Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 21

‘Այս աշխարհի իմաստութեամբ’ մի՛ մոլորիր

‘Այս աշխարհի իմաստութեամբ’ մի՛ մոլորիր

«Այս աշխարհի իմաստութիւնը Աստուծոյ առջեւ յիմարութիւն է» (Ա. ԿՈՐ. 3։19

ԵՐԳ 37 Սուրբ Գրութիւնները Աստուծմէ ներշնչուած են

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Աստուծոյ Խօսքը մեզի ի՞նչ կու տայ։

ԿՐՆԱՆՔ որեւէ դժուարութիւն դիմագրաւել, քանի որ Եհովան աննման Ուսուցիչ է (Յոբ 36։22)։ Իր Խօսքը մեզի պէտք եղածը կու տայ, որպէսզի «լիովին ատակ» ու «ամէն բարի գործերու ամբողջովին պատրաստուած» ըլլանք (Բ. Տիմ. 3։17, ՆԱ)։ Երբ Աստուածաշունչի ուսուցումներուն համաձայն ապրինք, «աշխարհի իմաստութիւնը» յառաջ մղողներէն աւելի իմաստուն կը դառնանք (Ա. Կոր. 3։19. Սաղ. 119։97-100

2. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

2 Ինչպէս որ պիտի տեսնենք, աշխարհի իմաստութիւնը մեր մարմնաւոր ցանկութիւններուն հաշւոյն կու գայ։ Ուստի, թերեւս դժուարութիւն ունենանք աշխարհի մարդոց մտածելակերպն ու վարուելակերպը չորդեգրելու։ Տեղին ըլլալով, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Զգուշացէ՛ք որ ո՛չ մէկը որսայ ձեզ փիլիսոփայութեամբ եւ ունայն խաբէութեամբ, մարդոց աւանդութեան ու աշխարհի սկզբունքներուն համաձայն» (Կող. 2։8, ԱԾ)։ Այս յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս սկսան ընդունիլ երկու սուտեր, որոնք Սատանան կը սորվեցնէ։ Իւրաքանչիւր պարագային, պիտի տեսնենք թէ ինչո՛ւ աշխարհի իմաստութիւնը յիմարութիւն է եւ ինչպէ՛ս Աստուծոյ Խօսքին իմաստութիւնը զայն կը գերազանցէ։

ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՄԱՐԴՈՑ ՏԵՍԱԿԷՏԸ ՓՈԽՈՒԱԾ Է

3-4. 1900–ի եւ 1930–ի միջեւ, Միացեալ Նահանգներուն մէջ բարոյականութեան նկատմամբ մարդոց տեսակէտը ինչպէ՞ս փոխուեցաւ։

3 Միացեալ Նահանգներուն մէջ, 20–րդ դարուն սկիզբը, բարոյականութեան նկատմամբ մարդոց տեսակէտը մեծապէս փոխուեցաւ։ Անկէ առաջ, շատեր համոզուած էին, թէ միայն ամուսնացած զոյգը կրնայ սեռային յարաբերութիւն ունենալ եւ սեռին մասին պէտք չէ հանրապէս խօսիլ։ Բայց այդ չափանիշները անհետացան եւ թոյլատու տեսակէտներ տարածուեցան։

4 1920–ականներուն, մարդոց վարքը եւ սեռի նկատմամբ իրենց տեսակէտը մեծապէս փոխուեցան։ «Ֆիլմերը, թատերախաղերը, երգերը, վիպակները եւ ծանուցումները սկսան սեռային նիւթեր պարփակել», կ’ըսէ հետազօտիչ մը։ Այդ տարիներուն, պարելու կարգ մը կերպեր ձգեցին որ մարդիկ սեռի մասին մտածեն, եւ շատերու հագուստները այլեւս անպատշաճ էին։ Աստուածաշունչը վերջին օրերուն նկատմամբ արդէն ըսած էր, որ մարդիկ «հեշտասէր» կամ հաճոյասէր պիտի ըլլային (Բ. Տիմ. 3։4

Եհովայի ծառաները չեն մոլորիր աշխարհի թոյլատու բարոյական չափանիշներով (տե՛ս պարբերութիւն 5) *

