Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

1924. Հարիւր տարի առաջ

1924. Հարիւր տարի առաջ

«ՏԱՐՈՒԱՆ սկիզբը լաւ ժամանակ մըն է, որ Տիրոջ իւրաքանչիւր նուիրուած զաւակը. . . իրեն աւելի ծառայելու նոր կերպեր փնտռէ», ըսաւ Տեղեկագիր–ին a յունուար 1924 թիւը (անգլ.)։ Այդ տարուան ընթացքին, Աստուածաշունչի Աշակերտները այդ խրատը երկու կերպերով գործադրեցին. համարձակ քայլեր առնելով եւ անվախօրէն քարոզելով։

ԱՆՈՆՔ ՀԱՄԱՐՁԱԿՕՐԷՆ ՌԱՏԻՕԿԱՅԱՆ ՄԸ ՀԻՄՆԵՑԻՆ

Բեթէլին մէջ եղբայրները մէկ տարիէն աւելի կ’աշխատէին, որ WBBR ռատիօկայանը հիմնեն՝ Նիւ Եորք Սիթիի Սթէթըն կղզիին մէջ։ Նախ անոնք հողամասին վրայ գտնուող ծառերը կտրեցին եւ ետքը երկու կառոյցներ շինեցին. մեծ տուն մը՝ աշխատողներուն համար, եւ կառոյց մը՝ գործիքներուն համար։ Երբ անոնք այս գործը վերջացուցին, սկսան ռատիօկայանին գործիքները կազմել, որպէսզի սկսին ձայնասփռել։ Բայց քանի մը դժուարութիւններ կային անոնց առջեւ։

Ռատիօկայանին գլխաւոր ալեհաւաքը (անթէնը) հեծցնելը շատ դժուար էր։ 91 մեթր երկարութեամբ ալեհաւաքը պէտք էր դրուէր 61 մեթր երկարութեամբ երկու տախտակէ ցիցերու միջեւ։ Առաջին փորձը ձախողեցաւ։ Եհովային օգնութեան վստահելով եղբայրները ի վերջոյ յաջողեցան։ Այս ծրագրին մէջ աշխատող Քէլվին Փրասըր անունով եղբայր մը, ըսաւ. «Եթէ մեր առաջին փորձը յաջողէր, ինքզինքնիս պիտի տեսնէինք»։ Եղբայրները ըսին, թէ Եհովային օգնութեամբ էր որ ասիկա կրցան ընել։ Բայց խնդիրները հոս վերջ չգտան։

WBBR ռատիօկայանին ալեհաւաքին (անթէնին) տախտակէ մէկ ցիցը կը հեծցուի

Այդ ժամանակ, ռատիոյէն ձայնասփռում ընելը տակաւին նոր էր եւ դիւրին չէր պէտք եղած գործիքները գնելը։ Անոր համար, եղբայրները բերին ձեռքով շինուած եւ գործածուած 500 ուաթ գործիք մը (transmitter)։ Եւ փոխանակ յատուկ միքրոֆոն մը գնելու, անոնք գործածեցին սովորական հեռաձայնի մը միքրոֆոնը։ Փետրուարի գիշեր մը, եղբայրները ուզեցին փորձ մը ընել եւ քանի որ յայտագիր մը չէր պատրաստուած, անոնք Թագաւորութեան երգեր երգեցին։ Էռնեսթ Լօ անունով եղբայր մը ժպտելով պատմեց, որ մինչ եղբայրները կ’երգէին, շուրջ 25 քիլոմեթր անդիէն՝ Պրուքլինէն՝ իրենց հեռաձայնեց Դատաւոր Ռատըրֆորտը b, որ իրենց երգելը ռատիոյէն լսած էր։

«Այդ աղմուկը կեցուցէ՛ք, կատուներու ձայն կը հանէ՛ք», ըսաւ եղբայր Ռատըրֆորտը։ Եղբայրները ամչցան եւ շուտով ձայնասփռումը կեցուցին։ Բայց անոնց միտքը հանգստացաւ, որ գործիքները կ’աշխատէին եւ թէ իրենք հիմա պատրաստ էին ձայնասփռելու։

Առաջին ձայնասփռումին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ 24 փետրուար 1924–ին, եղբայր Ռատըրֆորտը ըսաւ որ ռատիօկայանը պիտի գործածուի, «որ թագաւոր Յիսուսին գործը կատարուի»։ Ան ըսաւ որ ռատիօկայանին նպատակն է՝ «բոլոր մարդոց օգնել որ աւելի լաւ հասկնան Աստուածաշունչը եւ մեր ապրած կարեւոր ժամանակը»։

