Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Զիս ատոնցմէ աւելի կը սիրե՞ս»

«Զիս ատոնցմէ աւելի կը սիրե՞ս»

«Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս ատոնցմէ աւելի կը սիրե՞ս» (ՅՈՎՀ. 21։15

ԵՐԳԵՐ. 128, 45

1, 2. Ամբողջ գիշեր մը ձկնորսութեամբ անցընելէ ետք, Պետրոս ի՞նչ դաս սորվեցաւ։

ԵՕԹԸ աշակերտներ Գալիլիոյ ծովուն վրայ լման գիշերը ձկնորսութիւն ընելով անցուցած էին, բայց ո՛չ մէկ ձուկ բռնած էին։ Հիմա առտու էր, եւ յարութիւն առած Յիսուս ծովեզերքէն կը դիտէր, ապա անոնց ըսաւ. «‘Ուռկանը նաւին աջ կողմը ձգեցէք ու պիտի գտնէք’։ Երբ ձգեցին, ձուկերուն շատութենէն՝ չէին կրնար զանիկա քաշել» (Յովհ. 21։1-6

2 Յիսուս նախաճաշ հրամցուց իր աշակերտներուն, եւ յետոյ Սիմոն Պետրոսին դառնալով ըսաւ. «Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս ատոնցմէ աւելի կը սիրե՞ս»։ Յիսուս ինչի՞ մասին կը խօսէր։ Ան գիտէր թէ Պետրոս շատ կապուած էր ձկնորսութեան։ Այնպէս կ’երեւի թէ Յիսուս Պետրոսին կը հարցնէր, որ արդեօք զինք եւ իր սորվեցուցածները ձկնորսութենէն աւելի կը սիրէ՞ր։ Պետրոս պատասխանեց. «Այո՛, Տէ՛ր, դուն գիտես թէ քեզ կը սիրեմ» (Յովհ. 21։15)։ Անշուշտ Պետրոս իր խօսքին տէրը ելաւ։ Այդ օրուընէ սկսեալ, ան քարոզչութեամբ զբաղած մնալով փաստեց Քրիստոսին հանդէպ իր սէրը, եւ կարեւոր անդամ մը դարձաւ քրիստոնէական ժողովքին մէջ։

3. Քրիստոնեաները ո՞ր վտանգէն պէտք է զգուշանան։

3 Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յիսուսին ըսածէն։ Պէտք է ուշադիր ըլլանք որ Քրիստոսին հանդէպ մեր սէրը չպակսի։ Յիսուս շատ լաւ գիտէր թէ մեր օրերուն՝ կեանքին հոգերը որքա՜ն պիտի ճնշէին մարդիկը։ Ան սերմնացանին առակին մէջ ըսաւ, որ կարգ մը մարդիկ «թագաւորութեան խօսքը» պիտի լսէին եւ սկիզբը նախանձախնդիր պիտի ըլլային։ Բայց ետքը, ‘աշխարհիս զբաղմունքը եւ հարստութեան խաբէութիւնը պիտի խեղդէր խօսքը’ եւ անոնք պիտի կորսնցնէին իրենց նախանձախնդրութիւնը (Մատ. 13։19-22. Մար. 4։19)։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, ամէնօրեայ հոգերը կրնան հոգեւորապէս ետեւ տանիլ մեզ։ Ասոր համար, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ» (Ղուկ. 21։34

4. Ի՞նչը մեզի կ’օգնէ որ գիտնանք թէ Քրիստոսը շատ կը սիրենք կամ ոչ (տե՛ս բացման նկարը)։

4 Երբ քարոզչութիւնը առաջին տեղը կը դնենք, Պետրոսին պէս կը փաստենք որ Քրիստոսը շատ կը սիրենք։ Ասոր համար, պէտք է ատեն–ատեն մենք մեզի հարցնենք. ‘Կեանքիս մէջ ամէնէն շատ ի՞նչ կը սիրեմ։ Ամէնէն շատ ի՞նչը ուրախութիւն կու տայ ինծի. հոգեւո՞ր բաները, թէ՞ ուրիշ բաներ’։ Որպէսզի պատասխանը գիտնանք, նկատի առնենք երեք մարզեր, որոնք Քրիստոսին եւ հոգեւոր բաներու հանդէպ մեր սէրը կրնան տկարացնել. աշխարհիկ գործը, ժամանցը եւ նիւթական բաները։

