէլացիներ Աստիճաններուն երգերը կ’երգէին, երբ տարեկան տօնակատարութիւններուն համար Երուսաղէմ կ’երթային (Սաղ. 120-134)։ Եւ ըստ հրէական գրութիւններու, իսրայէլացիները Հալլէլի սաղմոսները a կ’երգէին Պասեքի ընթրիքը կերած ատեննին։

Երաժշտութիւնը մինչեւ օրս շատ կարեւոր է Աստուծոյ ծառաներուն համար (Յակ. 5։13)։ Անով Եհովան կը փառաբանենք (Եփ. 5։19)։ Անով եղբայրներուն եւ քոյրերուն մօտիկ կը զգանք (Կող. 3։16)։ Ատիկա մեզ կը զօրացնէ երբ նեղութիւններէ կ’անցնինք (Գործք 16։25)։ Երաժշտութիւնը հոյակապ կերպ մըն է Եհովային հանդէպ մեր հաւատքն ու սէրը ցոյց տալու համար։

a Հրեաները Սաղմոս 113–էն 118 կը կոչէին Հալլէլի սաղմոսները եւ ատոնք կ’երգէին Եհովան փառաբանելու համար։