ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Խուլ եմ՝ բայց կրցած եմ ուրիշներուն սորվեցնել
Մկրտուած եմ 1941–ին՝ 12 տարեկանիս, բայց 1946–ին էր որ իսկապէս հասկցայ Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնը։ Ինչո՞ւ։ Պատմեմ ձեզի պատմութիւնս։
1910–ԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ, ծնողքս գաղթեց Վրաստանի Թիֆլիս քաղաքէն դէպի Քանատա։ Անոնք սկսան ապրիլ Փելիի մօտ գտնուող պզտիկ ագարակատան մը մէջ, Սասքաչուան, Քանատայի արեւմուտքը։ Ծնայ 1928–ին, եւ տան վեցերորդ եւ ամէնէն պզտիկ զաւակն էի։ Հայրս ծնելէս վեց ամիս առաջ մահացաւ, իսկ մայրս մահացաւ մինչ տակաւին նորածին էի։ Շատ չանցած, ամէնէն մեծ քոյրս՝ Լուսին մահացաւ 17 տարեկանին։ Ատկէ ետք, քեռիս՝ Նիք սկսաւ հոգ տանիլ մեզի։
Անգամ մը, մինչ տակաւին տատիք կ’ընէի, ընտանիքս տեսաւ որ մեր արու ձիերէն մէկուն պոչը կը քաշեմ։ Սրտերնին փրթաւ որ ձին կից զարնէ, եւ պոռացին որ պոչը ձգեմ, բայց անոնք ետեւս ըլլալով՝ չլսեցի։ Փառք Աստուծոյ որ վնաս մը չեղաւ ինծի, բայց այդ օրը ընտանիքս գիտցաւ որ խուլ եմ։
Մեր ընտանիքին մէկ բարեկամը ըսաւ, որ թերեւս աւելի լաւ է որ խուլերու դպրոց երթամ։ Այսպիսով, Նիք քեռիս զիս ղրկեց խուլերու դպրոց մը Սասքաթունի մէջ, Սասքաչուան։ Այս դպրոցը մեր տունէն շատ հեռու էր, եւ միայն հինգ տարեկան ըլլալով շատ վախցայ։ Միայն արձակուրդներուն եւ ամրան արձակուրդին կրնայի ընտանիքիս քով երթալ։ Ի վերջոյ նշանային լեզուն սորվեցայ եւ միւս պզտիկներուն հետ հաճոյքով կը խաղայի։
ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՐՎԵՑԱՅ
1939–ին, երկրորդ ամէնէն մեծ քոյրս՝ Մէրիոն ամուսնացաւ Պիլ Տանիէլչուքին հետ, եւ անոնք սկսան հոգ տանիլ ինծի եւ քրոջս՝ Ֆրանսիսին։ Անոնք ընտանիքիս առաջին անդամներն էին, որ սկսան Եհովայի վկաներուն հետ սերտել։ Անոնք իրենց լաւագոյնը կ’ընէին որ ամրան արձակուրդներուն խօսին ինծի Սուրբ Գիրքէն իրենց սորվածներուն մասին։ Իրենց հետ առնել–տալը դիւրին չէր, քանի որ նշանային լեզու չէին գիտեր։ Բայց անոնք կրցան տեսնել թէ հոգեւոր բաները իրապէս կը սիրէի։ Հասկցայ թէ ի՛նչ որ իրենք կ’ընէին
կապ ունէր Սուրբ Գիրքին ըսածին հետ, եւ ասոր համար իրենց հետ քարոզելու կ’ելլէի։ Շատ չանցած ուզեցի մկրտուիլ, եւ 5 սեպտեմբեր 1941–ին՝ Պիլ զիս մկրտեց պողպատէ տակառի մը մէջ, որ ջրհորի ջուրով լեցուած էր։ Ջուրը սա՜ռ էր։1946–ին, երբ ամրան ընթացքին տուն վերադարձայ, համաժողովի մը գացինք Քլիվլէնտի մէջ, Օհայօ (ԱՄՆ)։ Առաջին օրը, քոյրերս կարգով նոթեր գրեցին ինծի համար, որպէսզի հետեւիմ յայտագրին։ Բայց երկրորդ օրը աչքերուս չհաւատացի երբ տեսայ, թէ հոն խուլերու խումբ մը կար եւ յայտագիրը նշանային լեզուով կը թարգմանուէր։ Վերջապէս կրցայ յայտագիրէն հաճոյք առնել եւ յստակօրէն հասկնալ Սուրբ Գիրքի ճշմարտութիւնը։ Հոյակա՛պ էր։
ՍԿՍԱՅ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՐՎԵՑՆԵԼ
Այդ ժամանակ, Համաշխարհային Բ. պատերազմը նոր վերջացած էր եւ հայրենասիրութեան ոգին կը տիրէր մարդոց վրայ։ Երբ համաժողովէն վերադարձայ, միտքս դրած էի որ դպրոցին մէջ հաւատարիմ պիտի մնամ Եհովային։ Այլեւս չմասնակցեցայ դրօշակը բարեւելուն, քայլերգին եւ տօներուն։ Նաեւ սկսայ միւս աշակերտներուն հետ եկեղեցի չերթալ։ Դպրոցին անձնակազմը գոհ չմնաց, եւ փորձեց ծաղրելով եւ սուտեր խօսելով զիս համոզել որ միտքս փոխեմ։ Դպրոցակիցներս նկատեցին անցուդարձը, եւ այս պատճառով առիթներ ունեցայ որ ուրիշներուն վկայեմ։ Յետագային, դպրոցակիցներէս ոմանք, ինչպէս՝ Լէրրի Էնտրոսոֆ, Նորմըն Տիդրիք եւ Էմիլ Շնայտըր, ճշմարտութիւնը ընդունեցին եւ մինչեւ հիմա հաւատարմօրէն կը ծառայեն Եհովային։
Երբ ուրիշ քաղաքներ կ’այցելէի, միշտ ջանքս կ’ընէի որ խուլերուն քարոզեմ։ Օրինակ, անգամ մը գացի խուլերու ակումբ մը Մոնրէալի մէջ։ Հոն վկայեցի Էտի Թեկըր անունով երիտասարդի մը, որ խմբակի մը կը պատկանէր։ Ան անցեալ տարի մահացաւ, եւ մինչեւ իր մահը կը պատկանէր նշանային լեզուն գործածող ժողովքին Լաւալի մէջ, Քեպէք։ Նաեւ ծանօթացայ երիտասարդ Խուան Էրտընազին։ Ան բերիացիներուն պէս պրպտումներ կ’ընէր որ վստահ ըլլայ, թէ ինչ որ կը սորվի հիմնուած է Սուրբ Գիրքին վրայ (Գործք 17։10, 11)։ Ան ալ ճշմարտութեան եկաւ եւ Օնթարիոյի Օթաուա քաղաքին մէջ հաւատարմօրէն ծառայեց որպէս երէց մինչեւ իր մահը։
1950–ին, փոխադրուեցայ Վանքուվըր։ Ճիշդ է որ կը սիրէի խուլերուն քարոզել, բայց անգամ մը ճամբու վրայ քարոզեցի Քրիս Սփայսըր անունով կնոջ մը, որ խուլ չէր։ Ան ընդունեց պարբերաթերթերուն բաժանորդագրուիլ եւ ուզեց որ ծանօթանամ իր ամուսինին՝ Կէրիին։ Իրենց տունը այցելեցի եւ երկար–բարակ քննարկութիւններ ունեցանք թուղթի վրայ գրելով։ Ատկէ ետք անգամ մըն ալ չտեսնուեցանք, մինչեւ որ օր մը՝ մինչ Օնթարիոյի Թորոնթօ քաղաքին մէջ համաժողովի
մը ներկայ էի, զիս տեսան եւ եկան բարեւելու։ Շատ զարմացայ։ Կէրին նոյն օրը պիտի մկրտուէր։ Այս դէպքը ինծի յիշեցուց որ որքան կարեւոր է որ միշտ քարոզենք, քանի որ չենք գիտեր թէ անձ մը ո՛ւր կամ ե՛րբ ճշմարտութեան պիտի գայ։ Այս փորձառութիւնը բնա՛ւ պիտի չմոռնամ։Ետքը, փոխադրուեցայ Սասքաթուն եւ հոն ծանօթացայ մօր մը, որ ինձմէ խնդրեց որ Սուրբ Գիրքը սերտեմ իր երկուորեակ խուլ աղջիկներուն հետ՝ Ճին եւ Ճոան Ռոթընպերկըր։ Անոնք կ’երթային խուլերու նոյն դպրոցը որ ես գացի։ Շատ չանցած, աղջիկները սկսան իրենց սորվածները պատմել իրենց դասընկերներուն։ Ի վերջոյ, անոնց դասարանէն հինգ հոգի Եհովայի վկայ եղան։ Անոնցմէ մէկն էր Եունիս Գոլըն։ Եունիսին առաջին անգամ հանդիպած էի դպրոցիս վերջին տարին։ Այդ ժամանակ, ան ինծի շաքար մը տուաւ եւ հարցուց որ արդեօք կրնա՞նք բարեկամ ըլլալ։ Յետագային, ան շատ կարեւոր անձ մը դարձաւ իմ կեանքիս մէջ. ան կինս եղաւ։
Երբ Եունիսին մայրը գիտցաւ թէ Սուրբ Գիրքը կը սերտէր, դպրոցին տնօրէնէն խնդրեց որ զինք համոզէ սերտողութիւնը կեցնելու։ Թէեւ ան փորձեց եւ նոյնիսկ իր հրատարակութիւնները գրաւեց, բայց Եունիս միտքը դրած էր որ Եհովային հաւատարիմ պիտի մնայ։ Երբ ան ուզեց մկրտուիլ, իր ծնողքը իրեն ըսին. «Եթէ Եհովայի վկայ ըլլաս, մեր տունէն դուրս պիտի ելլես»։ Ան իրապէս ալ տունէն դուրս ելաւ 17 տարեկանին, եւ ազնիւ Վկայ ընտանիք մը իրենց քով առին զինք։ Ան իր ուսումնասիրութիւնը շարունակեց եւ մկրտուեցաւ։ Երբ 1960–ին ամուսնացանք, իր ծնողքը մեր հարսանիքին չեկաւ։ Բայց անոնք տարիներու ընթացքին սկսան մեզ յարգել՝ մեր հաւատալիքներուն եւ պզտիկները մեծցնելու կերպին համար։
