Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 22

Սերտելու կերպդ բարելաւէ

Սերտելու կերպդ բարելաւէ

‘Աւելի կարեւոր բաները ընտրեցէք’ (ՓԼՊ. 1։10, ՆԱ

ԵՐԳ 70 Աւելի կարեւոր բաները ընտրեցէք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ինչո՞ւ ոմանք թերեւս չուզեն սերտել։

ԱՊՐՈՒՍՏ ճարելը ներկայիս շատ ջանքի կը կարօտի։ Մեր եղբայրներէն շատեր երկար ժամեր կ’աշխատին, կեանքին անհրաժեշտ բաները իրենց ընտանիքին հայթայթելու համար։ Իսկ անհամար ուրիշներ ամէն օր ժամեր կը վատնեն գործատեղ հասնելու եւ անկէ վերադառնալու համար։ Շատեր ֆիզիքական ծանր գործեր կ’ընեն։ Օրուան վերջաւորութեան, այս աշխատասէր եղբայրներն ու քոյրերը ուժասպառ կը զգան։ Վերջին բանը որ իրենց մտքէն կ’անցնի՝ սերտելն է։

2. Ե՞րբ ժամանակ կը գտնես ուսումնասիրելու։

2 Սակայն իրողութիւնը այն է, որ պէտք է ժամանակ գտնենք Աստուծոյ Խօսքը եւ մեր հրատարակութիւնները սերտելու,– լրջօրէն սերտելու,– եթէ կ’ուզենք Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենալ եւ յաւիտեան ապրիլ (Ա. Տիմ. 4։15, 16)։ Ոմանք ամէն օր կանուխ կ’արթննան եւ կ’ուսումնասիրեն, երբ տունը հանդարտ է եւ իրենց միտքը թարմ է գիշերուան քունէն ետք։ Իսկ ուրիշներ օրուան վերջաւորութեան քանի մը խաղաղ վայրկեաններ կը գտնեն, հոգեւոր սնունդ առնելու եւ անոր վրայ խոկալու համար։

3-4. Ի՞նչ փոփոխութիւններ եղած են հրատարակութիւններուն քանակին նկատմամբ, եւ ինչո՞ւ։

3 Անկասկած կը համաձայնիս, որ կարեւոր է սերտելու համար ժամանակ գտնել։ Բայց ի՞նչ պէտք է սերտենք։ Թերեւս ըսես. ‘Կարդալիք շա՜տ բան կայ։ Ինծի համար շատ դժուար է բոլորը նկատի առնել’։ Ոմանք կարող են բոլոր հրատարակութիւնները կարդալ եւ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած բոլոր վիտէօները դիտել, բայց մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատերուն համար դժուար է ժամանակ գտնել ատիկա ընելու։ Կառավարիչ մարմինը ասոր գիտակցելով՝ վերջերս որոշեց նուազեցնել թէ՛ տպուած եւ թէ առցանց հրատարակութիւններուն քանակը։

4 Օրինակ, այլեւս չենք հրատարակեր Եհովայի վկաներու տարեգիրք–ը, քանի որ շատ մը փորձառութիւններ կարելի է գտնել jw.org® կայքին մէջ եւ JW Հեռատեսիլի կայանին ամսական յայտագրին մէջ։ Դիտարան–ի հանրամատչելի հրատարակութիւնը եւ Զարթի՛ր–ը ներկայիս լոյս կը տեսնեն՝ տարին միայն երեք անգամ։ Այս փոփոխութիւնները չեղան որպէսզի աւելի ժամանակ ունենանք ուրիշ զբաղումներու համար։ Անոնց նպատակն է որ ժամանակ ունենանք «աւելի կարեւոր բաներ»ուն ուշադրութիւն դարձնելու (Փլպ. 1։10, ՆԱ)։ Քննարկենք թէ ինչպէ՛ս կրնաս որոշել թէ ի՛նչը աւելի կարեւոր է, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնաս Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութենէդ լիովին օգտուիլ։