ԱՇԽԱՐՀԻԿ ԳՈՐԾԻՆ ՉԱՓԸ ՄԻ՛ ԱՆՑԸՆԵՐ

5. Տան գլուխը ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունի։

5 Ձկնորսութիւնը Պետրոսին համար պարզապէս հաճոյք մը չէր. ատիկա իր ապրուստին միջոցն էր։ Այսօր ալ, Եհովան տան գլուխին տուած է նիւթական գետնի վրայ ընտանիքին հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը (Ա. Տիմ. 5։8)։ Ան ասոր մէջ շատ ջանք պէտք է թափէ։ Բայց այս օրերուն, աշխարհիկ գործը կրնայ մեծ մտահոգութիւն պատճառել։

6. Մեր օրերուն ի՞նչ ճնշումներ կան գործին մէջ։

6 Քանի որ գործ փնտռողները շատ են՝ բայց գործերը քիչ, մարդիկ իրարու հետ կը մրցին որ գործ գտնեն։ Շատեր կը զգան թէ պէտք է աւելի երկար աշխատին, նոյնիսկ եթէ աւելի քիչ վճարումով ըլլայ։ Գործատէրերը կը փորձեն աւելի ապրանք արտադրել՝ աւելի քիչ գործաւորներով, որուն պատճառով գործաւորները թերեւս ճնշուած զգան, չափէ դուրս յոգնին եւ նոյնիսկ հիւանդանան։ Այն գործաւորները որոնք իրենց վարպետին ուզածը ընելու պատրաստ չեն, կրնան իրենց գործը կորսնցնել։

7, 8. ա) Որո՞ւ ամէնէն շատ հաւատարիմ պէտք է ըլլանք։ բ) Թայլանտի մէջ եղբայր մը ի՞նչ արժէքաւոր դաս մը սորվեցաւ իր գործին մասին։

7 Որպէս քրիստոնեաներ, Եհովային աւելի հաւատարիմ պէտք է ըլլանք, քան՝ մեր վարպետին (Ղուկ. 10։27)։ Աշխարհիկ գործը պարզապէս միջոց մըն է, որ մեր հիմնական պէտքերը ապահովենք եւ կարենանք ծառայել։ Բայց եթէ ուշադիր չըլլանք, գործը կրնայ մեզ հոգեւորապէս ետեւ տանիլ։ Օրինակ, Թայլանտի մէջ եղբայր մը պատմեց. «Հետաքրքրական գործ մը ունէի. համակարգիչներ նորոգել։ Բայց երկար ժամեր կ’աշխատէի։ Ասոր պատճառով, հոգեւոր բաներու գրեթէ ժամանակ չունէի։ Վերջապէս անդրադարձայ որ պէտք է գործիս ձեւը փոխեմ, որպէսզի կարենամ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնել»։ Այս եղբայրը ի՞նչ ըրաւ։

8 Ան ըսաւ. «Մէկ տարի ծրագրելէ ետք, որոշեցի ճամբու վրայ պաղպաղակ ծախել։ Սկիզբը յուսահատեցայ քանի որ դրամական շահս լաւ չէր։ Երբ առաջուան գործակիցներուս կը հանդիպէի, վրաս կը խնդային եւ կը հարցնէին թէ ի՛նչ խելքով կը կարծէի որ պաղպաղակ ծախելը աւելի լաւ էր քան՝ զով սենեակի մը մէջ համակարգիչ նորոգելը։ Եհովային աղօթեցի եւ իրմէ խնդրեցի որ ինծի օգնէ որ գլուխ ելլեմ եւ աւելի ժամանակ ունենամ հոգեւոր բաներու, ինչպէս որ նպատակ դրած եմ։ Շատ չանցած, ամէն բան սկսաւ կարգի դրուիլ։ Աւելի լաւ գիտցայ յաճախորդներուս ճաշակը եւ պաղպաղակ շինելու մէջ աւելի վարպետ դարձայ։ Սկսայ բոլոր պաղպաղակները ծախել ամէն օր։ Իրականութեան մէջ, առաջուան գործէս աւելի դրամ կը շահէի։ Աւելի ուրախ եմ, քանի որ առաջուան պէս սթրես ու հոգ չունիմ գործիս մէջ։ Եւ ամէնէն կարեւորը, հիմա աւելի մօտիկ կը զգամ Եհովային» (կարդա՛ Մատթէոս 5։3, 6

