Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՛վ երիտասարդներ, Սատանային դէմ դրէք

Ո՛վ երիտասարդներ, Սատանային դէմ դրէք

«Ձեր վրայ հագէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէս զի կարող ըլլաք Սատանային հնարքներուն դէմ դնել» (ԵՓ. 6։11

ԵՐԳԵՐ. 139, 55

1, 2. ա) Երիտասարդները ինչո՞ւ Սատանային եւ դեւերուն դէմ մղուած պատերազմին մէջ կը յաղթեն (տե՛ս բացման նկարը)։ բ) Ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

ՊՕՂՈՍ առաքեալ քրիստոնեաները նմանցուց զինուորներու։ Մենք պատերազմի մէջ ենք եւ ասիկա հոգեւոր պատերազմ է, բառացի չէ, բայց մեր թշնամիները իրական են։ Անոնք Սատանան եւ դեւերն են, որոնք վարպետ պատերազմողներ են եւ շատ փորձառութիւն ունին։ Թերեւս կարծենք որ չենք կրնար այս պատերազմը շահիլ, մանաւանդ եթէ երիտասարդ ենք։ Երիտասարդները կրնա՞ն յաղթել այսպիսի զօրաւոր թշնամիներու։ Այո՛ կրնան, եւ արդէն կը յաղթեն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ զօրութիւն կը ստանան Եհովայէն։ Բայց ասկէ զատ, անոնք լաւ մարզուած զինուորներու պէս՝ «Աստուծոյ սպառազինութիւնը» հագած են, որպէսզի պատրաստ ըլլան կռուելու (կարդա՛ Եփեսացիս 6։10-12

2 Երբ Պօղոս այդ նկարագրութիւնը տուաւ, թերեւս իր միտքը ունէր հռոմայեցի զինուորներուն հագած սպառազինութիւնը (Գործք 28։16)։ Մինչ նկատի կ’առնենք թէ այս նկարագրութիւնը ինչո՛ւ տեղին է, տես թէ կարգ մը երիտասարդներ ի՛նչ կ’ըսեն այս հոգեւոր սպառազինութեան ամէն մէկ մասը հագուելու դժուարութիւններուն եւ օգուտներուն մասին։

Սպառազինութեանդ ամէն մէկ մասը հագա՞ծ ես

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԳՕՏԻՆ

3, 4. Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնը ինչպէ՞ս կը նմանի հռոմէական զինուորական գօտիին։

3 Կարդա՛ Եփեսացիս 6։14։ Հռոմէական զինուորական գօտին մետաղէ շերտեր կ’ունենար եւ զինուորին մէջքը կը պաշտպանէր ու կը դիւրացնէր ծանր զրահը կրելը։ Նաեւ կարգ մը գօտիներու վրայ սուր եւ դաշոյն կ’անցուէին։ Իր գօտին ամրացուցած զինուորը կրնար ինքնավստահութեամբ պատերազմի երթալ։

4 Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնները գօտիի մը պէս կը պաշտպանեն մեզ սխալ ուսուցումներէ (Յովհ. 8։31, 32. Ա. Յովհ. 4։1)։ Եւ որքա՛ն աւելի սիրենք Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնները, այնքան աւելի դիւրին կ’ըլլայ մեր «զրահը» կրելը, այսինքն՝ Աստուծոյ արդար չափանիշներուն համաձայն ապրիլը (Սաղ. 111։7, 8. Ա. Յովհ. 5։3)։ Ասկէ զատ, որքա՛ն աւելի լաւ հասկնանք այս ճշմարտութիւնները, այնքան աւելի ինքնավստահութեամբ պիտի պաշտպանենք զանոնք հակառակորդներուն առջեւ (Ա. Պետ. 3։15