ՈՐՈՇԷ ԹԷ Ի՛ՆՉ ԲԱՆԵՐ ՆԱԽ ՊԻՏԻ ՍԵՐՏԵՍ

5-6. Ո՞ր հրատարակութիւնները պէտք է խորապէս սերտենք։

5 Առաջին կարգին ի՞նչ բան պէտք է սերտենք։ Անշուշտ պէտք է ամէն օր ժամանակ տրամադրենք Աստուծոյ Խօսքը սերտելու։ Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութեան յայտագիրը այժմ աւելի քիչ գլուխներ կը պարփակէ, որպէսզի մեզի աւելի ժամանակ տրուի մեր կարդացածին վրայ խոկալու եւ յաւելեալ փնտռտուք ընելու։ Մեր նպատակը պէտք է ըլլայ՝ ո՛չ թէ այդ շաբթուան նշանակուած համարները պարզապէս կարդալ, հապա ձգել որ Աստուածաշունչին պատգամը մեր սրտին հասնի, ինչ որ մեզ Եհովային պիտի մօտեցնէ (Սաղ. 19։14

6 Ի՞նչ բան եւս պէտք է խորապէս սերտենք։ Անշուշտ Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւնը, Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւնը եւ միջշաբաթային ժողովի նիւթերը պէտք է պատրաստենք։ Եւ Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի իւրաքանչիւր թիւ պէտք է կարդանք։

7. Պէ՞տք է վհատինք, եթէ չենք կրնար մեր կայքին եւ JW Հեռատեսիլի կայանին մէջ լոյս տեսած բոլոր նիւթերը նկատի առնել։

7 Թերեւս ըսես. ‘Լաւ, բայց ե՞րբ պիտի կարդամ jw.org կայքին բոլոր յօդուածները կամ դիտեմ JW Հեռատեսիլի կայանի վիտէօները’։ Տե՛ս այս օրինակը. կարգ մը ճաշարաններ սեղան մը կ’ունենան, որուն վրայի տեսակ–տեսակ համեղ ճաշերէն յաճախորդները կրնան իրենց ուզածին չափ առնել։ Բայց ո՛չ մէկ յաճախորդ կարող է բոլո՛ր ճաշերը համտեսել, անոր համար իւրաքանչիւրը քանի մը ճաշ կ’ընտրէ։ Նոյնպէս դուն, մի՛ վհատիր եթէ չես կրնար ելեկտրոնային բոլոր նիւթերը նկատի առնել։ Կարդա՛ կամ դիտէ ի՛նչ որ կրնաս։ Հիմա քննարկենք թէ ինչպէ՛ս պէտք է սերտենք եւ մեր ուսումնասիրութենէն ինչպէ՛ս կրնանք լիովին օգտուիլ։

ՍԵՐՏԵԼԸ ՋԱՆՔ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

8. Դիտարան–ը ի՞նչ կերպով կը սերտենք, եւ այս կերպը ընելով ինչպէ՞ս կ’օգտուիս։

8 Սերտել կը նշանակէ՝ կեդրոնացած կարդալ, կարեւոր բան մը սորվելու նպատակով, եւ ո՛չ թէ նկատի առնուելիք նիւթը արագ–արագ աչքէ անցընել եւ պատասխանները ընդգծել։ Օրինակ, Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւնը պատրաստելու ատեն, նախ կարդա՛ յօդուածին սկիզբը նշուած ընդհանուր ակնարկը։ Ետքը, կարդա՛ եւ մտածէ յօդուածին վերնագիրին, ենթավերնագիրներուն եւ վերաքաղի հարցումներուն շուրջ։ Ետքը, առանց աճապարելու, ուշադրութեամբ կարդա՛ յօդուածը։ Նկատէ իւրաքանչիւր պարբերութեան առաջին նախադասութիւնը, որ ընդհանրապէս գաղափար կու տայ, թէ պարբերութիւնը ի՛նչ կէտ կը բացատրէ։ Մինչ յօդուածը կը կարդաս, մտածէ թէ ամէն մէկ պարբերութիւն ինչպէ՛ս ենթավերնագիրը կը զարգացնէ եւ յօդուածին ընդհանուր բնաբանին կը կապուի։ Նոթագրէ որեւէ անծանօթ բառ կամ որեւէ գաղափար, որուն մասին կ’ուզես փնտռտուք ընել։

9. ա) Դիտարան–ը սերտելու ատեն, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս պէտք է համարներուն մասնաւոր ուշադրութիւն ընծայենք։ բ) Ինչպէս որ Յեսու 1։8–ին մէջ նշուած է, համարները կարդալէն զատ ի՞նչ պէտք է ընենք։