5. 1960–ականներէն ի վեր ի՞նչ պատահած է բարոյական չափանիշներու նկատմամբ աշխարհի տեսակէտին։

5 1960–ականներուն, առանց ամուսնանալու իրարու հետ ապրիլը, միասեռականութիւնը եւ դիւրաւ ամուսնալուծուիլը համատարած դարձան։ Շատ մը ժամանցներ սկսան սեռը յայտնապէս ներկայացնել։ Այս բոլորին հետեւանքը ի՞նչ եղած է։ Հեղինակուհի մը գրեց, թէ երբ մարդիկ այլեւս բարոյական չափանիշներու չեն հետեւիր, բազմաթիւ վայեր կ’ըլլան, ինչպէս՝ բաժնուած ընտանիքներ, միածնող ընտանիքներ, զգացական վէրքեր եւ պոռնկագրութեան մոլութիւն։ Ուրիշ հետեւանք մըն է՝ սեռային յարաբերութեամբ փոխանցուող հիւանդութիւնը, ինչպէս ԷՅՏՍ–ը։ Այս բոլորը ցոյց կու տան, թէ աշխարհի իմաստութիւնը յիմարութիւն է (Բ. Պետ. 2։19

6. Սեռի նկատմամբ աշխարհի տեսակէտը ինչպէ՞ս Սատանայի նպատակին կը ծառայէ։

6 Սեռի նկատմամբ աշխարհի տեսակէտը Սատանայի նպատակին կը ծառայէ։ Սատանան անկասկած կ’ուրախանայ տեսնելով որ մարդիկ սեռը չարաչար կը գործածեն եւ Աստուծոյ կողմէ տրուած ամուսնութեան պարգեւը կ’անարգեն (Եփ. 2։2)։ Սեռային անբարոյութիւնը զաւակ ունենալու աստուածատուր պարգեւը շուքի մէջ կը ձգէ, ինչպէս նաեւ անհատին արգելք կ’ըլլայ որ յաւիտենական կեանքը ժառանգէ (Ա. Կոր. 6։9, 10

ՍԵՌԱՅԻՆ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻՆ ՏԵՍԱԿԷՏԸ

7-8. Ինչո՞ւ սեռի նկատմամբ Սուրբ Գիրքին տեսակէտը աշխարհի տեսակէտէն շատ աւելի լաւ է։

7 Այս աշխարհի իմաստութիւնը որդեգրողները Աստուածաշունչի բարոյական չափանիշներուն վրայ կը ծիծաղին, ըսելով որ ատոնք տրամաբանական չեն։ Անոնք թերեւս հարցնեն. ‘Աստուած ինչո՞ւ մեզ պիտի ստեղծէր սեռային ցանկութիւններով, եթէ կ’ուզէր որ անոնց գոհացում չտանք’։ Այս հարցումը կը հարցնեն, քանի որ համոզուած են, թէ մարդ արարածը եթէ ցանկայ բան մը ընել, պէ՛տք է ընէ։ Բայց Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ ստիպուած չենք ամէն փափաք գոհացնել, հապա կարողութիւնը ունինք սխալ ցանկութիւններու դէմ պայքարելու (Կող. 3։5)։ Ասկէ զատ, Եհովան ամուսնութեան պարգեւը տուած է, կարգադրութիւն մը՝ որուն մէջ պատշաճ սեռային ցանկութիւնները կը գոհացուին (Ա. Կոր. 7։8, 9)։ Ամուսինն ու կինը կրնան սեռային յարաբերութիւնը վայելել առանց զղջումի եւ մտահոգութեան զգացումները ունենալու, որոնք յաճախ անբարոյութենէն յառաջ կու գան։

8 Այս աշխարհի իմաստութեան հակառակը, Աստուածաշունչը մեզի կը սորվեցնէ սեռի նկատմամբ ճիշդ տեսակէտը։ Ան կ’ընդունի որ սեռը հաճոյքի աղբիւր է (Առ. 5։18, 19)։ Սակայն կ’ըսէ. «Ձեզմէ ամէն մէկը գիտնայ իր մարմինը սրբութիւնով ու պատուով պահել. ո՛չ թէ ցանկութեան կիրքով, ինչպէս հեթանոսները, որոնք Աստուած չեն ճանչնար» (Ա. Թես. 4։4, 5