Ձախ. Եղբայր Ռատըրֆորտը առաջին սթիւտիոյին մէջ

Աջ. Ռատիօկայանին գործիքները

Առաջին ձայնասփռումը շատ յաջող էր։ WBBR ռատիօկայանը 33 տարի գործածուեցաւ, որպէսզի Եհովայի ժողովուրդին յայտագիրները սփռէ։

ԱՆՈՆՔ ՀԱՄԱՐՁԱԿՕՐԷՆ ԱՄԲԱՍՏԱՆԵՑԻՆ ԿՂԵՐԱԿԱՆՆԵՐԸ

Յուլիս 1924–ին, Աստուածաշունչի Աշակերտները համաժողով մը ունեցան Գոլըմպըսի մէջ, Օհայօ։ Աշխարհի չորս կողմէն Աստուածաշունչի Աշակերտներ եկան եւ դասախօսութիւններ լսեցին հետեւեալ լեզուներով՝ անգլերէն, արաբերէն, գերմաներէն, իտալերէն, լեհերէն, լիթվերէն, հունգարերէն, յունարէն, ուքրաներէն, ռուսերէն, Սկանտինավիոյ լեզուները եւ ֆրանսերէն։ Մարդիկ կրնային ռատիոյէն մտիկ ընել յայտագիրին կարգ մը մասերը։ Ասկէ զատ, եղբայրները տեղական թերթէ մը (Ohio State Journal ) խնդրեցին որ ամէն օր յօդուածներ գրէ համաժողովին մասին։

1924–ի համաժողովը՝ Գոլըմպըսի մէջ, Օհայօ

Հինգշաբթի՝ յուլիս 24–ին, աւելի քան 5,000 եղբայրներ ու քոյրեր լման օր մը ծառայութեան ելան։ Անոնք մօտ 30,000 գիրք տեղաւորեցին եւ Աստուածաշունչի հազարաւոր ուսումնասիրութիւններ սկսան։ Դիտարան–ը այդ օրը կոչեց «համաժողովին ամէնէն ուրախ օրը»։

Ուրբաթ՝ յուլիս 25–ին, իր դասախօսութիւններէն մէկուն մէջ, եղբայր Ռատըրֆորտը քաջաբար ամբաստանագիր մը կարդաց՝ եկեղեցականներուն դէմ։ Ան ըսաւ թէ քաղաքագէտները, կրօնականները եւ վաճառականները պատճառ կ’ըլլան, որ մարդիկ «Աստուծոյ անոնց համար հայթայթած կենաց. . . օրհնութիւններէն անտեղեակ մնան»։ Ասկէ զատ, ամբաստանագիրը ըսաւ թէ այս մարդիկը «կը յայտարարեն թէ [Ազգերու Լիկան] ‘երկրի վրայ Աստուծոյ Թագաւորութեան քաղաքական արտայայտութիւնն է’»։ Աստուածաշունչի Աշակերտները այս պատգամը մարդոց քարոզելու համար համարձակութեան պէտք ունէին։

Այս համաժողովին ազդեցութեան մասին խօսելով, Դիտարան–ը ըսաւ. «Գոլըմպըսի մէջ տեղի ունեցած այս համաժողովը մեր նախանձախնդիր եղբայրներուն ու քոյրերուն հաւատքը զօրացուց։ Անոնց քաջութիւն տուաւ որ շարունակեն քարոզել հակառակութեան դիմաց»։ Համաժողովին ներկայ եղող Լիօ Գլաուսը պատմեց. «Համաժողովէն ետք շատ խանդավառ էինք, որ այս պատգամը քարոզենք թաղամասին մէջ»։

Եկեղեցականները ամբաստանուած թերթիկէն օրինակ մը

Հոկտեմբերին, Աստուածաշունչի Աշակերտները սկսան բաժնել Եկեղեցականները ամբաստանուած բնաբանով թերթիկը, որ եղբայր Ռատըրֆորտին կարդացած ամբաստանագրին տպուած օրինակն էր։ Օքլահոմա նահանգին Քլիվլէնտ գիւղաքաղաքին մէջ, եղբայր Ֆրէնք Ճոնսընը կանուխ վերջացուց իրեն նշանակուած թաղամասին մէջ թերթիկը բաժնելը, եւ տակաւին 20 վայրկեան կար որ միւս հրատարակիչները գային զինք առնելու։ Ան չէր կրնար ճամբան սպասել, քանի որ գիւղաքաղաքին մարդիկը ջղայնացած զինք կը փնտռէին։ Եղբայր Ֆրէնքը որոշեց եկեղեցիի մը մէջ պահուըտիլ։ Երբ տեսաւ որ եկեղեցին պարապ է, Եկեղեցականները ամբաստանուած թերթիկէն օրինակներ դրաւ քարոզիչին Աստուածաշունչին մէջ եւ ամէն մէկ աթոռի վրայ, եւ կայծակի արագութեամբ դուրս ելաւ։ Երբ ան տեսաւ որ դեռ ժամանակ ունի, ուրիշ երկու եկեղեցիներու մէջ ալ նոյնը ըրաւ։

