Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մի՛ ձգեր որ սէրդ պաղի

Մի՛ ձգեր որ սէրդ պաղի

«Անօրէնութեան շատնալուն համար շատերուն սէրը պիտի պաղի» (ՄԱՏ. 24։12

ԵՐԳԵՐ. 60, 135

1, 2. ա) Մատթէոս 24։12–ը սկիզբը որո՞նց կը կիրարկուէր։ բ) Գործք գիրքը ինչպէ՞ս կը ցուցնէ թէ քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը զօրաւոր պահեց իր սէրը (տե՛ս բացման նկարը)։

ԵՐԲ Յիսուս կը բացատրէր թէ ինչպէ՛ս պիտի գիտցուէր որ աշխարհի վախճանն է, նշեց թէ «շատերուն սէրը պիտի պաղի» (Մատ. 24։3, 12)։ Առաջին դարուն, հրեաները կ’ըսէին թէ Աստուծոյ ժողովուրդն են, բայց ձգեցին որ Աստուծոյ հանդէպ իրենց սէրը պաղի։

2 Բայց այդ ժամանակ քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը տարբեր կեցուածք ունէր։ Անոնք նախանձախնդրութեամբ ‘կը քարոզէին Յիսուս Քրիստոսը’, ինչպէս նաեւ իրենց սէրը կը ցուցնէին Աստուծոյ, քրիստոնեաներուն եւ անհաւատներուն հանդէպ (Գործք 2։44-47. 5։42)։ Սակայն կարգ մը քրիստոնեաներ ձգեցին որ իրենց սէրը պաղի։

3. Թերեւս ի՞նչ բան ձգած էր որ կարգ մը քրիստոնեաներու սէրը պաղի։

3 Յիսուս Եփեսոսի մէջ ապրող առաջին դարու քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Քեզի դէմ բան մը ունիմ։ Քու առաջուան սէրդ ձգեցիր» (Յայտ. 2։4)։ Ի՞նչ կրնար ըլլալ ասոր մէկ պատճառը։ Թերեւս այդ քրիստոնեաները կ’ազդուէին իրենց շուրջի մարդոցմէ, որոնք իրենց հաճոյքին ետեւէն էին (Եփ. 2։2, 3)։ Եփեսոսը շատ հարուստ քաղաք մըն էր, ուր մարդիկ աւելի կարեւորութիւն կու տային իրենց հանգիստին ու քէֆին, քան՝ ուրիշ բաներու։ Անոնք իրենց անձնասէր հաճոյքներուն պատճառով մոռցած էին ինչ ըսել է անձնազոհ ըլլալ ու սիրել։ Ասկէ զատ, Եփեսոսի մէջ շատեր ծայր աստիճան անբարոյ էին եւ չէին յարգեր Աստուծոյ օրէնքները։

4. ա) Սէրը ինչպէ՞ս պաղած է մեր օրերուն։ բ) Ո՞ր երեք մարզերուն մէջ մեր սէրը պէտք է զօրաւոր պահենք։

4 Յիսուսին ըսածը մեր օրերուն ալ կը կիրարկուի։ Ներկայիս Աստուծոյ հանդէպ մարդոց սէրը երթալէն կը պակսի։ Միլիոնաւորներ կռնակ դարձուցած են իրեն եւ յոյսերնին դրած են մարդկային կազմակերպութիւններու վրայ, որ իրենց խնդիրները լուծեն։ Այս պատճառով, անոնք որոնք Եհովա Աստուածը չեն պաշտեր, իրենց սէրը կը շարունակէ պաղիլ։ Սակայն նոյնիսկ Եհովայի ծառաներուն սէրը կրնայ պաղիլ, ճիշդ ինչպէս որ Եփեսոսի ժողովքին մէջ պատահեցաւ։ Հիմա նկատի պիտի առնենք երեք մարզեր, որոնց մէջ մեր սէրը պէտք է զօրաւոր պահենք. 1) Եհովային հանդէպ սէր, 2) Սուրբ Գիրքին ճշմարտութեան հանդէպ սէր, եւ 3) մեր եղբայրներուն հանդէպ սէր։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՍԷՐ

5. Ինչո՞ւ պէտք է սիրենք Աստուած։

5 Ո՞վ պէտք է ամէնէն շատ սիրենք։ Յիսուս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ։ Այս է առաջին ու մեծ պատուիրանքը» (Մատ. 22։37, 38)։ Եհովային հանդէպ մեր խոր սէրը մեզի կ’օգնէ որ իր պատուէրներուն հնազանդինք, տոկանք եւ չարութիւնը ատենք (կարդա՛ Սաղմոս 97։10)։ Բայց Սատանան եւ իր աշխարհը կը ջանան տկարացնել եւ կործանել Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը։

6. Ի՞նչ կը պատահի երբ մէկը Աստուծոյ հանդէպ սէր չունենայ։

6 Աշխարհը սխալ կարծիք ունի սիրոյ մասին։ Մարդիկ «անձնասէր» են, փոխանակ աստուածասէր ըլլալու (Բ. Տիմ. 3։2)։ Անոնք կը կեդրոնանան ‘մարմնի ցանկութեան ու աչքերու ցանկութեան եւ այս կեանքին ամբարտաւանութեան’ վրայ (Ա. Յովհ. 2։16)։ Պօղոս առաքեալ զգուշացում տուաւ թէ ինչ կրնայ պատահիլ, եթէ նախ մե՛ր հաճոյքը փնտռենք։ Ան ըսաւ. «Մարմնաւոր խորհուրդը մահ է. . . Քանզի մարմնաւոր խորհուրդը Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է» (Հռով. 8։6, 7)։ Իրականութեան մէջ, անոնք որոնք իրենց կեանքը անցուցած են նիւթական բաներու կամ սեռային ցանկութիւններու ետեւէն վազելով, ի վերջոյ շատ յուսախաբ եղած են (Ա. Կոր. 6։18. Ա. Տիմ. 6։9, 10

7. Ներկայիս քրիստոնեաները ի՞նչ վտանգներու առջեւ են։

7 Շատ մը անաստուածներ, երեւութապաշտներ եւ բարեշրջականներ կը ջանան ուրիշները համոզել, որ Աստուած չսիրեն եւ նոյնիսկ իր գոյութեան չհաւատան։ Անոնց կարծիքով, միայն տմպոները եւ միամիտները կը հաւատան որ Ստեղծիչ մը կայ։ Ասկէ զատ, բազմաթիւ մարդիկ աւելի կը յարգեն գիտնականները, քան՝ Արարիչը (Հռով. 1։25)։ Եթէ այս գաղափարներուն ականջ տանք, կրնանք Եհովայէն հեռանալ եւ մեր սէրը կրնայ պաղիլ (Եբ. 3։12

8. ա) Ո՞ր պարագաները կրնան յուսախաբ ընել Եհովային ծառաները։ բ) 136–րդ սաղմոսը ինչպէ՞ս կրնայ մխիթարել մեզ։

8 Նաեւ, եթէ մենք մեզի թոյլ տանք որ չափէ դուրս յուսախաբ ըլլանք, մեր հաւատքը կրնայ տկարանալ եւ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը կրնայ պաղիլ։ Բոլորս ատեններ յուսախաբութիւններ կ’ունենանք Սատանային այս չար աշխարհին մէջ (Ա. Յովհ. 5։19)։ Թերեւս խնդիրներ ունինք քանի որ տարիքով կը մեծնանք, մեր առողջութիւնը լաւ չէ կամ դրամական նեղութիւններ ունինք։ Կամ թերեւս տխուր կը զգանք, քանի որ կարգ մը բաներ մեր ուզածին պէս չենք կրնար ընել, կամ ալ մեր յուսացածին պէս չեն ելած։ Բայց բնա՛ւ պէտք չէ ձգենք որ այսպիսի պարագաներ կամ զգացումներ մեզ համոզեն որ Եհովան երեսի վրայ ձգած է մեզ։ Ընդհակառակը, պէտք է խոկանք այն խօսքերուն վրայ, որոնք կը ցուցնեն թէ Եհովան միշտ կը սիրէ մեզ։ Օրինակ, Սաղմոս 136։23–ը (ԱԾ) կ’ըսէ. «Մեր նուաստութեան մէջ մեզ յիշ[եց], որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը [«հաւատարիմ սէրը», ՆԱ] յաւիտենական է»։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մտիկ կ’ընէ մեր «աղաչանք»ները եւ անոնց կը պատասխանէ (Սաղ. 116։1. 136։24-26