9. Ինչպէ՞ս կրնանք շարունակել ճիշդ աչքով նայիլ աշխարհիկ գործին։

9 Եհովան կը գնահատէ մեր աշխատասէր ըլլալը, եւ աշխատասիրութիւնը օգուտներ ունի (Առ. 12։14)։ Բայց ինչպէս որ վերը նշուած եղբայրը սորվեցաւ, աշխարհիկ գործը պէտք չէ իր սահմանը անցնի։ Յիսուս ըսաւ. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ [նիւթական հիմնական պէտքերը] ձեզի պիտի տրուին» (Մատ. 6։33)։ Որպէսզի գիտնանք թէ մեր կեանքին մէջ գործը եւ հոգեւոր պատասխանատուութիւնները ամէն մէկը իր տեղը ունի կամ ոչ, լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Ինծի համար, աշխարհիկ գործս հետաքրքրական եւ հաճելի՞ է, մինչ հոգեւոր բաները՝ պարզ կամ սովորական’։ Ասոր մասին մտածելը մեզի կ’օգնէ որ գիտնանք, թէ ամէնէն շատ ի՛նչ կը սիրենք։

10. Յիսուս ի՞նչ արժէքաւոր դաս մը սորվեցուց։

10 Յիսուս սորվեցուց թէ ի՛նչ բան պէտք է առաջին տեղը ըլլայ մեր կեանքին մէջ։ Անգամ մը, Յիսուս Մարիամին եւ անոր քրոջ Մարթային տունը այցելեց։ Մարթան մէկ կտոր սկսաւ ճաշ պատրաստել, մինչ Մարիամ Յիսուսի ոտքերուն քով նստելով իրեն մտիկ ըրաւ։ Երբ Մարթան գանգատեցաւ որ Մարիամ իրեն չէր օգներ, Յիսուս իրեն ըսաւ. «Մարիամ այն աղէկ բաժինը ընտրեց, որ իրմէ պիտի չառնուի» (Ղուկ. 10։38-42)։ Այսպիսով, Յիսուս կարեւոր դաս մը սորվեցուց։ Որպէսզի աշխարհիկ բաները հոգեւոր բաներուն տեղը չառնեն եւ որպէսզի փաստենք որ կը սիրենք Քրիստոսը, պէտք է «աղէկ բաժինը» ընտրենք, այսինքն՝ հոգեւոր բաները առաջին տեղը դնենք։

ԺԱՄԱՆՑԸ

11. Սուրբ Գիրքը հանգստանալու մասին ի՞նչ կ’ըսէ։

11 Մենք հանգիստ ընելու պէտք ունինք, քանի որ ծանր կ’աշխատինք եւ խճողուած կեանք ունինք։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Մարդս ուտելէն ու խմելէն եւ իր աշխատանքովը իր հոգին զուարճացնելէ աւելի լաւ բան չունի» (Ժող. 2։24)։ Յիսուս գիտէր թէ ատեններ հանգիստը պէտք է։ Օրինակ, անգամ մը երբ մեծ ջանք թափեցին որ քարոզեն, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Եկէք դուք առանձին անապատ մը եւ քիչ մը հանգչեցէք» (Մար. 6։31, 32

12. Ժամանցին նկատմամբ ի՞նչ բանէ պէտք է զգոյշ ըլլանք. օրինակ մը տուր։

12 Ժամանցը մեզի կ’օգնէ որ հանգչինք եւ թարմանանք։ Բայց վտանգ կայ որ մեր կեանքը կեդրոնացած ըլլայ լաւ ժամանակ անցընելու վրայ։ Առաջին դարուն, շատեր այս կեցուածքը ունէին. «Ուտենք ու խմենք, վասն զի վաղը պիտի մեռնինք» (Ա. Կոր. 15։32)։ Այսօր ալ այս կեցուածքը սովորական դարձած է։ Օրինակ, տարիներ առաջ՝ Արեւմտեան Եւրոպային մէջ երիտասարդ մը սկսաւ ժողովներու երթալ։ Բայց ան այնքա՛ն կը սիրէր ժամանցը, որ Եհովայի վկաներուն հետ ընկերակցիլը կեցուց։ Բայց ան ժամանակի ընթացքին անդրադարձաւ, որ ժամանցի ետեւէն վազելը միայն գլխու ցաւ բերած է իրեն։ Ան նորէն սկսաւ Սուրբ Գիրքը սերտել եւ որակեալ դարձաւ որ բարի լուրը քարոզէ։ Իր մկրտութենէն ետք ան ըսաւ. «Միակ բանը որուն համար կը զղջամ այն է, որ շատ ժամանակ կորսնցուցի մինչեւ որ անդրադառնամ թէ Եհովային ծառայելը աւելի կ’ուրախացնէ քան՝ այս աշխարհին ժամանցը»։