5. Ինչո՞ւ պէտք է ճշմարտութիւնը խօսինք։

5 Քանի որ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնները կարեւոր են մեզի համար, կը հնազանդինք Սուրբ Գիրքին ըսածներուն եւ միշտ ճշմարտութիւնը կը խօսինք։ Ստախօսութիւնը Սատանային ամէնէն յաջող զէնքերէն մէկն է։ Սուտը կը վնասէ թէ՛ սուտ խօսողին եւ թէ ատոր հաւատացողին (Յովհ. 8։44)։ Մեր լաւագոյնը կ’ընենք որ բնա՛ւ սուտ չխօսինք, հակառակ որ անկատար ենք (Եփ. 4։25)։ Ասիկա կրնայ դժուար ըլլալ։ 18 տարեկան Էպիկէյլ կ’ըսէ. «Ատեններ կը զգաս որ չ’արժեր ճշմարտութիւնը խօսիլ, մանաւանդ եթէ սուտ խօսելով կրնաս ազատիլ դժուար կացութենէ մը»։ Բայց ան ինչո՞ւ միշտ կը ջանայ ճշմարտութիւնը խօսիլ։ Ան կ’ըսէ. «Երբ ճիշդը կը խօսիմ, Եհովային առջեւ խիղճս հանգիստ կ’ըլլայ։ Ասիկա կը ձգէ որ ծնողքս ու բարեկամներս ինծի վստահին»։ 23 տարեկան Վիքթորիան կ’ըսէ. «Երբ ճիշդը խօսիս եւ հաւատալիքներուդ համաձայն ապրիս, թերեւս մարդիկ քեզի նեղութիւն տան, բայց միշտ հոյակապ օգուտներ կը քաղես. ինքնավստահութիւնդ կ’աւելնայ, Եհովային աւելի մօտիկ կը զգաս եւ քեզ սիրող անհատներուն յարգանքը կը շահիս»։ Ուրեմն, կարեւոր է որ միշտ ‘մէջքերնիս ճշմարտութեամբ ամրացնենք’։

Ճշմարտութեան գօտին (տե՛ս պարբերութիւն 3-5)

«ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԶՐԱՀԸ»

6, 7. Արդարութիւնը ինչո՞ւ նմանցուած է զրահի։

6 Առաջին դարուն, հռոմայեցի զինուորները քանի մը տեսակ զրահ ունէին։ Ատոնցմէ մէկը կազմուած կ’ըլլար հորիզոնական երկաթէ կտորներէ, որոնք կուրծքին համաձայն ծռած կ’ըլլային, եւ իրարու միացած կ’ըլլային կաշիէ կապերու, մետաղեայ օղակներու եւ ճարմանդներու միջոցաւ։ Զինուորին ուսերն ալ ծածկուած կ’ըլլային երկաթէ կտորներով, որոնք կաշիով իրարու միացած կ’ըլլային։ Զրահը չէր ձգեր որ զինուորը ամէն ձեւով շարժի, եւ ան պէտք էր միշտ վստահ ըլլար որ կտորները իրենց տեղերը ամրացուած էին։ Բայց զրահը սուրերէն եւ նետերէն կը պաշտպանէր անոր սիրտը եւ ուրիշ կարեւոր անդամներ։

7 Ի՜նչ աղուոր նկարագրութիւն մը, թէ Եհովային արդար չափանիշները ինչպէ՛ս կը պաշտպանեն մեր այլաբանական սիրտը (Առ. 4։23)։ Զինուոր մը երկաթէ զրահին տեղ բնա՛ւ չէր գործածեր ցածորակ մետաղով շինուած զրահ մը։ Նմանապէս, մենք ալ Եհովային չափանիշներուն տեղ բնա՛ւ չենք ապաւինիր մեր գաղափարներուն, որոշելու համար թէ ի՛նչն է ճիշդը։ Մենք բաւարար իմաստութիւն չունինք որ մեր սիրտը պաշտպանենք (Առ. 3։5, 6)։ Այս պատճառով, պէտք է միշտ վստահ ըլլանք, որ Եհովային մեզի տուած ‘երկաթէ կտորները’ իրենց տեղն են եւ մեր սիրտը կը պաշտպանեն։

8. Ինչո՞ւ պէտք է Եհովային չափանիշներուն համաձայն ապրինք։

8 Ատեններ կը զգա՞ս որ Եհովային արդար չափանիշները ազատութիւնդ կը խեղդէ կամ չեն ձգեր որ ուզած բաներդ ընես։ 21 տարեկան Տանիէլ կ’ըսէ. «Ուսուցիչներս եւ դասընկերներս վրաս կը խնդային, քանի որ Սուրբ Գիրքին չափանիշներուն համաձայն կ’ապրէի։ Ժամանակ մը, ինքնավստահութիւնս կորսնցուցի եւ ընկճուեցայ»։ Ան կը բացատրէ թէ ինչպէ՛ս այս վիճակէն դուրս ելաւ. «Ի վերջոյ, տեսայ թէ Եհովային չափանիշներով ապրիլը ի՛նչ օգուտներ ունի։ ‘Բարեկամներէս’ ոմանք սկսան թմրեցուցիչ գործածել, իսկ ուրիշներ դպրոցը ձգեցին։ Անոնց կեանքը ցաւալի դարձաւ։ Տեսայ թէ Եհովան իսկապէս մեզ կը պաշտպանէ»։ 15 տարեկան Մէտիսըն կ’ըսէ. «Ինծի համար դժուար է Եհովային չափանիշներուն համաձայն ապրիլ եւ չընել այն բաները, որ տարեկիցներուս կարծիքով հաճելի են»։ Ան ինչպէ՞ս գլուխ կ’ելլէ։ «Ես ինծի կը յիշեցնեմ, որ Եհովային անունը կը կրեմ, եւ թէ Սատանան փորձութիւնները կը գործածէ, որպէսզի վրաս յարձակի։ Երբ որոշ պայքարի մէջ յաջողիմ, ես ինձմով հպարտ կը զգամ»։