Եղբայր Ֆրէնքը աճապարանօք գնաց հոն, ուր եղբայրներուն հետ համաձայնած էր տեսնուիլ։ Ան պենզինի կայարանի մը ետեւը պահուըտեցաւ եւ զգոյշ էր որ զինք հետապնդողները չտեսնեն զինք։ Անոնք ինքնաշարժով անցան հոնկէ, բայց զինք չտեսան։ Անկէ անմիջապէս ետք, եղբայրները ինքնաշարժով հասան եւ զինք առին։

Եղբայրներէն մէկը կը պատմէ. «Երբ գիւղաքաղաքէն դուրս կ’ելլէինք, երեք եկեղեցիներուն առջեւէն անցանք։ Գրեթէ 50 հոգի կար ամէն մէկ եկեղեցիին առջեւ։ Անոնցմէ ոմանք թերթիկը կը կարդային, ուրիշներ թերթիկը քարոզիչին կը ցուցնէին։ Քիչ մնաց որ բռնուէինք։ Շնորհակալութիւն յայտնեցինք մեր Եհովա Աստուծոյ, քանի որ մեզ պաշտպանեց եւ իմաստութիւն տուաւ որ Թագաւորութեան թշնամիներուն ձեռքէն ազատինք»։

ԱՆՈՆՔ ՀԱՄԱՐՁԱԿՕՐԷՆ ՔԱՐՈԶԵՑԻՆ ՈՒՐԻՇ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Եոսէֆ Քրէթ

Ուրիշ երկիրներու մէջ, Աստուածաշունչի Աշակերտները նոյն համարձակութեամբ քարոզեցին։ Հիւսիսային Ֆրանսայի մէջ, Եոսէֆ Քրէթ անունով եղբայր մը, լեհացի գաղթականներու քարոզեց։ Ան «Մեռելները մօտ օրէն յարութիւն պիտի առնեն» բնաբանով դասախօսութիւն մը պիտի տար։ Երբ գիւղաքաղաքին բնակիչներուն հրաւիրագիրներ բաժնուեցան, քահանան տեղացիները զգուշացուց որ ներկայ չըլլան։ Բայց ասիկա հակառակ ազդեցութիւն ունեցաւ։ Աւելի քան 5000 հոգի դասախօսութեան ներկայ եղան, նո՛յնիսկ քահանան։ Եղբայր Քրէթը քահանան հրաւիրեց որ իր հաւատալիքները պաշտպանէ, բայց ան մերժեց։ Դասախօսութենէն ետք, եղբայր Քրէթը իր քով եղած բոլոր հրատարակութիւնները ներկաներուն բաժնեց, նկատելով որ անոնք Աստուծոյ Խօսքին ծարաւը ունէին (Ամս. 8։11

Քլոտ Պրաուն

Ափրիկէի մէջ, Քլոտ Պրաուն անունով եղբայր մը բարի լուրը բերաւ Կոլտ Քոսթ, որ հիմա Կանա կը կոչուի։ Իր տուած դասախօսութիւնները եւ բաժնած հրատարակութիւնները օգնեցին, որ ճշմարտութիւնը արագօրէն տարածուի այդ երկրին մէջ։ Ճոն Պլէնքսըն անունով երիտասարդ մը, որ դեղագործութիւն կ’ուսանէր, ներկայ եղաւ անոր դասախօսութիւններէն մէկուն։ Ան շուտով անդրադարձաւ որ ճշմարտութիւնը գտած էր։ Ան ըսաւ. «Երբ ճշմարտութիւնը գտայ, շատ ուրախացայ, եւ ատոր մասին շատերու խօսեցայ ուսանած տեղս»։

Ճոն Պլէնքսըն

Օր մը, Ճոնը Անկլիքան եկեղեցի մը այցելեց, քահանային հարցումներ հարցնելու համար երրորդութեան մասին, քանի որ ան սորված էր թէ Աստուածաշունչը Երրորդութիւն չի սորվեցներ։ Քահանան շատ ջղայնացաւ եւ զինք վռնտեց, պոռալով. «Դո՛ւն քրիստոնեայ չես, դո՛ւն Սատանան կը պաշտես։ Դուրս կորսուէ՛»։