13. ա) Օրինակ մը տուր որ կը ցուցնէ թէ ժամանցին վտանգները ի՛նչ են։ բ) Ի՞նչը մեզի կ’օգնէ որ ժամանցին չափը չանցընենք։

13 Ժամանցին նպատակն է՝ մեզ հանգստացնել եւ մեր ուժը նորոգել։ Լաւ, ատոր որքա՞ն ժամանակ պէտք է տրամադրենք։ Մտածէ այս բաղդատութեան մասին. մեզմէ շատեր կը սիրեն ատենը անգամ մը անուշեղէն ուտել։ Բայց եթէ միշտ կարկանդակ եւ քաղցրեղէն ուտենք, մեր առողջութիւնը կը վնասուի։ Ասոր համար, պէտք է օգտակար ուտելիքներ ուտենք։ Նմանապէս, եթէ մեր ժամանակին մեծամասնութիւնը անցընենք ժամանցով, մեր հոգեւոր առողջութիւնը կը վնասուի։ Որպէսզի ասիկա չպատահի, կանոնաւորաբար կը մասնակցինք հոգեւոր բաներու։ Ի՞նչը մեզի կ’օգնէ որ գիտնանք թէ ժամանցը իր սահմաններուն մէջ կը ձգենք կամ ոչ։ Կրնանք հաշուել թէ շաբթուան մը ընթացքին որքա՛ն ժամանակ կը տրամադրենք հոգեւոր բաներու, ինչպէս՝ ժողովները, քարոզչութիւնը, անձնական ուսումնասիրութիւնը եւ ընտանեկան պաշտամունքը։ Նաեւ, կրնանք հաշուել այն ժամանակը որ կը տրամադրենք ժամանցին, ինչպէս՝ մարզանք, հեռատեսիլ դիտել կամ վիտէօ–խաղեր խաղալ։ Երբ երկու թիւերը իրարու հետ բաղդատենք, ի՞նչ կ’ելլէ մէջտեղ։ Արդեօք պէտք կա՞յ որ «անուշեղէն»ը թեթեւցնենք (կարդա՛ Եփեսացիս 5։15, 16

14. Ի՞նչը մեզի կ’օգնէ որ լաւ ժամանց ընտրենք։

14 Մենք ազատ ենք մեր ուզած ժամանցը ընտրելու, նմանապէս՝ ընտանիքի գլուխը։ Եհովան Սուրբ Գիրքին մէջ սկզբունքներ կու տայ մեզի, որպէսզի իր մտածելակերպը գիտնանք։ Այս սկզբունքները մեզի կ’օգնեն լաւ որոշումներ առնելու *։ Լաւ ժամանցը «Աստուծոյ պարգեւն է» (Ժող. 3։12, 13)։ Անշուշտ, ամէն անձ տարբեր ժամանց կ’ընտրէ (Գաղ. 6։4, 5)։ Ինչ ժամանց ալ զատենք, զայն պէտք է իր սահմանին մէջ պահենք։ Յիսուս ըսաւ. «Ձեր գանձը ուր որ է, սրտերնիդ ալ հոն պիտի ըլլայ» (Մատ. 6։21)։ Եթէ Յիսուսը կը սիրենք, այնպիսի բաներ կը մտածենք, կը խօսինք եւ կ’ընենք, որոնք կը ցուցնեն թէ Թագաւորութիւնը աւելի կարեւոր է մեզի համար քան՝ որեւէ ուրիշ բան (Փլպ. 1։9, 10

ՆԻՒԹԱԿԱՆ ԲԱՆԵՐՈՒ ԵՏԵՒԷ ՉՎԱԶԵՆՔ

15, 16. ա) Նիւթապաշտութիւնը ի՞նչ վտանգ ունի։ բ) Յիսուս նիւթական բաներու մասին ի՞նչ իմաստուն խրատ մը տուաւ։

15 Այսօր, շատեր «հիւանդութիւն» ունին որ վերջին նորոյթին հետեւին եւ ամենանոր ելեկտրոնային սարքերը կամ ուրիշ բաներ գնեն։ Անոնց վրայ ազդած է նիւթապաշտութիւնը։ Նիւթապաշտութիւնը ապրելակերպ մըն է, ուր անձը որեւէ բանէ աւելի կարեւոր կը սեպէ ապրանքներ ունենալը եւ դրամը։ Որպէս քրիստոնեայ, ի՞նչը ամէնէն կարեւորն է կեանքիդ մէջ։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Վերջին նորոյթ ինքնաշարժներուն եւ ապրանքներուն մասին մտածելու համար աւելի ժամանակ կը տրամադրե՞մ քան՝ ժողովներուն նիւթերը պատրաստելու։ Կրնա՞յ ըլլալ որ առօրեայ հարցերով այնքան զբաղած եմ, որ աւելի քիչ ժամանակ կը տրամադրեմ աղօթելու կամ Սուրբ Գիրքը կարդալու’։ Եթէ անդրադառնանք որ նիւթական բաները աւելի կը սիրենք քան՝ Քրիստոսը, պէտք է մտածենք Յիսուսին այս խօսքին մասին. «Զգուշացէ՛ք ագահութենէ» (Ղուկ. 12։15)։ Ան այս լուրջ բանը ինչո՞ւ ըսաւ։