Արդարութեան զրահը (տե՛ս պարբերութիւն 6-8)

‘ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՈՎ ԱՄՐԱՑՈՒԱԾ ՈՏՔԵՐ’

9-11. ա) Քրիստոնեաները ի՞նչ այլաբանական կօշիկներ կը հագուին։ բ) Ի՞նչը մեզի կ’օգնէ որ աւելի հանգիստ զգանք քարոզելու։

9 Կարդա՛ Եփեսացիս 6։15։ Իր կօշիկը չհագնող հռոմայեցի զինուորը պատերազմի երթալու պատրաստ չէր ըլլար։ Անոր կօշիկը կը նմանէր սանտալի եւ կաշիէ երեք խաւերէ շինուած կ’ըլլար։ Այսպիսով, ատիկա շատ զօրաւոր, տոկուն եւ հանգստաւէտ կ’ըլլար։

10 Ճիշդ ինչպէս որ հռոմայեցի զինուորները կօշիկ հագուելով պատրաստ կ’ըլլային պատերազմելու, մեր այլաբանական կօշիկներն ալ մեզի կ’օգնեն խաղաղութեան բարի լուրը քարոզելու (Եսա. 52։7. Հռով. 10։15)։ Բայց ատեններ շատ քաջութեան պէտք կ’ունենանք, որ քարոզենք երբ առիթ բացուի։ 20 տարեկան Պոն կ’ըսէ. «Կը վախնայի դասընկերներուս քարոզելու, թերեւս քանի որ կ’ամչնայի։ Չեմ գիտեր ինչո՛ւ կ’ամչնայի։ Բայց հիմա ուրախ եմ որ տարեկիցներուս կը քարոզեմ»։

11 Շատ մը երիտասարդներ անդրադարձած են, որ երբ լաւ պատրաստուած ըլլան, աւելի հանգիստ կը զգան բարի լուրը քարոզելու։ Ինչպէ՞ս կրնաս նախապատրաստուիլ։ 16 տարեկան Ճուլիա կ’ըսէ. «Դպրոցի պայուսակիս մէջ հրատարակութիւններ կը դնեմ եւ դասընկերներուս կարծիքները եւ հաւատալիքները մտիկ կ’ընեմ։ Այսպիսով, դիւրին կ’ըլլայ գիտնալ, որ ի՛նչ օգնութեան պէտք ունին։ Երբ պատրաստ ըլլամ, կրնամ անոնց խօսիլ բաներու մասին, որ անձնապէս իրենց պիտի օգնեն»։ 23 տարեկան Մըքենզի կ’ըսէ. «Եթէ ազնիւ ես եւ լաւ մտիկ կ’ընես, կրնաս գիտնալ թէ տարեկիցներդ ի՛նչ բաներէ կ’անցնին։ Միշտ վստահ կ’ըլլամ որ պատանիներուն համար հրատարակուող նիւթերը կարդամ, որպէսզի կարենամ Սուրբ Գիրքէն կամ jw.org կայքէն կէտ մը նշել, որ անոնց պիտի օգնէ»։ Ուրեմն, որքա՛ն աւելի պատրաստուած ըլլաս քարոզելու, ‘կօշիկներդ’ այնքան աւելի փակած պիտի ըլլան ոտքերուդ։

Պատրաստ ոտքեր (տե՛ս պարբերութիւն 9-11)

«ՀԱՒԱՏՔԻՆ ՎԱՀԱՆԸ»

12, 13. Սատանան ի՞նչ «կրակոտ նետեր» կը գործածէ։

12 Կարդա՛ Եփեսացիս 6։16։ Հռոմայեցի զինուորը կը կրէր ուղղանկիւն մեծ վահան մը, որ զինք կը ծածկէր ուսերէն մինչեւ ծունկերը։ Ատիկա զինք կը պաշտպանէր սուրերուն ու նիզակներուն հարուածներէն եւ տեղացող նետերէն։