9 Դիտարան–ի ուսումնասիրութեամբ Աստուածաշունչը կը սերտենք։ Ուստի մասնաւոր ուշադրութիւն ընծայէ համարներուն, մանաւանդ անոնց, որոնք ժողովին ընթացքին պիտի կարդացուին։ Նկատի առ թէ համարներուն բանալի բառերը կամ արտայայտութիւնները ինչպէ՛ս թիկունք կը կանգնին պարբերութեան քննարկած կէտին։ Ասկէ զատ, ժամանակ տուր կարդացած համարներուդ վրայ խոկալու եւ տեսնելու թէ ինչպէ՛ս կրնաս զանոնք կեանքիդ մէջ գործադրել (կարդա՛ Յեսու 1։8

Ծնողնե՛ր, ձեր երեխաներուն սորվեցուցէք ինչպէ՛ս սերտել (տե՛ս պարբերութիւն 10) *

10. Եբրայեցիս 5։14–ին հիման վրայ, ծնողները ինչո՞ւ ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին պէտք է ժամանակ տրամադրեն իրենց երեխաներուն սորվեցնելու, թէ ինչպէ՛ս սերտեն եւ փնտռտուք ընեն։

10 Հասկնալի է որ ծնողները կ’ուզեն, որ իրենց զաւակները ամէն շաբաթ հաճոյք առնեն ընտանեկան պաշտամունքէն։ Սակայն, թէեւ ծնողները միշտ պէտք է որոշեն թէ ի՛նչ բան պիտի քննարկուի ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին, բայց ստիպուած չեն իւրաքանչիւր շաբաթ մասնաւոր գործունէութիւններ կամ հետաքրքրական ծրագիր մը կազմակերպել։ Ընտանեկան պաշտամունքի պահը կարելի է տրամադրել JW Հեռատեսիլի կայանի ամսական յայտագիրը դիտելու կամ ատեն–ատեն ծրագիրի մը վրայ աշխատելու,– ինչպէս Նոյի տապանին նմոյշը շինել,– բայց նաեւ կարեւոր է որ երեխաները սորվին ինչպէ՛ս սերտել։ Օրինակ, անոնք պէտք է գիտնան ժողովին նիւթերը ինչպէ՛ս պատրաստել կամ դպրոցին մէջ ծագած հարցի մը մասին ինչպէ՛ս փնտռտուք ընել (կարդա՛ Եբրայեցիս 5։14)։ Եթէ անոնք տան մէջ ժամանակ տրամադրեն որոշ նիւթեր սերտելու, աւելի պատրաստ պիտի ըլլան կեդրոնանալու ժողովներուն եւ համաժողովներուն ընթացքին ներկայացուած նիւթերուն վրայ, որոնք միշտ չէ որ վիտէօներ կը պարփակեն։ Անշուշտ ուսումնասիրութեան իւրաքանչիւր պահի տեւողութիւնը կախեալ է երեխաներուն տարիքէն եւ բնաւորութենէն։

11. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ Աստուածաշունչի աշակերտներուն սորվեցնենք ինչպէ՛ս խորապէս ուսումնասիրել։

11 Աստուածաշունչի աշակերտներն ալ պէտք ունին սորվելու թէ ինչպէ՛ս սերտեն։ Երբ նոր սկսին Աստուածաշունչը սերտել, կ’ուրախանանք երբ ուսումնասիրութեան կամ ժողովին նիւթը կը պատրաստեն՝ պարզապէս պատասխանները ընդգծելով։ Բայց անոնց պէտք է սորվեցնենք ինչպէ՛ս փնտռտուք ընել եւ խորապէս ուսումնասիրել։ Այսպիսով, երբ խնդիրներ ծագին, փոխանակ անմիջապէս ուրիշներու հարցնելու թէ ի՛նչ պէտք է ընեն, պիտի գիտնան ինչպէ՛ս անձամբ գործնական խրատներ գտնել՝ մեր հրատարակութիւններուն մէջ փնտռտուք ընելով։