9. ա) 20–րդ դարուն սկիզբը, Եհովայի ժողովուրդը ինչպէ՞ս քաջալերութիւն ստացաւ իր Խօսքին գերազանց իմաստութեան հետեւելու։ բ) Ա. Յովհաննէս 2։15, 16–ին մէջ ի՞նչ իմաստուն խրատ կը գտնենք։ գ) Ինչպէս որ Հռովմայեցիս 1։24-27–ին մէջ նշուած է, ի՞նչ անբարոյ սովորութիւններ պէտք չէ որդեգրենք։

9 20–րդ դարուն սկիզբը, Եհովայի ծառաները չմոլորեցան ‘անզգայ եղողներուն’ տեսակէտով (Եփ. 4։19)։ Անոնք ջանացին Եհովայի չափանիշներուն կառչիլ։ Դիտարան–ի 15 մայիս 1926 թիւը նշեց, թէ «տղամարդ մը կամ կին մը պէտք է անարատ եւ մաքուր ըլլայ միտքով ու գործով, մասնաւորաբար հակառակ սեռին նկատմամբ»։ Այդ ատեն Եհովայի ժողովուրդը չազդուեցաւ աշխարհի անցուդարձերէն, հապա Իր Խօսքին գերազանց իմաստութեան հետեւեցաւ (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 2։15, 16)։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք որ Աստուծոյ Խօսքը ունինք։ Նաեւ շնորհակալ ենք, որ Եհովան ատենին հոգեւոր սնունդ կու տայ, մեզի օգնելու որ բարոյականութեան նկատմամբ այս աշխարհի իմաստութիւնը չորդեգրենք (կարդա՛ Հռովմայեցիս 1։24-27) *։

ԱՆՀԱՏԸ ԻՆՔԶԻՆՔ ՍԻՐԵԼՈՒ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՄԱՐԴՈՑ ՏԵՍԱԿԷՏԸ ՓՈԽՈՒԱԾ Է

10-11. Աստուածաշունչը նշեց որ վերջին օրերուն ի՞նչ պիտի պատահէր։

10 Աստուածաշունչը նշեց, թէ վերջին օրերուն մարդիկ «անձնասէր» պիտի ըլլային (Բ. Տիմ. 3։1, 2)։ Չենք զարմանար տեսնելով թէ աշխարհը կը քաջալերէ որ մարդիկ իրենց անձին վրայ կեդրոնանան։ Համայնագիտարան մը կ’ըսէ, որ 1970–ականներուն, «ինքնօգնութեան գիրքերը վխտացին. . . [եւ ատոնցմէ ոմանք] ընթերցողները քաջալերեցին, որ իրենք զիրենք ճանչնան ու ընդունին իրենց անձը ինչպէս որ է եւ անով հպարտանան»։ Օրինակ, նկատի առ այդպիսի գիրքի մը մէկ խօսքը. «Սիրահարուէ ամէնէն գեղեցիկ, հետաքրքրական եւ արժէքաւոր անհատին, որ է քու անձդ»։ Գիրքը կ’ըսէ որ մէկը պէտք է անձամբ որոշէ ինչպէս վարուիլ եւ պէտք է ընէ ինչ որ ի՛նք կը խորհի թէ ճիշդ է եւ յարմար է։

11 Այդ գաղափարը քեզի ծանօ՞թ է։ Սատանան Եւան քաջալերեց որ նման բան մը ընէ։ Ան ըսաւ որ Եւան կրնար ‘Աստուծոյ պէս ըլլալ՝ բարին ու չարը գիտնալով’ (Ծն. 3։5, ՆԱ)։ Ներկայիս շատեր այնքա՛ն ինքնահաւան են, որ կ’ըսեն թէ ո՛չ մէկը, նոյնիսկ Աստուած, կրնայ իրենց ըսել թէ ինչը ճիշդ է եւ ինչը սխալ։ Օրինակ, այդ կեցուածքը յստակ է ամուսնութեան նկատմամբ մարդոց տեսակէտին մէջ։