13 Սատանան ի՞նչ «կրակոտ նետեր» կրնայ նետել վրադ։ Թերեւս ան Եհովային մասին սուտեր գործածէ։ Ան կ’ուզէ որ կարծես թէ Եհովան քեզմով հետաքրքրուած չէ եւ քեզ չի կրնար սիրել։ 19 տարեկան Իտա կը պայքարի անարժէք ըլլալու զգացումին դէմ։ Ան կ’ըսէ. «Շատ անգամ զգացած եմ որ Եհովան ինծի մօտ չէ եւ չ’ուզեր Բարեկամս ըլլալ»։ Ան կը բացատրէ թէ ինչպէ՛ս ինքզինք կը պաշտպանէ այս յարձակումին դէմ. «Ժողովները հաւատքս շատ կը զօրացնեն։ Առաջ, ժողովին ընթացքին միայն կը նստէի եւ պատասխան չէի տար, կարծելով որ ո՛չ մէկը հետաքրքրուած է ըսելիքովս։ Բայց այլեւս կը պատրաստեմ ժողովին նիւթերը եւ կը փորձեմ երկու–երեք անգամ պատասխանել։ Ասիկա դժուար է, բայց զիս շատ աւելի լաւ կը զգացնէ։ Իսկ եղբայրներն ու քոյրերը շատ կը քաջալերեն զիս։ Միշտ ժողովը վերջանալէն ետք կը զգամ որ Եհովան զիս կը սիրէ»։

14. Իտային փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվինք։

14 Զինուորի մը վահանը միշտ նոյն չափը կը մնայ։ Բայց ինչպէս որ Իտային փորձառութիւնը կը ցուցնէ, մեր հաւատքը այդպէս չէ. ատիկա կրնայ պակսիլ կամ աճիլ, եւ ասիկա մեզմէ կախեալ է (Մատ. 14։31. Բ. Թես. 1։3)։ Ուրեմն որքա՜ն կարեւոր է որ մեր հաւատքը զօրացնենք։

Հաւատքին վահանը (տե՛ս պարբերութիւն 12-14)

«ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՍԱՂԱՒԱՐՏԸ»

15, 16. Մեր յոյսը ինչպէ՞ս կը նմանի սաղաւարտին։

15 Կարդա՛ Եփեսացիս 6։17։ Հռոմայեցի զինուորը սաղաւարտ կը հագնէր, որպէսզի պաշտպանէ իր գլուխը, վիզը եւ երեսը։ Ատեններ, սաղաւարտը կոթաւոր կ’ըլլար, որպէսզի զինուորը կարենար զայն ձեռքով կրել։

16 Ճիշդ ինչպէս որ սաղաւարտը կը պաշտպանէ զինուորին ուղեղը, մեր «փրկութեան յոյսը» կը պաշտպանէ մեր միտքը (Ա. Թես. 5։8. Առ. 3։21)։ Յոյսը մեզի կ’օգնէ որ կեդրոնանանք Աստուծոյ խոստումներուն վրայ եւ չվհատինք մեր խնդիրներուն պատճառով (Սաղ. 27։1, 14. Գործք 24։15)։ Բայց եթէ կ’ուզենք որ մեր յոյսը պաշտպանէ մեզ, պէտք է իրական ըլլայ մեզի համար։ Պէտք է մեր «սաղաւարտը» մեր գլխուն դնենք, եւ ոչ թէ մեր ձեռքով կրենք։

17, 18. ա) Սատանան ինչպէ՞ս կրնայ խաբել մեզ որ մեր սաղաւարտը հանենք։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք ցուցնել որ Սատանան մեզ չէ խաբած։

17 Սատանան ինչպէ՞ս կրնայ խաբել մեզ որ սաղաւարտը հանենք մեր գլուխէն։ Նկատէ թէ ան ինչպէս փորձեց խաբել Յիսուսը։ Ան անկասկած գիտէր որ Յիսուսին առջեւ կար այն յոյսը, որ ի վերջոյ մարդկութեան վրայ իշխէ։ Բայց Յիսուս նախ պէտք էր չարչարուէր ու մեռնէր, եւ ետքը սպասէր մինչեւ որ Եհովային որոշած ժամանակը գար որ Թագաւոր ըլլար։ Իսկ Սատանան իրեն առջեւ առիթ բացաւ, որ աւելի շուտ սկսի իշխել։ Ան խոստացաւ որ եթէ Յիսուս իրեն երկրպագութիւն ընէր, անմիջապէս պիտի իշխէր ամբողջ աշխարհին վրայ (Ղուկ. 4։5-7)։ Նմանապէս, Սատանան գիտէ որ Եհովան նիւթական օրհնութիւններ պիտի տայ մեզի նոր աշխարհին մէջ։ Բայց մենք պէտք է սպասենք ասոր, եւ մինչ այդ թերեւս դժուարութիւններ ալ ունենանք։ Սատանան մեր առջեւ առիթներ կը բանայ, որ այդ կեանքը հի՛մա վայելենք։ Ան կ’ուզէ որ նիւթական բաները եւ մեր հանգիստը առաջին տեղը դնենք, իսկ Թագաւորութիւնը՝ երկրորդ տեղը (Մատ. 6։31-33