Երբ Ճոնը տուն եկաւ, քահանային նամակ մը գրեց եւ զինք հրաւիրեց որ միասին Երրորդութեան մասին քննարկեն ուրիշներու առջեւ։ Քահանան Ճոնին ըսաւ որ դպրոցին գլխաւոր ուսուցիչին քով երթայ։ Ուսուցիչը իրեն հարցուց որ իրապէս նամակ գրա՞ծ էր քահանային։

«Այո՛, գրեցի», պատասխանեց Ճոնը։

Ուսուցիչը իրեն ըսաւ որ նամակով մը ներողութիւն խնդրէ քահանայէն։ Ճոնը այսպիսի նամակ մը գրեց.

«Պարոն, ուսուցիչս ինձմէ խնդրեց որ նամակով մը քեզմէ ներողութիւն խնդրեմ։ Ես պատրաստ եմ ասիկա ընելու, պայմանաւ որ խոստովանիք թէ սխալ ուսուցումներ կը սորվեցնէք»։

Ուսուցիչը ապշած հարցուց. «Պլէնքսըն, վստա՞հ ես որ ասիկա կ’ուզես գրել»։

«Այո՛ պարոն, ուրիշ ըսելիք մը չունիմ»։

«Դպրոցէն պիտի վռնտուիս։ Չե՛ս կրնար ակնկալել այս պետական դպրոցին մէջ մնալ, եթէ պետական կրօնքին քահանային դէմ պիտի խօսիս»։

«Բայց պարոն,. . . երբ մեզի դաս մը կը բացատրես եւ կէտեր կան որ չենք հասկնար, քեզի հարցումեր չե՞նք հարցներ»։

«Անշո՛ւշտ»։

«Ճիշդ ասիկա է որ եղաւ։ Քահանան մեզի Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնէր եւ ես իրեն հարցում մը հարցուցի։ Եթէ ան հարցումիս չի կրնար պատասխանել, ինչո՞ւ ինձմէ պիտի խնդրուի որ նամակով մը իրմէ ներողութիւն խնդրեմ»։

Պլէնքսընը դպրոցէն չվռնտուեցաւ, եւ ներողութիւն ալ չխնդրեց։

ԱՆՈՆՔ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԷԻՆ ԳԱԼԻՔ ՕՐԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Դիտարան–ը ասիկա ըսաւ տարուան ընթացքին մեր ըրածներուն մասին. «Ճիշդ Դաւիթ թագաւորին պէս կրնանք ըսել. ‘Պատերազմի համար ինծի զօրութիւն հագցուցիր’ (Սաղմոս 18։39)։ Այս տարին շատ քաջալերական էր, քանի որ Տիրոջ ձեռքը տեսանք. . . իր հաւատարիմ ծառաները ուրախութեամբ քարոզեցին բարի լուրը»։

Տարուան վերջաւորութեան, եղբայրները ծրագրեցին ուրիշ ռատիօկայան մը հիմնել Շիքակոյի մէջ։ Անիկա կոչուեցաւ ԽՕՍՔ (WORD)։ 5000 ուաթ գործիք մը գործածելով, ԽՕՍՔ ռատիօկայանը Թագաւորութեան պատգամը պիտի հասցնէր հարիւրաւոր քիլոմեթրներ անդին, նոյնիսկ՝ Քանատայի հիւսիսը։

1925–ին, Եհովան եղբայրներուն օգնեց որ աւելի յստակ կերպով հասկնան Յայտնութիւն գիրքին 12–րդ գլուխը։ Այդ նոր տեղեկութիւններուն պատճառով ոմանք ետ կեցան Եհովային ծառայելէ։ Բայց շատեր ուրախ էին, որ կրցան աւելի՛ հասկնալ ինչ որ երկինքին մէջ տեղի ունեցաւ եւ թէ ատիկա ի՛նչ կերպով ազդեց երկրի վրայ Աստուծոյ ծառաներուն։

a Հիմա կը կոչուի՝ Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. Ժողովի տետր։

b Ժ. Ֆ. Ռատըրֆորտը, որ այդ ժամանակ առաջնորդութիւնը կ’առնէր կազմակերպութեան մէջ, ճանչցուած էր որպէս «Դատաւոր» Ռատըրֆորտ։ Բեթէլի մէջ ծառայելէ առաջ, ան ատեն–ատեն որպէս յատուկ դատաւոր կը ծառայէր Միսուրիի շրջանային դատական ութերորդ ատեանին մէջ։