9. Ի՞նչ բան զօրութիւն տուաւ Պօղոսին որ Աստուծոյ հանդէպ իր սէրը զօրաւոր պահէ։

9 Պօղոս առաքեալ խոկաց թէ Եհովան ինչպէս միշտ կռնակ կը կենար իրեն, եւ ասիկա իրեն օգնեց որ զօրաւոր մնայ։ Ան գրեց. «Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ. մարդը ինծի ի՞նչ պիտի ընէ» (Եբ. 13։6)։ Եհովային հանդէպ Պօղոսին վստահութիւնը օգնեց, որ իր խնդիրներուն հետ գլուխ ելլէ։ Ան թոյլ չտուաւ որ դժուարութիւններուն պատճառով ընկճուի։ Նոյնիսկ բանտին մէջ, ան քաջալերական նամակներ գրեց ժողովքներուն (Եփ. 4։1. Փլպ. 1։7. Փլմ. 1)։ Ան Աստուծոյ հանդէպ իր սէրը զօրաւոր պահեց, չնայած թէ ի՛նչ նեղութիւններ ունեցաւ։ Լաւ, ան ուրկէ՞ ստացաւ պէտք եղած զօրութիւնը։ Ան շարունակեց ապաւինիլ ‘ամէն մխիթարութեան Աստուծոյն, որ մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ’ (Բ. Կոր. 1։3, 4)։ Ինչպէ՞ս կրնանք Պօղոսին նմանիլ։

Եհովային հանդէպ սէր ցուցուր (տե՛ս պարբերութիւն 10)

10. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային հանդէպ մեր սէրը զօրաւոր պահել։

10 Պօղոս տուաւ կերպ մը, որուն միջոցաւ կրնանք Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը զօրաւոր պահել։ Ան ըսաւ. «Անդադար աղօթք ըրէ՛ք»։ Յետագային ան նաեւ գրեց. «Ստէպ աղօթքի կեցէ՛ք» (Ա. Թես. 5։17. Հռով. 12։12)։ Երբ կ’աղօթենք՝ Աստուծոյ հետ կը հաղորդակցինք, եւ ասիկա կը ձգէ որ իրեն հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունենանք (Սաղ. 86։3)։ Երբ մեր երկնաւոր Հօր արտայայտենք մեր ամենախոր մտածումներն ու զգացումները, իրեն աւելի կը մօտենանք (Սաղ. 65։2)։ Նաեւ, իրեն հանդէպ մեր սէրը կ’աւելնայ, երբ կը տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կը պատասխանէ մեր աղօթքներուն։ Ժամանակի ընթացքին կ’անդրադառնանք որ «Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն» (Սաղ. 145։18)։ Եհովային սիրոյն եւ աջակցութեան հանդէպ մեր այս վստահութիւնը մեզի պիտի օգնէ, որ գլուխ ելլենք որեւէ դժուարութեան հետ որ ունենանք։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՊ ՍԷՐ