Քրիստոնեան ուրիշներուն, մանաւանդ իր կողակիցին, կարիքները իր կարիքներէն առաջ կը դնէ (տե՛ս պարբերութիւն 12) *

12. Աշխարհը ամուսնութեան նկատմամբ ի՞նչ տեսակէտ կը քաջալերէ։

12 Աստուածաշունչը ամուսինին ու կնոջ կը սորվեցնէ իրար պատուել եւ ամուսնական ուխտը կատարել։ Զիրենք կը քաջալերէ, որ վճռեն միասին մնալ, ըսելով. «Այրը պիտի ձգէ իր հայրը ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի ու մէկ մարմին պիտի ըլլան» (Ծն. 2։24)։ Մինչդեռ աշխարհի իմաստութենէն ազդուողները տարբեր տեսակէտ յառաջ կը մղեն, ըսելով որ ամէն մէկ կողակից պէտք է կեդրոնանայ ի՛ր կարիքներուն վրայ։ Կարգ մը երկիրներու մէջ երբ զոյգը կ’ամուսնանայ, բոլորին առջեւ կը խոստանայ, որ իրարու հետ ամուսնացած պիտի մնան մինչեւ իրենց կեանքին վերջը։ Ամուսնալուծման մասին գիրք մը կը նշէ, թէ շատեր այդ խոստումը փոխած են, ըսելով որ զոյգը ամուսնացած պիտի մնայ այնքան ատեն որ իրար կը սիրեն։ Ամուսնութիւնը այսքա՛ն թեթեւի առնելը պատճառ դարձած է, որ անհամար ընտանիքներ քայքայուին եւ շատեր զգացականօրէն խորապէս վնասուին։ Ուրեմն, յստակ է որ ամուսնութեան նկատմամբ աշխարհի անյարգալից տեսակէտը յիմարութիւն է։

13. Ինչո՞ւ Եհովան հպարտ մարդիկը գարշելի կը նկատէ։

13 Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բոլոր սրտով հպարտները Տէրոջը առջեւ պիղծ են» (Առ. 16։5)։ Եհովան ինչո՞ւ հպարտ մարդիկը գարշելի կը նկատէ։ Պատճառներէն մէկը այն է, որ անձնասէր մարդիկը Սատանային պէս հպարտ են։ Երեւակայէ որ Սատանան խորհեցաւ որ Յիսուս, որ Աստուծոյ կողմէ գործածուած էր բոլո՛ր բաները ստեղծելու, իրեն երկրպագութիւն պիտի ընէր (Մատ. 4։8, 9. Կող. 1։15, 16)։ Մարդիկ, որոնք իրենք զիրենք այսքա՛ն կարեւոր կը նկատեն, փաստ մըն են թէ իրապէս աշխարհի իմաստութիւնը Աստուծոյ առջեւ յիմարութիւն է։

ԱՆՀԱՏԸ ԻՆՔԶԻՆՔ ՍԻՐԵԼՈՒ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՏԵՍԱԿԷՏԸ

14. Հռովմայեցիս 12։3–ը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ, որ մեր անձին հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենանք։

14 Աստուածաշունչը մեզի կ’օգնէ, որ մեր անձին հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենանք։ Ան կ’ընդունի թէ որոշ չափով մենք մեզ սիրելը տեղին է։ Յիսուս ըսաւ. «Ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ», ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք մեր կարիքներուն (Մատ. 19։19)։ Սակայն, Աստուածաշունչը չի սորվեցներ, որ պէտք է մենք մեզ ուրիշներէն աւելի բարձր սեպենք։ Հապա, կը նշէ. «Բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով մի՛ ընէք. հապա խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք» (Փլպ. 2։3. կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։3

15. Ի՞նչ բան քեզ կը համոզէ, թէ անհատը ինքզինք սիրելու նկատմամբ Աստուածաշունչին խրատը գործնական է։

