Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Սողոմոնին տաճարին նախասրահին բարձրութիւնը որքա՞ն էր։

Նախասրահը տաճարին Սրբութեան բաժանմունքին մուտքն էր։ 2023–էն առաջ հրատարակուած Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութեան օրինակներուն համաձայն, «[նախա]սրահին երկայնութիւնը՝ տանը լայնութեան պէս՝ քսան կանգուն ու բարձրութիւնը հարիւր քսան կանգուն էր» (Բ. Մն. 3։4)։ Ուրիշ թարգմանութիւններ ալ կը նշեն թէ նախասրահին բարձրութիւնը «120 կանգուն» էր, այսինքն՝ անիկա 53 մեթր աշտարակ մը կրնար ըլլալ։

Բայց Նոր աշխարհի թարգմանութեան 2023–ի տպագրութիւնը Սողոմոնին տաճարին նախասրահին մասին կ’ըսէ. «Բարձրութիւնը քսան կանգուն էր», այսինքն՝ գրեթէ 9 մեթր a։ Տեսնենք թէ ինչո՛ւ այս սրբագրութիւնը եղաւ։

Գ. Թագաւորաց 6։3–ին մէջ նախասրահին բարձրութիւնը նշուած չէ։ Այդ համարին մէջ, Երեմիան նշեց նախասրահին երկայնքն ու լայնքը, բայց ոչ՝ բարձրութիւնը։ Ետքը, յաջորդ գլուխին մէջ, ան մանր–մունր մանրամասնութեամբ նկարագրեց տաճարին կարգ մը աչքառու մասերը, մէջը ըլլալով՝ ձուլածոյ ծովը, տասը մեքենովթները եւ նախասրահին առջեւի երկու սիւները (Գ. Թագ. 7։15-37)։ Եթէ նախասրահը իրապէս 50 մեթրէն աւելի բարձր էր եւ տաճարին միւս մասերէն շատ աւելի երկար էր, լաւ Երեմիան ինչո՞ւ ատոր բարձրութիւնը չյիշեց։ Նոյնիսկ ատկէ դարեր ետք, հրեայ պատմաբաններ գրեցին որ նախասրահը տաճարին միւս մասերէն աւելի բարձր չէր։

Ուսումնականները կը կասկածին որ տաճարին պատերը կրնային շալկել 120 կանգուն (53 մեթր) բարձրութեամբ նախասրահ մը։ Անցեալին, քարէ եւ աղիւսէ շինուած շատ բարձր կառոյցները, օրինակ՝ Եգիպտոսի տաճարներուն հսկայ դռները, շատ լայն յատակ մը կ’ունենային, որոնք որքա՛ն բարձրանային, այնքա՛ն կը նեղնային։ Բայց Սողոմոնի տաճարը տարբեր էր։ Ուսումնականները կ’ըսեն որ անոր պատերուն հաստութիւնը վեց կանգունէն (2,7 մեթր) պակաս էր։ Պատմական ճարտարագիտութեամբ զբաղող մասնագէտ՝ Թէոտոր Պիուսինք, ըսաւ. «[Տաճարին մուտքի] պատերուն հաստութիւնը նկատի ունենալով, նախասրահը չէր կրնար 120 կանգուն [բարձրութեամբ] ըլլալ»։

Կրնայ ըլլալ որ Բ. Մնացորդաց 3։4–ը սխալ ընդօրինակուած է։ Թէեւ կարգ մը հին ձեռագիրներ «120» թիւը կը յիշեն այս համարին մէջ, բայց ուրիշ վստահելի ձեռագիրներուն մէջ կը կարդանք «20 կանգուն», օրինակ՝ հինգերորդ դարու Աղեքսանդրեան ձեռագիր մատեանը եւ վեցերորդ դարու Ամպրոսեան ձեռագիր մատեանը։ Լաւ, ընդօրինակող մը ինչո՞ւ սխալմամբ «120» գրած կրնայ ըլլալ։ Քանի որ եբրայերէն լեզուին մէջ՝ «հարիւր» եւ «կանգուն» բառերը իրարու կը նմանին։ Ուրեմն, կրնայ ըլլալ որ ընդօրինակող մը «կանգուն» բառին տեղ «հարիւր» բառը գրած է։

Անշուշտ, թէեւ կը ջանանք այս մանրամասնութիւնները հասկնալ եւ կը փորձենք Սողոմոնին տաճարը ճշգրտօրէն նկարագրել, բայց յատկապէս կը կեդրոնանանք թէ այդ տաճարը ի՛նչ կը ներկայացնէ. հոգեւոր մեծ տաճարը։ Որքա՜ն շնորհակալ ենք որ Եհովան իր բոլոր ծառաները հրաւիրած է որ զինք պաշտեն այդ տաճարին մէջ (Եբ. 9։11-14. Յայտ. 3։12. 7։9-17

a Նոր աշխարհի թարգմանութեան 2023–ի տպագրութեան մէջ, ստորանիշ մը կը յստակացնէ, թէ «կարգ մը հին ձեռագիրներ հոս ‘120’ կ’ըսեն, մինչ ուրիշ ձեռագիրներ եւ կարգ մը թարգմանութիւններ՝ ‘20 կանգուն’ կ’ըսեն»։