ԴԻՏԱՐԱՆ (ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ) Մայիս 2018

Այս թիւը կը բովանդակէ 2018–ի յուլիս 9–օգոստոս 5 նկատի առնուելիք ուսումնասիրութեան յօդուածները։

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Սկիզբը աղքատ, բայց վերջաւորութեան՝ հարուստ

Սամուէլ Հըրտ աղքատ միջավայրի մը մէջ մեծցաւ, բայց յետագային հոգեւորապէս հարուստ կեանք մը ունեցաւ. իր երեւակայածէն շա՜տ աւելի։

Խաղաղութիւն ինչպէ՞ս կրնաս ունենալ

Քանի որ իրար անցած աշխարհի մէջ կ’ապրինք, պէտք է ջանք թափենք որ խաղաղութիւն ունենանք։ Սուրբ Գիրքը կրնայ մեզի օգնել։

Եհովան կը սիրէ ‘համբերութիւնով պտուղ տուողները’

Երբ մարդիկ շատ մտիկ չընեն մեր պատգամը, թերեւս յուսահատինք։ Հակառակ ասոր, բոլորս կրնա՛նք պտղաբեր ծառայութիւն ունենալ։

Ինչո՞ւ կը շարունակենք ‘շատ պտուղ բերել

Կարեւոր է որ մեր միտքը պահենք թէ ինչո՛ւ կը քարոզենք։

Թշնամիիդ ո՛վ ըլլալը գիտցիր

Մենք գիտենք Սատանային ազդեցութիւնը եւ իր գործածած մեթոտները։

Ո՛վ երիտասարդներ, Սատանային դէմ դրէք

Հոգեւոր պատերազմի մէջ ենք։ Մասնաւորաբար երիտասարդները անպաշտպան կ’երեւին, բայց սպառազինուած են պատերազմելու։

Առատ հունձք

Ուքրանիոյ մէկ շրջանին մէջ, բնակչութեան քառորդը Եհովայի վկայ է։