ԵՀՈՎԱՆ ԻՆԾԻ ՀՈԳ ՏԱՐԱԾ Է
Մենք խուլ էինք, բայց եօթը ոչ–խուլ տղաներ մեծցուցինք։ Ասիկա դժուար եղաւ, բայց մեր
լաւագոյնը ըրինք որ անոնք նշանային լեզուն գիտնան, որպէսզի կարենանք լաւ կերպով առնել–տալ եւ ճշմարտութիւնը սորվեցնել իրենց։ Ժողովքի եղբայրներն ու քոյրերը շատ օգնեցին մեզի։ Օրինակ, ծնողք մը նոթ մը գրելով մեզի ըսաւ, որ մեր տղաներէն մէկը գէշ բառեր կը գործածէր Թագաւորութեան սրահին մէջ։ Տեղւոյն վրայ կրցանք հարցը շտկել։ Տղաներէս չորսը՝ Ճէյմս, Ճերի, Նիգըլզ եւ Սթիվըն մինչեւ հիմա Եհովային հաւատարմօրէն կը ծառայեն իրենց ընտանիքներուն հետ։ Չորսն ալ երէց են։ Ասկէ զատ, Նիգըլզ եւ իր կինը Տեպրան, նշանային լեզուով թարգմանութեան կ’օգնեն Բրիտանիոյ մասնաճիւղին մէջ։ Իսկ Սթիվըն եւ իր կինը Շէնըն, Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղին մէջ նշանային լեզուով կը թարգմանեն։Տղաներս՝ Ճէյմս, Ճերի եւ Սթիվըն՝ իրենց կիներուն հետ զանազան կերպերով կը մասնակցին նշանային լեզուով քարոզչութեան
Ցաւօք սրտի, մեր ամուսնութեան 40–րդ տարեդարձէն մէկ ամիս առաջ, Եունիս քաղցկեղի պատճառով մահացաւ։ Այդ դժուար ժամանակին ընթացքին ան շատ քաջ էր եւ զօրաւոր մնաց քանի որ յարութեան կը հաւատար։ Անհամբեր կը սպասեմ որ զինք նորէն տեսնեմ։
Փետրուար 2012–ին ինկայ եւ երանքս կոտրեցի։ Անդրադարձայ որ օգնութեան պէտք պիտի ունենամ, եւ այս պատճառով սկսայ ապրիլ տղաներէս մէկուն ընտանիքին հետ։ Այժմ կը պատկանինք նշանային լեզու գործածող Քէլկըրի ժողովքին, ուր տակաւին կը ծառայեմ որպէս երէց։ Երեւակայէ՜. ասիկա առաջին անգամն է որ կը պատկանիմ նշանային լեզու գործածող ժողովքի մը։ Լաւ, բոլոր այս տարիները՝ 1946–էն ի վեր, ինչպէ՞ս հոգեւորապէս լաւ մնացի անգլերէն լեզու գործածող ժողովքին մէջ։ Եհովան ինծի օգնեց, ինչպէս որ խոստացած է որ որբին հոգ պիտի տանի (Սաղ. 10։14)։ Շնորհակալ եմ բոլոր անոնցմէ, որոնք պատրաստ էին նոթեր գրելու ինծի, նշանային լեզու սորվելու եւ կրցածնուն չափ ինծի թարգմանելու։
Խօսքին բացը, կային օրեր որ յուսահատեցայ եւ ուզեցի յանձնուիլ, քանի որ ըսուածը չէի հասկնար կամ քանի որ մէկը չկար որ խուլերուն պէտքերը հասկնար։ Բայց այդ պահերուն մտածեցի Պետրոսին խօսքին վրայ որ Յիսուսին ըսաւ. «Տէ՛ր, որո՞ւ պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս» (Յովհ. 6։67-69)։ Սորված եմ համբերել, ճիշդ ինչպէս որ երկար տարիներէ ի վեր ճշմարտութեան մէջ եղող ուրիշ խուլ եղբայրներ ու քոյրեր սորված են։ Սորված եմ Եհովային եւ իր կազմակերպութեան վստահիլ, եւ որքա՜ն օգտուած եմ ասկէ։ Այժմ, բազմաթիւ հրատարակութիւններ կան իմ լեզուովս, եւ ուրախ եմ որ ամերիկեան նշանային լեզուով տեղի ունեցող ժողովներու եւ համաժողովներու կրնամ ներկայ ըլլալ։ Իսկապէս, մեր հոյակապ Աստուծոյն՝ Եհովային ծառայութեան մէջ ուրախ տարիներ անցուցած եմ եւ շատ օգտուած եմ։