11, 12. Ինչպէ՞ս կրնանք Սուրբ Գիրքին ճշմարտութեան հանդէպ մեր սէրը աւելցնել։

11 Որպէս քրիստոնեաներ, մենք ճշմարտութիւնը կը սիրենք։ Ճշմարտութիւնը կը գտնուի Աստուծոյ Խօսքին մէջ։ Յիսուս իր Հօր ըսաւ. «Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է» (Յովհ. 17։17)։ Ուրեմն, որպէսզի Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնը սիրենք, պէտք է Սուրբ Գիրքէն գիտութիւն առնենք (Կող. 1։10)։ Բայց ասիկա չի բաւեր։ Նկատէ թէ 119–րդ սաղմոսը գրողը ինչպէ՛ս մեզի կ’օգնէ, որ հասկնանք թէ ինչ պէտք է ընենք (կարդա՛ Սաղմոս 119։97-100)։ Օրուան մէջ ժամանակ կը տրամադրե՞նք որ խոկանք, կամ խորապէս մտածենք, Սուրբ Գիրքին ըսածներուն վրայ։ Մինչ կը խոկանք թէ ի՛նչ կերպերով կրնանք սուրբգրային ճշմարտութիւնը կիրարկել մեր կեանքին մէջ, ա՛լ աւելի պիտի սիրենք զայն։

12 Սաղմոսերգուն նաեւ ըսաւ. «Ո՜րչափ քաղցր է քու խօսքդ իմ քիմքիս, մեղրէն աւելի անոյշ է իմ բերնիս» (Սաղ. 119։103)։ Աստուծոյ կազմակերպութեան պատրաստած հրատարակութիւնները կը նմանին համով ուտելիքի։ Երբ մեր սիրած մէկ ուտելիքը կ’ուտենք, սովորաբար չենք աճապարեր։ Նմանապէս, երբ արագ–արագ չսերտենք, պիտի կարենանք ճշմարտութեան «ախորժելի խօսքեր»ը յիշել եւ զանոնք գործածել ուրիշներուն օգնելու (Ժող. 12։10

13. Ի՞նչը օգնեց Երեմիային որ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը սիրէ, եւ ասիկա ինչպէ՞ս ազդեց իրեն։

13 Երեմիա մարգարէն կը սիրէր Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը։ Ան ըսաւ. «Ես քու խօսքերդ գտածիս պէս՝ զանոնք կերայ։ Քու խօսքդ իմ սրտիս ցնծութիւն եւ ուրախութիւն եղաւ. վասն զի քու անունովդ կոչուեցայ, ո՛վ զօրքերու Տէր Աստուած» (Եր. 15։16)։ Աստուծոյ արժէքաւոր խօսքերուն վրայ խոկալով, Երեմիան կարծես թէ զանոնք կերաւ ու մարսեց։ Այսպիսով, ան աւելի գնահատեց Աստուծոյ անունը կրելու առանձնաշնորհումը։ Սուրբ Գիրքին ճշմարտութեան հանդէպ մեր սէրը ձգա՞ծ է որ մենք ալ անդրադառնանք, թէ յատուկ առանձնաշնորհում ունինք որ Աստուծոյ անունը կը կրենք եւ իր Թագաւորութեան մասին կը քարոզենք այս վերջին օրերուն ընթացքին։

Սուրբ Գիրքին ճշմարտութեան հանդէպ սէր ցուցուր (տե՛ս պարբերութիւն 14)

14. Ինչպէ՞ս կրնանք աւելի սիրել Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնը։

14 Ուրիշ ի՞նչ բան կ’օգնէ մեզի որ Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնը աւելի սիրենք։ Կանոնաւորաբար ժողովներուն երթալը։ Ամէն շաբաթ ժողովին ընթացքին Սուրբ Գիրքը կ’ուսումնասիրուի գործածելով Դիտարան–ը։ Ասիկա գլխաւոր կերպերէն մէկն է, որով կը սորվինք։ Որպէսզի Դիտարան–ին նիւթը հասկնանք, պէտք է միշտ լաւ պատրաստենք զայն։ Օրինակ, կրնանք բոլոր նշուած համարները բանալ։ Ներկայիս, շատեր կրնան ելեկտրոնային կերպով կարդալ կամ բեռնել Դիտարան–ը։ Այս պարբերաթերթը շատ մը լեզուներով մատչելի է jw.org կայքին մէջ եւ JW Library էփին մէջ։ Կարգ մը ելեկտրոնային տարբերակներու մէջ շուտով կրնանք համարները բանալ։ Եւ երբ համարները ուշադրութեամբ կարդանք ու ատոնց մասին մտածենք, Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնը աւելի պիտի սիրենք (կարդա՛ Սաղմոս 1։2

ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՊ ՍԷՐ

15, 16. ա) Յովհաննէս 13։34, 35–ին մէջ Յիսուս ի՞նչ պատուէր տուաւ։ բ) Եղբայրներուն հանդէպ մեր սէրը ինչպէ՞ս կապուած է Աստուծոյ եւ Սուրբ Գիրքին հանդէպ մեր սիրոյն հետ։

15 Յիսուս երկրի վրայ իր վերջին գիշերը իր աշակերտներուն ըսաւ. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք։ Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհ. 13։34, 35

16 Եղբայրները եւ քոյրերը սիրելը կապուած է Եհովան սիրելուն հետ։ Մեր եղբայրները չենք կրնար սիրել, եթէ Աստուած չենք սիրեր։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ան որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ որ կը տեսնէ, Աստուած՝ որ չի տեսներ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել» (Ա. Յովհ. 4։20)։ Եհովային եւ եղբայրներուն հանդէպ մեր սէրը նաեւ կապուած է Սուրբ Գիրքին հանդէպ մեր սիրոյն հետ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ եթէ կը սիրենք Սուրբ Գիրքին ըսածները, սրտանց պիտի ուզենք հնազանդիլ այն պատուէրին, որ Աստուած սիրենք եւ մեր եղբայրները սիրենք (Ա. Պետ. 1։22. Ա. Յովհ. 4։21

Եղբայրներուն եւ քոյրերուն հանդէպ սէր ցուցուր (տե՛ս պարբերութիւն 17)

17. Ի՞նչ կարգ մը կերպերով կրնանք սէր ցուցնել։

17 Կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։9, 10։ Ժողովքին մէջ ինչպէ՞ս կրնանք գործնական կերպով մեր սէրը ցուցնել։ Օրինակ, թերեւս տարեց եղբայր մը կամ քոյր մը պէտք ունի, որ մէկը զինք ժողովի տանի–բերէ։ Թերեւս իր ամուսինը կորսնցուցած քոյր մը պէտք ունենայ, որ մէկը իր տունին մէջ նորոգութիւններ ընէ (Յակ. 1։27)։ Այն եղբայրներն ու քոյրերը որոնք վհատած կամ ընկճուած են, կամ ալ ուրիշ խնդիրներ ունին, պէտք ունին որ իրենցմով հետաքրքրուինք, զիրենք քաջալերենք եւ մխիթարենք, ի՛նչ ալ ըլլայ տարիքնին (Առ. 12։25. Կող. 4։11)։ Մեր խօսքերով ու գործերով կը ցուցնենք, թէ իրապէս կը սիրենք մեր հաւատքի ընտանիքէն եղողները (Գաղ. 6։10

18. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ եղբայրներուն հետ մեր ունեցած պզտիկ անհամաձայնութիւնները լուծենք։

18 Սուրբ Գիրքը ըսած է որ այս չար աշխարհին «վերջին օրեր»ուն մէջ շատեր անձնասէր եւ ագահ պիտի ըլլային (Բ. Տիմ. 3։1, 2)։ Որպէս քրիստոնեաներ, պէտք է շատ ջանք թափենք որ մեր սէրը աւելնայ Աստուծոյ հանդէպ, Սուրբ Գիրքին ճշմարտութեան հանդէպ եւ եղբայրներուն հանդէպ։ Ճիշդ է որ թերեւս ատեններ պզտիկ անհամաձայնութիւններ ունենանք եղբայրներուն հետ, բայց ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ որ սէրէ մղուած՝ հարցը լուծենք կարելի եղածին չափ շուտով եւ ազնիւ կերպով (Եփ. 4։32. Կող. 3։14)։ Ուրեմն, բնա՛ւ չձգենք որ մեր սէրը պաղի։ Ընդհակառակը, շարունակենք վերջին ծայր սիրել Եհովան, իր Խօսքը եւ մեր եղբայրները։