ՆՊԱՏԱԿՈՎ ՍԵՐՏԷ

12. Սերտելու ատեն ի՞նչ նպատակներ կրնանք ունենալ։

12 Եթէ սերտել չես սիրեր, թերեւս մտածես թէ անկարելի է որ սերտելէն հաճոյք առնես։ Բայց կրնա՛ս հաճոյք առնել։ Սկիզբը կարճ պահեր սերտէ եւ յետոյ երթալէն սերտելու պահերը երկարէ։ Եւ մտածէ թէ ինչո՛ւ կը սերտես։ Անշուշտ մեր բո՛ւն նպատակն է՝ Եհովային աւելի մօտենալ։ Իսկ անմիջական մէկ նպատակը կրնայ ըլլալ՝ պատասխանել հարցումի մը, որ մէկը մեզի հարցուցած է, կամ փնտռտուք ընել խնդիրի մը մասին, որ կը դիմագրաւենք։

13. ա) Բացատրէ թէ պատանին ի՛նչ քայլեր կրնայ առնել, դպրոցին մէջ իր հաւատալիքները պաշտպանելու համար։ բ) Պատանին ինչպէ՞ս կրնայ գործադրել Կողոսացիս 4։6–ի խրատը։

13 Օրինակ, թերեւս դպրոցական ես եւ դասընկերներդ բարեշրջութեան կը հաւատան։ Կ’ուզես բացատրել, թէ ինչո՛ւ ստեղծագործութեան կը հաւատաս, ինչպէս որ Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնէ, բայց թերեւս կը զգաս որ չես կրնար։ Ուրեմն, պէ՛տք է ատոր մասին սերտես, որպէսզի՝ 1) համոզումդ զօրացնես թէ Աստուած բոլոր բաները ստեղծեց, եւ 2) ճշմարտութիւնը պաշտպանելու կարողութիւնդ բարելաւես (Հռով. 1։20. Ա. Պետ. 3։15)։ Կրնաս դուն քեզի հարցնել. ‘Դասընկերներս ինչի՞ հիման վրայ բարեշրջութեան կը հաւատան’։ Ետքը, մեր հրատարակութիւնները գործածելով, մանրամասն փնտռտուք ըրէ։ Հաւատալիքներդ պաշտպանելը կարծածէդ աւելի դիւրին կրնայ ըլլալ։ Շատեր բարեշրջութեան հաւատացած են պարզապէս քանի որ յարգելի անհատ մը իրենց ըսած է, թէ անիկա իրապէս տեղի ունեցած է։ Եթէ միայն մէկ կամ երկու փաստ գտնես, կրնաս պատասխանը անկեղծօրէն փնտռող անձի մը օգնել (կարդա՛ Կողոսացիս 4։6

ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆԴ ԱՒԵԼՑՈՒՐ

14-16. ա) Ինչպէ՞ս կրնաս աւելի բաներ գիտնալ Աստուածաշունչի գիրքի մը մասին, որուն շատ ծանօթ չես։ բ) Նշուած համարները գործածելով, բացատրէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս Ամովս գիրքը աւելի լաւ հասկնալ (տե՛ս « Աստուածաշունչի անձնաւորութիւնները վառ դարձուր» շրջանակը)։

14 Սեպենք որ գալիք ժողովներէն մէկուն մէջ պիտի կարդանք ու քննարկենք այդպէս կոչուած փոքր մարգարէներէն * մէկուն գիրքը, որուն մասին թերեւս շատ բան չես գիտեր։ Որպէս առաջին քայլ, կրնաս մարգարէին գրածին հանդէպ հետաքրքրութիւն մշակել։ Ինչպէ՞ս։

15 Նա՛խ, դուն քեզի հարցուր. ‘Այս գիրքը գրողին մասին ի՞նչ գիտեմ։ Ո՞վ էր, ո՞ւր կ’ապրէր, ի՞նչ գործ կ’ընէր’։ Երբ գրողին մասին աւելի գիտնանք, կրնանք հասկնալ թէ ինչո՛ւ որոշ բառեր, արտայայտութիւններ կամ օրինակներ գործածեց։ Մինչ գիրքը կը կարդաս, ուշադրութիւն ըրէ այն խօսքերուն, որոնք գրողին անձնաւորութիւնը ցոյց կու տան։