15 Ներկայիս շատեր, որոնք իմաստուն կը նկատուին, կ’ըսեն թէ այս առնչութեամբ Աստուածաշունչին ըսածը յիմարութիւն է։ Կ’ըսեն թէ եթէ մտածես որ ուրիշները քեզմէ աւելի կարեւոր են, անոնք քեզ պիտի շահագործեն։ Բայց Սատանայի աշխարհին քաջալերած կեցուածքին արդիւնքը ի՞նչ եղած է։ Դուն ի՞նչ նկատած ես։ Անձնասէր մարդիկը ուրա՞խ են։ Անոնց ընտանիքները ուրա՞խ են։ Անոնք անկեղծ բարեկամներ ունի՞ն։ Աստուծոյ հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունի՞ն։ Ըստ փորձառութեանդ, ո՞ր մէկը լաւագոյն արդիւնքը կու տայ. աշխարհի իմաստութեա՞ն հետեւիլը, թէ ոչ՝ Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուող իմաստութեան։

16-17. Ինչի՞ն համար կրնանք շնորհակալ ըլլալ եւ ինչո՞ւ։

16 Անոնք՝ որոնք «իմաստուններ»ուն խրատին կը հետեւին, կը նմանին ճամբորդի մը, որ ուրիշ ճամբորդէ ուղղութիւններ կը խնդրէ, մինչ երկուքն ալ կորսուած են։ Իր օրերուն իմաստուն նկատուող մարդոց համար Յիսուս ըսաւ. «Իրենք կոյր են ու կոյրերու առաջնորդ։ Եթէ կոյրը կոյրին առաջնորդէ, երկուքն ալ փոսը պիտի իյնան» (Մատ. 15։14)։ Իրապէս աշխարհի իմաստութիւնը Աստուծոյ առջեւ յիմարութիւն է։

Աստուծոյ ծառաները գոհունակութեամբ կը խորհին Եհովայի ծառայութեան մէջ անցուցած իրենց կեանքին շուրջ (տե՛ս պարբերութիւն 17) *

17 Աստուածաշունչի իմաստուն խրատը միշտ ‘օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար’ (Բ. Տիմ. 3։16)։ Մենք շա՜տ շնորհակալ ենք Եհովայէն, որ իր կազմակերպութեան միջոցաւ մեզ պաշտպանած է աշխարհի իմաստութենէն (Եփ. 4։14)։ Իր տուած հոգեւոր սնունդը մեզ կը զօրացնէ, որ իր Խօսքին չափանիշներուն կառչինք։ Ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում է առաջնորդուիլ Աստուածաշունչին բովանդակած վստահելի իմաստութեամբ։

ԵՐԳ 65 «Ասիկա է ճամբան»

^ պարբ. 5 Յօդուածը մեր համոզումը պիտի զօրացնէ, թէ միայն Եհովային կրնանք վստահիլ առաջնորդութեան համար։ Նաեւ պիտի տեսնենք, թէ աշխարհի իմաստութեամբ առաջնորդուիլը ահռելի հետեւանքներ կ’ունենայ, մինչդեռ Աստուծոյ Խօսքին իմաստուն ուղղութիւնները գործադրելը օգտակար է։

^ պարբ. 9 Օրինակ, տե՛ս Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ, հատոր Ա., գլուխ 24-26, եւ հատոր Բ., գլուխ 4-5 (անգլերէն). Պատանիները հետաքրքրող 10 հարցումներ, հարցում 7։

^ պարբ. 50 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Կը տեսնենք ամուսնացած Վկայ զոյգի մը կեանքին տարբեր ժամանակներէն պահեր։ Զոյգը քարոզչութեան կը մասնակցի 1960–ականներու վերջաւորութեան։

^ պարբ. 52 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. 1980–ականներուն, ամուսինը իր հիւանդ կնոջ հոգ կը տանի, մինչ իրենց աղջնակը կը դիտէ։

^ պարբ. 54 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Ներկայիս, զոյգը նկարներ դիտելով կը յիշեն Եհովայի ծառայութեան մէջ անցուցած ուրախ պահերը, իսկ իրենց աղջիկն ու անոր ընտանիքը իրենց հետ կ’ուրախանան։