18 Այդ գաղափարը չէ կրցած խաբել բազմաթիւ քրիստոնեայ երիտասարդներ։ Օրինակ, 20 տարեկան Քիանան կ’ըսէ. «Ես գիտեմ որ միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ մեր բոլոր խնդիրները լուծել»։ Այս հաստատուն յոյսը ինչպէ՞ս կ’ազդէ իր մտածելակերպին եւ ապրելակերպին։ Ան կ’աւելցնէ. «Դրախտին յոյսը ինծի կ’օգնէ, որ գիտնամ թէ ինչ աչքով պէտք է նայիմ աշխարհիկ նպատակակէտերուն։ Չեմ փորձեր ձիրքերս չափազանց օգտագործել, ոչ ալ գործիս մէջ դիրքս բարձրացնել, հապա՝ ժամանակս եւ կորովս կը գործածեմ հոգեւոր նպատակակէտերու համար»։

Փրկութեան սաղաւարտը (տե՛ս պարբերութիւն 15-18)

«ՀՈԳԻԻՆ ՍՈՒՐԸ»՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ

19, 20. Ինչպէ՞ս կրնանք Սուրբ Գիրքը աւելի վարպետութեամբ գործածել։

19 Հռոմայեցի զինուորները կը գործածէին սուրեր, որոնք 50 սմ. երկարութիւն ունէին եւ կը գործածուէին դէմ–դիմաց կռուելու համար։ Այդ զինուորները շատ վարպետ էին սուր գործածելուն մէջ, քանի որ ամէն օր փորձ կ’ընէին։

20 Պօղոս առաքեալ ըսաւ որ Աստուծոյ Խօսքը կը նմանի սուրի, որ Աստուծմէ ստացած ենք։ Բայց պէտք է սորվինք զայն վարպետութեամբ գործածել, որպէսզի մեր հաւատքը պաշտպանենք կամ մեր մտածելակերպը փոխենք (Բ. Կոր. 10։4, 5. Բ. Տիմ. 2։15)։ Ինչպէ՞ս կրնաս աւելի վարպետ դառնալ։ 21 տարեկան Սեպասթեան կ’ըսէ. «Ամէն անգամ որ Սուրբ Գիրքը կարդամ, ամէն մէկ գլուխէն համար մը կը գրեմ քովս, եւ ամէնէն շատ սիրած համարներուս ցանկը կը պատրաստեմ։ Այսպիսով, Եհովային մտածելակերպը աւելի յստակ կ’ըլլայ ինծի համար»։ Նախապէս նշուած Տանիէլ կ’ըսէ. «Մինչ Սուրբ Գիրքը կը կարդամ, կը զատեմ այն համարները, որ կը կարծեմ թէ պիտի օգնեն ծառայութեան մէջ իմ հանդիպած մարդոց։ Նկատած եմ որ մարդիկ աւելի կ’ընդառաջեն, երբ տեսնեն որ Սուրբ Գիրքին շատ արժէք կու տաս եւ լաւագոյնդ կ’ընես որ իրենց օգնես»։

Հոգիին սուրը (տե՛ս պարբերութիւն 19-20)

21. Ինչո՞ւ պէտք չունինք վախնալու Սատանայէն եւ դեւերէն։

21 Այս յօդուածին մէջ նշուած երիտասարդներուն փորձառութիւններէն կը սորվինք, որ պէտք չունինք Սատանայէն եւ դեւերէն վախնալու։ Ճիշդ է որ անոնք զօրաւոր են, բայց Եհովայէն աւելի զօրաւոր չեն, եւ յաւիտեան պիտի չապրին։ Մօտ ատենէն՝ Քրիստոսին հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, անոնք պիտի բանտարկուին ու պիտի չկրնան մէկու մը վնասել, եւ ետքը պիտի կործանին (Յայտ. 20։1-3, 7-10)։ Մենք գիտենք մեր թշնամիին ո՛վ ըլլալը, իր գործածած մեթոտները եւ իր նպատակները։ Կրնա՛նք Եհովային օգնութեամբ իրեն դէմ դնել։