16 Ետքը, պիտի օգտուիս գիտնալով թէ գիրքը ե՛րբ գրուեցաւ։ Այդ տեղեկութիւնը գրուած է «Աստուածաշունչի գիրքերուն ցանկ»ին մէջ, որ կը գտնուի Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութեան վերջաւորութեան։ Ասկէ զատ, կրնաս նայիլ մարգարէներու եւ թագաւորներու ցանկին, Աստուծոյ Խօսքը սերտելու ուղեցոյց–ին մէջ, մաս 3։ Որովհետեւ գիրքը մարգարէական է, լաւ կ’ըլլայ որ գիտնաս թէ մարդիկ ի՛նչ պայմաններու տակ կ’ապրէին երբ գիրքը գրուեցաւ։ Մարգարէն ի՞նչ գէշ կեցուածքներ կամ սովորութիւններ կը յուսար սրբագրել։ Որո՞նք իր ժամանակակիցներն էին։ Լման գաղափար մը կազմելու համար, թերեւս պէտք ունենաս Աստուածաշունչի ուրիշ գիրքերու նայելու։ Օրինակ, լիովին հասկնալու համար թէ Ամովս մարգարէին օրերուն ի՛նչ բաներ կը պատահէին, պիտի օգտուիս կարդալով Դ. Թագաւորաց եւ Բ. Մնացորդաց գիրքերէն հատուածներ, որոնք նշուած են Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութեան Ամովս 1։1–ի լուսանցքային յղումներուն * մէջ։ Նաեւ կրնաս Ովսէէ մարգարէին գրածը կարդալ, որ հաւանաբար Ամովսին ժամանակակից էր։ Այս յաւելեալ աղբիւրները կը յայտնեն, թէ Ամովս ինչպիսի՛ օրերու մէջ ապրեցաւ (Դ. Թագ. 14։25-28. Բ. Մն. 26։1-15. Ով. 1։1-11. Ամս. 1։1

ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴԻՐ ԵՂԻՐ

17-18. Պարբերութիւններէն կամ քու փորձառութենէդ օրինակներ տալով, բացատրէ թէ աննշան թուող մանրամասնութիւններու ուշադրութիւն ընծայելով՝ ինչպէ՛ս կրնանք Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութիւնը հաճոյալի դարձնել։

17 Երբ Աստուածաշունչը կը կարդանք, լաւ կ’ըլլայ որ զօրաւոր փափաք ունենանք աւելին սորվելու։ Օրինակ, սեպենք որ Զաքարիա գիրքին 12–րդ գլուխը կը կարդաս, որ Մեսիային մահուան մասին կը մարգարէանայ (Զաք. 12։10)։ Երբ 12–րդ համարին հասնիս, կը կարդաս թէ «Նաթանին տանը ազգատոհմը» դառնապէս պիտի ողբար Մեսիային մահուան համար։ Փոխանակ արագ մը այդ մանրամասնութեան վրայէն անցնելու, պահ մը կեցիր եւ դուն քեզի հարցուր. ‘Ի՞նչ կապ կայ Նաթանին տան ազգատոհմին եւ Մեսիային միջեւ։ Կրնա՞մ ձեւով մը ասոր մասին տեղեկութիւն հաւաքել’։ Եւ կը սկսիս աւելի փնտռտուք ընել։ ՆԱ–ին մէջ Զաքարիա 12։12–ի լուսանցքային յղումներէն մէկը քեզ կը տանի Բ. Թագաւորաց 5։13, 14–ին, ուր կը գիտնաս որ Նաթան Դաւիթ թագաւորին որդին էր։ Իսկ ուրիշ լուսանցքային յղում մը՝ Ղուկաս 3։23, 31–ը, կը յայտնէ թէ Նաթան Յիսուսի մօր նախահայրն էր *։ Յանկարծ հետաքրքրութիւնդ ա՛լ աւելի կը շարժի։ Դուն գիտէիր որ մարգարէացուած էր, թէ Յիսուս Դաւիթի սերունդէն պիտի գար (Մատ. 22։42, 43)։ Բայց Դաւիթ աւելի քան 20 որդի ունէր։ Ուշագրաւ չէ՞ որ Զաքարիան մասնաւորաբար Նաթանի տան ազգատոհմին ակնարկեց, ըսելով որ պատճառ պիտի ունենային Յիսուսի մահուան համար ողբալու։