16 Յիսուս նշեց. «Մարդ մը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայութիւն ընել. . . Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային»։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ չենք կրնար Եհովային մեր լաւագոյնը տալ, մինչ նոյն ատեն կը կեդրոնանանք նիւթական բաներու վրայ։ Յիսուս բացատրեց որ կա՛մ ‘մէկը պիտի ատենք եւ միւսը սիրենք’ կամ ալ ‘մէկուն պիտի յարինք եւ միւսը պիտի արհամարհենք’ (Մատ. 6։24)։ Քանի որ անկատար ենք, բոլորս պէտք է շարունակենք պայքարիլ մեր «մարմնին ցանկութիւններ»ուն դէմ, մէջը ըլլալով նիւթապաշտութիւնը (Եփ. 2։3

17. ա) Ոմանք ինչո՞ւ դժուարութիւն կ’ունենան նիւթական բաներու նկատմամբ հաւասարակշռուած ըլլալու։ բ) Ի՞նչը կ’օգնէ մեզի որ նիւթապաշտութեան դէմ պայքարինք։

17 Շատեր այնքա՛ն կեդրոնացած են իրենց ցանկութիւններուն եւ հաճոյքին վրայ, որ դժուարութիւն կ’ունենան նիւթական բաներու նկատմամբ հաւասարակշռուած ըլլալու։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնց հոգեւոր զգայարանքները մաշած են (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 2։14)։ Անոնք յստակօրէն չեն մտածեր, եւ այս պատճառով դժուար կ’ըլլայ որ ճիշդը սխալէն զանազանեն (Եբ. 5։11-14)։ Արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։ Ոմանք երթալէն աւելի կ’ուզեն նիւթական բաներ ունենալ, եւ բնա՛ւ լման ‘չեն կշտանար’ (Ժող. 5։10)։ Բայց կայ բան մը որ կրնանք ընել այս մտածելակերպին դէմ պայքարելու համար. կանոնաւորաբար Աստուծոյ Խօսքը կարդալ (Ա. Պետ. 2։2)։ Յիսուս Եհովային Խօսքին վրայ խոկալով կրցաւ փորձութիւններուն դէմ դնել։ Մենք ալ եթէ Սուրբ Գիրքի սկզբունքները գործադրենք մեր կեանքին մէջ, պիտի կարենանք նիւթապաշտութեան դէմ պայքարիլ (Մատ. 4։8-10)։ Այսպիսով, պիտի ցուցնենք Յիսուսին որ նիւթական բաներէ աւելի կը սիրենք զինք։

Կեանքիդ մէջ ամէնէն կարեւոր բաները ի՞նչ են (տե՛ս պարբերութիւն 18)

18. Ի՞նչ վճռած ես ընել։

18 Երբ Յիսուս Պետրոսին հարցուց՝ «Զիս ատոնցմէ աւելի կը սիրե՞ս», իրեն կը յիշեցնէր որ պէտք է հոգեւոր բաները առաջին տեղը դնէ իր կեանքին մէջ։ Հետաքրքրական է որ Պետրոսին անունը կը նշանակէ՝ «Ժայռի կտոր», եւ ան ժայռանման յատկութիւններ ցուցաբերեց (Գործք 4։5-20)։ Մենք ալ այսօր կ’ուզենք որ Յիսուսին հանդէպ մեր սէրը ժայռի պէս հաստատ ըլլայ։ Ասոր համար, աշխարհիկ գործին, ժամանցին եւ նիւթական բաներուն մէջ սահմանէն չենք անցնիր։ Թող որ մեր ընտրութիւնները ցուցնեն թէ Պետրոսին պէս կ’ըսենք. «Տէ՛ր, դուն գիտես թէ քեզ կը սիրեմ»։

^ պարբ. 14 Տե՛ս «Զբօսանքդ օգտակա՞ր է» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 հոկտեմբեր 2011 թիւին մէջ, էջ 11-14, պարբ. 6-15։