18 Ուրիշ օրինակ մը նկատի առ։ Ղուկաս Աւետարանին առաջին գլուխին մէջ կը կարդանք, որ Գաբրիէլ հրեշտակը Մարիամին կ’իմացնէ որ որդիի մը ծնունդ պիտի տայ եւ կ’ըսէ. «Անիկա մեծ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին Որդի պիտի կոչուի։ Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը Դաւիթին աթոռը ու Յակոբին տանը վրայ յաւիտեան պիտի թագաւորէ» (Ղուկ. 1։32)։ Թերեւս առաջին բանը, որ մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ, Գաբրիէլին խօսքն է, թէ Յիսուս «Բարձրեալին Որդի» պիտի կոչուէր։ Բայց Գաբրիէլ նաեւ նշեց, թէ Յիսուս ‘պիտի թագաւորէր’։ Ուստի հարց կու տանք, որ Մարիամ այս խօսքին մասին արդեօք ի՞նչ մտածեց։ Ան մտածե՞ց թէ Գաբրիէլ ըսել կ’ուզէր որ Յիսուս պիտի փոխարինէր Հերովդէս թագաւորը, կամ անոր յաջորդներէն մէկը, որպէս Իսրայէլի կառավարիչ։ Եթէ Յիսուս թագաւոր ըլլար, Մարիամ մայր թագուհի պիտի ըլլար եւ ընտանիքը պալատին մէջ պիտի ապրէր։ Բայց Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր թէ Մարիամ այդպիսի բան մը Գաբրիէլին ըսաւ, ոչ ալ կը կարդանք, թէ Մարիամ խնդրեց որ Թագաւորութեան մէջ յատուկ դիրք ունենայ, ինչպէս որ Յիսուսի աշակերտներէն երկուքը ըրին (Մատ. 20։20-23)։ Այս մանրամասնութիւնը գիտնալով, աւելի կը համոզուինք թէ Մարիամ շա՜տ խոնարհ կին մըն էր։

19-20. Ինչպէս որ նկարագրուած է Յակոբոս 1։22-25 եւ 4։8–ին մէջ, ի՞նչ է մեր նպատակը երբ կը սերտենք։

19 Յիշենք որ Աստուծոյ Խօսքը եւ մեր հրատարակութիւնները սերտելու մեր բուն նպատակն է՝ Եհովային աւելի մօտենալ։ Նաեւ կ’ուզենք աւելի յստակ տեսնել թէ ‘ինչպիսի՛ մէկն ենք’ եւ Աստուած հաճեցնելու համար ի՛նչ փոփոխութիւններ պէտք է ընենք (կարդա՛ Յակոբոս 1։22-25. 4։8)։ Անոր համար, ամէն անգամ որ պիտի սերտենք, նա՛խ պէտք է Եհովայէն խնդրենք իր սուրբ հոգին։ Պէտք է իրեն աղաչենք, որ մեզի օգնէ նիւթէն լիովին օգտուելու եւ մեր անձը տեսնելու ինչպէս որ ինք մեզ կը տեսնէ։

20 Թող բոլորս ըլլանք սաղմոսերգուին նկարագրած Աստուծոյ հաւատարիմ ծառային պէս. «Անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ։ . . .Ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի» (Սաղ. 1։2, 3

ԵՐԳ 69 Ճամբաներդ ցուցուր ինծի

^ պարբ. 5 Եհովան առատաձեռնօրէն շա՜տ նիւթեր մեզի կու տայ, որպէսզի դիտենք, կարդանք եւ սերտենք։ Յօդուածը քեզի պիտի օգնէ, որ որոշես թէ ի՛նչ պիտի սերտես, եւ գործնական առաջարկներ կու տայ, որպէսզի անձնական ուսումնասիրութենէդ լաւագոյն կերպով օգտուիս։

^ պարբ. 14 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Ոմանք կը կոչեն փոքր մարգարէներ տասներկու մարգարէները, Ովսէէէն մինչեւ Մաղաքիա, զանազանելու համար մեծ մարգարէներէն, այսինքն՝ Եսայի, Երեմիա, Եզեկիէլ եւ Դանիէլ։

^ պարբ. 16 Լուսանցքային յղումները տառեր են, որոնք համարին մէջ կը գտնուին եւ ընթերցողը կ’ուղղեն տուեալ համարին հետ կապ ունեցող համարներու։

^ պարբ. 64 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Ծնողներ իրենց երեխաներուն ցոյց կու տան ինչպէ՛ս Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւնը պատրաստել։

^ պարբ. 66 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը փնտռտուք կ’ընէ Ամովսին մասին։ Ետեւի նկարները ցոյց կու տան, թէ եղբայրը ի՛նչ կ’երեւակայէ մինչ Աստուածաշունչի պատմութիւնները կը կարդայ եւ անոնց մասին կը խոկայ։